ԱՆԳԻՏԱՊԱՇՏՈՒԹԻՒՆ

Մարդկային բարոյական կեանքը իր ակունքը կը քաղէ Հաւատքին մէջ Աստուծոյ, որ Իր սէրը կը յայտնէ մարդուն։

Հաւատքի մասին «կամովին տարակոյս»ը կ՚անտեսէ կամ կը մերժէ իբր ճշմարիտ ընդունիլ Աստուծոյ յայտնածը՝ զոր Եկեղեցին կ՚առաջարկէ մեզի որ հաւատանք։ «Ակամայ տարակոյս»ը ցոյց կու տայ հաւատալու վարանումը, նաեւ հաւատքին դէմ առարկութիւններուն յաղթահարելու դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ անձկութիւնը հաւատքին յարուցած մթութեան, խաւարին դիմաց։

Եթէ տարակոյսը կամովին մշակուած է, կրնայ տանիլ մտքին կուրացման։ «Թերահաւատութիւն»ը յայտնեալ հաւատքին հանդէպ անտարբերութիւն, անհոգութիւն է կամ կամովին մերժո՛ւմն է զայն ընդունելու։ «Հերետիկոսութիւն»ը Մկրտութեան ընկալումէն ետք կատարուած կամակոր ժխտումն է ճշմարտութեան մը, որուն պէտք է հաւատալ աստուածային հաւատքով, կամ կամաւոր տարակոյսն է այս ճշմարտութեան մասին։ «Ուրացում»ը ամբողջական մերժումն է քրիստոնեայ հաւատքին։ «Հերձուած»ը մերժումն է հպատակութեան Եկեղեցւոյ նուիրապետականութեան մէջ պետին եւ կամ մերժումն է հաղորդութեան՝ անոր հպատակող Եկեղեցւոյ անդամներուն հետ։

Ուստի, առաջին պատուիրանը կ՚արգիլէ «ուրիշ աստուած»ներու երկրպագել Միակ Տիրոջմէ զատ, որ Ինքզինք յայտնեց Իր ժողովուրդին։ Ան կ՚արգիլէ «աւելորդապաշտութիւն»ը եւ «անկրօնութիւն»ը։

«Աւելորդապաշտութիւն»ը կերպով մը կը ներկայացնէ կրօնի վատթար չափազանցութիւնը. իսկ անկրօնութիւնը կրօնի առաքինութիւնը ջնջող հակադիր մոլութիւն մըն է։ Մարդկային կեանքը կը միակցի երկրպագութեան մէջ Միակին։ Միակ Տիրոջ երկրպագելու պատուիրանը կը պարզացնէ մարդը եւ կը փրկէ զայն անվերջ տարտղնումէն։

Ահաւասիկ, կրօնի առաքինութիւնը ջնջող հակադիր մոլութիւններու կարգին է նաեւ «Անգիտապաշտութիւն»ը՝ «Agnosticisme»ը։

Անգիտապաշտութիւնը կը ստանայ զանազան կերպարանքներ։ Կարգ մը պարագաներու մէջ, անգիտապաշտութիւնը կը մերժէ ժխտել զԱստուած, մանաւանդ՝ ան կ՚ենթադրէ «գոյութիւնը գերակայ էակ»ի մը, որ չի կրնար ինքզինք յայտնել եւ որուն մասին ոչ ոք կարող է որեւէ բան ըսել՝ ո՛չինչ ըսել։ Ուստի անոր մասին գիտնալ անկարելի է։

Ուրիշ պարագաներուն մէջ, անգիտապաշտը լռութիւն կը պահէ Աստուծոյ գոյութեան մասին, յայտարարելով թէ «անկարելի՛ է փաստել զայն եւ նոյնիսկ հաստատել զայն կամ ժխտել»։

Անգիտապաշտութիւնը կրնայ երբեմն բովանդակել որոշ որոնում մը Աստուծոյ, սակայն կրնայ հաւասարապէս ներկայացնել «անտարբեր կեցուածք» մը՝ փախուստ մը գոյութեան վերջին հարցականէն եւ հեղգութիւն մը բարոյական խղճմտանքին նկատմամբ ընդհանրապէս։

Անգիտապաշտութիւնը դժբախտաբար շատ անգամ, յաճախ համազօր է գործնական անաստուածութեան։ «Անաստուածութիւն»ը ըմբռնումի պակաս մըն է։ Անաստ-ւածներ բնաւ չեն ըմբռներ, նոյնիսկ բացայայտօրէն կը մերժեն այն սերտ եւ կենսական զօդը՝ կապը, որ մարդս Աստուծոյ կը միացնէ. այն աստիճան որ անաստուածութիւնը ամենածանր իրադարձութիւն մը կը համարուի։ Անաստուածութիւն եզրը իր մէջ կը ներփակէ բազմատեսակ երեւոյթներ։ Անոր յաճախադէպ մէկ ձեւն է «գործնական նիւթապաշտութիւն»ը, որ իր կարիքները եւ փառատենչութիւնները ժամանակին եւ միջոցին նեղ սահմաններուն մէջ կը փակէ։

Անաստուած մարդկայնութիւնը թիւրօրէն կը համարի, թէ մարդը ինքնիր վախճանն է, միակ կառուցողը եւ ստեղծողն է իր պատմութեան։

Ժամանակակից անաստուածութիւնը կը ներկայանայ նաեւ մէկ այլ ձեւով՝ մարդուն ազատագրումը կ՚ակնկալէ տնտեսական եւ ընկերային ազատագրումէն, որուն իբր թէ «կրօնը իր բնութեամբ իսկ՝ կը հակադրուի, քանի որ մարդուն յոյսը հանդերձեալ կեանքի մը կրկներեւոյթին վրայ կառուցանելով, զայն կը շեղեցնէ երկրաւոր ոստան կերտելէ»։

Անաստուածութիւնը (athéisme) կրօնի առաքինութեան դէմ գործող մեղք մըն է, քանի որ Աստուծոյ գոյութիւնը կը մերժէ կամ կը ժխտէ։ Յաճախ անաստուածութիւնը կը հիմնուի մարդկային ինքնիշխանութեան թիւր յղացումի մը վրայ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օգոստոս 2, 2019, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 27, 2019