ԿԵԱՆՔԸ ԾԱՂԿԱՍՏԱՆ ՄԸ ՉԷ՛

Յաճախ կեանքի նեղութիւններէն, դժուարութիւններէն եւ տառապանքներէն կը գանգատինք. կեանքի մէջ չկայ պահ մը, որ անոնց հետ կերպով մը չդիմաւորուինք։ Այս զգացումները շատ սովորական է դարձած, քանի որ կեանքի ուրախ օրերը աւելի քիչ են, քան նեղութիւններով լեցուն օրերը։ Այս պայմաններու տակ ի՜նչ բախտաւորութիւն անոնց, որոնց ուրախ օրերը աւելի եղած են քան տխուր օրերը. բայց որքան ալ աւելի ըլլան այդ ուրախ օրերը, անպայման, ուշ կամ կանուխ վրայ հասած են նեղութեան, տառապանքի տխո՜ւր օրեր։

Ուրախութի՜ւն. Աստուծոյ մէկ ժպիտն է երկրիս երեսը հայելիացած։ Ժպիտ՝ մարդուս երեսին վրայ, տառապանքի, չարչարանքի եւ զոհագործութեան տխուր խորհրդանշանը եղած է յաճախ։

Ի՜նչ հակադրութիւն երկու ծայրայեղ իրողութիւններու. ցաւի եւ ուրախութեան, պարտութեան եւ յաղթանակի, մահուան եւ կեանքի։ Բայց երբ խորհինք՝ հակադրութի՞ւն արդեօք, թէ լրացում այն խորհրդաւոր եւ անիմանալի իրականութեան, որուն «կեանք» որակումը կու տանք՝ միշտ շփոթ եւ անորոշ սահմանով մը։ Եւ երբ քիչ մը աւելի խորը թափանցել փորձենք, կը դիմաւորուինք անպատասխանելի հարցումի մը խորհրդաւոր տարակուսանքին. «ի՞նչ է կեանքը»։ Ահաւասիկ դարերէ ի վեր անլուծելի հարց մը, որ զբաղեցուցած է միշտ խորհող միտքեր, շփոթ երեւակայութիւններ…։

Միատարր փորձառութի՞ւն մըն է միայն կեանք ըսուած անծանօթը, առեղծուածը եւ շատերու համար «անակնկա՛լ»ը։ Ինչո՞ւ կ՚ապրինք. կ՚ապրինք կեանք մը, որպէսզի ի՞նչ ըլլայ։ Կեանքը կ՚ապրինք միայն վայելելու անխառն, անվերջ երջանկութի՞ւն, միայն ուրախութի՞ւն, միայն յաջողութի՞ւն, միայն յաղթանակի, միայն փառքի օրե՞ր, միայն առողջութի՞ւն, միայն հարստութի՞ւն։ Ո՛չ, անշուշտ։ Կ՚ապրինք նաեւ տառապելու, չարչարուելու, նեղութիւններ կրելու՝ ձախորդութիւններ ունենալու, հիւանդութիւններ կրելու, աղքատութիւն եւ կարօտութեան օրեր ալ ունենալու, տխրութեան մէջ՝ մութ եւ խաւար օրերու մէջ պայքարելու, զոհուելու համար։

Տառապանքը, արդարեւ, երկու պատճառ, երկու սկզբնակէտ ունի. կամ ուղղակի մենք ենք մեր տառապանքներու ստեղծիչը, եւ կամ, եւ թերեւս աւելի յաճախ՝ մեր շուրջինները, այսինքն ուրիշներ։

Չարութի՜ւն. ահաւասիկ ամէն նեղութեան, ամէն տառապանքի առաջին պատճառը։ Չարութիւնը ունի իրեն յատուկ բազմաթիւ սահմաններ, որոնցմէ մէկն է. «գազանավայել ախորժակ» ուրիշները նեղութեան մատնելու, տառապեցնելու, որ Քրիստոսի սորվեցուցած ընկերային փոխյարաբերութիւններու հիմնական սկզբունքին ժխտո՛ւմը։

Ոմանց համար, դժբախտաբար, «Սիրէ ընկերդ» պատուէրը որեւէ արժէք չի ներկայացներ՝ անոնց համար գոյութիւն չունի այդպիսի պատուէր մը. «Սիրել անձը եւ ատել ընկերը». այդ սկզբունքով միայն կ՚ապրին այդպիսիներ. զոհել, զոհուիլ բոլորովին օտար եւ անծանօթ արժէքներ են անոնց համար, անոնք մէկ բանի արժէք կու տան՝ իրենց ա՛նձը, իրենց «Ես»ն է միակ նպատակը կեանքին… եւ անշուշտ կը տառապեցնեն անխնայ կերպով ամէն անոնք, որոնք կ՚իյնան իրենց ընկերային յարաբերութիւններու շրջանակին մէջ։

Բայց քրիստոնեայ ըլլալ կը նշանակէ ո՛չ թէ խաչէն խուսափիլ, այլ՝ խաչը կռնակը առած քալել կեանքի ճամբան։ Քրիստոնեայ ըլլալու համար պէտք է սիրել ընկերը՝ իր անձին պէս, եւ աւելին ընել. եթէ պէտք է, զոհուիլ անոր համար. «Մեծագոյն սէրը ա՛յն սէրն է, որով մարդ ինքզինք կը զոհէ իր բարեկամներուն համար» (ՅՈՎՀ. ԺԵ 13), «Եթէ մէկը ուզէ ինծի հետեւիլ, թող ուրանայ իր անձը, առնէ խաչը եւ ետեւէս գայ» (ՄԱՐԿ. Ը 34)։ Արդարեւ, զոհողութիւնը, զոհուիլը ուրիշի համար ամենամեծ առաքինութիւնն է։ Եւ ահաւասիկ, այս իմաստով եւ այս պատճառով՝ ծաղկաստան մը չէ կեանքը։

Կեանքը ծաղկաստան մը չէ, այո՛, բայց անապատ մըն ալ չէ՛, այլ՝ փորձառութիւններու շղթայ մը՝ որուն օղակներէն ոմանք երջանկութեամբ, ուրախութեամբ դարբնուած են, իսկ ոմանք ալ՝ տառապանքով, չարչարանքով։ Ահաւասիկ ա՛յս է մեր կեանքին պատկերը խաչ եւ ծաղիկներով լեցուն…։

Արդարեւ, մեր շուրջիններուն տառապանքը, ցաւը եւ վիշտը մեղմացնելու համար կը բաւէ անուշ խօսք մը, պայծառ եւ անկեղծ ժպիտ մը, անկեղծ բարեկամութեան հաւաստիք մը, փոքր ծառայութիւն մը։ Դրացիի մը հանդէպ բարի ըլլալու համար ամբողջ աշխարհի բարերար ըլլալու պէտք չկայ. «Այս պզտիկներէն մէկուն ըրիք՝ ուրեմն ինծի ըրիք», կը յայտարարէ Յիսուս։ Սիրոյ մէջ համեստութիւնը անհրաժե՛շտ է, քանի որ սէրը զոհողութիւն կը պահանջէ եւ ո՛չ՝ ինքնահաւանութիւն եւ եսամոլութիւն։

Կեանքին պատճառը եւ վերջնագոյն նպատակը, մէկ խօսքով՝ կեանքին իմաստը սէ՛րն է. անկեղծ, սուրբ սէրը, քանի որ Աստուած Սէ՛ր է…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 24, 2020, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2020