ԸՆՏՐԵՑԷ՛Ք ՄԱՐԴԸ՝ ՔԱՆ ՇՈՒՆՆ ՈՒ ԿԱՏՈՒՆ

Վերջերս կազմակերպուած հանդիսութեան մը ժամանակ, բեմ հրաւիրուող հանրայայտ անձ մը նախքան իր ճառը անդրադարձաւ անտուն ու անտէր շուներու եւ կատուներու իրաւունքներուն. իր խօսքին մէջ մաղթեց տեսնել աշխարհ մը, ուր շունն ու մարդը, կատուն ու մարդը քով քովի, խաղաղ պայմաններու մէջ ապրին: Ճառախօսը տրտում էր ի դիմաց այն դժբախտ իրողութեան, որ բազմաթիւ շուներ ու կատուներ՝ ի տարբերութիւն ուրիշներու իրենց գոյութիւնը փողոցներու մէջ պահել կը փորձեն: Ի դիմաց այս զգայուն ու նուրբ հարցին հանդիսատեսները ծափահարեցին (պիտի ծափահարէին նոյնիսկ մոծակներու իրաւունքներու մասին եթէ խօսուէր):

Ո՛չ շուներու եւ ո՛չ ալ կատուներու դէմ թշնամութիւն մը ունինք. ո՛չ ալ կը ժխտենք անոնց «իրաւունք» ունենալը, սակայն զայրոյթ կը պատճառէ տեսնել անձեր, որոնք Պաղեստինի, Սուրիոյ, Ափրիկէի եւ այլ երկիրներու մէջ իրենց նմանին՝ մարդ արարածին հանդէպ անարդարութիւնները անտեսելով, աւելի առաջնահերթ կը նկատեն կատուին եւ շունին իրաւունքը: Զայթոյթ կը պատճառէ տեսնել մարդիկ, որոնց համար կատուին կամ շունին փողոցը գիշերելը աւելի՛ ծանր կշռոյթ ունի՝ քան անարդարութեամբ նահատակուող բազմաթիւ մանուկներն ու անմեղ երիտասարդ-մեծահասակները, առանց նկատելու, որ շունն ու մարդը, կատուն եւ մարդը քով քովի, խաղաղ պայմաններու մէջ տեսնելէ առաջ մեզի պէտք է աշխարհ մը՝ ուր մարդը մարդուն հետ կարողանայ խաղաղ պայմաններու մէջ ապրիլ:

Ինչքա՞ն ժամանակ պիտի անցնի, որպէսզի կարողանանք անասուններու պաշտպաններուն համոզել, որ Ափրիկէի մէջ սովամահ եղող մանուկը շատ աւելի կարեւորութիւն կը ներկայացնէ, քան ճամբու մէկ ծայրը պառկող կատուն կամ շունը. ինչքա՞ն ժամանակ պիտի անցնի, որպէսզի նկատեն, որ աւելի առաջնահերթ է հոգալ ու պաշտպանել մարդու իրաւունքները՝ քան անասուններունը:

Անասուններուն դէմ թշնամութիւն մը չունինք, սակայն ամէ՛ն անգամ որ նման ճառեր եւ արտայայտութիւններ կը լսենք, կամայ թէ ակամայ կը յիշենք, թէ այդ կատուներու եւ շուներու կողքին աշխարհի երեսին աւելի քան 150 միլիոն մարդ կը տառապի անտունութենէ: Ինչքանո՞վ տրամաբանական է տեսնել աշխարհ մը, ուր կ՚ապրին այնպիսի մարդիկ, որոնք երանի՜ կու տան շատ մը կատուներու եւ շուներու ունեցած երանելի կեանքին. հաւատացէ՛ք, որ այս յօդուածը երբ կը կարդաք, աշխարհի մէջ տեղ մը բազմաթի՜ւ անձեր անօթութենէ կը տառապին, մինչ շա՜տ մը շուներ ու կատուներ նոյն վայրկեանին իրենց մեծագին միսերը կ՚ուտեն: Նոյն այս վայրկեանիս բազմաթիւ մարդիկ փողոցներու մէջ, ցրտահար կը փորձեն քնանալ, մինչ ուրիշ տեղ մը շուն մը կամ կատու մը իրեն համար պատրաստուած արքայական անկողնի մը մէջ հանգիստ կը քնանան:

