«ԵԿԵՍՑԷ ԱՐՔԱՅՈՒԹԻՒՆ ՔՈ»

Նոր Կտակարանի «Արքայութիւն» բառը կարելի է հասնկալ իբր «արքայութիւն»՝ վերացական իմաստով, իբր «թագաւորութիւն»՝ թանձրացեալ իմաստով եւ կամ «տէրութիւն»՝ իշխանական իմաստով։ Սա ակնյայտ է՝ որ Աստուծոյ թագաւորութիւնը մեզմէ առաջ է։ Ան մեզի մօտիկ դարձաւ մարմնացեալ եւ մարդացեալ Բանով, աւետուեցաւ ամբողջ Աւետարանին ընդմէջէն, եկաւ Քրիստոսի մահով եւ Յարութեա՛մբ։

Արդարեւ, Աստուծոյ թագաւորութիւնը կու գայ վերջին Ընթրիքով, իսկ Սուրբ Պատարագի խորհուրդով մեր միջեւ կ՚ըլլայ։ Աստուծոյ թագաւորութիւնը պիտի գայ փառքով, երբ Քրիստոս զայն յանձնէ Իր Հօր։

Սուրբ Կիպրիանոս Կարթագենացի կ՚ըսէ. «Հնարաւոր է նաեւ որ Աստուծոյ Արքայութիւնը նշանակէ նոյն Ինքն Քրիստոսը, զոր մեր բաղձանքներով ամէն օր կը կանչենք եւ մեր սպասումով կ՚ուզենք Անոր գալուստը փութացնել։ Ան մեր Յարութիւնն է, քանի մենք Անոր մէջ Յարութիւն կ՚առնենք, ուստի Ան կրնայ նաեւ Աստուծոյ Արքայութիւնը ըլլալ, որովհետեւ Անով մենք պիտի թագաւորենք»։

Տէրունական աղօթքին, այսինքն «Հայր մեր»ին այս խնդրանք մըն է մեր յոյսերուն իրականացման։

«Նոյնիսկ եթէ այս աղօթքը Արքայութեան գալուստը խնդրելու մեզ չպարտաւորէր, սակայն մենք մեզմէ պէտք էր այս աղաղակը արձակէինք եւ շտապէինք երթալ փարիլ մեր յոյսերուն։ Խորանին տակ հանգչող մարտիրոսներուն հոգիները Բարձրաղաղակ Տէրը կը կանչեն.- Մինչեն ե՞րբ, Տէ՛ր, պիտի յամենաս դատելու եւ մեր արեան վրէժը լուծելու երկրի բնակիչներէն։ (ՅԱՅՏ. Զ 10)։ Անոնք արդարեւ արդարութեան հասնելու են ժամանակներու լրումին։ Տէ՛ր, փութացո՛ւր ուրեմն Արքայութեան գալուստը»։ (Տերտուղիանոս)։

Տիրոջ աղօթքին մէջ, գլխաւորաբար խնդրոյ առարկայ է «Աստուծոյ Արքայութեան վերջնական գալուստը», Քրիստոսի վերադարձով, (ՏԻՄ. Բ 13)։ Այս բաղձանքը սակայն չի շեղեցներ Եկեղեցին իր առաքելութենէն այս աշխարհիս մէջ, ընդհակառակը աւելի՛ յանձնառու կը դարձնէ զինք։ Որովհետեւ Հոգեգալուստէն ասդին Արքայութեան գալուստը գործն է Տիրոջ Հոգիին՝ որ կը շարունակէ Իր գործը կատարել աշխարհի մէջ եւ ամէն սրբացում իր լրումին կը հասցնէ։

Պօղոս առաքեալ կ՚ըսէ. «Աստուծոյ Արքայութիւնը արդարութիւն, խաղաղութիւն եւ բերկրութիւն է Սուրբ Հոգիով», (ՀՌՈՄ. ԺԴ 17)։

Ուստի, մեր ապրած յետին ժամանակները Սուրբ Հոգիին զեղումին ժամանակներն են։ Այսուհետեւ վճռական պայքար մը կը մըղ-ւի «մարմին»ին եւ «Հոգի»ին միջեւ։ (ԳԱՂ. Ե 16-25)։

