ՕՁՆԵՑԻՆ՝ ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ ՄԱՍԻՆ

«Մեծ պահ­քի Շա­բաթ եւ Կի­րա­կի օ­րե­րը տրտմու­թեան եւ ա­պաշ­խա­րու­թեան օ­րեր պէտք չէ՛ նկա­տուին», կ՚ը­սէ Օձ­նե­ցին, եւ կը հրա­մա­յէ. «Պա­տա­րագ մա­տու­ցա­նել» (Կա­նոն Զ.), նոյն այդ օ­րե­րու նշա­նա­կու­թիւ­նը պար­զե­լով մե­զի խորհր­դա­կան կամ վե­րա­ծա­կան մեկ­նու­թիւն­նե­րով։

Ուս­տի, Շա­բաթ ե­րե­կո­յէն մին­չեւ Կի­րա­կի ե­րե­կոյ հան­գիս­տի սահ­մա­նուած ըլ­լա­լով, ինչ­պէս կ՚ը­սէ Օձ­նե­ցի, պէտք է մե­ծա­րել այդ ժա­մա­նա­կա­մի­ջո­ցը պար­կեշտ «բե­րա­նա­լու­ծու­թեամբ». եւ ո՛չ թէ «ո­րո­վայ­նա­մո­լու­թեամբ», եւ կը հաս­տա­տէ թէ՝ մեր նախ­նի­ներ մին­չեւ Եր­կու­շաբ­թի ա­ռա­ւօտ, չէին լու­ծա­ներ ի­րենց հան­գիս­տը, այ­սինքն՝ կը պա­հէին, կը շա­րու­նա­կէին պա­հել՝ Կի­րա­կիի հան­գիս­տը մին­չեւ Եր­կու­շաբ­թի ա­ռա­ւօտ։ Բայց ո­րով­հե­տեւ ո­մանք ա­ւե­լի խստակ­րօ­նու­թիւն ցու­ցադ­րե­լու տեն­չով Շա­բաթ եւ Կի­րա­կի օ­րերն ալ պա­հե­ցո­ղու­թեամբ կ՚ան­ցը­նէին՝ Օձ­նե­ցին իր «Է.» Կա­նո­նին մէջ իւ­րա­քան­չիւ­րին կամ­քին թո­ղուց՝ պա­հել կամ ո՛չ. յայ­տա­րա­րե­լով որ՝ «Եր­կուքն ըն­դու­նե­լի են ա­ռա­ջի Աս­տու­ծոյ եւ Քրիս­տո­սի Ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ւան­դու­թեան»։

­Կա­մա­ւոր զրկան­քը չկրցաւ յաղ­թել օ­րի­նա­ւոր վա­յել­քին. ու տա­կա­ւին տաս­նե­րորդ դա­րուն մէջ՝ հո­ռո­մա­ցած Նի­կոն մը կ՚ամ­բաս­տա­նէր Հա­յե­րը, ը­սե­լով. «Շա­բաթ եւ Կի­րա­կի, մեծ պահ­քին, հաւ­կիթ, պա­նիր եւ իւղ կ՚ու­տեն. եւ ա­սի­կա ի­րենց Կա­թո­ղի­կոսն ալ կ՚ը­նէ, եւ կայ ա­նոնց հա­մար կա­նոն՝ որ կ՚ը­սէ. «Ե­թէ մէ­կը իւ­ղը եւ պա­նի­րը եւ ձէ­թը միա­ճա­շակ չհա­մա­րէ գի­նիի եւ ձէ­թի հետ, նզո­վեալ ըլ­լայ»։ Ա­սի­կա այն ո­րոշ կա­նոնն է որ գո­յու­թիւն ու­նի Օձ­նե­ցի հայ­րա­պե­տին ըն­ծա­յուած «Սակս ժո­ղո­վոցն որ ե­ղեն ի Հայք» գրուած­քի մը մէջ՝ որ ա­ռան­ձին ու­սում­նա­սի­րու­թեան մը կը կա­րօ­տի։

ԺԲ. դա­րուն էր սա­կայն՝ որ Տա­ւու­շե­ցի Յո­հան վար­դա­պետ վերջ­նա­կա­նա­պէս պա­հանջ դրաւ Մեծ պահ­քի Շա­բաթ եւ Կի­րա­կի օ­րերն ալ միւս օ­րե­րուն պէս «պա­հօք վճա­րել», այ­սինքն՝ պահք պա­հել, ա­ռանց յար­գե­լու նոյ­նիսկ իշ­խան­նե­րու եւ զի­նուոր­նե­րու վի­ճա­կը՝ ո­րոնց աս­տի­ճան մը ա­ւե­լի սո­վո­րու­թիւն էր թոյ­լա­տու գտնուիլ։