Թող բոլոր շուներու եւ կատուներու իրաւունքները աւելի առաջնահերթ նկատողները գիտնան, որ այս տարուան ընթացքին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու վիճակագրութեան համաձայն, աւելի քան 9 հազար անօթեւան մարդ իր հոգին աւանդած է փողոցներու մէջ՝ անօթութեան ու ցուրտի պատճառով. երկիրի մը մէջ՝ ուր դրամը ծառերէն կախուած կը կարծուի: Ափրիկէի մէջ շատ մը մանուկներ կարօտ են բազմաթիւ շուներու եւ կատուներու խմած մաքուր ջուրին:

Անասուններու հանդէպ ծայրայեղ սէրը մասամբ կը փորձենք հասկնալ. կ՚ընդունինք, որ անոնք ալ իրենց կարեւոր տեղը ունին մեր կեանքէն ներս, սակայն ո՛չ աւելի կարեւոր քան մարդը: Այսօր բազմաթիւ են մարդիկ, որոնք յանձն կ՚առնեն փողոցի կատուն կերակրել, սակայն անհոգութեամբ տեսնել անօթութիւնը մարդ արարածի մը: Պարզապէս համամարդկային ամօթ մըն է, 21-րդ դարու այս ճով ու փարթամ շրջանին տակաւին տեսնել անօթեւան մարդիկ. կ՚ընդունինք, որ շատերու համար այդ մէկը սեփական որոշում մըն է՝ պայմանաւորուած սեփական սխալներով, սակայն այդ մէկը չի վերաբերիր բոլորին:

Օրական դրութեամբ կը տեսնենք, թէ բազմաթիւ դրամահաւաքներ կը կատարուին անասուններու պաշտպաններու կողմէ. անձ մը իր սեփական ունեցուածքէն անասուններուն կը տրամադրէ միլիոններ. նման նուիրատուութիւններու դիմաց կամայ թէ ակամայ կը սկսինք մտածել, որ այդ գումարներով կարելի է փրկել բազմաթի՜ւ մարդ արարածներ, որոնք բազմաթիւ հիւանդութիւններով տառապելով չունին նիւթական կարողութիւններ բուժելու համար իրենց հիւանդութիւնները. այսօր աշխարհի մէջ աւելի քան 100 միլիոն մարդ կը տառապի կուրութեան այնպիսի հիւանդութեամբ մը, որ պարզ բժշկական միջամտութեամբ մը կարելի է վերացնել: Անասուններուն տրամադրուած գումարներով կարելի է բազմաթի՜ւ բարիքներ կատարել մեր մարդկային կեանքին մէջ: Այս յօդուածին ամբողջ նպատակը ա՛յն է, որպէսզի շատ շատեր հասկնան, որ այո՛, անասունները եւս կարեւորութիւն պէտք է ներկայացնեն մեզի համար, սակայն ո՛չ աւելի քան մեր նմանը։ Նմանին անօթութեան դիմաց անտարբեր անցնիլը, սակայն շունին ու կատուին անօթութեան համար ցաւիլը իր մէջ մարդկային զգացումներ չի ներառեր, որովհետեւ մեզի պէտք է աշխարհ մը, ուր մարդը մարդո՛ւն իրաւունքները կը պաշտպանէ:

Ո՛չ մէկ անասունի պաշտպան իրաւունք չունի՛ լուռ մնալու մանուկներու դժբախտ նահատակութեան դիմաց, որովհետեւ կը կարծենք ու կը հաւատանք, որ այդ մանուկին կեանքը շա՛տ աւելի կարեւոր է՝ քան կատուին անօթութիւնը, որ իր բնազդին ճամբով գիտէ՛ ինչպէս սնուիլ:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Տարեկան դրութեամբ քանի՞ մարդ կը ծնի եւ քանի՞ մարդ կը մեռնի:

Պատասխան. 2022 թուականին Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան հրապարակած վիճակագրութեան համաձայն, օրական դրութեամբ 385 հազար մարդ կը ծնի եւ 156 հազար մարդ կը մահանայ: Պէտք է նկատի ունենալ, որ այս թիւերը մօտաւոր թիւեր են եւ տարուէ տարի կրնան փոխուիլ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 28, 2023