ՍԷՐ՝ ԿԵԱՆՔԻՆ ԱՂԲԵՐԱԿԸ

«Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը մինչեւ Իր Միածին Որդին տուաւ, որպէսզի ամէն ով որ Անոր հաւատայ, չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ». (ՅՈՎՀ. Գ 16)։

Իրօք, սքանչելի եւ անճարելի է երկնաւոր Հօր սէրը։

Արդարեւ, բոլորին ծանօթ 23-րդ Սաղմոսին մէջ կը տեսնենք Աստուծոյ մեզի հանդէպ ունեցած առօրեայ սիրոյ սքանչելի՜ հոգատարութիւնը։ «Տէրը իմ հովիւս է». այս խօսքը ցոյց կու տայ Աստուծոյ առաջնորդութիւնը՝ որ սիրոյ մէջ կ՚աճի։ «Ես բանի մը կարօտութիւնը պիտի չունենամ». ցոյց կու տայ Աստուծոյ հոգատարութիւնը՝ որ սիրոյ արդի՛ւնք է։

«Զիս խոտաւէտ արօտներուն մէջ կը պառկեցնէ». Ան մեզի հանգիստ կու տայ։ «Հանդարտ ջուրերու քով ինծի կ՚առաջնորդէ». Ան մեզի Իր խաղաղութիւնը կու տայ՝ որ սէրէն կը բխի։ «Հոգիս կը նորոգէ». մեզ կը նորոգէ, որովհետեւ մեզ կը սիրէ։ «Իր անուանը համար արդարութեան ճամբաներուն մէջ կ՚առաջնորդէ». Իր արդարութիւնը կու տայ։ Արդարութեան մէջ ճշմարտութեան սէրը կա՛յ։ Ուստի, ինչպէս առանց սիրոյ, նաեւ առանց արդարութեան կեանք գոյութիւն չ՚ունենար։ «Թէեւ մահուան շուքին ձորին մէջ ալ պտըտիմ…». Իր մահէն փրկութիւնը։ «Չարէն պիտի չվախնամ». հաւատքը վախ չի՛ ճանչնար։ «Վասնզի դուն ինծի հետ ես». Աստուած միշտ ներկայ է եւ Իր ներկայութիւնը միշտ կը զգացնէ մեզի։ «Քու ցուպդ եւ գաւազանդ՝ անոնք զիս պիտի մխիթարեն». Աստուած միշտ կը պաշտպանէ մեզ, քանի որ Ան շատ կը սիրէ մեզ. Ան քաջ հովիւն է մեր։ «Իմ առջեւս սեղան կը պատրաստես՝ իմ թշնամիներուս դիմաց». որ Աստուծոյ ամենազօրութիւնը ցոյց կու տայ. զօրութիւն մը՝ որ սիրոյ մէջ կը խմորուի եւ կ՚արտայայտուի։ «Իմ գլուխս իւղով կ՚օծես». Տիրոջ օծումը կ՚արտայայտէ։ «Յիրաւի բարերարութիւնը եւ ողորմութիւնը ինծի հետ պիտի ըլլան կեանքիս բոլոր օրերուն մէջ»։ Աստուած առատաձեռն է. առատաձեռնութեան մէջ անպայման սէր եւ զոհողութիւն կը գտնուի։ «Եւ շատ օրեր՝ յաւիտեան Տէրոջը տունը պիտի բնակիմ»։ Իր անճարելի ուրախութիւնն է ասիկա։ Որդիին տեղը Իր Հօր քովն է՝ միշտ սիրով։ Եւ ահաւասիկ, հիանալի՜ սէր մըն է՝ որ 23-րդ Սաղմոսին մէջ կ՚իմացուի։

Յիսուս Քրիստոս՝ մեր Փրկիչը այս մեծ սէրը մեզի ցոյց տուաւ։ Եւ քանի որ ճշմարիտ սէրը զոհողութիւն կը պահանջէ՝ Ան ալ զոհուեցաւ մեզի համար Խաչին վրայ։ Եւ Ինք ճշմարիտ սէրը ցոյց տուաւ Իր իսկ օրինակով. «Մեծագոյն սէրը այն սէրն է, որով մարդ ինքզինք կը զոհէ իր բարեկամներուն համար». (ՅՈՎՀ. ԺԵ 13)։ Ուստի, ասկէ աւելի մեծ սէր մէ՛կը չի կրնար ունենալ, որ մէկը իր կեանքը իր բարեկամներուն համար դնէ։ Եւ Հայր Աստուած մեզ այնքա՛ն կը սիրէ, որ մեզի համար Իր Միածին Որդին՝ Յիսուս Քրիստոսը զոհեց։

Այս սէրը պէտք է տիրէ ամբողջ մարդկութեան մէջ. պէտք է տիրէ մանաւանդ հաւատացեալներու փոխյարաբերութիւններուն մէջ։ Այսպիսի անխարդախ, անկեղծ, անսակարկ, անպայման եւ մաքուր աստուածային սէրը մեր մէջ, մեր ընտանիքներուն մէջ տեսնելով է որ մարդիկ պիտի գիտնան, թէ մենք Աստուծոյ հարազատ զաւակներն ենք։ Օրինակ ըլլալ ամէն հաւատացեալի պարտքն է։

Եւ Աստուած մեծ անսահման սիրով կը սիրէ, հապա մե՞նք…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 23, 2024