Սուրբ Կիւրեղ Երուսաղէմացի կ՚ըսէ. «Միայն մաքուր սիրտը կրնայ ամենայն ինքնավստահութեամբ ըսել.- Թո՛ղ գայ Արքայութիւնդ։ Հարկ է Պօղոսի դպրոցին աշակերտած ըլլալ՝ ըսելու համար.- Թ՛ող այլեւս մեղքը չթագաւորէ ուրեմն մեր մահկանացու մարմինին մէջ. (ՀՌՈՄ. Զ 12)։ Ան իր գործերուն, մտածումներուն, խորհուրդներուն եւ խօսքերուն մէջ ինքզինք մաքուր կը պահէ. անիկա կրնայ ըսել Աստուծոյ.- Թո՛ղ գայ Արքայութիւնդ»։

Արդարեւ, քրիստոնեաները պարտին Հոգիին զատորոշումով՝ զանազանել Աստուծոյ Արքայութեան աճումը եւ մշակոյթին եւ ընկերութեան յառաջդիմութիւնը, որուն յանձնառու դարձած են։

Այս զանազանումը իրարմէ բաժանում չի՛ նշանակեր։ Մարդուն յաւիտենական կեանքին կոչուած ըլլալը ո՛չ միայն չի ջնջեր, այլ կը զօրացնէ մարդուն պարտականութիւնը Արարչէն ընդունուած իր կորովը եւ միջոցները օգտագործելու այս աշխարհի վրայ ի սպաս արդարութեան եւ խաղաղութեան։

Ուստի, «Հայր մեր»ին այս խնդրանքը այսպէս հասկցուած եւ իրագործուած է Սուրբ Պատարգի խորհուրդին մէջ (ՅՈՎՀ. ԺԷ 17-20), ներկայ եւ գործօն եղող Յիսուսի աղօթքով։ Այս խնդրանքը պտղաբեր կը դառնայ ըստ երանութիւններուն ապրուած «նոր կեանք»ին մէջ. (ՄԱՏԹ. Ե 13-16, Զ 24, Է 12-13)

Նոր Կտակարանը կը գործածէ բազմաթիւ ասացուածքներ, յատկանշելու համար այն երանութիւնը՝ որուն Աստուած կը կանչէ մարդը, Աստուծոյ Արքայութեան գալուստը (ՄԱՏԹ. Դ 17), Աստուծոյ տեսիլքը. «Երանի՛ սրտով սուրբերուն, որովհետեւ անոնք պիտի տեսնեն զԱստուած» (ՄԱՏԹ. Ե 8). մուտքը Տիրոջ ուրախութեան մէջ. (ՄԱՏԹ. ԻԵ 21-23), մուտքը Աստուծոյ հանգիստին մէջ. (ԵԲՐ. Դ 7-11)։

Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս կ՚ըսէ. «Հոն պիտի հանգչինք եւ տեսնենք։ Պիտի տեսնենք եւ սիրենք, պիտի սիրենք եւ գովաբանենք։ Ահաւասիկ ինչ պիտի ըլլայ մեր անվախճան վախճանը։ Մենք ուրիշ ի՞նչ վախճան ունինք, եթէ ոչ հասնիլ արքայութեան, որ վախճան պիտի չունենայ»։

Աստուած դրաւ մարդը աշխարհ, որպէսզի ան ճանչնայ զԻնք, ծառայէ Իրեն եւ սիրէ զԻնք եւ այսպէս ի վերջոյ հասնի Դրախտ։ Երանութիւնը մարդը «մասնակից կ՚ընէ աստուածային բնութեան» (Բ ՊԵՏ. Ա 4) եւ յաւիտենական Կեանքին (ՅՈՎՀ. ԺԷ 3)։ Անով, մարդը կը մտնէ Քրիստոսի փառքին (ՀՌՈՄ. Ը 18) եւ Ամենասուրբ Երրորդութեան կեանքին վայելքին մէջ։

Եւ երբ ամէն օր կ՚աղօթենք եւ կ՚ըսենք, կը խնդրենք Աստուծմէ. «Եկեսցէ Արքայութիւն Քո…», այս բոլորը կը խորհինք եւ կ՚արտասանենք…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 19, 2019, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 21, 2019