«ՍԻՐԱՒՈՐՈՒԱԾ» ՊԱՊԻԿԸ

Այո՛, սխալ չկարդացի՛ք: Ճիշդ գրուած է: Տպագրական վրիպում չկայ: Սիրաւորուած՝ եւ ո՛չ թէ սիրահարուած: Նոր բառ մը՝ նաեւ ինծի համար ալ: Բացատրեմ:

Այդ օր, երբ համակարգիչիս դիմաց անցած, եւ չեմ գիտեր որքան ատեն անոր ճերմակ պաստառին վրայ աչքերս սառած մնացած էին, յանկարծ թոռնուհի Վանան՝ ինծի մօտենալով, բարձրաձայն ըսաւ.

-Պապիիիկ, ի՞նչ կ՚ընես... ի՞նչ է սիրաւորուած ես...:

Ձայնէն, յանկարծակի ցնցուեցայ: Արագ մը շտկուեցայ: Սկիզբը, ականջիս չհաւատացի: Իր կողմ դարձայ: Մեր աչքերը իրար հանդիպեցան: Աչքերուն մէջ կարելի էր կարդալ նոր մտահոգութիւն մը:

-Ի՞նչ ըսիրրրր... հաճի՛ս, նորէն ըսէ, կրկնեցի շատ զարմացած:

Գիտէի, որ մեր լեզուին մէջ կային բառեր, որոնք հարազատ էին լսողութեան եւ կամ մեր լեզուին մէջ թափանցելով, արդէն արմատացած ալ էին: Նաեւ կային բառեր ալ, որոնք իրենց ետին կը պահէին միտք մը, ջերմ եւ երբեմն ալ խորհրդաւոր: Այս մէկը թերեւս, անոնցմէ էր:

-Ըսի՛, որ սիրաւորուա՞ծ ես, դարձեալ կրկնեց արագ եւ ինքնավստահ:

Նախ կարծեցի, թէ բառը սխալ սորված ըլլալու էր եւ հիմա ալ կը կրկնէր: Որոշեցի «շտկել»:

-Բա՞յց աղջիկս, «սիրաւորուած» չեն ըսեր, այլ՝ «սիրահարուած», փորձեցի զինք սրբագրել:

-Ո՛չ, ո՛չ, գիտեմ, դո՛ւն սիրահարուած չես, դո՛ւն սիրաւորուած ես, ըսաւ աւելի ինքնավստահ:

-Ի՞նչ ըսել կ՚ուզես, այս անգամ քիչ մը ջղային հարց տուի, մտովի իր յամառ ըլլալը հաստատելով: Իր կարգին, ինք՝ իր սիրտը բառերուն մէջ բռնած, անմիջապէս փորձեց ինքզինք արդարացնել ու սկսաւ այս երկուքին տարբերութիւնները ինծի «խնամքով» բացատրել:

-Պապի՛կ, նայէ՛, ըսաւ աղուոր անկեղծութեամբ մը.- սիրահարուածը, ասանկ չ՚ըլլար..., «եու ար րիլի» դո՛ւն իրապէս, որ սիրաւորուած ես... «այ մին» ըսել կ՚ուզեմ... սէրը քեզի «հըրթ» ըրած է... է՜հ... ինչպէ՛ս ըսեմ... վիրաւորած է... տե՛ս, մէկ ժամ է... նստած ես, նայէ՛, երեսդ... չես կարդար... չես խօսի՛ր... չես գրե՛ր... քեզի ո՞վ վիրաւորեց... ըսէ՛, ես նանիին (կնոջս) բան չեմ ըսեր, «այ սուէր» կ՚երդնում... հաճիս ըսէ՛:

Այս բոլորը, եւ աչքերը անհանգիստ շարժելով, իրարու ետեւէ ըսաւ ու սպասեց պատասխանիս, ճիշդ խստապահանջ դատաւորի մը նման: Իսկ ես, թէեւ քիչ մը շուարած էի, սակայն մտիկ ըրի, հնազանդ համբերութեամբ եւ ախորժակով: Որովհետեւ, իր խօսքերը ինչպէս միշտ, այս անգամ ալ մեծապէս ուշադրութիւնս գրաւած էին: Մտածել տուող նոր թափ մը՝ աղուոր անկեղծութեամբ: Միւս կողմէ, իր այս արտասանած բառը, սկսած էր էութեանս խորերը պրպտել: Անոր համար, հիմա ես, իր կողմէ անժամանակ խոստովանանքի մը «հրաւիրուած» էի: Զարմանալի է չէ՞: Ա՛յս տարիքիս, ինձմէ գրեթէ տարիքով կէս դար եւ քիչ մըն ալ աւելի փոքր թոռնիկիս, հաշի՞ւ պէտք է որ տայի: Ժպտեցայ: Ու ինքնաբերաբար դէմքիս գոյնը փոխեցի: Ճիշդ է, որ թոռներուս ներկայութեան կը մոռնամ տարիքս, բայց այս անգամ, տարբեր էր: Ուստի փորձեցի բնականոն վիճակիս վերադառնալ: Իրապէս, որ պահը նոր «բաներ» սկսած էր յուշել: Արագ մը ըսելիքներս փնտռեցի: Իրականը եւ տեսանելին ու համոզիչը:

