ՍԻՊԻԼԻՆ

Այժմ ինքզինք դատապարտուած կը զգար ի՛ր իսկ ստեղծագործած տողերուն ժանիքներուն մէջ... «ես ալ կարծեցի երբեմն, թէ մեռած էի աշխարհի համար...». այդ տողերը գրած էր 42 տարիներ առաջ՝ երբ տակաւին 28 տարեկան էր, անգիտակ այն ճշմարտութեան, որ օր մը իրապէ՛ս այդպէս պիտի կարծէր, կեանքը վերածելով անապատի մը՝ որուն միակ ովասիսը գրե՜լն էր:

 Որքա՜ն կը ցաւէր որ աջ ձեռքը դատապարտուած էր անգործութեան ու այդ զգացողութեան դառնութիւնը իր հարազատ տան մէջ նոյնիսկ աքսորի կը վերածէր իր գոյութիւնը: Առանց գրելու ինք ի՞նչ էր... ծաղիկ մը՝ իր հողէն դուրս թօշնելու դատապարտուած:

Դարձեալ գրելու, ստեղծագործելու եւ գրականութեան ճամբով հայ գրականութեան ծառայելու բաղձանք կը բռնկէր հոգւոյն մէջ. անոնց զրկանքը վիշտ մըն էր իրեն համար, զոր տարաւ լաւատեսութեամբ, միշտ ունենալով այն յոյսը, որ օր մը դարձեալ պիտի յաջողի վերստին շարժել իր ձեռքերը:

Գիշեր մըն ալ որոշեց վերջ դնել այս տառապանքին ու պահ մը ինչքա՜ն սիրելի թուեցաւ չըսուած բառերու գեղեցկութիւնը. միտքին մէջ բազմաթի՜ւ նոր նիւթեր, նոր ըսելիքներ ունէր, որոնք օգնութեան կանչով մը կ՚ուզէին թափիլ թուղթին վրայ: Գրելու անսպառ երջանկութեամբ մը կ՚ողողուի հոգին. տանջուած գիշեր մը, այն պահուն երբ կը լռէր քաղաքին ժխորը, ժողվելով իր յետին ուժերը կը մօտենայ գրասեղանին ու կը վերցնէ գրիչը՝ ձախով:

Աններդաշնակ մի քանի տառեր կը փորձէ ո՜չ թէ գրել՝ այլ գծել, սակայն ցաւատանջ պայքարը երկար չի տեւեր. քանի մը անտաշ բառերէ ետք թուղթին ձայնը կը լռէ. գրիչը ձեռքէն կ՚իյնայ: Հայեացքին մէջ սակայն տողերը կը շարունակուին գրուիլ, չարտասանուած բառերու թափօրը առաջնորդելով դէպի ա՛յն գերեզմանի փոսը, որ կը կոչուի լռութիւն: 

Իր անսահման վիշտին մէջ առանձին, թողացող մատներով գուրգուրանքով կը սկսի թղթատել հին գրութիւնները՝ անցեալէն գգուանք մը, մխիթարութիւն մը առնելով ցնորքով: Ձեռքը կ՚անցնի «Բաղեղ»ը. ո՜, այդ մէկը գրած էր երբ տակաւին 25 տարեկան գեղեցի՜կ աղջիկ մըն էր, ժպիտներով, յոյսերով, իգական պերճութեամբ ու կեանքի հանդէպ կոյս սրտով մը:

Տողերը իրենց մարգարէացումով սարսափ պատճառեցին. հո՛ն տեսաւ ապագայի մութ հեռապատկերը.-

«Եւ գուրգուրանքով հիւսուած հոգեթով,

Կ՚երեւար կեանքը ինձ մինչեւ շիրիմ...» 

 Սենեակին պարապութիւնը յանկարծ կը լեցնէ մինչեւ շիրիմ երկարող ճամբու դժբախտ տպաւորութիւնը, որուն նախավերջին կանգառին վրայ էր ինք: Բանաստեղծացա՛ծ հոգին, սակայն, կը շարունակէր թռիչքը. «Մի՛ լար, միշտ յիշէ մեր քաղցրիկ օրեր»ով մխիթարուիլ կը փորձէր: Կեանքի մէջ մահը միա՛յն հոգիի եւ մարմնի առյաւէտ բաժանումով չէ՛ որ կը կատարուի. մարդ յաճախ կը մեռնի՛ ամէն օր՝ երբ իր երազներն ու ճշմարտութիւնը կը հակառակին իրարու, երբ կամքն ու անզօրութիւնը կ՚ընդդիմանան, երբ միտքն ու սիրտը իրար հետ կռուելէ յոգնած կը սկսին հանգրուան մը փնտռել... մա՛հ մը փնտռել:

