ԱՄԼՈՒԹԵԱՆ ՎՆԱՍՆԵՐ

«Մինչեւ իսկ դուք ուղիղ ճամբուն մէջ էք, ձեր մտադրած վայրը պիտի չհասնիք, եւ հասանաբար պիտի կոխկռտուիք, եթէ նստիք եւ նստած մնաք հոն»։ (Sunshine Magazine)։

Մարդ կոչուած է աշխատութեան. «Երեսիդ քրտինքովը ուտես քու հացդ…» (ԾՆՆԴ. Գ 19), ուստի ան պէ՛տք է աշխատի, որպէսզի ապրի, որպէսզի տեւականացնէ իր կեանքը։ Արդարեւ, աշխատասիրութիւնը որքան առաքինութիւն մը, մասնայատկութիւն մը, նո՛յնքան պարտաւորութիւն մը, աստուածային պատուէր մըն է մարդուն համար։ Ուստի աշխատութեան կարեւորութեան եւ անհրաժեշտութեան լաւագոյն տիպար մըն է Յիսուս Քրիստոս, որ Իր կեանքին մեծագոյն մասը անցուց բաժնեկից ըլլալով մեծամասնութիւնը ներկայացնող անհամար մարդոց վիճակին. ապրեցաւ սովորական առօրեայ մը առանց արտաքին մեծութեան, «արհեստաւորի կեանք» մը, կեանք մը՝ հասարակութեան մը ծոցին մէջ։ «Ասիկա ատաղձագործին որդին չէ՞…» (ՄԱՏԹ. ԺԳ 55)։

Արդարեւ, մեր առօրեային մէջ անգործութիւնը, անաշխատ վիճակը, անշարժութիւնը եւ ամլութիւնը, որոնք կարելի է նկատել «բարոյական ծուլութիւն», թէ՛ հոգեկան եւ թէ մարմնական անդարմանելի վնասներու պատճառ կրնան ըլլալ։

Գործելու մէջ յուլանալ, աշխատանքի համար այլայլիլ՝ մարդս անգործութեան, անաշխատութեան առաջնորդող վատ զգացումներ են։

Անգործ, անաշխատ մարդը անշահ մարդ է. ամլութիւնը թէ՛ անհատական եւ թէ ընկերային «ախտ» մըն է, որ մարդս ի վերջոյ անյուսահատ, բարոյալքուած վիճակի մը կը մատնէ եւ դժբախտաբար զայն ընկերութեան մէջ «մակաբոյծ»ի մը կը վերածէ, ինչպէս կ՚ըսէ Ժ. Ժ. Ռուսօ իր դաստիարակչական երկին՝ «Էմիլ»ի մէջ։ Եւ ինչպէս յիշեցինք, աշխատութիւնը մարդուն տրուած աստուածային պատուէր մը, պարտաւորութիւն մըն է՝ որուն պէտք է հպատակի ամէն անհատ։

Յիսուսի Նազարէթի թաքնուած կեանքը իւրաքանչիւր մարդուն կարելիութիւնը կու տայ հաղորդակցելու Անոր հետ՝ հանապազօրեայ կեանքի ամենահասարակ ուղիներով։ Արդարեւ հոն կայ «աշխատանքի դաս»ը. Նազարէթ, տո՛ւն «Հիւսնի Որդի»ին, որուն մէջ է որ կարելի կ՚ըլլայ ըմբռնել եւ հռչակել «մարդկային աշխատանքին խիստ եւ փրկչական օրէնք»ը եւ կարելի է ողջունել համայն աշխարհի բոլոր «աշխատաւոր»ները եւ անոնց ցոյց տալ իրենց մեծ Տիպա՛րը։

Ուստի հաւատացեալներու կեանքը, աշխատանքը, տառապանքը, աղօթքը, գործերը կը միացուին Քրիստոսի կեանքին, աշխատանքին, տառապանքին եւ ամբողջական ընծայումին եւ այսպէս նոր արժէ՛ք կը ստանան։

Քրիստոսի տիպարը բոլոր սերունդներուն Անոր գործին, աշխատանքին, առաքելութեան միացած ըլլալու կարելիութիւնը կ՚ընծայէ։

Աշխատանքի մէջ, անձը կը գործածէ եւ կը կատարելագործէ մաս մը այն կարողութիւններուն, որոնք դրոշմուած են իր բնութեան մէջ։ Աշխատանքը իր առաջնահերթ արժէքը կը քաղէ նոյն ինքն մարդէն, որ անոր հեղինակն է եւ հասցէատէ՛րը։

