ԱՆՁԸ ԵՒ ԱՍՊԱՐԷԶԸ

«Ասպարէզը չէ՛ որ պատիւ կը բերէ մարդուն, այլ մա՛րդն է որ պատիւ կը բերէ իր ասպարէզին»։

LOUIS PASTEUR

Մարդիկ ընդհանրապէս մէկու մը արժէք կու տան իր արտաքինը նկատի ունենալով, զոր օրինակ, իր ասպարէզին համեմատ եւ շատ անգամ կ՚անտեսեն բուն իսկ «անձ»ը։

Նախ սա պէտք է գիտցուի, որ ամէն ասպարէզ, որ կերպով մը կը ծառայէ մարդկութեան, նուիրուած է իրերօգնութեան՝ պատիւ կը բերէ անձին։ Արդարեւ, ասպարէզի մը մէջ ծառայասիրութեան ոգին որքան բարձր է, այդ ասպարէզը ա՛յդքան ընդունելութիւն կը ստանայ մարդոց կողմէ, քանի որ ասպարէզը միջոց մըն է վերջապէս, ուր նպատակը մա՛րդն է։

Ամէն ասպարէզի մէջ, հանրային ծառայութեան եւ հաւաքականութեան ի նպաստ գործողներու մէջ մանաւանդ, ընդհանրապէս, չկայ մէկը՝ որ իրաւացի կամ անիրաւ կերպով հակառակորդներ ունեցած չըլլայ եւ չդատափետուի, այն աստիճան որ ասիկա «բնական օրէնք»ի տեղ անցած կը թուի։ Ինչպէս ըսինք, գրեթէ ամէն ասպարէզի մէջ, մանաւանդ լայն շրջանակներու հետ գործ ունեցող ամենէն շնորհքով եւ պարկեշտ մարդոց համար իսկ կարելի է լսել խելքէ միտքէ չանցած չարախօսութիւններ եւ զզուելի զրպարտութիւններ, ամբաստանութիւններ եւ մեղադրանքներ։

Արդարեւ, անձը եւ ասպարէզը պէտք է զատել իրարմէ եւ կարգ մը կանխակալութիւններ չընդհանրացնել՝ անձը չդատել իր ասպարէզով, եւ կամ փոխադարձաբար՝ ասպարէզին համեմատ արժէք չընծայել անձին։ Ամէն մարդ, իր կարողութեան, իր յատկութիւններուն եւ իր տարողութեան համեմատ եւ իր ազատ ընտրութեան համաձայն ամէն ասպարէզի մէջ կրնայ ծառայութիւն մատուցանել, բաւ է, որ ան անբողջական նուիրումով ստանձնէ իր ընտրած ասպարէզին պատասխանատուութիւնները եւ անկեղծութեամբ ծառայէ մարդկութեան, քանի որ ի վերջոյ ամէն ասպարէզի վերջնական նպատակն է մարդուն բարիք ապահովել…։

Անշուշտ կան եւ եղած են անձեր՝ որոնք անօրինակ տիպարներ եղած են այս տեսակէտով, քանի որ իրենց «Անձ»ը նախադասած են իրենց «ասպարէզ»ին։ Անոնք իրարու ամենահակառակ տարրեր միաբանած եւ ձայնակցած են իրենց անձին եւ գործունէութեան ներբողը հիւսելու համար ամենէն անհաշտ շրջանակներու մէջ ընդհանուր եւ անսահման համակրութիւն մը վայելած են։ Անշուշտ այս կարգի անձեր «անօրինակ» են իրենց կեցուածքով, եւ իրապէս «բացառութիւն» մը կազմած են իրենց նմաններուն մէջ…։

Ասիկա շատ աւելի զգալի կ՚ըլլայ հանրային ծառայութեան պարագային, քանի որ այնտեղ առաջնակարգ նպատակն է ծառայութիւնը եւ ո՛չ թէ անձնական շահը կամ օգուտը։ Հանրային ծառայութեան մէջ ծառայութիւն ընդունողներ միշտ աւելին կ՚ուզեն եւ դիւրին չեն գոհանար։ Հանրային ծառայութիւնը վերջապէս տեղ մը կու գայ՝ ուր անձնուիրական եւ զոհողութեան վրայ հաստատուած այս բարեգործութիւնը հետզհետէ «պարտաւորութեան» մը կը վերածուի։

