ՆՇԱՆԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀԱՒԱՍԱՐՈՒԹԻՒՆ

Հայրիկ կողակիցի ընտրութեան պարագային կը յորդորէ նաեւ ուշադրութիւն դարձնել զոյգերու միջեւ գոյութիւն ունեցող տարիքային տարբերութեան. մանաւանդ հին ժամանակ սեփական շահերու սիրոյն ծնողքը իր զաւակը յաճախ կը պսակէր քսան եւ աւելի տարի մեծ անձի մը հետ՝ հարուստի մը հետ. Հայրիկ խօսելով այս երեւոյթին մասին կ՚ըսէ. «Կը ջանան իրարու հետ պատուաստել երկու ամուսիններ, որ մին դալար նորատունկ է եւ միւսն հինաւուրց հաստացեալ ծառ, որ աշնան մօտ է, իւր տերեւներ դեղնած պիտի թօթափին, բունը փտած է եւ ստեղունք գօսանալ սկսած են»: Այս բոլորին մասին խօսելով Հայրիկ կը խօսի այլ օրէնքի մը մասին, որ մեր օրերուն չի գործեր եւ կամ տրուած է մոռացութեան. Հայրիկ կը յիշեցնէ օրէնք մը, որով պէտք է կոյսը պսակուի կոյսի հետ, իսկ այրին՝ այլ այրիի մը հետ. այսինքն այրի մը չի կրնար պսակուիլ նախապէս չպսակուած անձի մը հետ: Նման օրէնքներ կրօնական բնոյթ չունին. անոնք պարզապէս ընտանեկան կեանքը աւելի խաղաղ հիմերու վրայ դնելու կը ծառայեն, որովհետեւ այրիին ու ընդհանրապէս չպսակուած անձին փորձառութիւնը ամբողջութեամբ տարբեր է եւ հետեւաբար տարբեր են նաեւ կեանքէն սպասումները:

Այստեղ Հայրիկ կը խօսի շատ մը բարոյական հարցերու մասին. եթէ երիտասարդ հարս մը մահանար, բոլորը «մեղքանալով» կ՚ուզէին, որ փեսան դարձեալ պսակուի՝ որովհետեւ երիտասարդ է եւ դիմացը ունի կեանք, սակայն հակառակ պարագային պատկերը նոյնը չէր. եթէ փեսան մահանար երիտասարդ տարիքէն հարսը պէտք չէր դարձեալ ամուսնանար, որովհետեւ այդ մէկը պատիւի հարց էր. նման մտայնութեան մը դիմաց հայրիկ կը հարցնէ. «Ի՞նչ է քո արդար դատաստանը, դու որ խիղճ կ՚ընես նորատի փեսային համար, նոյն խիղճ չե՞ս զգար նորածաղիկ հարսին համար եւ կ՚ուզես նա անամուսին, անպտուղ սեւաքօղ երթայ մինչեւ ի գերեզման»: Այս տողերէն պարզ կրնանք հասկնալ, որ Հայրիկ արական եւ իգական սեռի միջեւ խտրութիւն ու տարբերութիւն չէր դներ, այլ կ՚առաջնորդուէր տրամաբանութեամբ եւ խղճով: Հայրիկի համոզումով՝ այն ինչ որ կարելի էր տղամարդոց համար՝ նոյնպէս կարելի էր իգական սեռի համար, որովհետեւ Աստուած զանոնք ստեղծած էր հաւասար՝ իբր օգնական եւ ո՛չ իբր ծառայ եւ ստրուկ: Այս բոլորը կարդացած ժամանակ կ՚ուզենք դարձեալ յիշեցնել, թէ այս բոլորը Հայրիկ կը գրէ մեր թուականէն աւելի քան 150 տարիներ առաջ:

Բոլոր այս երեւոյթներուն մասին խօսելէ ետք Հայրիկ կ՚ուզէ քայլ առ քայլ մօտենալ ամուսնութեան եւ կը սկսի խօսիլ նշանադրութեան կարեւորութեան մասին. մեր օրերուն դըժ-բախտաբար շատ շատեր իրենց նշանախօսութիւնը կը կատարեն տան եւ կամ սրճարանի մը մէջ եւ կը կարծեն, թէ նշանախօսութիւնը մատանի դնելու արարողութիւնն է լոկ, մոռնալով որ նշանախօսութեան մէջ կարեւոր տեղ ունի նաեւ օրհնութիւնը. նշանախօսութիւնը կը կատարուի եկեղեցւոյ մէջ, որ «հանդերձեալ պսակին նախօրհնութիւնն է», կ՚ըսէ Հայրիկ: Նշանախօսութեան նպատակը հիմնական նպատակը օրհնութենէն անդին այն է, որպէսզի մարդիկ գիտնան, որ երիտասարդները ունին նշան եւ հետեւաբար իրաւունք չունին ուրիշին նշան տալ եւ կամ ուրիշը իրաւունք չունի մօտենալ: Հայրիկ կը յայտնէ, թէ նշանախօսութիւնը շատ հինէն եկող աւանդութիւն մըն է եւ կը փորձէ անոր արմատները հասցնել մինչեւ Հին կտակարան՝ մինչեւ Իսահակի որդին։ Նշանախօսութիւնը երկու ընտանիքներուն եւ երկու զոյգերուն առաջին կապն է եւ հետեւաբար պէտք է ամենայն հաւատարմութեամբ եւ սիրով ամրապնդել, այլապէս եթէ առաջին կապը ըլլայ տկար՝ միւսները եւս բնականաբար պիտի ձախողին:

