ՍԷՐԸ ԵՐԿԱՅՆԱՄԻ՛Տ Է

«Երկայնամիտ» կը նշանակէ՝ շատ համբերող, հեզ եւ բարեմիտ, նաեւ քաղցրաբարոյ։ Սէրը երկայնամիտ է, անոր յատկանշական ստորոգելիներէն մին է եւ կարեւորագո՛յնը։

Ուստի մարդկային տկարութիւններու եւ թերութիւններու հանդէպ, իւրաքանչիւր անհատ պէտք է բաղդատէ իր յարաբերութիւններուն մէջ ունեցած կարճամտութիւնը, որով շուտ մը կը խրտչի եւ կը պաղի իր մերձաւորէն, կը վշտանայ, եւ ո՛չ միայն մերձաւորէ, այլ նաեւ ընտանիքէն, բարեկամներէն, ընկերներէն եւ մինչեւ իսկ Եկեղեցիէն։ Եւ ատոր դիւրաւ կը յաջորդէ, դժբախտաբար սիրոյ «քաղցրութեան» դէմ ատելութեան դառնութիւնը, զայրո՛յթը։ Յուսահատութեան մահաբեր ժա՛հրն է այն, որով շատեր սովորաբար կը կրկնեն. «Ալ այս ժողովուրդէն խե՜ր չկայ…», որուն անմիջապէս կը յաջորդէ «եսասէր անտարբերութիւն» մը։

Եւ ընդհակառակը այդ ժողովուրդը, ովկիանոսի ալիքներէն տարուբերուած եւ մահահոտ տղմին մէջ խորասուզուած այդ «ադամանդ»ը, ի՛նքն իսկ օր մը տիղմէն կ՚ելլէ եւ Յիսուսի ոտք մը կը գտնայ փարելու, մինչդեռ յուսահատ «Սիմոն»ներ, որոնք «խաչէ՛» ալ կը գոչեն այդ փրկութեան ապաստարանին, որոնք այդ անկեալները իրենց աւանդական օրէնքներով քարկոծած էին, իրենք վա՜յերու արժանի պիտի ըլլան, մինչ պիտի լուացուին, սրբուին ադամանդի վրայէն անիկա ծածկող եւ աղտոտող տիղմեր…։

Այս այլաբանական ադամանդը կը հիմնուի ծանօթ առակի մը վրայ՝ զոր բանիմաց անձէ մը փոխանցուած է։

«Տիկինի մը մատանիին վրայէն վար կ՚իյնայ իր ամենէն սիրած եւ թանկագին ադամանդը եւ գլորուելով կ՚երթայ կ՚իյնայ մօտակայ ճահիճի մը մէջ, որ շատ լաւ հոտեր ալ չունէր։ Այդ պերճաշուք տիկինը, անմիջապէս թեւերը եւ ոտքերը կը սոթտէ եւ կը մտնայ հոն. մոռցած է իր թանկագին եւ մետաքսեայ զգեստները՝ որոնք կ՚աղտոտին. մոռցած է իր աշխատութեան անվարժ եւ փափուկ ոտքերը եւ ձեռքերը՝ որ կ՚ապականին. մոռցած է իր միշտ անուշահոտութիւններու վարժուած հոտոտելիքը՝ որ կը կծուի, եւ երկար ժամեր կը փորէ տիղմը, կը քրքրէ զայն եւ մէկդի կը նետէ, եւ վերջապէս իր երկա՜ր եւ սրտմաշուք աշխատութիւնները կը պսակուին, կը գտնայ անգին ադամանդը, կը լուայ զայն, եւ ահա կը մոռնայ ամէն ինչ, ամէն նեղութիւն, ամէն մտահոգութիւն։

«Ադամանդին փայլը եւ փնտռտուքին յաջողութիւնը՝ կը քաղցրացնէ իր սիրտը։

«Փնտռածը գտնուած է, եւ երջանի՜կ է ան այլեւս»։

Արդարեւ, տեղական եւ ժամանակի յոռի եւ հոտած բարքեր եւ ազդեցութիւններ մարդոց խորը ընկլուզած են «անգին ադամանդ»ը՝ զոր չեն կրցած հալեցնել, հակառակ իրենց ջանքերուն։ Եւ երբեմն ալ մահաբեր անտարբերութեան պատճառով։

Ո՜վ կը սիրէ այդ «անգին ադամանդ»ը. այն որ կը սիրէ՝ թող քայլ մը առաջ անցնի. թող սոթտէ իր նոյնիսկ անվարժ, նոյնիսկ տկար եւ անզօր ոտքերը եւ ձեռքերը՝ ըլլա՛յ այն միտք, թէ՛ դրամ, թէ՛ բնական ուժ։ Գլուխ՝ ձեռք եւ ոտք ամէնքն ալ իրենց բնատուր կարողութեան համեմատութեամբ երկա՜ր աշխատանք ունին կատարելիք, եթէ ունին «երկայնամիտ սէր»՝ «անջնջելի սէր» այդ հնադարեան ադամանդ ժողովուրդին նկատմամբ։

