ՓՈՐՁԱՆՔ ԵՒ ՓՈՐՁՈՒԹԻՒՆ

«Աստուած խռովութիւն սերմանողներուն մատուցած զոհը չ՚ընդունիր, այլ զանոնք խորանէն կը ճամբէ, որպէսզի նախ երթան հաշտուին իրենց եղբայրներուն հետ. Աստուած կ՚ուզէ Ինք խաղաղիլ խաղաղութեան աղօթքներով։ Աստուծոյ աչքին ամենագեղեցիկ պարտաւորանքը մեր խաղաղութիւնն է, մեր համերաշխութիւնը, ամբողջ հաւատացեալ ժողովուրդին միութիւնն է Հօր, Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին մէջ», կ՚ըսէ Սուրբ Կիպրիանոս Կարթաղենացի։

Աստուածային ներումը ո՛չ չափ, ո՛չ սահման կը ճանչնայ։ «Պարտապան մի՛ ըլլաք ո՛չ մէկուն, եթէ ոչ փոխադարձ սիրոյ պարտքով» (ՀՌՈՄ. ԺԳ 8)։ Ուստի Սուրբ Երրորդութեան փոխադարձ հաղորդութիւնը ամէն հարազատ յարաբերութեան ակնաղբիւրը եւ չափանիշն է։ Ան կ՚ապրուի աղօթքին եւ մանաւանդ Սուրբ Պատարագի խորհուրդին մէջ (ՄԱՏԹ. Ե 23-24)։

«Մի՛ տանիր մեզ փորձութեան». Տէրունական աղօթքի այս խնդրանքը կը զօդուի նախորդ «Թող մեզ զպարտիս մեր որպէս եւ մեք թողումք մերոց պարտապանաց» խնդրանքին արմատին, որովհետեւ մեր մեղքերը պտուղը եւ արդիւնքն են փորձութեան մեր տուած հաւանութեան։ Այստեղ «որպէս»ը միակը չէ Յիսուսի ուսուցման մէջ։

«Կատարեալ եղէ՛ք որպէս ձեր երկրաւոր Հայրը կատարեալ է» (ՄԱՏԹ. Ե 48)։ «Գթած եղէ՛ք որպէս ձեր Հայրը գթած է» (ՂՈՒԿ. Զ 36)։ «Նոր պատուիրան մը կու տամ ձեզի.- Սիրեցէ՛ք զիրար որպէս Ես ձեզ սիրեցի» (ՅՈՎՀ. ԺԳ 34)։ Արդարեւ, Տիրոջ պատուիրանը պահելը անկարելի պիտի ըլլար եթէ խօսքը աստուածային տիպարին «արտաքնապէս» նմանելու մասին ըլլար։

«Մեզ փորձութեան մի՛ տանիր»։ «Մի տանիր զմեզ ի փորձութիւն» ըսելով, կը խնդրենք մեր Հօրմէն, որ մեզ փորձութեան «չենթարկէ»։ Այս կը նշանակէ. «թոյլ մի՛ տար մտնել ներսը» (ՄԱՏԹ. ԻԶ 41), «մի՛ թողուր մեզ սայթաքիլ փորձութեան մէջ»։ «Աստուած անփորձ է չարին, Ան ո՛չ ոք կը փորձէ» (ՅԱԿ. Ա 13), ընդհակառակը Ան կ՚ուզէ ազատել՝ փրկել մեզ չարէն։ Մենք Իրմէ կը խնդրենք, որ թոյլ չտայ որ առնենք մեղքի տանող ուղին, չհետեւինք մեղքի տանող մութ ճամբաներուն։ Մենք կը գտնուինք մարմինին եւ Հոգիին միջեւ մղուող պայքարին դիմաց։ Այս խնդրանքը «զատորոշում»ի եւ «ուժ»ի Հոգին կը հայցէ։

Սուրբ Հոգին «զատորոշել» կու տայ մեզի՝ մէկ կողմէ այն նեղութիւնը, որ անհրաժե՛շտ է «ներքին մարդ»ուն հոգեւոր աճումին, անոր հաւատարմութիւնը փորձելու հեռանկարով, եւ միւս կողմէ փորձութիւնը, որ մարդը կը տանի մեղքին եւ մահուան։ Պիտի գիտնանք նաեւ զատորոշել «փորձուիլ»ը եւ փորձութեան «հաւանիլ»ը։ Վերջապէս, զատորոշումը կը դիմակազերծէ փորձութեան սուտը. փորձութեան առարկան երեւութապէս «բարի, հաճոյատեսիլ, ցանկալի» կ՚ըլլայ (ԾՆՆԴ. Գ 6), մինչդեռ իրականին մէջ անոր պտուղը մա՛հն է։

