ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԾՐԱԳԻ՛Ր ՄԸ

Աստուածային ստեղծագործութիւնը մշտնջենաւոր «ծրագիր» մըն է, որ հետզհետէ կը շարունակուի եւ կը յառաջանայ դէպի կատարելագործութիւն։

Այս մշտատեւ ծրագրին պատճառով է, որ բնութիւնը տեւական բարեփոխութեան մէջ է, եւ որպէս բնութեան մէկ կարեւոր մասը՝ մարդն ալ ըստ աստուածային ծրագրին տեւապէս կը յառաջդիմէ, կը կատարելագործուի։ Այս իմաստով «վախճան»ը բնութեան բոլորովին կատարելագործումն է եւ աստուածային «ծրագիր»ին իր լրումին հասնի՛լը։

Ուրեմն, մա՛րդն ալ մաս կը կազմէ այս ընդհանուր ստեղծագործութեան ծրագրին, եւ կը կատարէ իր դերը անոր կատարելագործման ընթացքին։ Ուստի այս ծրագրով բնութեան ամէն մէկ տարրին դերը եւ պարտականութիւնը նախապէս որոշուած՝ յայտնի՛ է, եւ ոմանք ընդհանրապէս կ՚ըսեն «ճակատագիր»։ Բայց բանականօրէն, տրուած դեր մը կամ պարտականութիւն մը, պաշտօն մը ո՛չ թէ «ճակատագիր»ով, այլ թերեւս՝ «ծրագրի մը մէջ՝ այդ ծրագրին իրականացման համար պահանջուած, անհրաժեշտ շարժում» մը ըլլալով կարելի է բացատրել։

Մէկ խօսքով. ո՛չ թէ ճակատագիր, այլ՝ որոշ նպատակի մը հասնելու համար անհրաժե՛շտ վարմունք։

Այս ուղղութեամբ մարդուս պատահած ամէն կամքէ անկախ դէպք, երեւոյթ եւ իրադարձութիւն՝ նպատակի մը հասնելու՝ աստուածային ծրագրին իրականացման համար անհրաժեշտ իրողութիւններ պէտք է ընդունուի։ Եւ ամէն վատ եւ աննպաստ իրադարձութիւն՝ հիւանդութիւն, ձախորդութիւն, դժբախտութիւն, բոլորն ալ ճակատագրի արդիւնք չեն կրնար համարուիլ, այլ իւրաքանչիւրը, նպատակի մը հասնելու համար անհրաժեշտ հանգրուաններ՝ առանց որոնց աստուածային ստեղծագործութեան ընդհանուր ծրագիրը չի՛ կրնար իրականանալ։

Արդարեւ, տարակոյս չկայ որ անսահմանօրէն կատարեալ եւ էութեամբ բարի, իմաստուն եւ երջանիկ Աստուած, մարդը ստեղծեց Իր գերազանցապէս բարի՛ մէկ ծրագրով՝ Իր ազատ կամքով, զինք Իր երանաւէտ յաւիտենական կեանքին «մասնակի՛ց» դարձնելու համար։ Եւ այս պատճառով է, որ երբ ժամանակները իրենց լրումին հասան, Աստուած՝ Հայրը Իր Փրկարար եւ Փրկիչ Որդին ղրկեց մեղքի մէջ ինկած մարդոց, որպէսզի զանոնք զԻնք վերաճանաչման կանչէ եւ Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ՝ զանոնք Իր «որդեգիր»ները եւ երանաւէտ կեանքին «ժառանգորդ»ները ընէ։

Արդարեւ, Աստուած տիեզերքը, բնութիւնը ստեղծելէ վերջ մարդը ստեղծեց «բանականութեամբ» օժտելով զինք, որպէսզի Ինքզինք յայտնէ անոր եւ կարենայ հաղորդակցիլ անոր հետ։

Ուստի, Աստուած Իր բարութեամբ եւ Իր իմաստութեամբ Ինքզի՛նք կը յայտնէ մարդուն։

Եղելութիւններու եւ իր խօսքերու ընդմէջէն՝ Աստուած թէ՛ Ինքզինք կը յայտնէ եւ թէ՛ Քրիստոսի միջոցով յաւիտենականութեան մէջ մարդուն ի նպաստ, անոր օգտին սահմանած իր բարեխնամ եւ բարենպատակ ծրագի՛րը։

