ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆ

«Ուրախ սիրտը դեղի պէս օգտակար է», կ՚ըսէ Առակախօսը. (ԱՌԱԿ. ԺԷ 22)։ Իսկ Սաղմոսերգուն սապէս կ՚երգէ. «Ուրախութիւն՝ Աստուած որոնող սրտերուն». (ՍԱՂՄ. ՃԴ 3)։

Արդարեւ, Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ է, որ Աստուծոյ որդիները կը կարենան պտղաբերել։ Ան որ մեզ պատուաստեց ճշմարիտ Որթին վրայ, մեզ կարող պիտի դարձնէ բերելու «Սուրբ Հոգիին պտուղը, որ է սէր, ուրախութիւն, համբերութիւն, ծառայասիրութիւն, բարութիւն, վստահութիւն ուրիշներուն վրայ, հեզութիւն, ժուժկալութիւն». (ԳԱՂ. Ե 22-25)։ Ուստի, «Հոգին մեր կեանքն է». որքան աւելի մեր անձէն հրաժարինք. (ՄԱՏԹ. ԺԶ 24-26), ա՛յնքան աւելի Հոգիով կ՚ընթանանք։

Սուրբ Հոգիին պտուղները կատարելութիւններ են, զորս կը կազմէ մեր մէջ Սուրբ Հոգին իբրեւ երախայրիք յաւիտենական փառքին։

Եկեղեցւոյ աւանդութիւնը տասներկու պտուղ կը թուէ. «սէր, ուրախութիւն, խաղաղութիւն, համբերութիւն, երկայնամտութիւն, բարեսրտութիւն, հեզութիւն, քաղցրութիւն, հաւատարմութիւն, համեստութիւն, ժուժկալութիւն, ողջախոհութիւն». (ԳԱՂ. Ե 22-23)։

Հաւատքը նախաճաշակել կու տայ մեզի ուրախութիւնը եւ լոյսը երանաւէտ տեսութեան, որ այս աշխարհի վրայ մեր ճանապարհորդութեան վախճանն է։ Արարչագործութենէն ետք, Աստուած չի լքեր Իր արարածները ինքզինքին։ Անոր միայն ծնունդ չի տար եւ գոյատեւում, այլ կը պահէ զայն ամէն վայրկեան գոյութեան մէջ, զայն գործելու կը լծէ եւ կը հասցնէ իր վախճանին։ Ահաւասիկ, ճանչնալ այս կատարեալ առկախութիւնը Արարչէն՝ աղբիւր է իմաստութեան եւ ազատութեան՝ ուրախութեան եւ վստահութեան։

Մարդկային առաքինութիւնները իմացականութեան եւ կամքին ամուր կեցուածքներ են, կայուն եւ հաստատ տրամադրութիւններ, ունակական կատարելութիւններ՝ որոնք կը կանոնաւորեն մեր արարքները, կը կարգաւորեն մեր կիրքերը եւ կ՚առաջնորդեն մեր վարքը ըստ բանականութեան եւ հաւատքին։ Անոնք կը հայթայթեն դիւրութիւն, ինքնազսպում եւ ուրախութիւն բարոյապէս «բարի կեանք» մը վարելու համար։ Առաքինի մարդը այն է, որ ազատօրէն եւ ուրախութեամբ կը գործէ բարին։

Այս բարոյական առաքինութիւնները մարդկօրէն ձեռք ձգուած են։ Անոնք բարոյապէս բարի գործերուն պտուղներն են եւ սերմերը. անոնք մարդկային արարածին բոլոր զօրութիւնները կը տրամադրեն հաղորդուելու աստուածային սիրոյ հետ՝ ուրախութեա՛ն մէջ։

Արդարեւ, սէրը իբրեւ «պտուղ» կ՚արտադրէ ուրախութիւնը. ուրախութիւն կը պատճառէ անկեղծ եւ իսկական սէրը, եւ ուրախութիւնը կ՚աճի սիրոյ մէջ։

Սուրբ Գրիգոր Նիւսացի կ՚ըսէ. «Ան որ կը բարձրանայ երբեք չի դադրիր սկզբնաւորութենէ դէպի սկզբնաւորութիւն երթալէ, անվերջ սկսումներով։ Բարձրացողը երբեք չի դադրիր իր արդէն գիտցածը բաղձալէ»։

Կատարելութեան ճամբան կ՚անցնի Խաչէն։ Չկա՛յ սրբութիւն առանց անձնուրացութեան եւ առանց հոգեւոր պայքարի. (Բ ՏԻՄ. Դ)։ Հոգեւոր յառաջդիմութիւնը կ՚ենթադրէ ճգնողական կեանքը եւ մահացուցումը՝ որոնք աստիճանաբար մարդը կ՚առաջնորդեն ապրելու խաղաղութեան եւ երանութիւններուն ուրախութեան մէջ։

Այն բոլոր արարքները՝ որոնք մարդկային միութիւններու եւ փոխյարաբերութիւններու սերտ եւ ողջախոհ միութիւնը կ՚իրագործեն՝ պարկեշտ եւ արժանավայել արարքներ են։ Եւ երբ անոնք կը կատարուին իսկապէ՛ս մարդավայել կերպով, կը նշանակեն եւ կը նպաստաւորեն անոնց փոխադարձ նուիրումը՝ որուն միջոցով մարդիկ ալ միասին կը հարստանան, կը ճոխանան ուրախութեան եւ երախտագիտութեան մէջ։ Մարդկային փոխյարաբերութիւններ սիրոյ եւ մտերմութեան մէջ աղբիւր է ուրախութեան եւ հաճոյքի։ Այսուհանդերձ անհատներ պարտին գիտնալ իրենք զիրենք պահել արդար չափաւորութեան սահմաններուն մէջ։

Ուստի մարդկային անկեղծ սէրը դրուած է հաւատարմութեան պահանջքին տակ։

Անտարբերութիւն, ապերախտութիւն, գաղջութիւն, հեղգութիւն, ատելութիւն, կեղծաւորութիւն, հոգեւոր ծուլութիւն արգելքներ են ուրախութեան՝ որոնք կը մերժեն զայն։ Որովհետեւ, ուրախութիւնը կու գայ Աստուծմէ։

Արդարեւ, երկինքի փառքին մէջ, երանելիներ կը շարունակեն ուրախութեամբ կատարել Աստուծոյ կամքը՝ միւս մարդոց եւ ամբողջ արարչութեան նկատմամբ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 24, 2021, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Մարտ 26, 2021