«Աստուած չ՚ուզեր մարդուն բարին պարտադրել։ Ան ազատ էակներ կ՚ուզէ։ Փորձութիւնը գէթ բանի մը օգտակար է։ Բացի Աստուծմէ, ամէնքը՝ նոյնիսկ մենք կ՚անգիտանանք բարիքը, որ մեր հոգին ընդունած է Աստուծմէ։ Բայց փորձութիւնը զայն յայտնի կը դարձնէ, երբ կը սորվեցնէ մեզի ճանչնալ մենք մեզ, եւ այսպէս՝ ան ցոյց կու տայ մեզի մեր թշուառութիւնը եւ կը ստիպէ մեզ գոհութիւն մատուցանելու այն բարիքներուն համար, զորս փորձութիւնը մեզի յայտնի կ՚ընէ»։ (Որոգինէս)։

«Փորձութեան մէջ չիյնալ»ը սրտէն բխող որոշում մը կ՚ենթադրէ. «Ուր գանձդ է, հո՛ն է նաեւ սիրտդ…։ Ո՛չ ոք կարող է երկու տէրերու ծառայել». (ՄԱՏԹ. Զ 21, 24)։

«Չկրեցիք փորձութիւն մը, որ մարդկային ուժերէն վեր ըլլայ։ Աստուած հաւատարիմ է. չի թողուր որ ձեր ուժերէն վեր փորձուիք։ Փորձութեան հետ Ան ձեզի կու տայ ուժ՝ դիմադրելու եւ յաղթելու» (Ա ԿՈՐՆ. Ժ 13)։

Արդ այսպիսի պայքար մը եւ այսպիսի յաղթանակ մը առանց աղօթքի անկարելի՛ է։ Արդարեւ, Իր աղօթքով է, որ Յիսուս Իր հոգեվարքին սկիզբէն մինչեւ Իր վերջին պայքարը՝ յաղթե՛ց փորձիչին. (ՄԱՏԹ. ԻԶ 36-44)։

«Մի՛ տանիր մեզ փորձութեան»։ Այս խնդրանքը իր ամբողջ եղերական իմաստը կը ստանայ երկրի վրայ մղած պայքարին վերջնական փորձութեան մեր հեռանկարով։

Եւ ասիկա վերջնական յարատեւութիւն կը պահանջէ. «Ես գողի պէս կու գամ, երանի՜ անոր որ արթուն կը հսկէ» (ՅԱՅՏ. ԺԶ 15)։

Փորձանքները, եթէ համբերութեամբ տարուին, կը վերածուին «հոգեւոր ընծայումի մը, հաճելի Աստուծոյ՝ Յիսուս Քրիստոսով». (Ա ՊԵՏ. Բ 5)։ Այս ձեւով՝ աշխարհականներ ամբողջ աշխարհը Աստուծոյ կ՚ընծայեն, ամէնուրեք իրենց կեանքին սրբութեամբ երկրպագութեան պաշտամունքը մատուցանելով Աստուծոյ։

Փորձանքներու հարցին մէջ ժողովրդական հասարակաց իմաստութիւնը կ՚ըսէ. «Մի՛ արթնցներ քնացող առիւծը»։ Այս կը նշանակէ՝ երբ փորձանքի մը, կամ վտանգի մը առջեւ կը գտնուիս, ինքզինքդ նեղութեան մի՛ մատներ սխալ միջոցի մը դիմելով։ Ուստի աւելի լա՛ւ է ձգել կացութիւնը իր վիճակին մէջ, ինչպէս որ է։ Անշուշտ այս խօսքէն պէտք չէ հասկնալ՝ փորձանքները կամ վտանգները ընդունիլ, համակերպիլ անոնց, այլ պէ՛տք է պայքարիլ անոնց դէմ խոհեմութեամբ, բանականութեան ցոյց տուած ուղի՛ղ միջոցներով…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 16, 2019, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 25, 2019