ԸՆՏԱՆԻՔ ԵՒ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆ

Ընտանիքը որպէս ընկերութիւն, անմիջականօրէն կը համապատասխանէ մարդուն բնութեան։ Արդարեւ ընտանիքը անհրաժեշտ է մարդուն համար։ Ապահովելու համար մեծագոյն թիւով անձերու մասնակցութիւնը ընկերային կեանքին, հարկ է քաջալերել ստեղծումը ընտրովի ընկերութիւններուն, եւ ընդհանրապէս հաստատութիւններուն, տնտեսական, մշակութային, ընկերային, ժամանցային, արհեստաւորական, քաղաքական նպատակներով, թէ՛ քաղաքական հասարակութիւններէն ներս, թէ՛ համաշխարհային գետնի վրայ։ Այս ընկերականութիւնը կ՚արտայայտէ նաեւ բնական ձգտումը՝ որ կը մղէ մարդիկը ընկերութիւն կազմելու՝ հասնելու համար նպատակներու, որոնք կը գերազանցեն անհատական կարողութիւնները։ Ընդհանուր առումով ընկերութիւնը կը զարգացնէ անհատին յատկութիւնները, մանաւա՛նդ՝ անոր «նախաձեռնութեան» եւ «պատասխանատուութեան» ոգին։ Եւ ան կը սատարէ մարդուն իրաւունքները երաշխաւորելու։

Արդարեւ Աստուած չուզեց միայն Իրեն պահել բոլոր իշխանութիւններուն գործածութիւնը։ Ուստի Ան իւրաքանչիւր արարածին կը յանձնէ պաշտօններ, պարտականութիւններ, զորս ան կարող է կատարել իր տարողութեան եւ իր բնութեան կարողութիւններուն եւ կարելիութիւններուն համեմատ։ Այս գործելակերպին կառավարումը ուղեցոյց մը պէտք է նկատուի՝ որուն պէտք է հետեւի իւրաքանչիւր անհատ ընկերային կեանքին մէջ։

Աշխարհը կառավարելու Աստուծոյ վար-ւելակերպը, որ ցոյց կու տայ այնքան մեծ նկատառութիւն մարդկային ազատութեան հանդէպ, պէտք է ներշնչէ իմաստութիւնը անոնց, որ կը կառավարեն մարդկային հասարակութիւնները։ Անոնք պէտք է վարուին իբրեւ պաշտօնեաներ կամ գործակատարներ աստուածային նախախնամութեան ե՛ւ ստեղծագործութեան։

Այս ուղղութեամբ, ամուսնական հասարակութիւնը հիմնուած է ամոլներուն հաւանութեան վրայ։

Ամուսնութիւնը եւ ընտանիքը սահմանուած են ամոլներուն բարիքին, զաւակներուն որդեծնութեան եւ անոնց դաստիարակութեան, կրթութեան։ Ամուսիններուն՝ այր-մարդ կամ կին-մարդ, սէրը եւ զաւակներուն ծնունդը միեւնոյն ընտանիքին անդամներուն միջեւ կը հաստատեն առանձնայատուկ յարաբերութիւններ եւ առաջնահերթ պատասխանատուութիւններ։ Ամուսնութեամբ միացած այր-մարդ մը եւ կին-մարդ մը, այսինքն ամուսիններ, իրենց զաւակներուն հետ կը կազմեն «ընտանիք» մը։

Ընտանիքը սկզբնական բջիջն է ընկերային կեանքին։

Ընտանիքը բնական ընկերութիւնն է, ուր այր-մարդը եւ կին-մարդը ինքնանուիրումի կոչուած են սիրոյ եւ կեանքի պարգեւին մէջ։ Ընտանիքին ծոցին մէջ գոյութիւն ունեցող հեղինակութիւնը, կայունութիւնը եւ փոխյարաբերութիւններու կեանքը կը կազմեն ազատութեան ապահովութեան հիմը ընկերութեան ծոցին մէջ։

Ընտանիքը այն հասարակութիւնն է, որուն մէջ, մանկութենէն սկսեալ, կարելի է սորվիլ բարոյական արժէքները, սկսիլ պատուել Աստուած եւ լաւ գործածել ազատութիւնը եւ մարդկային իրաւունքները։ Այս իմաստով, ընտանիքին կեանքը նախապատրաստութիւն մըն է ընկերութեան կեանքին։ Ուստի, ընտանիքը պարտի այնպէս ապրիլ, որ իր անդամները սորվին տանիլ հոգը եւ հոգածութիւնը երիտասարդներուն եւ ծերերուն, հիւանդներուն կամ հաշմանդամ անձերուն եւ աղքատներուն։ Ընտանեկան կեանքը ներդաշնակ ըլլալու է եւ պատկերացնէ եւ ցոլացնէ Մարդկութեան Փրկչին սիրոյ եւ արդարութեան գաղափարականը։

Բազմաթիւ են այն ընտանիքները, որոնք որոշ ատեն մը ի վիճակի չեն ըլլար օգնութիւն հայթայթելու։ Այն պարագային՝ ուրիշ անձեր, ուրիշ ընտանիքներ եւ օժանդակաբար ընկերութիւնը՝ հոգալու են անոնց կարիքները. «Հօր Աստուծոյ համար մաքուր, անբիծ, անկեղծ եւ իսկական բարեպաշտութիւնը՝ կարօտութեան մէջ եղող որբերուն եւ այրիներուն այցելու եւ օգնական ըլլալն է, եւ աշխարհի մէջ ապրելով հանդերձ՝ ինքզինք անարատ պահելը» (ՅԱԿՈԲ. Ա 27)։

Ուստի պէտք է օգնել ընտանիքին եւ զայն պաշտպանել ընկերային յատուկ եւ պատշաճ միջոցներով։

Հոն ուր ընտանիքները ի վիճակի չեն իրենց պաշտօնը իրագործելու, ընկերային ուրիշ մարմինները պարտականութիւնը ունին անոնց օգնելու, խնամելու եւ ընտանեկան սրբազան հաստատութեան թիկունք կանգնելու։ «Փոխ օժանդակութեան սկզբունք»ին հիման վրայ, աւելի մեծածաւալ հասարակութիւնները պիտի զգուշանան, որ չգրաւեն անոր իշխանութիւնները կամ միջամուխ չըլլան անոր կեանքէն ներս։

Արդարեւ ընկերութեան կեանքին եւ բարօրութեան համար ընտանիքին կարեւորութիւնը ընկերութեան վրայ յատուկ պատասխանատուութիւն մը կը դնէ, ընտանիքին եւ ամուսնութեան օգնելու եւ զանոնք ամրացնելու։

Մարդու հայրութեան ակունքը Աստուծոյ հայրութիւնն է, ան է հիմը ծնողներուն մատուցուած պատիւին։ Անչափահաս թէ խելահաս զաւակներուն յարգանքը իրենց հօր կամ մօր հանդէպ կը սնանի բնական սէրէն, ծնած՝ զիրենք իրարու միացնող զօդէն։

«Պսակը ծերերուն՝ անոնց զաւակներուն զաւակներն են» (ԱՌ. ԺԷ 6)։

«Իրար հանդուրժեցէ՛ք սիրով, ամենայն խոնարհութեամբ, հեզութեամբ եւ համբերութեամբ», կ՚ըսէ Առաքեալը (ԵՓՍ. Դ 2)։

Ընտանիքը սրբազան «միութի՛ւն» մըն է…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յուլիս 11, 2019, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Յուլիս 24, 2019