ԳՈՂՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ՝ Ս. ԳԻՐՔԸ

Ընկերային կեանքի մէջ, մարդկային արժանապատուութեան յարգանքը կը պահանջէ գործադրութիւնը նախ «ժուժկալութեան» առաքինութեան, չափաւորելու համար փարումը այս աշխարհի բարիքներուն. գործադրութիւնը ապա «արդարութեան» առաքինութեան, նախապահպանելու համար մերձաւորին՝ իր նմաններուն, այսինքն՝ «ուրիշ»ին իրաւունքները եւ տալու անոր ի՛նչ որ անկ է անոր, վերջապէս գործադրութիւնը «համընկերութեան» ըստ ոսկեղէն կանոնին եւ ըստ առատաձեռնութեան մեր Տիրոջ, որ «հարուստ ըլլալով՝ աղքատացաւ, որպէսզի մենք հարստանանք Իր աղքատութեամբ», ինչպէս կ՚ըսէ Առաքեալը. (Բ ԿՈՐՆ. Ը 9)։ Եւ նաեւ այն խօսքին համաձայն՝ թէ «աւելի երջանկաբեր է տալը, քան առնելը» (ԳՈՐԾ. Ի 35)։

«Տասը Պատուիրան»ներու եօթներորդը կ՚արգիլէ «գողութիւն»ը, այսինքն յափըշ-տակութիւնը ուրիշին ինչքին՝ սեփականատիրոջ արդարացի կամքին հակառա՛կ։

Գողութիւն չկա՛յ եթէ տիրոջ հաւանութիւնը կարելի է ենթադրել եւ կամ եթէ անոր մերժումը հակառակ է բանականութեան եւ ինչքերուն տիեզերական նպատակադրումին։

Այսպիսին է ստիպողական եւ բացայայտ անհրաժեշտութեան պարագան, երբ անմիջական եւ էական կարիքներուն՝ սնունդ, ապաստանարան, զգեստ, եւ այլն, գոհացում տալու միակ միջոցը կը մնայ «ուրիշին ինչքերը իւրացնել եւ գործածել…»։ Այս պարագան կարելի է բացատրել սա խօսքով՝ թէ «հարկը օրէնքը կը լուծէ»։ Եւ կամ կարելի է արդարացնել որպէս «բանաւոր պատճառ»։

Ուրիշին ինչքը անարդարօրէն՝ անիրաւ կերպով առնելու եւ քովը պահելու որեւէ կերպ, նոյնիսկ եթէ չի հակառակիր քաղաքացիական-պատժական օրէնքին եւ տնօրինումներուն, հակառա՛կ է եօթներորդ պատուիրանին։ Զոր օրինակ՝ փոխառնուած ինչքեր կամ կորսուած առարկաներ կամակարօրէն իր քով պահել, խարդախել վաճառականութեան մէջ, անարդար աշխատավարձեր վճարել, սուղցնել գիները, անարժէք որեւէ բան արժէքաւոր ցոյց տալ՝ շահագործելով ուրիշին տգիտութիւնը այդ մասին եւ կամ նեղ կացութիւնը. «Ասիկա լսեցէ՛ք, ո՛վ դուք որ տնանկը՝ կլլել եւ երկրին աղքատները կորսնցնել կը ցանկաք եւ կ՚ըսէք.- Ամսագլուխը ե՞րբ պիտի անցնի, որ ընդեղէն ծախենք, շաբաթը՝ որ ցորենը ծախու հանենք եւ արդուն պզտիկցնենք եւ սիկղը մեծցնենք եւ նենգութեամբ խարդախ կշիռքներ գործածենք, որպէսզի աղքատները ստակով եւ տնանկները զոյգ մը կօշիկով ծախու առնենք եւ ցորենին խոտանը ծախենք» (ԱՄՈՎՍ, Ը 4-6)։ (Ծանօթ.- արդու =ալիւրի, ցորենի չափ մը. սիկղ=սկեղ=հրեաներու չափ՝ 6 տրամ «siclé». խոտան=ան-պիտան, անարժէք, գէշ, անարգ. խոտանաւ=պարապ տեղը, չարաչար)։

Գողութիւնը Աստուծոյ գարշելի է. «Ահա դուք սուտ խօսքերու կ՚ապաւինիք, որոնք չեն կրնար օգուտ մը ընել։ Արդեօք գողութիւն, մարդասպանութիւն եւ շնութիւն ընելով, սուտ երդում ընելով եւ Բահաղին խունկ ծխելով, ձեր չճանչցած օտար աստուածներուն ետեւէն երթալով կրնա՞ք գալ ու իմ առջեւս կայնիլ այս տանը մէջ, որ իմ անունովս կոչուած է եւ ըսել.- Ազատուեցանք, որպէսզի այս բոլոր պղծութիւնները ընենք։ Այս տունը, որ իմ անունովս կոչ-ւած է, միթէ ձեր աչքերուն առջեւ աւազակներու քարա՞յր եղաւ։ Ահա ես տեսա՛յ, կ՚ըսէ Տէրը» (ԵՐԵՄ. Է 8-11)։

