ՀՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

«Ամբարտաւան աչքերը եւ հպարտ սիրտը եւ ամբարիշտներուն լոյսը մեղք են։ Աշխատասէր մարդուն ծրագիրները իրաւամբ առատութիւն կը բերեն, բայց ամէն արտորացող միայն կարօտութիւն կը բերէ», կ՚ըսէ Առակախօսը. (ԱՌԱԿ. ԻԱ 4-5)։

Մարդ կրնայ Աստուծոյ սիրոյն դէմ զանազան կերպերով մեղանչել. «անտարբերութեամբ», որ կ՚անտեսէ կամ կը մերժէ նկատի առնել աստուածային սէրը։ Կ՚անգիտանայ Անոր կանխահաճութիւնը եւ կը ժխտէ Անոր զօրութիւնը։ «Ապերախտութեամբ», որ զանց կ՚ընէ կամ կը մերժէ ճանչնալ աստուածային սէրը եւ տալ Անոր սէր՝ փոխանակ սիրոյն։ «Գաղջութեամբ», որ կը վարանի, կ՚երկմտի կամ կ՚անտեսէ պատասխանել աստուածային սիրոյն, ան կրնայ իր մէջ ներփակել մերժումը յանձնուելու սիրոյ մղումին։ «Հեղգութեամբ» եւ կամ «հոգեւոր ծուլութեամբ», որ կ՚երթայ մինչեւ իսկ մերժելու եւ ուրանալու ուրախութիւնը, որ կու գայ Աստուծմէ, եւ սոսկալու աստուածային բարիքէն։ «Աստուծոյ դէմ ատելութեամբ», որ կու գայ հպարտութենէն։

Հպարտ հոգին կը հակառակի Աստուծոյ սիրոյն, կը ժխտէ Անոր բարութիւնը եւ կը համարի անիծել զԻնք իբրեւ այն անձը՝ որ կ՚արգիլէ մեղքերը եւ կը սահմանէ պատիժները։

Աստուծոյ սիրոյն հանդէպ հաւատքը իր մէջ կ՚ընդգրկէ կոչը եւ պարտաւորութիւնը պատասխանելու աստուածային սիրոյն՝ անկեղծաւոր կերպով։ Հպարտ հոգին անպատասխան կը թողու այդ կոչը եւ պարտաւորութիւնը։ Հպարտ հոգին կը նախընտրէ ատելութիւնը փոխանակ սիրոյ։ Աստուծոյ սէրը հակառա՛կ է հպարտութեան։

Աստուծոյ ատելի՜ է հպարտութիւնը.

«Տէրը վեց բանէ կը զզուի եւ Անոր հոգիին առջեւ եօթը բան պիղծ են։ Ամբարտաւան աչքեր, ստախօս լեզու, անմեղ արիւն թափող ձեռքեր, չար խորհուրդ հնարող սիրտ, չարութիւն ընելու համար շուտ վազող ոտքեր, ստութիւն խօսող անիրաւ վկայ եւ եղբայրներու մէջ կռիւներ ցանող մարդ» (ԱՌԱԿ. Զ 16-17)։

«Բոլոր սրտով հպարտները Տէրոջը առջեւ պիղծ են եւ թէեւ ձեռք ձեռքի տալով միաբանին անպատիժ պիտի չմնան» (ԱՌԱԿ. ԺԶ 5)։

Աստուած կ՚օգնէ անոր, որ նախ ինքնիրեն կ՚օգնէ, այսինքն համեստ է եւ խոնա՛րհ։

Անարդարութիւնները, տնտեսական կամ ընկերային կարգի չափազանց անհաւասարութիւնները, մախանքը, այսինքն՝ չար նախանձը, անվստահութիւնը եւ վերջապէս հպարտութիւնը՝ որ կը տիրեն մարդոց եւ ժողովուրդներու վրայ, խաղաղութեան դէմ անվերջ վտանգ կը սպառնան եւ մինչեւ իսկ բախումներու պատճառ կը հանդիսանան։