Աստուածային ստեղծագործութեան այս ընդհանուր «ծրագիր»ը կը ձգտի բոլոր մարդիկը Սուրբ Հոգիին շնորհքով «աստուածային կեանքին մասնակից» ընելու, որպէսզի անոնք Իր միածին Որդիին ձեռքով որդեգիրներ դառնան։ Արդարեւ, Յիսուսի Ծնունդը՝ մարդեղութիւնը եւ խաչելութիւնն ալ Աստուծոյ ծրագրին մաս կը կազմեն։ Աստուածամօր հնազանդութիւնը այս ծրագրին կարեւոր եւ յատուկ մէկ մասն է։ Եւ դարձեալ, մեղքով մահուան դատապարտուած մարդիկը Իրեն հետ հաշտեցնելու համար, Աստուած հայրական սիրալիր նախաձեռնութիւնը առաւ Իր Որդին աշխարհ ղրկելու՝ որպէսզի Ան մեղաւորներուն համար մահուան ենթարկուի՝ խաչուի՛։

Քրիստոսի խաչելութիւնը եւ մահը, որ Հին Կտակարանին մէջ գուշակուած էր յատկապէս «տառապող Ծառային զոհաբերում»ին տիպարով, որպէս «ծրագիր» կատարուեցաւ Սուրբ Գիրքի համեմատ։ Ուստի Քրիստոսի ամբողջ կեանքը «ազատակամ նուիրում» մըն է՝ ըստ աստուածային ստեղծագործութեան ընդհանուր ծրագրի՛ն։

Սուրբ Հաղորդութիւնն ալ այս ծրագրին անհրաժե՛շտ խորհուրդներէն մին է։

Հին Ուխտի մէջ, Սուրբ Հաղորդութեան նախապատկերը՝ յատկապէս զատկական ընթրիքն է՝ զոր Եբրայեցիները ամէն տարի բաղարջ հացով (Ծ.- «բաղարջ»= անխմոր՝ մէջը խմոր կամ հայս չդրուած հաց։ «Հայս»= ջուրով շաղուած, դեռ չխմորուած ալիւրի զանգուած) կը տօնեն, ի յիշատակ Եգիպտոսէն իրենց հապճեպ եւ ազատարար մեկնումին։ Յիսուս իր քարոզներուն մէջ զայն աւետելէ ետք, զայն հաստատեց Իր Առաքեալներուն սարքած «վերջին Ընթրիք»ին պահուն, զատկական ճաշին ընթացքին։

Եւ Եկեղեցին ալ, հաւատարիմ մնալով Տիրոջ տուած հրամանին, թէ. «ասիկա կատարեցէք յիշատակիս համար» (Ա ԿՈՐՆԹ. ԺԱ 24), Սուրբ Պատարագի Խորհուրդը միշտ տօնակատարեց, յատկապէ՛ս Կիրակի՝ Յիսուսի Յարութեան օրը։

Ձեռնադրութեան Սուրբ Խորհուրդին նախապատկերները կարելի է նկատել Հին Կտակարանին մէջ, ինչպէս՝ ղեւտական ցեղին ծառայութիւնը, Ահարոնի քահանայութիւնը, եօթանասուն «Ծերեր»ուն կարգումը (ԹՈՒՈՑ ԺԱ 25), ուր կ՚ըսուի. «Եւ Տէրը ամպի մը մէջ իջաւ եւ Մովսէսի հետ խօսեցաւ եւ անոր վրայ եղած հոգիէն առաւ եւ այն եօթանասուն ծերերուն վրայ դրաւ եւ երբ Հոգին  անոնց վրայ հանգչեցաւ՝ մարգարէութիւն ըրին, բայց անկէ յետոյ չըրին»։ Այսպիսի նախապատկերները իրենց իրագործումը կը գտնեն Յիսուս Քրիստոսի մէջ, որ Իր Խաչի զոհակատարումով՝ «միա՛կ միջնորդն է Աստուծոյ եւ մարդոց միջեւ» (Ա ՏԻՄ. Բ 5), «քահանայապետ է ըստ կարգի Մելքիսեդեքի» (ԵԲՐ. Ե 10)։

Քրիստոսի միակ քահանայութիւնը այսօր ներկա՛յ է պաշտօնակատար քահանայութեան մէջ, ինչպէս կ՚ըսէ Սուրբ Թովմաս Աքուինացի.

«Քրիստոս կը հանդիսանայ միա՛կ ճշմարիտ քահանան. իսկ միւսները՝ Իր պաշտօնակատարներն են սոսկ»։

Ամէն մէկս Ծրագրին պաշտօնակատարներն ե՛նք…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 9, 2017, Իսթանպուլ 

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2017