Արդարեւ գողութիւնը արգիլուած է ամէն դրութեան մէջ, ամէն տեղ եւ շրջանի, քանի որ ան մարդկային սկզբնական իրաւունքներու եւ արժանապատուութեան ներհակ արարք մըն է՝ անընդունելի՛։ Այս իմաստով Սուրբ Գիրքը կը վկայէ. «Գողութիւն մի՛ ըներ» (ԵԼԻՑ. Ի 15), ինչպէս նաեւ. «Պատուիրանները գիտես.- Մի՛ շնար, մի՛ սպաններ, մի՛ գողնար, սուտ վկայութիւն մի՛ տար, ուրիշին իրաւունքը մի՛ յափշտակեր, պատուէ՛ հայրդ ու մայրդ» (ՄԱՐԿ. Ժ 19)։ «Որովհետեւ Աստուծոյ պատուիրանները. մի՛ շնար, մի՛ սպաններ, մի՛ գողնար, սուտ վկայութիւն մի՛ ըներ, մի՛ ցանկար, եւ միւս բոլորը, խտացած են սա միակ պատուիրանին մէջ. Սիրէ՛ ընկերդ քու անձիդ պէս» (ՀՌՈՄ. ԺԳ 9)։ «Կրքոտ ցանկութիւններու անձնատուր մի՛ ըլլաք հեթանոսներու պէս, որոնք զԱստուած չեն ճանչնար եւ կամ չըլլա՛յ որ մէկը եղբօր մը դէմ մեղանչէ…»։

Գողութիւնը աղքատներուն ընելը յատկապէ՛ս արգիլուած է, ինչպէս Առակախօսը կ՚ըսէ. «Աղքատը մի՛ կողոպտեր իր աղքատութեանը համար եւ տնանկը դատաստանի մէջ մի՛ անարգեր։ Որովհետեւ Տէրը անոնց իրաւունքը պիտի պաշտպանէ եւ զանոնք կողոպտողներուն հոգին պիտի կ՚ողոպտէ» (ԱՌԱԿ. ԻԲ 22-23)։

Սա բացայայտ է, որ գողութիւնը կը պարունակէ ընդհանրապէս ամէն խարդախութիւն. «Քու դրացիիդ զրկանք մի՛ ըներ եւ յափշտակութիւն մի՛ ըներ. վարձքով բանողին օրական վարձքը մէկ գիշեր մինչեւ առտու թող ձեր քով չմնայ» (ՂԵՒ. ԺԹ 13)։

Ըստ Սուրբ Գիրքին, «գողութիւն»ը կը պարունակէ նաեւ բանուորներու, աշխատաւորներու վարձքին խարդախութիւն ընելը. «Դատաստանի համար ձեզի պիտի մօտենամ, կախարդներուն եւ շնացողներուն, սուտ երդում ընողներուն, վարձկանին իր վարձքին վրայով, որբեւարիին եւ որբին զրկանք ընողներուն, պանդուխտին իրաւունքը խոտորցնողներուն, ինձմէ չվախցողներուն դէմ արագ վկայ պիտի ըլլամ, կ՚ըսէ զօրքերու Տէրը» (ՄԱՂԱՔ. Գ 5)։ Ինչպէս նաեւ. «Ահաւասիկ, ձեր արտերուն մէջ աշխատող բանուորներուն վարձքը, որ ձեր մօտ պահեցիք՝ զրկելով զանոնք, բարձրաձայն կ՚աղաղակէ, եւ հնձուորներուն բողոքը Ամենակալ Տիրոջ ականջը հասաւ» (ՅԱԿՈԲ. Ե 4)։

Գողութիւնը սրտէն յառաջ կու գայ եւ կը պղծէ մարդը, ինչպէս կը վկայէ Մատթէոս Աւետարանիչ. «Որովհետեւ մարդուս սիրտէն է որ կ՚ելլեն չար մտածումներ՝ սպանութիւն, շնութիւն, պոռնկութիւն, գողութիւն, սուտ վկայութիւն, հայհոյութիւն։ Ասո՛նք են որ կը պղծեն մարդը եւ ո՛չ թէ անլուայ ձեռքով ճաշ ուտելը» (ՄԱՏԹ. ԺԵ 19-20)։ Արդարեւ սրտով չարերը գողութեան անձնատուր կ՚ըլլան։ Այս մասին Սաղմոսերգուն կ՚ըսէ. «Ամբարիշտներու խումբերը զիս պատեցին, բայց ես քու օրէնքդ չմոռցայ» (ՍԱՂՄ. ՃԺԹ 61)։

Արդարեւ, ինչպէս յաճախ կը յիշենք, ծուլութիւնն ալ գողութեան տեսակ մըն է, քանի որ հաւաքական, ընկերային կեանքի մէջ իւրաքանչիւր անհատ իր կարողութեան, կարելիութեան եւ տարողութեան չափով դեր մը եւ պարտականութիւն մը ունի, եւ այդ պարտականութեան մէջ թերանալ՝ անաշխատ կերպով ապրիլ՝ միւս անհատներու իրաւունքը յափշտակել կը նշանակէ, ինչ որ «գողութիւն» է։ Եւ դարձեալ յիշենք Ժ. Ժ. Ռուսոյի այն խօսքը, որ յաճախ կը կրկնենք, թէ՝ «Ընկերութեան մէջ անաշխատ կերպով ապրող ծոյլեր -ընկերային գո՛ղ-եր են»։

Արդարեւ «գողութիւն»ը միայն նիւթական մարմնի մը՝ իրի մը յափշտակութիւնը չէ՛, այլ նաեւ՝ իրաւունքի յափշտակութիւնը եւ արժանապատուութեան վիրաւորանքները…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ապրիլ 16, 2019, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Մայիս 25, 2019