Մին­չեւ այ­սօր յա­ռաջ բե­րուած կա­նոն­նե­րու հի­ման վրայ՝ Հայ Ե­կե­ղե­ցիին սո­վո­րու­թիւն­նե­րը պա­հե­լու եւ պահ­պա­նե­լու, ե­թէ պա­կաս­ներ կան՝ լրաց­նե­լու, ե­թէ սխալ ըմբռ­նում­ներ սպրդած են՝ ուղ­ղե­լու, ե­թէ «խան­գա­րիչ» ձեռ­քեր կան՝ զա­նոնք ան­գոր­ծու­թեան դա­տա­պար­տե­լու նա­խան­ձա­յու­զու­թեամբ եւ բծախնդ­րու­թեամբ՝ Օձ­նե­ցին ո­րոշ հա­յե­ցա­կէտ ընտ­րած էր ի­րեն՝ ո՛չ թէ «հա­կա­ճա­ռու­թեամբ» ջրե­լու ի՛նչ որ օ­րի­նա­կան սո­վո­րու­թիւն մը չէր, այլ «կա­նո­նա­կան սահ­մա­նադ­րու­թեամբ»՝ միան­գամ ընդ միշտ վերջ տա­լով ար­մա­տա­ցած ան­կար­գու­թիւն­նե­րու, վա­յե­լուչն, պատ­շա­ճը եւ օգ­տա­կա­րը ե­րաշ­խա­ւո­րե­լու Հայ Ե­կե­ղե­ցիին հա­մար։

Ի­մաս­տա­սէր Հայ­րա­պե­տը իր ամ­բողջ կա­նո­նա­կան կար­գադ­րու­թիւն­նե­րուն մէջ, ինչ­պէս յայտ­նի կը տես­նուի, ա՛յն ա­տեն միայն կը կռթնի ընդ­հա­նուր քրիս­տո­նէա­կան սո­վո­րու­թիւն­նե­րու վրայ, երբ խո­րա­պէս հա­մո­զուած է որ մի եւ նոյն բա­նը Հայ Ե­կե­ղե­ցիին ալ սո­վո­րու­թիւնն էր կան­խաւ, այս­պէս՝ քա­րե­ղէն սե­ղա­նի եւ ա­ւա­զա­նի կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը կը շեշ­տէ՝ «բո­լոր քրիս­տո­սա­կան­ներ»ու հա­մա­ձայն ըն­թա­նա­լու տե­սա­կէ­տով (Հա­տուած Գ.) եւ ԻԶ. Կա­նո­նո­վը, Յայտ­նու­թեան օ­րուան ջու­րին օրհ­նու­թիւ­նը ե­ւայլն պա­տուի­րե­լու առ­թիւ կը գրէ. «Քա­նի որ եւ աշ­խար­հիս մարդ­կու­թեան եւ բո­լոր Քրիս­տո­նեայ ա­ւան­դու­թեամբ հաս­տա­տուած է ա­նի­կա»։ Հոս, «աշ­խար­հիս մարդ­կու­թեան» խօս­քով կը շեշ­տուի Հայ ժո­ղո­վուր­դը։

Սա­կայն պէտք է գիտ­նալ՝ որ յա­մե­նայն դէպս՝ ուր «Հայ Ե­կե­ղե­ցիին ա­ռանձ­նա­կան գո­յու­թեան հարց»ը կը ներ­կա­յա­նայ՝ ան­վե­հեր ո­գիով մը կը ծա­ռա­նայ, ու կը թե­ւար­կէ ա՛յն ինչ որ «սեպ­հա­կան կնիք»ն էր հո­գե­ւոր այդ կեան­քին, ա­ռանց տա­րուե­լու ո­րե­ւէ եր­կիւ­ղած հա­յե­ցո­ղու­թե­նէ։

Ըստ այսմ Օձ­նե­ցիի գու­մա­րած Ժո­ղո­վը բա­րե­կար­գա­կան կէ­տե­րէ զատ՝ նկա­տի ա­ռաւ ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան ա­ւան­դու­թիւն­նե­րու պահ­պա­նու­թեան հո­գը։ Նոյն Ժո­ղո­վին մէջ՝ «Սուրբ Աս­տուած»ը «խա­չե­ցար»ով եր­գե­լու սո­վո­րու­թիւ­նը կը պաշտ­պա­նուի՝ որ կար­ծուա­ծին չափ նո­րա­մուտ չէր (Կա­նոն Ի.)։­

Ա­մե­նէն ա­ւե­լի սա­կայն՝ պէտք է ու­շադ­րու­թիւն դարձ­նել՝ Օձ­նե­ցիի (Ս. Յով­հան­նէս Գ. Օձ­նե­ցի. 717-728) 8-րդ Կա­նո­նին, ուր՝ Լու­սա­ւոր­չի «ա­ռա­քե­լա­բար» հրա­մա­յած կար­գե­րը ա­ռա­ւե­լակ­շիռ կը նկա­տուին քան «ու­րիշ Քրիս­տո­նեայ ազ­գե­րու ա­ւան­դու­թիւն­նե­րը»։ Այդ Կա­նո­նի բո­վան­դա­կած ե­րեք կէ­տե­րուն հա­մա­ձայն՝ հարկ է որ.

