ԳՈՐԾԻՔԸ ԵՒ ԳՈՐԾԱԾՈՂԸ

Գործիքները, մարդուս կեանքը դիւրացնող միջոցներ եւ առարկաներ են։ Գործիքը զայն գործածողին նկարագրին եւ գաղափարականին հետ համերաշխ ըլլալու է։ Գործիքը նաեւ պէտք է նպատակայարմար ըլլայ, ինչ որ կը նշանակէ՝ թէ «գործիք»ը նպատակ մը չէ, այլ՝ միջո՛ց մը։ Գործիքին եւ զայն գործածողին նկարագրին համաձայնութիւնն է, որ կը նպաստէ մտադրուած նպատակի մը իրագործման, առողջ նպատակի մը կազմութեան։ Եւ այս իմաստով, գործիքը՝ պատճառի եւ արդիւնքի միջեւ «կամուրջ»ի մը դերը կը կատարէ՝ կարեւոր եւ անհրաժեշտ դեր մը՝ առանց որու մտադրուած եւ ծրագրուած նպատակի մը հասնիլ եթէ ո՛չ անկարելի, բայց շատ դժուար է։ Եւ այս իսկ պատճառով՝ կեանքը դիւրացնող միջոցներ են գործիքները, որոնք սկսուած են գտնուիլ եւ գործածուիլ նախնական մարդկային ընկերութիւններու կազմաւորումէն իսկ։

Քաղաքակրթութեան զարգացման չափանիշներու առաջնակարգը եղած է «գործիք»ը, եւ անոր գիւտը եւ գործածութիւնը նպաստած է քաղաքակրթութեան յառաջացման։ Քաղաքակրթութեան մը աճումը, յառաջացումը եւ զարգացումը կախում ունի գտնուած եւ գործածուած գործիքներէն եւ գործիքներուն կարեւորութեանը համեմատութեամբ կ՚ըսուի, թէ յառաջացած եւ զարգացած քաղաքակրթութիւն մը գոյութիւն ունի։ Քաղաքակրթութեան մը արժէքը կ՚որոշուի անոր պատկանած հաւաքականութեան գործածած գործիքներէն ամէն մարզի մէջ։

Անշուշտ երբ «գործիք» կ՚ըսենք, ասիկա պէտք է հասկցուի իր ամենալայն իմաստով՝ թէ՛ նիւթական, թէ՛ բարոյական, թէ՛ հոգեւոր եւ թէ մտային միջոցներ նկատի ունենալով։ Այս իրողութիւնը մեզ կը մղէ հարցնելու թէ՝ ի՞նչ ազդակներ կ՚օգնեն կազմութեան եւ զօրացման քաղաքակրթութեան, որուն ա՜յնքան կարեւոր դեր մը կը վերաբերի ընկերային կեանքի ամէն տեսակ զարգացման մէջ։

Կրթութիւնը եւ դաստիարակութիւնը ազդու միջոցներէն՝ «գործիք»ներէն մին է եւ կարեւոր սիւներէն մէ՛կը։ Եւ անշուշտ ընդարձակելով՝ մշակոյթը, իր ամենալայն առումով։ Այս կարգին պէտք է յիշել մամուլը՝ որ թերթերու, պարբերականներու կամ գիրքերու հրատարակութեամբ ուժեղ ազդակ մը կամ «գործիք» մը՝ միջոց մը կը հանդիսանան քաղաքակրթութեան զարգացման, յառաջացման, պաշտօն ունենալով միտքերը ուղղելու եւ առաջնորդելու կրթական, բարոյական, քաղաքական կամ տնտեսական հարցերու մէջ։ Այս ուղղութեամբ բեմերը՝ ըլլա՛յ կրթական, ըլլա՛յ եկեղեցական, ինչպէս նաեւ մշակութային կամ բարեգործական կազմակերպութիւններ, միութիւններ, շատ կարեւոր «գործ»եր կատարելու կոչուած են, որոնց կը վերաբերի լուրջ պարտականութիւններ այս մասին։

Զօրաւոր, ազդու եւ հզօր ազդակներ, կամ իր լայն առումով՝ միջոցներ, «գործիք»ներ, լաւագոյնները զորս կրնանք գտնել եւ օգտագործել։ Եւ սակայն, պէտք է ընդունիլ, որ այս բոլորը ինքնին հրաշագործ զօրութիւններ չեն։ Լոկ «գործիք»ներ են, որոնց արդիւնաւորութիւնը կախում ունի զանոնք գործածող ձեռքերէն. անոնց ետեւը գտնուող անձէն եւ ընկերութենէն։ Արդարեւ, անոնք որքան անհատական, նո՛յնքան եւ աւելի՝ հաւաքական զօրութիւններ են։ Չէ՞ որ մշակոյթը անհատի մը արտադրութիւնը նկատել սխա՛լ է, ան ամբողջ հաւաքականութեան մը, ընկերութեան մը, ժողովուրդի մը գործն է։