Արդարեւ, աշխատանքը մարդուն համար է եւ ո՛չ թէ մարդը աշխատանքին համար։ Այս կը նշանակէ, որ եթէ մարդը գոյութիւն չունի՝ աշխատանքն ալ գոյութիւն չունի։ Ամէն մարդ պէտք է կարենայ իր աշխատանքէն քաղել իր եւ իրեններուն ապրուստը հոգալու միջոցները եւ սպասարկել մարդկային հասարակութեան։ Ուստի ամէն մարդ «տնտեսական նախաձեռնութեան իրաւունք»ը ունի, ամէն մարդ իր ձիրքերը օրինաւորապէս պիտի գործածէ իր նպաստը բերելու համար ընդհանուրին բարգաւաճումին, ինչպէս նաեւ իր ջանքերուն, իր աշխատանքին արդար պտուղները քաղելու համար։ «Աշխատողը արժանի է իր օրապահիկին», (ՄԱՏԹ. Ժ 10)։

Աստուծոյ եւ մարդուն ընտանութեան նշանը այն է, որ Աստուած զինք պարտէզին մէջ կը բնակեցնէ, ուր պիտի ապրի «հողը մշակելու եւ զայն պահպանելու համար» (ԾՆՆԴ. Բ 15)։

Աշխատանքը պատիժ մը չէ՛, այլ մարդուն եւ կնոջ Աստուծոյ հետ գործակցութիւնն է, տեսանելի արարչութիւնը կատարելագործելու համար։ Սկզբնական արդարութեան այս ամբողջ ներդաշնակութիւնը, որ նախատեսուած էր մարդուն համար Աստուծոյ ծրագրով, պիտի կորսուի մեր նախահայրերուն մեղքով։

Այս իմաստով, մարդուն բոլոր գործունէութիւնները, նախաձեռնութիւնները, ամէնօրեայ աշխատանքները, նոյնիսկ կեանքի փորձանքները, այս բոլորը կը վերածուին «հոգեւոր ընծայումի մը, հաճելի Աստուծոյ՝ Յիսուս Քրիստոսով» (Ա ՊԵՏՐ. Բ 5)։

Աստուած Իր ողորմածութեամբ՝ մեղաւոր մարդը երբեք չլքեց։ Մեղքին պատճառած նեղութիւնները «երկունքին ցաւերը» (ԾՆՆԴ. Գ 16), «ճակատիդ քրտինքով» (ԾՆՆԴ. Գ 19) աշխատանքը՝ մեղքին չարիքը սահմանափակող դարմաններ կը հանդիսանան։ Մարդ երբ խնամք կը տանի իր ընտանիքին կրթութեան, դաստիարակութեան կամ իր աշխատանքը խղճով կը կատարէ, այն ատեն կը մասնակցի ուրիշին եւ ընկերութեան բարիքին։ Այս կը նշանակէ, թէ մարդիկ պարտին որքան կարելի է եւ իրենց տարողութիւնը կը ներէ, գործօն մասնակցութիւն բերել «հանրային կեանք»ին։ Այս մասնակցութեան եղանակները կրնան տարբերիլ մէկ մշակոյթէն միւսը, սակայն էականն է արդիւնաբեր աշխատանք, որ կը նպաստէ ընդհանուրին բարիքին։ Ուստի, մարդիկ իսկական ազատութեամբ, աշխատութեամբ մասնակցելու են հանրային գործերու։ Այս ալ կը նշանակէ, որ աշխատանքի նպատակը որքան անձնական-անհատական, նո՛յնքան եւ աւելի պէտք է ըլլայ հասարակական-հաւաքական։

Մարդկային աշխատանքը անմիջականօրէն արտադրուած է այն անձերէն, որոնք ըստ Աստուծոյ պատկերին ստեղծուած եւ կոչուած են շարունակելու իրարու հետ եւ իրարու համար արարչագործութեան գործը, տիրելով երկրին։ Աշխատանքը ուրեմն պարտականութի՛ւն մըն է. «Եթէ մէկը չ՚ուզեր աշխատիլ, թող նաեւ չուտէ» (Բ ԹԵՍ. Գ 10)։

Աշխատանքը կը պատուէ Արարչին տուած պարգեւները եւ Անկէ ստացուած տաղանդները։ Ան կրնայ նաեւ ըլլալ փրկչագործական։

Աշխատանքին տաժանքը կրելով Նազարէթի «արհեստաւոր» եւ Գողգոթայի «Խաչեալ» Յիսուսի հետ, մարդը կը գործակցի կերպով մը Աստուծոյ Որդիին հետ, Անոր փրկչագործութեան։ Մարդը Քրիստոսի կ՚աշակերտի ամէն օր Խաչը կրելով, այն գործին եւ աշխատանքին մէջ, զոր կատաելու կոչուած է։ Արդարեւ աշխատանքը կրնայ ըլլալ միջոց մը սրբացումի եւ երկրաւոր իրականութիւններով Քրիստոսի Հոգիով կենսագործումի։

Անաշխատ մնալ կը նշանակէ հեռանալ ամէն ճշմարտութենէ ե՛ւ Աստուծմէ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յուլիս 21, 2019, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Յուլիս 26, 2019