ԿԱՐԵԼԻՆ ԸՆԵԼ՝ ՅԱՌԱՋԱՆԱԼՈ՛Ւ

Ամէն մարդ որոշ տարողութիւն մը եւ կարողութիւն մը ունի յառաջանալու՝ իր նպատակին հասնելու համար։ Իւրաքանչիւր անձ իր անձնական ուժերուն համեմատ յաջողութիւն կրնայ ձեռք բերել՝ նպատակի մը հասնելու համար։ Ուստի ոեւէ անձէ մը իր կարողութենէն եւ տարողութենէն վեր որեւէ բան սպասել անիմաստ է, քանի որ միշտ պէտք է հաշուի առնուի «անկարելի՛»ն։

Բայց մարդ պէտք է իր ուժերը՝ կարողութիւնը եւ տարողութիւնը լաւ չափէ. ամենափոքր դժուարութենէ մը յուսալքուիլ ճիշդ չէ՛, այլ կարելին փորձելու է մարդ, այլապէս ծուլութիւն կամ անհոգութիւն ցոյց տուած կ՚ըլլայ, ինչ որ ներելի չէ։

Այս իմաստով օրինակելի է ընել այն՝ ինչ որ կրնայ ընել, իսկ եթէ կարելի չըլլար՝ փորձել ուրիշ կերպ մը, բայց անպայմա՛ն ջանալ եւ աշխատիլ շարժում մը ընելու՝ յառաջանալու համար։ John Bunyan-ի օրինակելի որոշումը սա է, որ իւրաքանչիւր անձ կրնայ փորձել, գոնէ անգամ մը՝ որ հաւանաբար օգտակարութիւն մը կրնայ ունենալ՝ յառաջանալու եւ յաջողելո՛ւ համար։

«Որոշած եմ ես յառաջանալ. վազելով՝ եթէ կրնամ վազել. քալելով՝ եթէ չեմ կրնար վազել, եւ սողալով՝ եթէ չեմ կրնար քալել»։

Ուրեմն, մարդ, ամէն կարելիութիւն գործածելու է իր նպատակին հասնելու համար, անշուշտ մի՛շտ օրինաւոր միջոցներ ըլլալու պայմանո՛վ։ Արդարեւ նպատակը չ՚արդարացներ միջոցը՝ սխալ, ծուռ միջոցներով կարելի չէ՛ հասնիլ ուղիղ եւ արդար նպատակի մը։ Մոլար եւ թիւր ճամբաներով, մարդ չի կրնար յառաջանալ շիտակ ուղղութեամբ եւ չի կրնար գտնել ուղիղ ճամբան։ Նպատակին հասնելու համար ամէն միջոց գործածել՝ չի՛ նշանակեր արդար նկատել ամէն բան, ամէն ճամբայ։ Maquiavelo-ի այն տեսութիւնը, թէ արդար նպատակի մը հասնելու համար ամէն միջոց արդարացի է, երբեք կապ չունի՝ յաջողութիւն ձեռք բերելու, յառաջանալու եւ նպատակին հասնելու համար առանց վհատելու միջոցներ փնտռելու հետ։

Այս ուղղութեամբ, նպատակին յարմար ըլլալու է միջոցը՝ ճամբան, քանի որ չարով բարիին հասնիլ կարելի չէ, ինչպէս՝ բարի ճամբով չար  նպատակի մը հասնիլ։

Ուրեմն մարդ պէտք է նախ որոշէ նպատակը, եւ յետոյ նպատակին յարմար ճամբան եւ միջոցը։

Կեանքի մէջ մարդիկ երբեմն կը ձախողին, իրենց նպատակին չեն կրնար հասնիլ։ Այդ անյաջողութեան պատճառը պարզապէս այն է որ անոնք նպատակին յարմար միջոցը չեն օգտագործած՝ սխալ ճամբաներով յառաջանալ փորձած են։

Յարատեւ, անվհատ աշխատիլ, ջանալ եւ յամառ ըլլալ յաջողելու համար երբեք չի նշանակեր սխալ եւ շեղ ճամբաներ գործածել եւ անպատշաճ միջոցներ փորձել։ Արդարեւ ուղիղ ճամբէն շեղիլ՝ կը նշանակէ նպատակէն շեղիլ, եւ նպատակէն շեղիլ կը նշանակէ՝ ձախողի՛լ։