ա) Ս. Պա­տա­րա­գի հա­ցը «անխ­մոր» եւ գի­նին «ա­նա­պակ» ըլ­լայ,

բ) Օրհ­նուած «աղ»ով պատ­րաս­տուի «մա­տաղ»ը, եւ

գ) Ղեւ­տա­կան ցե­ղին նմա­նու­թեամբ՝ քա­հա­նա­յա­կան դա­սը «ազ­գաւ» (ժա­ռան­գա­բար) վա­յե­լէ Ե­կե­ղե­ցիի յատ­կա­ցուած ար­դիւնք­նե­րը։

Եւ կը հրա­մա­յուի՝ այս ա­մէ­նուն հան­դէպ պատ­կառ կե­նալ, եւ չներ­մու­ծել ո՛­րե­ւէ նո­րա­ձե­ւու­թիւն։

Ինչ­պէս յայտ­նի է՝ այս ե­րեք կէ­տե­րէն ի՛նչ որ կը մնայ մին­չեւ այ­սօր ան­փո­փոխ ու ան­խախտ՝ Ս. Պա­տա­րա­գի ծի­սա­կան սո­վո­րու­թիւնն է այն. իսկ միւս­նե­րը տե­ղի տա­լով ժա­մա­նա­կի պա­հան­ջում­նե­րուն՝ ուշ կամ կա­նուխ դադ­րե­ցան Հայ Ե­կե­ղե­ցիի մաս­նա­ւոր նշան­նե­րը ըլ­լա­լէ. ըստ այսմ՝ «մա­տաղ»ը թէեւ կը պա­հէ տա­կա­ւին իր բա­րե­պաշ­տիկ գո­յու­թիւ­նը ու­րեք ու­րեք, բայց ա՜լ կորսն­ցու­ցած է իր նախ­նի հան­դի­սա­ւոր­ութիւ­նը եւ ծի­սա­կան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը, եւ մնա­ցած է որ­պէս խորհր­դան­շա­կան ա­ւան­դու­թիւն մը միայն. նոյն­պէս՝ կրթու­թեան փոքր ի շա­տէ ընդ­հան­րա­ցու­մը շու­տով քա­կեց «ա­մուս­նա­ւոր քա­հա­նա­յա­կան տոհմ»ը հա­սա­րակ ժո­ղո­վու­րդէն բաժ­նող այն միջ­նոր­մը՝ որ Լու­սա­ւոր­չի օ­րե­րէն էր կանգ­նուած, ի շնոր­հուկս Հայ հին քրմա­կան դա­սա­կար­գին՝ որ քրիս­տո­նէա­կան Ե­կե­ղե­ցիին ծա­ռա­յե­լու ա­տեն՝ չու­զեց հրա­ժա­րիլ իր հին կազ­մա­կեր­պու­թեան տնտե­սա­կան պայ­ման­նե­րէն։

Օձ­նե­ցիէն ա­ռաջ՝ Բիւ­զան­դա­կան Ե­կե­ղե­ցին՝ որ այ­լեւս ա­պա­հով կը կար­ծէր իր տի­րա­պե­տու­մը Հայ Ե­կե­ղե­ցիին վրայ՝ Հե­րակ­լի եւ ա­նոր յա­ջորդ­նե­րու մի­ջո­ցին, սկսաւ իր ոտնձ­գու­թիւն­նե­րուն ա­ւե­լի լայն ըն­թացք մը տալ, յայտ­նի պա­հանջք դնե­լով որ Հա­յե­րը լքեն ի­րենց ա՛յս կամ այն ե­կե­ղե­ցա­կան սո­վո­րու­թիւ­նը. 692-ին գու­մա­րուած Տրու­ղեան Ժո­ղո­վը հիմ­նա­կան փո­փո­խու­թեան կա­րօտ կէ­տեր մատ­նան­շե­լով՝ «կա­նո­նա­փո­խու­դու­ններ» կա­տա­րեց…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 24, 2017, Իս­թան­պուլ

Երկուշաբթի, Մարտ 27, 2017