Շատ պարզ օրինակ մը. մէկու մը 40 օր հաց տուէք, եւ եթէ 41-րդ օրը բանաւոր պատճառով մը չկարենաք այդ հացը տալ, ձեզմէ աւելի չար, ձեզմէ աւելի գէշ եւ ատելի մէկը չ՚ըլլար այդ նպաստընկալին աչքին։

Այս երեւոյթը օտար պէտք չէ ըլլայ այն բոլորին՝ որ նման դիրքի մը մէջ գտնուած են. կեանքի փորձառութիւնը եւ վկայութիւններ կը յանգին այս դառն բայց իրական եզրակացութեան։

Ուրեմն, ամէն ասպարէզի մէջ կարելի է դիմաւորուիլ նման հակազդեցութիւններու, քանի որ ամէն ասպարէզ ի վերջոյ իր մէջ կը պարունակէ ծառայութեան գաղափարը։ Բայց կան ասպարէզներ՝ ուր շահը առաջնակարգ նպատակ է։ Ասիկա շատ բնական եւ բանական է, քանի որ ամէն մարդ իր օրապահիկը ապահովելու համար պարտաւոր է աշխատելու՝ որը կը նշանակէ՝ «ասպարէզ մը ընտրել»ու եւ գործելու։

Ասպարէզը ի՛նչ որ ալ ըլլայ, ասպարէզին նպատակը, նախադասուած նպատակը շահ կամ ծառայութիւն ալ ըլլայ, կարեւորը անձին նկարագիրն է. երբ անձը սակաւապէտ, անբասիր, հեռատես, նրբամիտ, գործունեայ, օրինապահ, խոնարհ, համեստ, հեզահամբոյր եւ մանաւա՛նդ սկզբունքի տէր է միանգամայն, նախ եւ առաջ վստահութիւն կը ներշնչէ. իր անկեղծութեան մասին տարակոյս չի ստեղծեր՝ եթէ 41-րդ օրը «հաց չէ կրցած տալ…», հասկացողութեամբ կը դիմաւորուի իր նպաստընկալներուն կողմէ, եւ անոնք հանդուրժողութեամբ եւ համբերութեամբ կը սպասեն յաջորդ օրերուն, քանի որ գիտեն, վստահ են, որ ան դարձեալ պիտի շարունակէ իր օգնութեան եւ առանց նպաստի պիտի չթողու իր նպաստընկալները։

Ուրեմն, ասպարէզը չէ՛ մարդու մը համար իր նկարագիրը կազմողը, այլ՝ անոր «Անձ»ը, անոր ներշնչած վստահութիւնը՝ որ կը հիմնուի անկեղծութեան վրայ։ Արդարեւ, վերոյիշեալ Louis Pasteur-ին խօսքին նման է այն յայտնի առածը, որ կ՚ըսէ. «Սքեմը չէ՛ որ կրողին արժէքը կ՚աւելցնէ՝ սքեմը կրո՛ղն է որ սքեմին պատիւը եւ արժէքը վեր կը բռնէ»։

Այս ուղղութեամբ, բարձր նկարագրի տէր, առաքինի, ազնիւ անձերն են, որ պատիւ կը բերեն իրենց ասպարէզին, եւ նոյն առաքինութիւնները եւ ազնուութիւնը ունեցող անձերն են, որ բարձր կը բռնեն իրենց յանձնուած եւ կրած սքեմին արժէքը։ Եւ այդ հազուագիւտ եւ տիպար անձնաւորութիւններն են որ անկեղծ հիացումի եւ պինդ գնահատումի ամենէն զօրաւոր արտայայտութիւններուն կ՚արժանանան։ Բայց, դարձեալ քննադատութիւններ կը պակսի՞ն։ Ո՛չ, երբեք։ Քանի որ մարդկային ամենէն զօրաւոր կիրքերէն են՝ նախանձը, ապերախտութիւնը եւ անհանդուրժողութիւնը մանաւանդ՝ ուրիշներուն գնահատուած բարիքը, լաւութիւնը, վեհանձնութիւնը տեսնելու…։

Անձը երբ նկարագրի տէր է, ամէն ասպարէզ պատի՛ւ է անոր համար…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունուար 27, 2021, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Յունուար 29, 2021