ՊԱՐՏՔ ԵՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔ

Ներկայ աշխարհը կը հաւատայ, թէ այր ու կին հաւասար են։ Այո, Աստուած Եւան ստեղծեց Ադամի կողէն եւ որպէս օգնական տուաւ անոր, որպէսզի մէկը միւսէն բարձր չըլլայ, անոնց միջեւ տեղ չգտնէ «տէր» ու «ծառայ»ի հոգեբանութիւնը. սակայն հաւասար ըլլալով հանդերձ իւրաքանչիւրը ունի իր պարտաւորութիւններն ու իրաւունքները, այդ իսկ պատճառով Հայրիկ իր «Դրախտի ընտանիք» աշխատութեան 10-րդ գլուխը կը վերնագրէ «Փոխադարձ պարտիք եւ իրաւունք առն եւ կնոջ» խորագրով:

Աստուած իւրաքանչիւրին տուած է տարբեր պարտաւորութիւններ եւ իրաւունքներ. օրինակի համար, ըստ Հայրիկի, կնոջ տրուած մենաշնորհ մըն է մայրանալը. անոր խօսքերով. «կին ստեղծեր է, եւ տուեր է նմա ի բնութենէ ծնողական բուռն սէր, մեծագորով սիրտ, դիւրաշարժ զգացումն, որպէսզի զաւակ ծնանի, մայր լինի, մայրական սիրով ու կաթով սնուցանէ զայն»: Աստուած կինը ստեղծած է լի սիրով ու փափկութեամբ, մինչ տղամարդը բազուկով ու ուժով եւ անոր ունեցած սէրը կարելի չէ համեմատել մայրական սիրոյ հետ:

Ս. Պսակի խորհուրդէն անմիջապէս ետք  զոյգերը կ՚ունենան պարտաւորութիւններ եւ իրաւունքներ։ Անոնց միատեղ առաջին պարտաւորութիւնը բարոյական եւ տնտեսական կեանքին մէջ ունեցած հաւասարութիւնն է. բարոյական առաջին պարտքը իրարու հանդէպ ունեցած իրենց սէրն է, որ Սուրբ Պսակի խորհուրդով որպէս իրաւունք կրնան պահանջել, որովհետեւ մարդ ինչքան սիրէ՝ նոյնքան կը պահանջէ ուրիշէն եւ կ՚ուզէ նոյն չափով սիրուիլ:

Խօսելով իրաւունքներուն ու պարտաւորութիւններուն մասին կը յիշէ Պօղոս առաքեալի խօսքերը, որուն համաձայն մարդը գլուխն է կնոջ եւ հետեւաբար պէտք է տիրէ, իսկ կնոջ կը յորդորէ հնազանդիլ՝ այնպէս ինչպէս եկեղեցին հնազանդեցաւ Քրիստոսի: Հայրիկի համաձայն, Պօղոս այդպէս կ՚ըսէր հիմնուելով հին օրէնքին վրայ, սակայն նոյն Պօղոս առաքեալ կը գրէ, որ այլեւս տարբերութիւն չկայ արուի եւ էգի. որովհետեւ Տիրոջ դիմաց բոլորն ալ հաւասար են:

Հայրիկ կ՚ըսէ, թէ կինը պէտք է հնազանդ ըլլայ, սակայն յըս-տակ տարբերութիւն մը կը դնէ այդ հնազանդութեան եւ ծառային ու տիրոջ միջեւ եղած հնազանդութեան միջեւ. Հայրիկ կ՚ըսէ. «Ո՛չ այդպէս չէ, կին ոչ հպատակ է, ոչ զինուոր է եւ ոչ ստրուկ ծառայ: Կին իւր ամուսնոյն ազատ ընկեր ու հաւասար լծակիցն է ամենայն իրաւամբ: Ուստի կին աղախին չէ. այլ տան տիկին եւ թագուհի. թէպէտ եւ այդ մարդ թագաւոր լինի, իշխան լինի, տէր եւ գլուխ լինի, բնաւ իրաւունք չունի եւ կարող չէ այնպէս իշխել, ինչպէս կ՚իշխեն աշխարհիս այլ եւ այլ տիրող գլուխները իշխանական գաւազանով, վասն զի ընտանեկան կեանքին ու վարչութեան մէջ իշխանական սուր ոստիկանութիւն եւ գաւազան չկայ. այլ միայն սէր, խնամք եւ միութիւն»:

Կարելի չէ չկարդալ աւելի քան 150 տարիներ առաջ գրուած Հայրիկի այս խօսքերը եւ չսքանչանալ անոր ունեցած իմաստութեամբ, որովհետեւ Հայրիկ այս բոլորը գրի կ՚առնէր այն ժամանակ, երբ տակաւին կինը կ՚ապրէր որպէս «ստրուկ»՝ զրկուած խօսելու, կրթութիւն ստանալու իրաւունքէն։ Հայրիկ այս բոլորը կը գրէր այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ կինը անտեսուած էր: Հայրիկ կը զարմանար այդ ժամանակաշրջանի մտայնութեան վրայ եւ զարմացած հարց կու տար. «ինչպէ՞ս կարելի է, որ այդ մարդ բռնակալ լինի կնոջ վերայ, չարաչար ճնշէ ու նուաճէ իր կեանքն եւ ընկերն»:

Հայրիկ կը խօսի աշխարհի անարդարութեան մասին եւ կ՚ըսէ, թէ աշխարհը մի՛շտ իրաւունքը տուած է տղամարդուն, որովհետեւ տղամարդը «զօրաւոր եւ ուժաւոր է թէ՛ բազկով թէ բանիւ եւ միանգամայն աշխարհիս ատեանը իւր ձեռքն է. եթէ կին իւր զրկանաց համար բողոքէ, ո՞վ է իւր իրաւունքը լոսղ եւ դատաստան տեսնող». Հայրիկ կը յորդորէ, որպէսզի կիները որպէս տկար արարածներ չտեսնել. «պէտք չէ բոլորովին տկար համարել զկին, կարծելով՝ թէ նա մի հողակերտ եւ դիւրաբեկ անօթ է. երբեմն հրացեալ երկաթ կը դառնայ երբ Սուրբ Կրօնին, ամուսնոյն եւ զաւակաց սէր զինքն կը բոցավառէ ու կը մղէ առ ամենայն վտանգ»:

Հայրիկ լաւապէս կը գիտակցէր, որ հաստատուած մտայնութիւն մը դիւրին չէր փոխել, հետեւաբար նոյն գաղափարին շուրջ տարբեր բացատրութիւններ առաջ կը բերէ. կը գիտակցի, որ միշտ այրը որպէս «տէր» ու «իշխող» կը ներկայանայ, այդ իսկ պատճառով այդ մտայնութիւնը փոխել չյաջողելով կը գրէ. «Եթէ համարիմք, դարձեալ այդ մարդ իբր տէր ամուսնական կեանքին մէջ, միթէ իրաւո՞ւնք ունի խստութեամբ իշխել, տիրապետութեամբ վարիլ, կամ կարծել թէ կինը իւր ստացուածն է եւ կամ արծաթագին ծառայ: Եթէ զօրութիւն ունի, բուռն են իւր բազուկները, նա միթէ իրաւո՞ւնք կը ստանայ ջարդել փշրել իւր կողին մի տկար ոսկրը». Հայրիկ կը հաւատայ, որ կինը օգնականն է ամուսնոյն, հետեւաբար սիրոյ կեանքի կողքին պէտք է հաւասարութեամբ տանին միւս բոլոր երեւոյթները, այրը պէտք է խորհրդակցի կնոջ հետ եւ «կառավարեն ի միասին ընտանեկան կեանքը», որովհետեւ կինը ցմահ դաշնակից ընկերն է ամուսնոյն: Ան հաւասար լծակից է, թէ՛ բախտաւորութեան եւ թէ ապերջանկութեան ժամանակ եւ այս բոլորը ցմահ պարտաւորութիւններ են երկու զոյգերու միջեւ:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում.  Գիրք մը կրնա՞յ ընթերցողին կեանքը փոխել:

Պատասխան. Այո, գիրքը կրնայ խորապէս ազդել եւ փոխել ընթերցողի կեանքը: Գիրքը կրնայ անոր մէջ յառաջացնել նոր գաղափարներ, նոր մարտահրաւէրներ, առաջարկել տեսակէտներ, որոնք խորապէս արձագանգ կը գտնեն ընթերցողի մօտ: Այդ մէկը կրնայ զանոնք ոգեշնչել, որպէսզի աշխարհը սկսին տեսնել տարբեր համոզումով: Գիրքը կրնայ կիրքեր բորբոքել, կարեկցանք զարգացնել եւ ուսման հանդէպ սէր յառաջացնել: Գիրքը կրնայ ընթերցողի մօտ անջնջելի հետք մը ձգել եւ ձեւաւորել անոր միտքերը, գործունէութիւնն ու ձգտումները:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Ապրիլ 27, 2024