Մահուան փնտռտուքը սակայն մասամբ կը մեղմանար, երբ՝ հակառակ իր յառաջացած տարիքին կը շարունակէր մեծարանքի գիրեր ստանալ նոյնի՛սկ երիտասարդ ընթերցողներէ, որոնց պատասխանել չկարենալու տրտմութիւնը կ՚ապրէր: Սիրտը դէպի ետ թողած կը վերյիշէր իր անձին հանդէպ եղած համակրութիւնները: Ի՛նք իրաւունք չունէր մեռնելու. Պոլիսը ամբողջ կը սպասէր իր ապաքինման, նշելով աննման քերթողի յոբելեանը. որոշած էր խարխուլ ֆիզիքականով հանրութեան մէջ չերեւալ: Իրմով հիացողները իր արուեստին ճամբով զինք ճանչցած էին որպէս քա՛ջ քերթող. տկարանալու իրաւունք չունէր:

***

Կէս մութին մէջ կը նշմարէ դուստրը՝ Էմման. մահուան սնարին մօտ է նաեւ հարազատներէն տիկ. Վարդանոյշ Խանճեան եւ հիւանդապահուհին: Դէմքին վրայ անբացատրելի՛ հմայք մը, կեանքի դժբախտութենէն անջատուած ըլլալու, տառապանքին վերջ դնելու ցնորքով լեցուած, յափշտակութեամբ շուրջը կը նայի:

Տիկ. Վարդանոյշ եւ հիւանդապահուհին յարմար կը տեսնեն Էմմայի դուրս գալը՝ չտեսնելու իր մօր՝ մեծ քերթողին կեանքէն մեռելութիւն տեղափոխուիլը: Էմմա յուզուած քովի սենեակի պատուհանին առջեւ կը փութայ՝ օդ առնելու համար, սակայն ուշակորոյս վիճակով հաւասարակշռութիւնը կորսնցնելով տան երրորդ յարկէն փողոց կ՚իյնայ գլխիվայր...

Մէկ կողմէն անշնչացած մօր վիշտը, միւս կողմէ կոտրուած ոսկորներու ցաւը, արիւնի ու արցունքի մէջ կիսամեռ կը խեղդեն զինք: Հեծեծանքներ, ցաւի ճիչեր կը լսուին յանկարծ նո՛յն այդ կէս մութ սենեակէն:

Մութ գիշերին լռութեան մէջ խորասոյզ կը մահանայ Սիպիլ... Հայ լեզուի ու գրականութեան համար բուրվառ դարձած անգործութեան մատնուած աջ ձեռքը կը մատնուէր մեռելութեան:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՍԻՊԻԼ
(1863-1934)

Մեր թուականէն 158 տարիներ առաջ՝ 21 հոկտեմբեր 1863-ին Սկիւտարի մէջ ծնած է գրող, մանկավարժ եւ հասարակական գործիչ Սիպիլ (բուն անունով՝ Զապէլ Խանճեան):

Սիպիլ նախնական կրթութիւնը ստացած է Մատամ Կառիւսի վարժարանին մէջ, ուրկէ անցած է Սկիւտարի ճեմարան, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1879 թուականին: Նոյն տարին հիմնած է Ազգանուէր Հայուհեաց ընկերութիւնը: Որպէս ուսուցիչ պաշտօնավարած է նախ գաւառներու եւ ապա Պոլսոյ վարժարաններէն ներս, միեւնոյն ժամանակ զբաղելով գրականութեամբ:

Գրական շրջանակներու մէջ Սիպիլ սկսած է ճանչցուիլ 1880-ական թուականներուն. 1898 թուականին Գրիգոր Զօհրապի եւ իր ամուսնոյն՝ Հրանդ Ասատուրի հետ վերահրատարակած է «Մասիս» հանդէսը, որուն մէջ հրատարակած է «Կիսադէմեր քողին ետեւէն» աշխատութիւնը՝ նուիրուած արեւմտահայ նշանաւոր գործիչներէն Եղիա Տէմիրճիպաշեանին եւ Ռեթէոս Պէրպէրեանին: Չափածոյ եւ արձակ գործերով աշխատակցած է նաեւ «Հայրենիք»ի հետ: Իր առաջին վէպը՝ «Աղջկան մը սիրտը» հրատարակուած է 1891 թուականին, իսկ անոր բանաստեղծութեան առաջին ժողովածոն՝ «Ցոլքեր»ը 1902-ին: Սկզբնական շրջանին Սիպիլ մամուլի մէջ հանդէս եկած է Անահիտ գրչանունով:

Սիպիլ գրած է նաեւ մանկավարժական յօդուածներ, մանկական բանաստեղծութիւններ եւ 1879-ին կազմած է «Գործնական քերականութիւն արդի աշխարհաբարի» դասագիրքը:

Գրողի յայտնի գործերէն են «Կնոջ հոգիներ»ը (1925), «Կորտոն հրամանատարը» (1925) եւ վերը յիշուած հրատարակութիւնները:

Սիպիլ մահացած է 19 յունիս 1934-ին, Պոլսոյ մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2021