ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

«Արժանապատուութիւն»ը իր ամենալայն առումով՝ մարդուն որպէս անձ ունեցած պատիւն է։ Այս իմաստով արժանապատուութիւնը սերտօրէն կապուած է անձին՝ որ անհատապէս կ՚որոշէ զայն, ինքնութիւն կու տայ անոր եւ անհատին, հաւաքականութեան մէջ վարկը ցոյց կու տայ։ Այս իմաստով, արժանապատուութիւնը անձին՝ որպէս անհատ մէկ ստուգանի՛շն է։ Արժանապատուութիւնը անբաժան է անձէն. քանի որ ան անհատը «անձ»ի բարեփոխող կարեւոր տա՛րր մըն է։

Ընկերային արդարութիւնը կարելի չէ ձեռք ձգել եթէ ոչ՝ մարդուն գերակայ արժանապատուութեան յարգանքով։ Մարդկային «անձ»ը կը ներկայացնէ վերջնագոյն նպատակը ընկերութեան, որ անոր համեմատ կարգաւորուած է։ Մարդկային արժանապատուութեան պաշտպանութեան խստիւ պատասխանատու եւ պարտաւոր է իւրաքանչիւր անհատ։ Անձին յարգանքը նուիրական է, ան յարգանք կը պահանջէ իբր նշան զայն կրողին արժանապատուութեան։ Եւ այս իմաստով, ո՛չ ոք կրնայ պահանջել կամ կարգել ուրիշէ մը, ուրիշի մը նկատմամբ, որ հակառակ է անձերուն արժանապատուութեան։ Եւ այն որ հակառակ է արժանապատուութեան՝ ներհակ է նաեւ բնական օրէնքին։

Մեծաւորներուն ուղղամիտ համագործակցութիւնը անոնց իրաւունքը կու տայ, երբեմն նաեւ պարտականութիւնը կ՚ընձեռէ կիրարկելու արդար յանդիմանութիւնը այն բանին մէջ, որ անձերուն արժանապատուութեան եւ հասարակութեան բարիքին վնասաբեր պիտի թուէր իրենց։ Անձերու ապահովութիւնը հաստատելու համար բաւարար միջոցներով պէտք է պաշտպանել անձերը, որովհետեւ անոնք աւելի կը համապատասխանեն հասարակաց բարիքին եւ օգտին շօշափելի պայմաններուն եւ աւելի համանման են մարդկային անձին արժանապատուութեան։

Հիւանդ անձի մը սովորաբար սահմանուած խնամքները օրինաւորապէս չե՛ն կրնար ընդհատուիլ, նոյնիսկ եթէ մահը մօտալուտ համարուի։ Մահամերձին չարչարանքները թեթեւցնելու նպատակով մեղմացուցիչներու գործածութիւնը, նոյնիսկ եթէ վտանգ կայ կարճեցնելու անոր կեանքը, կրնայ բարոյապէս համապատասխան ըլլալ մարդկային արժանապատուութեան, եթէ մահը չէ ուզուած ո՛չ իբրեւ նպատակ, ո՛չ ալ իբրեւ միջոց, այլ միա՛յն նախատեսուած են եւ թոյլատրուած իբրեւ անխուսափելի՛։ Ուստի սփոփեցուցիչ խնամքներ նախընտրուած կերպ մըն են անշահախնդիր սիրոյ եւ ներհակ չեն մարդկային արժանապատուութեան։

Ուրիշին յարգանքը անհրաժեշտ է։ Այս առումով, գայթակղութիւնը այն կեցուածքն է կամ վերաբերմունքը, որ ուրիշը չար գործելու կը տանի։ Առաքինութեան եւ ուղղամտութեան վնաս կը հասցնէ. կարող է նոյնիսկ իր եղբայրը հոգեւոր մահուան տանիլ։ Գայթակղութիւնը ծանր յանցա՛նք մը կը գոյացնէ, եթէ գործով կամ զանցառութեամբ՝ ուրիշը կամակարօրէն ծանր յանցանքի մը տանի, եւ այս իսկ պատճառով գայթակցութիւնը անձին հանդէպ յարգանքի պակաս մը եւ մարդկային արժանապատուութեան նկատմամբ ծանր վիրաւորանք մըն է։

