ՕՐԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

Աստուած Ի՛նքն է որ ստեղծեց «տեսանելի աշխարհ»ը իր ամբողջ ճոխութեամբ, զանազանութեամբ եւ ներդաշնակութեամբ։ Աստուածաշունչը Արարչին գործը խորհրդանշական կերպով կը ներկայացնէ իբրեւ «աստուածային վեցօրեայ աշխատանքի յաջողութիւն» մը՝ որ կը վերջանայ եօթներորդ օրուան «հանգիստ»ով։ Այս առթիւ՝ Աստուածաշունչը կը յիշատակէ արարչագործութիւնը. «Տէրը վեց օրերու մէջ ըրաւ երկինքն ու երկիրը, ծովը եւ ամէն ինչ որ կը գտնուի անոր մէջ, ապա Ան հանգչեցաւ եօթներորդ օրը։ Անոր համար Տէրը օրհնեց շաբաթ օրը, սրբացուց զայն», (ԵԼՔ. Ի 11)։ Աստուծոյ գործելակերպը տիպա՛րն է մարդկային գործելակերպին։ Եթէ Աստուած «շունչ առաւ» եօթներորդ օրը (ԵԼՔ. ԼԱ 17), մարդն ալ պարտի հանգչիլ եւ թողուլ որ միւսները, մանաւանդ աղքատները «շունչ առնեն» (ԵԼՔ. ԻԳ 12)։ Եօթներորդ օրը՝ շաբաթը կը կասեցնէ ամէն առօրեայ գործերը եւ դադար կու տայ։ Ան «բողոք»ի օր մըն է ընդդէմ աշխատանքին ծառայութեան եւ արծաթին պաշտամունքին։

Արարչագործութիւնը կատարուեցաւ շաբաթ օրուայ համար, այսինքն Աստուծոյ պաշտամունքին եւ երկրպագութեան հեռանկարով։ Շաբաթը սիրտի պէս կեդրո՛նն է Օրէնքին։ Պահել պատուիրանները՝ համապատասխանել է Աստուծոյ իմաստութեան եւ կամքին, որ արտայայտուած է անոր արարչագործութեան մէջ։ Բայց մեզի համար «Նոր օր» մը՝ Ութերորդ օրը ծագեցաւ. Քրիստոսի Յարութեան օրը։

Արդարեւ, եօթներորդ օրը կ՚աւարտէ առաջին արարչագործութիւնը։ Ութերորդ օրով կը սկսի «Նոր արարչագործութիւն»ը։ Այսպէս, արարչագործութիւնը իր բարձրակէտին կը հասնի փրկչագործութեան աւելի՛ մեծ գործով։ Առաջին արարչագործութիւնը Քրիստոսով կը գտնէ իր իմաստը եւ իր գագաթնակէտը նոր արարչագործութեան մէջ, որուն պայծառութիւնը կը գերազանցէ առաջինին պայծառութիւնը։ Արդարեւ Յիսուս յարեաւ մեռեալներէն «միաշաբաթի առաւօտը» (ՄԱՐԿ. ԺԶ 2)։ Իբրեւ «առաջին օր», Քրիստոսի Յարութեան օրը կը յիշեցնէ առաջին արարչագործութիւնը։ Իսկ իբրեւ «ութերորդ օր», որ կը յաջորդէ շաբաթին, ան կը նշանակէ «նոր արարչագործութիւն»ը՝ որ սկիզբ առաւ Քրիստոսի Յարութեամբ։