Յիսուս կ՚ըսէ. «Իմաստուն մարդը իր տունը ժայռի վրայ կը շինէ…» (ՄԱՏԹ. Է 24), ինչ որ կը նշանակէ յառաջանալու եւ նպատակին հասնելու համար պէտք է հաստատ, ապահով միջոցներ ընտրել եւ շիտակ ճամբու վրայ քալել։ Ուստի ամբողջ կեանքը պայքա՛ր մըն է՝ որմէ յաղթական դուրս կարելի է ելլել միա՛յն լաւ եւ յարմար միջոցներու եւ խոհեմ նախատեսութեան մը շնորհիւ։

Աշխարհ լեցուն է զանազան չարութիւններով եւ մոլորեցուցիչ եղելութիւններով՝ կործանիչ արարքներով, ապականած մթնոլորտով եւ խոտոր ճամբաներով։ Բայց ասոր փոխարէն կա՛յ նաեւ բարւոք, լաւ միջավայր, մաքրակենցաղ ապրումներ, նուիրական մտածումներ, անշահախնդիր բարոյական անկեղծ ծառայութեան պատրաստակամութիւն, եւ երջանկութիւն, խաղաղութիւն…։ Այս երկրորդ խումբին ճամբան դժուարին է եւ երկար, ինչպէս նեղ դուռը, ինչպէս կ՚ըսէ Յիսուս. «Մտէք նեղ դռնէն, քանի կորուստի տանող դուռը լայն է եւ ճամբան՝ ընդարձակ, եւ շատեր կը մտնեն անկէ։ Մինչ դէպի կեանք տանող դուռը նեղ է եւ ճամբան դժուարին, եւ քիչեր միայն կը գտնեն զայն» (ՄԱՏԹ. Է 13-14) եւ (ՂՈՒԿ. ԺԳ 24)։

Կեանքի մէջ յաջող է այն՝ որ կարող է ընտրել շիտակ եւ ուղիղ ճամբան, օգտագործել յարմար միջոցները, հոգ չէ՛ թէ անոնք դժուարութիւններ եւ նեղութիւններ յարուցանեն արդար եւ բարեմիտ «ճամբորդ»ին առջեւ։ Եւ այն որ լայն ճամբաներէ քալել, լայն դռներէ մտնել կ՚ուզէ, պէտք է զգոյշ ըլլայ՝ գուցէ այդ «ընդարձակ եւ լայն ճամբայ»ն կրնայ զինք կորուստի առաջնորդել։ Կոյր եւ անմիտ առաջնորդութիւնը անխոհեմութիւն է՝ նայիլ եւ չտեսնել վտանգը, դիտել շուրջը եւ ո՛չինչ նշմարել, քալել եւ չնկատել թէ ո՛ւր կ՚երթայ։

Մարդիկ, ընդհանրապէս կը քննադատեն այն գործերը՝ որ իրենց շահուն ներհակ է. անուղիղը կը քննադատեն առանց անդրադառնալու, թէ իրենք մոլորած են եւ բոլոր սխալ ճամբաներու վրայ կը յառաջանան՝ որուն վերջը ձախողութիւն է եւ կորու՛ստ։ Ուրեմն մարդ, ուրիշին ճամբան քննադատելէ առաջ, պէ՛տք է որ իր ճամբուն ուղղութիւնը եւ շիտակութիւնը աչքէ անցընէ, քանի որ շիլ աչքն է որ ծուռ կը տեսնէ, իսկ շիտակ աչքը՝ ուղի՛ղ։ Ուստի, «գերան»ներ կը վխտան բազմաթիւ աչքերու մէջ, եւ անոնք պատճառ կը հանդիսանան որ ուրիշներուն աչքի շիւղերը միայն կարենան տեսնել՝ միւս կողմերը փակուած ըլլալով գերաններուն մէջ։

Արդարեւ, փափաքիլը՝ ունենալ չի՛ նշանակեր. փափաքը իրագործելու համար ուղիղ ճամբան տեսնել եւ նախընտրել պէտք է այն միջոցները, որոնք շիտակ կերպով պիտի առաջնորդեն նպատակին։ Եթէ ճամբան շեղած է՝ նպատակն ալ կը շեղի եւ կարելի չ՚ըլլար հասնիլ անոր, ուր ձախողանքը անխուսափելի՛ կ՚ըլլայ։

Ուստի, մարդ եթէ կ՚ուզէ հասնիլ շիտակ նպատակին, պէտք է ընտրէ ուղի՛ղ ճամբան…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 9, 2017, Իսթանպուլ  

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2017