Ուրեմն, պէտք չէ՛ յուսահատիլ, պէտք չէ երբեք յուսալքուիլ, այլ՝ վարժեցնել հետզհետէ անընկճելի հոգիին զգայարանները գարշահոտ բարիքներուն ալ, աղտոտ, տհաճ արգելքներուն ալ, ջանալ այդ ադամանդին վրայ ճնշող «գարշահոտ տիղմ»երը եւ ներքին տգեղ եւ արտաքին բոսորագոյն անմաքրութիւնները սրբել, մաքրել, եղունգներով փորել եւ մէկդի նետել, եւ վստա՛հ ըլլալ, թէ՝ անոնց տակէն երեւան պիտի գայ քրիստոնէական մաքուր եւ անգին ադամանդը, զոր աշխատութեան եւ բոլոր արդար աշխատաւորներու անցունք-քրտինքովը լուացուած պիտի ըլլայ՝ սրբուած, մաքրուած, եւ գիտակից կրօնի, հաստատ հաւատքի եւ կրթութեան անուշաբոյր իւղովը օծուա՛ծ…։

Ահաւասի՛կ, այդ անուշաբոյր իւղին հոտը պիտի քաղցրացնէ եւ վարձատրէ մարդուս երկայնամիտ՝ համբերատար սէրը, քանի որ սէրն ալ քաղցր է եղած ատոր համար։ Ուստի, «Սէրը երկայնամիտ է եւ քաղցրաբարոյ կ՚ըլլայ ան՝ որ սէր ունի…» (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԳ 4)։

Ուրեմն, սիրելի՜ բարեկամներ, մեր անհատական կեանքի մէջ ալ եկէ՛ք դաս առնենք Քրիստոսի պատահած այս դէպքէն՝ երկայնամի՜տ ըլլանք՝ համբերող իրարու թերութիններու նկատմամբ, հանդուրժողութիւն ունենանք, հասկնանք զիրար, համակրական հասկացողութեամբ մօտենանք իրարու, առանց հասկնալու չամբաստանենք զիրար, չմեղադրենք ո՛չ մէկը. քաղցր ըլլանք իրարու խակութիւններու դէմ՝ խստութեամբ չվարուինք, քանի որ այս բոլորին մէջ է սէրը, որ ինքն ինք քրիստոնէութի՛ւն է։ Չմոռնանք, որ Աստուած սէ՛ր է։

Իբրեւ կանոն երկայնամտութեան՝ ընկերը նկատենք ո՛չ թէ իբրեւ «անհատ» մը՝ ոեւէ մէկը, այլ իբրեւ ներկայացուցիչ մը հանրութեան, անդամ մը ամբողջութեան, ընկերութեան պատուական եւ անհրաժեշտ մէկ անդամը, տարրը, զոր սիրելո՛վ է, որ կը բարձրանանք մինչեւ Աստուած, Յովհաննէս առաքեալի պատճառաբանութեան համաձայն։ Սէրը պահենք միշտ մեր մէջ…։

Իսկ իբրեւ կանոն քաղցրութեան կամ սկիզբ, ըլլանք հանդուրժող, բարեհամբոյր, հանդարտ բնաւորութեան տէր եւ մանաւանդ քաղաքավա՛ր իրարու նկատմամբ, եւ ընդունինք, որ մեր նմանը մեր անձին մէկ ցոլացո՛ւմն է, հայելիի պէս՝ որու մէջ կը տեսնենք մենք զմեզ։ Հանդարտաբարոյ ըլլանք, քանի որ պարզ արտաքին ձեւ մը չէ՛ քաղաքավարութիւնը. քաղաքավար երեւիլ ձեւապաշտութիւն է միայն, այլ անիկա իսկապէս ազդէ մեր բարքերուն, մեր վարմունքներուն վրայ՝ տպաւորէ մեր ամբողջ էութիւնը, մեր կեանքը։ Քանի որ քաղաքավարութիւնը ազնուութիւն է եւ մեզ կը քաղցրացնէ իրարու նկատմամբ՝ բարկութեան, զայրոյթի դէմ արգելք մըն է եւ ինքնազուսպ կ՚ընէ մեզ։ Ան կը մեղմէ, կը հանդարտեցնէ մեզ, կը ներդաշնակէ մեր զգացումները՝ կը հակակշռէ. սիրոյ յառաջաբա՛նն է ան, մինչեւ իսկ մեր մտերմութիւններուն մէջ կարեւոր եւ անհրաժե՛շտ։

Սէրը զօրացնենք երկայնամտութեամբ, համբերատար ըլլալով եւ քաղաքավար քաղցրութեամբ, եւ սիրոյ Աստուածը՝ մեր Հայրը պիտի տայ մեզի այդ երկայնամտութեան եւ քաղցրութեան հատուցումը, քանի որ իր ոտքին, իր աթոռին առջեւ կը բերենք մենք զմեզ, կը խոնարհինք քաղցրութեամբ, եւ «թողեալ լիցին սմա մեղք իւր բազում» պատգամին կ՚արժանանանք, որպէսզի մենք ալ շա՜տ սիրելու տրամադիր՝ սիրելու պատրա՛ստ ենք եւ կամ եթէ պատրասստ չենք, գոնէ կը խոստանանք սիրե՛լ։

Այդ պատգամով Աստուած՝ մեր երկնային Հայրը թո՛ղ սրբէ, մաքրէ մեր անհատական եւ հանրային ադամանդի բոլոր տիղմերը, որպէսզի արժանանանք մեր անուշահոտ երջանկութեամբ իր սիրոյ եւ փառքի խունկերը բուրելու միշտ։

Սիրելի՜ բարեկամներ, կ՚արժէ անգամ մը փորձել եւ պիտի տեսնենք, որ պիտի փոխ-ւի մեր ամբողջ կեանքը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մայիս 20, 2018, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Մայիս 23, 2018