Ուրեմն այս ազդակներուն կամ «գործիք»ներուն կ՚ընկերակցին նաեւ ուրիշ միջոցներ։ Սա անվիճելի իրողութիւն մըն է, թէ ամենէն ազդու եւ օգտակար «գործիք»ն իսկ անճարակ, անփորձ եւ անգիտակից գործաւորի մը ձեռքը կրնայ անշահ, անօգուտ եւ մինչեւ իսկ վնասակար միջոց մը, առարկայ մը հանդիսանալ։ Եւ արդարեւ, եթէ, զոր օրինակ, դաստիարակի պաշտօն ունեցող անձ մը մասնագէտ մը ըլլայ լեզուներու եւ կամ չափագիտութեան, եւ սակայն անվստահելի է նկարագրով եւ թեթեւաբարոյ, այն ատեն այս կարեւոր «գործիք»ները իրենցմէ ակնկալուած օգտակարութիւնը չեն կրնար յառաջ բերել։

Օրինակները կարելի է բազմացնել։ Երբ հրապարակագրին կամ հեղինակին գրիչը՝ «գործիք»ը կը շարժի «շահու զսպանակ»ով միայն, եւ կամ բեմերը իմաստալից եւ գեղեցիկ խօսքերու թատր հանդիսանալով հանդերձ հոն խօսողներու կեանքը խոտո՛ր կը համեմատի իրենց քարոզած կամ խօսած լուսաւոր եւ շինարար խօսքերուն հետ, այն ժամանակ ալ «գործիք»ը՝ միջոցները իրենցմէ սպասուած նպաստը չեն կրնար տալ՝ անօգուտ եւ անշահ կը մնան։

Թէեւ ճշմարտութիւնը մէ՛կ է, բայց ըմբռնումներ, գաղափարներ, համոզումներ յարաբերական են։ Ճշմարտութիւնը առարկայական է, բայց համոզումները՝ ենթակայակա՛ն։ Ուստի, ի՛նչ որ «օրինակելի կեանք» մըն է մէկուն համար, ձանձրանալի եւ նոյնիսկ երբեմն ծիծաղելի, տարօրինակ է միւսին համար. ի՛նչ որ մէկը «հաւատարմութիւն» կը դաւանի, ուրիշ մը «ապուշութիւն» կը թարգմանէ, ի՛նչ որ նուիրական է եւ սրբազան մէկուն համար, նախապաշարում է ուրիշ մէկուն համար։ Եւ այս տարակարծութիւններուն կարելի է հանդիպիլ մեր ամենօրեայ կեանքին մէջ, շատ անգամ զարմանքով վկայած ենք նման իրողութիւններու։

Սուտ խօսելու, խաբելու համար ալ կարելի է շատ անգամ հանդիպիլ նման պարագաներու. ուղղամտութիւն, ճշմարտախօսութիւն յաճախ կրնան ժամանակավրէպ արժէքներ նկատուիլ, եւ մինչեւ իսկ արգելքներ՝ յաջողութեան կեանքի մէջ։ Այսպիսի մտայնութեան տէր մարդիկ, ճարպիկութիւն կը համարեն սուտ խօսիլը, խաբելը…։ Մարդիկ կան, որոնց համար սուտը, խաբէութիւնը եւ խարդախութիւնը յաջողութեան անհրաժեշտ պայմա՛ն են։ Անպատշաճութիւններ, ստորնութիւններ եւ ընդհանրապէս «թեթեւաբարոյութիւն»ը շատերու կողմէ ընկերային կեանքի պահանջ կը նկատուին. զանազան անկարգութիւններ եւ մոլութիւններ «անմեղ ժամանց»ներու կարգը կը դասուին։ Եւ ի՜նչ բարերար եւ օգտակար արդիւնք բանաւոր է ակնկալել այն ազդակներէն, այսինքն «գործիք»ներէն, զորս շարժման մէջ դնելու պաշտօն ունեցող անձեր իրարու այսքան ներհակ կարծիքներ ունին, եւ երբ կենսական սկզբունքներու մասին մարդիկ ա՛յսքան թիւր եւ վնասակար ըմբռնումներ կը սնուցանեն։

Առողջ եւ շիտակ կարծիքի մը կազմութեան մէջ, երբեմն շատ աւելի կարեւոր դեր մը կը կատարեն խոնարհ եւ համեստ յարկերու մէջ դեռահաս միտքերու եւ հոգիներու հետ ամենօրեայ շփում ունեցող ողջամիտ, խոհեմ, պարկեշտ եւ պատուախնդիր ծնողները, որոնք գիտակից իրենց ծնողական կոչումին եւ պարտականութեան եւ պատասխանատուութեան՝ ո՛չ թէ միայն իրենց իմաստուն խորհուրդներով եւ խօսքերով, այլ իրենց կեանքի օրինակով կը կաղապարեն հոգիները իրենց զաւակներուն. իրենց արիւնէն արի՛ւն եւ ոսկորէն ոսկո՛ր կու տան իրենց հոգեհատորներուն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օգոստոս 22, 2020, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 25, 2020