Մարդկային կեանքին յարգանքը եւ աճումը՝ խաղաղութիւն կը պահանջեն։ Խաղաղութիւն չի կրնար ձեռք ձգուիլ առանց իւրաքանչիւր անձի խաղաղութիւնը ապահովելու, առանց անհատներու միջեւ ազատ հաղորդակցութեան, առանց անձերուն եւ ժողովուրդներուն արժանապատուութեան յարգանքին։ Բարիքներուն սեփականացումը օրինաւոր է երաշխաւորելու համար անձերուն իրաւունքը, ազատութիւնը եւ արժանապատուութիւնը, օգնելու համար իւրաքանչիւրին, որ հոգայ իր հիմնական կարիքները, ինչպէս նաեւ կարիքները անոնց, որոնց հոգածութիւնը ունի։

Մարդկային արժանապատուութիւնը կարեւոր դեր ունի նաեւ տնտեսական մարզին մէջ։ Մարդկային արժանապատուութիւնը եւ անոր յարգանքը կը պահանջեն նախ ժուժկալութեան առաքինութեան գործադրութիւնը, չափաւորելու համար փարումը աշխարհի բարիքներուն. ապա գործադրութիւնը արդարութեան առաքինութեան, նախապահպանելու համար անհատներու իրաւունքները եւ տալու անոր ի՛նչ որ անկ է, եւ վերջապէս գործադրութիւնը համընկերութեան ըստ կանոնին եւ ըստ առատաձեռնութեան Յիսուս Քրիստոսի՝ որ «հարուստ ըլլալով՝ աղքատացաւ, որպէսզի մենք հարստանանք Իր աղքատութեամբ» (Բ ԿՈՐՆ. Ը 9)։

Հաւաքական կեանքին մէջ, որուն կոչուած է անհատը, չարախօսութիւն եւ բամբասանք կը կործանեն անձին վարկը եւ պատիւը։ Արդարեւ, պատիւը ընկերային վկայութիւնն է, ընծայուած մարդկային արժանապատուութեան եւ ամէն մարդ բնական, ընդոծին իրաւունք մը կը վայելէ իր անունին վարկին, իր համբաւին եւ յարգանքին։ Չարախօսութիւնը եւ բամբասանքը կը վիրաւորեն արդարութեան եւ սիրոյ առաքինութիւնները։ Անընդունելի՛ է ամէն խօսք կամ կեցուածք, որ շողոքորթութեամբ, շողոմութեամբ կամ կամահաճութեամբ ուրիշը իր գործերուն գէշութեան եւ իր ընթացքին ապականութեան մէջ կը քաջալերէ եւ կը հաստատէ։

Չարախօսութիւնը եւ բամբասանքը ծանրապէս կը վիրաւորեն մարդկային արժանապատուութիւնը։

Շողոմութիւնը ծանր յանցանք մըն է, եթէ մոլութեան կամ ծանր մեղքերու մեղսակից կը դառնայ։ Ծառայութիւն մատուցանելու բաղձանքը կամ բարեկամութիւնը չեն արդարացներ խօսքին երկդիմութիւնը։ Շողոմութիւնը ներելի մեղք է, երբ ան կը բաղձայ միա՛յն հաճելի ըլլալ, խուսափիլ չարիքէ մը, գոհացում տալ անհրաժեշտութեան մը, ձեռք ձգել օրինաւո՛ր առաւելութիւններ։ Շողոմութիւնը կ՚ենթադրէ «չափազանց գովեստ»։

Այս ուղղութեամբ, մեծխօսիկութիւնը կամ սնապարծութիւնը յանցանք կը գոյացնեն ընդդէմ ճշմարտութեան եւ լուրջ վիրաւորանք կը պատճառեն մարդկային արժանապատուութեան։ Նոյնպէս է նաեւ հեգնանքը՝ որ կը ձգտի արժէքազրկել մէկը, անոր վերաբերմունքին այս կամ այն երեւոյթը չարամտօրէն ծաղրելով։ Վարկաբեկել՝ եւս վիրաւորանք է մարդկային արժանապատուութեան։

Ամօթխածութիւնը կը պահպանէ մարդուս մտերմութիւնը։ Ան կարգաւորուած է ողջախոհութեան համար, որուն նրբազգացութեան վկան է ի՛նք։ Ան մարդուն ակնարկները եւ շարժումները կ՚առաջնորդէ անձերուն արժանապատուութեան եւ անոնց միութեան համեմատ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 21, 2020, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2020