Ահա, նոր եւ շիծու «սիրաւորուած» բառը, որուն ամբողջ կեանքիս ընթացքին, երբեք չէի լսած, հանդիպած եւ կամ գործածած, եւ որ զիս խոր մտածումի մը մատնած էր: Ուրկէ՜, ուր: Ներքին ուրախութեանս կողքին, արտասանուած եւ նոյնքան ալ պատճառաբանուած իր այս բառը, նաեւ վայրկեաններս հեւքով ալ լեցուցած էին: Վանան, կրկին բացած էր մտքիս լայն դռները:

-Այսօրուայ հայը, վերջապէս սկսայ ես ինծի մտովի խօսիլ, գլուխս քանի մը անգամ շարժելով: Երկու կեանք եւ երկուքն ալ հակասական: Ահա նոր մտածողութիւն եւ ուշադրութիւն գրաւող: Թէեւ թոռնիկիս ներկայութիւնն ու եւ ամէն առիթով իր արտասանած իւրաքանչիւր հայերէն բառերն ու մտածումները, ինծի տեսակ մը երջանկութիւն պատճառած էին, բայց այս մէկը ուրիշ հարց էր: Իրապէս, որ նորութիւն էր, թէ՛ իր տեսակին եւ թէ՛ բացատրողականին մէջ: Յստակ էր, թէ ինք, իր տարիքի հազարաւոր հայուհիներուն նման, զրկուած էր հայրենի հողէն եւ անոր սնուցիչ ուժէն: Այս բոլորը նորութիւններ չէին: Իր բոլոր ընկեր-ընկերուհիները առանց բացառութեան, իրենց խօսակցութեան ընթացքին, միշտ կը փորձէին արտայայտուելու դիւրին ճամբաներ ընտրել: Ուստի, կը դիմէին սովորական դարձած իրենց լեզուին՝ տեղականին: Ու ահա լեզուափոխութիւնը, կ՚ըսեմ քիչ մը քրտնած: Բայց իր մտքին մէջ ինչպէ՞ս եւ ե՞րբ «բուսած» էր այս բառը: Ուղղակի՝ հանելուկ: Միտքս այս առթիւ նաեւ անհանդարտ կը մէջբերէր, թէ Սփիւռքի մէջ, հայ լեզուի հանդէպ սէրն ու անոր մաքուր գործածութիւնը, ո՛չ միայն նուազած էր, այլեւ գրեթէ՝ սառած, յատկապէս երիտասարդ մեր սերունդի բերաններուն մէջ: Չմոռնանք սակայն, որ լեզուն չգիտնալը մեղք չէր, անոր շիտակ գործածութեան հանդէպ անհոգ ըլլալը, մեծ մեղք է: Տեսնուած է, որ յաճախ որոշ մարդիկ, նոյնիսկ կ՚ամչնան մաքուր հայերէնով խօսելու, ու նոյնիսկ՝ մաքուր հայերէնով գրելու: Իսկ մաքուր հայերէնով խօսիլն ու գրելը ո՛չ միայն ամօթ չէ, այլեւ անհրաժեշտ է ու պարտադիր: Այս բոլորը՝ որովհետեւ «վտանգը» յստակ է: Բոլորս ալ քիչ մը աւելի եւ կամ քիչ մը պակաս,  յուսահատ եւ աննպաստ պայմաններու զոհ ենք: Ուստի մեծ ճիգ պէտք է խարազանելու համար այս յուսահատութիւնը: Ու իբրեւ ազնիւ ցանկութիւն, հաւատացած ենք, թէ գիր եւ լեզու հայրենիք կը նշանակեն: Ազգ ու ժողովուրդ կը բնորոշեն: Կը յաւերժացնեն: Նաեւ հաւատացած ենք, թէ առանց գիրի, առանց լեզուի, մեզի համար փրկութիւն չկայ: Չկայ՝ ազգ: Իսկ մեզի համար ազգը, մեր մայրենի լեզուն է, որուն մէջ են մեր պատմութիւնը, մեր ցաւերը, անցած ճամբան, մեր ուրախութիւնն ու ապրելակերպը: Ու համեստօրէն աւելցնեմ, որ ամէն առիթով եւ առանց նեղմտութեան, իբրեւ ազնիւ ցանկութիւն, միշտ փորձած եմ զաւակներուս եւ թոռներուս, Ամերիկայի մէջ հայ մնալու գաղտնիքը փոխանցել, բացատրելով, թէ մեր մայրենի լեզուն, ազգային միութիւն է, նաեւ հայ զանգուածները կապելու բանալի: Մեր յստակ անձնագիրը: Լեզուի գիտակցութիւնը, ինքնութիւն եւ պատկանելիութիւն կը նշանակէ, միշտ շեշտած եմ: Հայ ծնողները պէտք է, որ գիտնան այս մէկը: Վերջապէս եւ ամէն բանէ առաջ, չէ՞ որ իրենք են իրենց զաւակներուն գլխաւոր պատասխանատուն:

Իսկ հո՛ս, Սփիւռքի տարածքին, էական է անպայման տէր կանգնիլ մանաւանդ արեւմտահայ լեզուին ու ժառանգութեան: Արեւմտահայերէնը կորսուելու սկսած է: Անոր գործածութեան սահմանները շատ նեղցած են: Որովհետեւ, դժբախտաբար արեւմտահայերէնը, իր երկիրը չունի, միայն, իր գաղութը ունի: Մէկ խօսքով՝ մեր լեզուի պատկանելիութեան զգացումը ունենալն ու պահելը էական են: Որովհետեւ, բոլորիս համար ալ հարց է, թէ առանց մեր լեզուի ինչպէ՞ս պիտի գոյատեւէ մեր ազգը, իբրեւ ինքնուրոյն միաւոր: Ծագումով հայեր շատ կան, որոնք այսօր չկան, ձուլուած են ուրիշ ազգերու մէջ: Գիտենք, որ մեր ճակատագիրը անորոշ խաղեր խաղացած է եւ տակաւին կը խաղայ մեր գլխուն: Այս բոլորին համար պէտք է ստեղծել ժամանակը: Ստիպուած ենք նոր եւ կորսուած սերունդներուն մասին լրջօրէն մտածել: Ասոր համար, հայրենիքի ներդրումը կենսական է: Պէտք է ազգովին տէր կանգնիլ այն՝ ինչ որ ունինք: Լեզու կամ հող: Միասնաբար նոր մթնոլորտ ստեղծել, որպէսզի ապագայ մեր սերունդը կարենայ առաջնորդուիլ դէպի ազգային ուղղութիւն, հեռու սովորական չափանիշներէ, օրինակելի, նոյնքան ալ հարազատ ու հպարտալի:

Անկեղծօրէն, կը զգայի, որ միտքերս զիրար սկսած էին հրել: Անկարգ եւ անհամբեր:

«Նորերը» կը քալեն ժամանակին հետ, իսկ մենք հիներս՝ աւանդութեան, կը շարունակեմ մտածումներուս շարքը: Հայկականութեան «բարդոյթը» մեզ բոլորս ալ հալածած է: Ուստի ի՞նչ կ՚արժէ տեղեկութիւն ունենալ հայութեան մասին, երբ ոգին բացակայ է: Ոգին կենսական է, ակունքը պահելու: Ահա նոր յոյսին բացուող միտք մը, ու անմեղօրէն եւ ձեւով մը կ՚ուզեմ պատկերացնել նոր հայը: Երազին յաղթող հայը: Հայ կեանքը ծաղկեցնող, իբրեւ վաղուան ղեկավարն ու առաջնորդը: Ժամանակին հետ քալող եւ պատմութիւնը հասկցող ու մանաւանդ սովորական առաւօտի հետ չհաշտուող նոր սերունդի ներկայացուցիչը: Հարկաւ այս օրերը պիտի անցնին եւ պիտի գան նորերը: Ինքզինքս այս գաղափարով ալ կը փորձեմ համոզել:

Ու ինչ մեղքս պահեմ, ընդհանրապէս լաւատես եղած եմ: Կը հաւատամ, որ ուշ կամ կանուխ, մեր ժողովուրդի զաւակները իրենց մը-շակոյթին անսակարկ պիտի սպասարկեն: Կը ցանկամ եւ խորունկ հաւատքով մըն ալ կ՚ըսեմ.- ժամանակն է, թօթուել մեր էութիւնը եւ վերագնահատութեան ենթարկել մեր կեանքը:

Ու հիմա, այս բոլորէն ետք, կը հաւատայի, որ թոռնիկիս կեանքին մէջ, ձեւով մը կրցած էի նոր «աշխարհ» մը ստեղծել, իբրեւ բացուող իրականութիւն՝ նշանակալից եւ էական: Մեր զրոյցի աւարտին, առ ի գնահատանք, ներքին հաշտութեամբ մը ան միայն ինծի իր աչքերով խօսեցաւ երկար եւ ճառագայթող տպաւորութեամբ մը, որ տարբեր թարմութիւն եւ կենդանութիւն բերաւ օրուան մնացեալ ժամերուս:

Ես զինք հաստատապէս համոզած էի, որ ինծի համար «սիրահարուած» եւ «սիրաւորուած» գրեթէ նոյն բառեր էին: Էականը, հայերէն բառերը միշտ գործածելն էր: Անոր համար, պապիկ ու թոռնիկ մեր անակնկալ այս զրոյցը, դարձած էր հարթ ու գրաւիչ: Ու ես ինքզինքս ուրախ եւ հպարտ կը զգայի: Գրեթէ՝ երջանիկ:

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ  

bedig43@aol.com

Չորեքշաբթի, Յունիս 23, 2021