Քրիստոնեաներուն համար՝ ութերորդ օր»ը եղաւ բոլոր օրերուն առաջի՛նը, առաջինը բոլոր տօներուն, Տիրոջ օրը. «Տէրունական օր», այսինքն «կիրակի»։ Սուրբ Յուստիանոս այս մասին կ՚ըսէ. «Մենք ամէնքս կը ժողովենք արեգակին օրը, որովհետեւ ան առաջին օրն է յետ հրէական շաբաթին, ինչպէս նաեւ առաջին օրը երբ Աստուած խաւարէն դուրս քաշելով նիւթը, ստեղծեց աշխարհը, նոյն օրը նաեւ Յիսուս Քրիստոս, մեր Փրկիչը, յարեաւ մեռեալներէն»։ Ուստի կիրակին յատկապէս կը զանազանուի շաբաթէն, որուն ժամանակագրականօրէն կը յաջորդէ ամէն շաբաթ, իսկ անոր արարողական պարտաւորութիւնը կը փոխուի կիրակիի բոլոր քրիստոնեաներուն համար։ «Անոնք որ ըստ հին կարգին կ՚ապրէին, եկան նոր յոյսին, անոնք այլեւս չպահեցին շաբաթը, այլ Տիրոջ օրը, որուն մէջ մեր կեանքը օրհնուած է Անով եւ Անոր մահով», կ՚ըսէ Սուրբ Իգնատիոս Անտիոքացի։

Ինչպէս որ Աստուած «եօթներորդ օրը հանգչեցաւ Իր կատարած ամէն գործէն ետք» (ԾՆՆԴ. Բ 2), մարդուն կեանքն ալ կշռոյթուած եւ ներդաշնակուած է աշխատանքով եւ հանգիստով։ «Տիրոջ Օր»ուան հաստատումը կը նպաստէ մարդոց, որ կարենան հանգիստի եւ ժամանցի բաւարար ժամանակ վայելել, ինչ որ թոյլ կու տայ անոնց իրենց ընտանեկան, մշակութային, ընկերական եւ կրօնական կեանքը մշակել։

«Ճշմարտութեան սէրը կ՚որոնէ սուրբ ժամանցը, իսկ սիրոյ անհրաժեշտութիւնը կ՚ընդունի արդար աշխատանքը», կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս։ Ուստի քրիստոնեաները, որոնք իրենց տրամադրութեան տակ ժամանցի ժամանակ ունին, պարտին յիշել իրենց եղբայրակիցները, որոնք իրենք եւս նոյն կարիքները եւ նոյն իրաւունքները ունին, որոնք սակայն կարող չեն հանգիստ վայելել՝ աղքատութեան եւ թշուառութեան պատճառով։

Աւետարանները կը խօսին Յիսուսի անապատին մէջ որոշ ժամանակ առանձնանալուն մասին, Յովհաննէսէն մկրտուելէն ետք. «Հոգին կը մղէ զինք անապատ» (ՄԱՐԿ. Ա 12) եւ Յիսուս հոն քառասուն օր կը մնայ առանց ուտելու։ Յիսուս Իսրայէլի կոչումը կատարելապէս գործադրողն է, ներհակաբար այն մարդոց, որոնք անցեալին անապատին մէջ քառասուն օր զայրացուցին Աստուած (ՍԱՂՄ. ՂԴ 10), Քրիստոս կը հանդիսանայ Աստուծոյ Ծառան, որ ամբողջովին հնազանդ է աստուածային կամքին։

Եկեղեցին ամէն տարի Մեծ պահքի քառասուն օրերուն միջոցին կը միանայ անապատին մէջ ապրած Յիսուսի խորհուրդին։

Քրիստոսի մարմինը Յարութեան պահէն սկսեալ փառաւորուեցաւ, որուն ապացոյց են այն նոր եւ գերբնական յատկութիւնները, զորս այսուհետեւ մշտապէս կը վայելէ անոր Մարմինը։ Բայց քառասուն օրերուն ընթացքին Իր աշակերտներուն հետ մտերմաբար ուտելու խմելու եւ զանոնք Արքայութեան մասին ուսուցանելու միջոցին, Անոր փառքը պիտի մնայ տակաւին քօղարկուած՝ սովորական մարդու դիմագիծին տակ։ Արդարեւ, Յիսուսի Համբարձումը կը մնայ սերտօրէն միացած՝ Մարդեղութեամբ իրականացած Իր երկինքէն էջքին…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունիս 3, 2019, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Յունիս 26, 2019