Նշանախօսութեան խորհուրդը ժողովրդական պարզ բացատրութեամբ այսպէս կը նկարագրէ Հայրիկ. «Նշանադրութենէն յետոյ՝ նշանուած կուսին սուրբ պարտիքն է, իւր աչքի խանդակաթ սէրը դարձնել միայն Նշանի մատանւոյն վերայ. յիշել, միշտ յուշի պահել թէ ինք նշանուած է, հարս պիտի լինի, այլեւս չիկայ աշխարհիս վերայ իրենց համար ուրիշ ոք բաց իւր փեսայէն, որոյ միայն պէտք է նուիրէ իւր մաքուր կուսական սէր»։ Վստահաբար նոյնն է պարագան փեսային պարագային. Հայրիկ նոյն յորդորը կու տայ փեսային, ըսելով. «Այս պարտիք փոխադարձական է ոչ միայն հարսին համար, եւ փեսային. որ թէպէտ ինքն աւելի ազատ է, ազատաբար կը շրջի ամէնուրեք հրապարակի մէջ, այլ պէտք է փակէ իւր աչքը, ամփոփէ իւր միտքը, պահէ իւր սրտին ամբծութիւնը եւ ոչ ոք տեսնալ ուզէ բացի իւր նշանած կուսէն»: Հայրիկ կը նշէ, թէ նշանուած փեսան չունի մատանի իր ձեռքին, սակայն իր «մատանին իւր հզօր սէրն է»:

Խրիմեան Հայրիկի գրածէն կը հասկնանք, որ անցեալին նշանուած զոյգեր չէին կրնար իրարու հետ դուրս գալ, պտոյտ ընել ու տեսնուիլ. մօտաւորապէս 150 տարիներ առաջ այդ մէկը Եւրոպայի մէջ նոր սկսած էր տեսնուիլ. հակառակ ժամանակի մտայնութեան, Հայրիկ սխալ բան չի տեսներ այդ երեւոյթին մէջ, սակայն կը յայտնէ, թէ «այսպիսի ազատ վարմանց ու տեսութեանց մէջ, կատարեալ կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն պէտք է, առաւել եւս կրօնի երկիւղածութիւն եւ պատկառանաց շնորհ». այստեղ Հայրիկ կը յիշէ Հին կտակարանին մէջ յիշուած Յակովբը, որ եօթը տարիներ ժուժկալութեամբ դաշերուն մէջ ապրեցաւ եւ իր կեանքը նուիրեց Ռաքէլին. Հայրիկ կ՚ըսէ, թէ գուցէ նոր սերունդը ծաղր առնէ Յակովբի ժուժկալութիւնը:

Ինչքա՜ն գովելի է Խրիմեան Հայրիկի այս ոճը. յաճախ կը տեսնենք, թէ մերօրեայ եկեղեցականներ իրենց շեշտն ու կեդրոնացումը կը դնեն վերացական գաղափարներու վրայ. կը խօսին երկրորդ գալուստի, դատաստանի եւ այլ կրօնական արժէքներու մասին, սակայն կը հաւատանք, որ անոնց չափ կարեւոր է նաեւ զբաղուիլ ժողովուրդի ներքին կեանքով, բարոյական արժէքներով ու մարդկային վերիվայրումներով, որ կարեւոր է այնքան՝ ինչքան երկրորդ գալուստը:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ո՞րն է մարդոց համար ամենէն վնասակար սնունդը:

Պատասխան. Ամենէն վնասակար սնունդը գտնելը բարդ է, որովհետեւ ան կախեալ է տարբեր գործօններէ. ինչպէս օրինակ, անհատի առողջական վիճակը, ընդհանուր սննդակարգը եւ ապրելակերպը: Վերամշակուած մթերքները, որոնք հարուստ են ճարպերով, շաքարով եւ աւելորդ նիւթերով, մարդկային առողջութեան համար վնաս են եւ կրնան պատճառել գիրութիւն, սրտի հիւանդութիւն, շաքարախտ եւ ինչու չէ նաեւ քաղցկեղ: Վերամշակուած միսը, քաղցր ուտեստները չունին էական սննդանիւթեր եւ շատ սպառման պարագային կրնան վնասել առողջութիւնը: Հետեւաբար կարեւոր է առաջնահերթութիւն տալ չմշակուած մթերքներուն, պահպանելու համար առողջութիւնն ու բարեկեցութիւնը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Ապրիլ 22, 2024