Նախանձը տխրութեան կերպերէն մէկն է եւ յաճախ յառաջ կու գայ հպարտութենէն։ Եւ ուրեմն մարդ պէտք է սորվի ապրիլ խոնարհութեան մէջ. «Արդեօք պիտի չուզէի՞ք տեսնել Աստուած ձեր միջոցով փառաւորուած։ Ուրախացէ՛ք ուրեմն ձեր եղբօր յառաջդիմութիւններով, եւ անոր գործով։ Աստուած ձեզմով պիտի փառաւորուի։ Եւ այն ատեն մարդիկ պիտի ըսեն.- օրհնեա՜լ ըլլայ Աստուած, քանի որ Անոր ծառան գիտցաւ յաղթել նախանձին՝ իր հրճուանքը դնելով ուրիշներուն արժանիքներուն մէջ», կ՚ըսէ Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան։ Երանութիւնները մարդուս կու տան երկրաւոր բարիքներ՝ այնքան ատեն որ մարդ խոնարհ է եւ հեռու կը մնայ միշտ հպարտութենէ։ Երանութիւնները կը մաքրեն մարդուս սիրտը, որպէսզի սորվեցնեն իրեն սիրել Աստուած ամէն բանէ վեր։ Եւ ճշմարիտ սէրը կ՚ենթադրէ խոնարհութիւն. իսկ ատելութեան շարժառիթն է միշտ հպարտութիւնը։

Հպարտութիւնը շատ անգամ սկիզբ կ՚առնէ անձին արդարութիւնը բռնելէ. «Փարիսեցին մէկ կողմ կեցած, ինքնիրեն կ՚աղօթէր.- Աստուած իմ, շնորհակալ եմ քեզմէ՝ որ ուրիշ մարդոց նման՝ յափըշ-տակող, անիրաւ, շնացող չեմ, կամ այս մաքսաւորին պէս ալ չեմ։ Այլ՝ շաբաթը երկու անգամ ծոմ կը պահեմ եւ ամբողջ եկամուտիս տասանորդը տաճարին կու տամ» (ՂՈՒԿ. ԺԸ 11-12)։

Ահաւասիկ, հպարտութեան օրինա՛կ մը։

Հպարտութիւնը, արդարեւ կապակցութիւն ունի նաեւ խղճմտանքի հետ։ Խղճմտանքին կրթութիւնը ամբողջ կեանքին պարտականութիւնն է։ Կեանքին առաջին տարիներէն իսկ, ան կը զարթուցանէ տղան դէպի ճանաչումը եւ գործադրումը «ներքին օրէնք»ին, որ ճանչցուած է բարոյական խղճմտանքէն։ Խոհական կրթութիւնը մարդուն կ՚ուսուցանէ առաքինութիւնը, զերծ կը պահէ կամ կը բուժէ զայն վախէն, եսասիրութենէն, հպարտութենէն, յանցաւորութեան քինախնդրութենէն եւ մարդկային տկարութենէն եւ յանցանքներէն ծնած կամահաճութեան շարժումներէն։

Խղճմտանքին կրթութիւնը կ՚երաշխաւորէ մարդուն ազատութիւնը եւ ծնունդ կու տայ սրտի, այսինքն ներքին խաղաղութեան։ Արդարեւ, մարդ խոնարհութեամբ եւ հնազանդութեամբ է որ կը տիրանայ ճշմարիտ ազատութեան։ Հպարտ, ինքնահաւան եւ մեծամիտ մարդը երբեք ազատ չէ, քանի որ ինքնակեդրոն է եւ միշտ ինքզինք պաշտպանելու, դիրքը չկորսնցնելու հարկադրութեան տակ կը գտնուի եւ կերպով մը կաշկանդուած է իր կիրքերովը։ Առ այս՝ մարդ կը ջանայ միշտ պահել իր դիրքը, քանի որ բնական չէ, այլ բոլորովին պարտադրակա՛ն։

Մինչդեռ խոնարհութիւնը ազատութիւն կու տայ մարդուն. առիթ կու տայ որ մարդ ճանչնայ իր իրաւունքները, իր կարողութիւնները եւ կը շարժի անոնց համաձայն, խոհեմ եւ չափաւո՛ր։

«Երանի՜ հոգիով աղքատներուն» (ՄԱՏԹ. Ե 3)։ «Աստուածային Բանը մարդկային հոգիին կամովին խոնարհութիւնը եւ հոգիով հրաժարումը կը կոչէ. հոգիով աղքատութիւն. իսկ Առաքեալը Աստուծոյ աղքատութիւնը մեզի օրինակ կու տայ երբ կ՚ըսէ.- Աղքատացաւ մեզի համար. (Բ ԿՈՐՆ. Ը 9)», կ՚ըսէ Սուրբ Գրիգոր Նիւսացի։

Արդարեւ, հպարտութիւնը բազմաթիւ մեղքերու մա՛յրն է…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունիս 19, 2020, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Յունիս 23, 2020