ՈՒՍՈՒՄԸ ՀԱՒԱՍԱՐ

Հայրիկ կը հաւատայ, որ այդ եւ կնոջ պարտաւորութիւնները տարբեր ըլլալով հանդերձ, անոնք պարտաւոր են հաւասարութեամբ ապրիլ՝ «սէր՝ սիրոյ փոխան, խնամք՝ խնամոց փոխան, սիրտ՝ սրտին փոխան, հաւատարմութիւն՝ հաւատարմութեան փոխան» տալով, որովհետեւ այդ սրբազան արժէքներու պարտաւորութիւնը երկուքին վրայ դրուած է հաւասարապէս:

Խօսելով աշխարհի անարդարութեան մասին Հայրիկ կ՚ըսէ. «Այս աշխարհիս վերայ ուժովներ կը տիրեն թէ՛ բարոյապէս եւ թէ ֆիզիքապէս, եւ տկարները բնականաբար կը խոնարհին»։ Հայրիկ չ՚ուզեր, որ նոյն հոգեբանութիւնը տեղ գտնէ մեր ընտանեկան կեանքէն ներս, որովհետեւ Հայրիկի ժամանակաշրջանին կինը կը յայտնուէր հպատակի ու խոնարհի կարգավիճակով, որովհետեւ ո՛չ միայն ան ուժով, այլ տկար էր նաեւ ուսումով եւ կրթութիւնը մենաշնորհ մըն էր ընդհանրապէս տղայոց համար: Թէ՛ ֆիզիքապէս եւ թէ մտապէս «տկար» ըլլալուն պատճառով ընդհանրապէս կինը կը դիտուէր որպէս «կարճամիտ, անխորհուրդ, անհոգ եւ անհեռատես»: Հայրիկ թէեւ կը պաշտպանէ կնոջ իրաւունքը, սակայն միշտ ալ տարբերութիւն կը դնէ անոնց միջեւ. օրինակի համար, կը հաւատայ, որ ուսումի ու կրթութեան ճամբով կինը կրնայ յառաջդիմել եւ հաւասարիլ այդ մարդուն, սակայն չի՛ կրնար աւելի բարձրանալ. օրինակի համար, Հայրիկ կ՚ըսէ. «Կին կարող չէ Նեւտոն եւ Հերշել լինել երկնից աստեղատունը դիտելու համար»: Պէտք է նկատի ունենալ, որ այդ ժամանակ գրեթէ ամէն բան կը գտնուէր տղամարդոց ձեռքը։ Ուսուցիչները, ղեկավարները, դատաւորները, կրօնաւորները, գիտնականներն ու գրեթէ գրող-մտաւորականները բոլորն ալ այրեր էին. Հայրիկ կ՚ըսէ. «Գիտութիւնը տաժանելի աշխատութեան վաստակ է», սակայն լաւապէս կը գիտակցի, որ ժամանակի ընթացքին կինը եւս պիտի ստանձնէ այդ տաժանելի աշխատութիւնը, սակայն Հայրիկ հակառակ կ՚արտայայտուի այս երեւոյթին, համոզուած ըլլալով որ կին մը գիտութեամբ զբաղելու փոխարէն պէտք է զաւակի դաստիարակութեամբ զբաղուի. Հայրիկի բառերը կը մէջբերենք. «Միթէ իրաւունք է, որ մայր մոռնայ կաթն մանկան, սէր գգուանք զաւակաց եւ պարապի բարձրագոյն գիտութեան»։ Հայրիկի համոզումով՝ կինը բարձրագոյն կրթութեան կարիքը չունի. «բաւ եւ շատ է նորա համար դաստիարակութիւն, ընտանեկան կրթութիւն եւ տնտեսութիւն առտնին կառավարութեան»:

Մերօրեայ մտայնութեամբ Հայրիկի մտածումները կրնան սխալ թուիլ, սակայն պէտք է նկատի ունենալ Հայրիկի ապրած ժամանակաշրջանը, հասկնալ այդ ժամանակահատուածը, որպէսզի յաջողինք արդար ձեւով քննել Հայրիկի խօսքերը, որովհետեւ ներկայ աշխարհին մէջ անընդունելի են Հայրիկի մտածումները:

Հայրիկի յաջորդող խօսքերը քիչ մը վիրաւորական են, սակայն արդար ըլլալու համար պէտք է անդրադառնանք. Հայրիկ տղամարդիկը եւս կարճամիտ կը կոչէ, որովհետեւ անոնց դաստիարակութիւնը տրուած է կնոջ՝ որ զուրկ է ուսումէն ու կրթութենէն. քիչ մը ծանր են Հայրիկի խօսքերը. «Հարկ է խոստովանիմք, որ այդ մարդիկ եւս պակաս կարճամիտ չեն կնոջէն եւ նոցա այդ կարճմտութիւն պիտի տեւէ, քանի որ մայրեր կարճամիտ են եւ ո՞վ չի գիտեր, թէ կարճամիտէն՝ կարճամիտ կը ծնանի». կնոջ հասցէին ուղղուած այս խօսքերը իրականութեան մէջ ըսել կ՚ուզեն, որ պէտք է կինը ուսում ստանայ, դպրոց յաճախէ, դաստիարակուի, որպէսզի յաջողի այդ կրթութիւնը փոխանցել իր զաւակներուն:

Հայրիկ ընտանեկան կեանքին մէջ կը կարեւորէ կրթութիւնը եւ երանի կու տայ, որ չըլլայ թէ յանկարծ երկու անուս անձեր հանդիպին իրարու եւ ընտանիք կազմեն։ Կեանքն ու ժամանակը ցոյց տուին սակայն, որ անուս գիւղացի ընտանիքներ շատ աւելի պարկեշտ ընտանիք կազմեցին՝ քան ուսեալներ։ Մերօրեայ աշխարհը վկայ. Խրիմեան եւ իրեն նման շատ շատեր կարծեցին, որ ուսումն ու կրթութիւնը մարդկութիւնը դէպի առաջ պիտի տանի. կարծեցին, թէ ուսումի ճամբով մարդկութիւնը պիտի զարգանայ եւ շատ աւելի բարեկեցիկ ընտանեկան վիճակ մը պարզէ, սակայն իրականութիւնը այդպէս չեղաւ. երկու բարձրագոյն կրթութիւն ստացած անհատներ այսօր չեն կրնար իրարու հետ հաշտ ու համերաշխ ապրիլ, մինչ հեռուները, հազիւ սկզբնական կրթութիւն ստացած անհատներ կը յաջողին խաղաղութեան մէջ ապրող ընտանիք մը ստեղծել:

Այր թէ կին, բոլորն ալ ունին իրենց թերութիւններն ու տկար կողմերը, սակայն Հայրիկի խօսքերով պէտք է «անբաժան կենակցութեամբ ապրիլ եւ միշտ իրարու պակասութեանց համար ներողաբար վարուելով՝ զիրար ողոքել ու շահել թէ՛ ամուսնական սիրոյն եւ թէ ընտանեկան օգտին ու բարւոյն համար»: Այս մէկը եւս երկկողմանի պարտաւորութիւն մըն է, որովհետեւ երկու կողմերն ալ կատարեալ չեն եւ որպէս մարդ ունին սխալներ, սակայն սիրոյ պարտաւորութիւնն է ներողաբար վարուիլ եւ փրկել ամուսնական կեանքը՝ մանաւանդ եթէ կան զաւակներ. Հայրիկի համար ամուսնութիւնը Աստուծոյ կողմէ տրուած օրհնութիւնն է զոյգերուն, իսկ միւս բոլոր խնդիրները պարզապէս չարին միջամտութիւնն է:

Որպէս օրինակ Հայրիկ մարդ ու կին կը նմանեցնէ արտի մէջի լծակից եզներու, որոնց վիզին վրայ հաւասարապէս դրուած կ՚ըլլայ լծափայտը։ Նոյնն է օրինակը ամուսնութեան եւ հետեւաբար անոնք պարտին միատեղ տանիլ կեանքի բոլոր դժուարութիւններն ու պայքարներ:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ինչո՞ւ համար նկարներու մէջ Յիսուս կը ներկայանայ երկար մազերով։

Պատասխան. Արուեստի մէջ Յիսուսը երկար մազերով նկարելը ունի մշակութային, պատմական եւ գեղարուեստական պատճառներ։ Արեւմտեան հասարակութիւններու մէջ երկար մազեր ունենալը կապուած է հոգեւոր մաքրութեան եւ իմաստութեան հետ. այդ համոզումը ունեցած են տարբեր կրօններ: Պէտք է նկատի ունենալ, որ Աստուածաշնչական այլ դէմքեր եւս ներկայացուած են երկար մազերով. հետեւաբար Յիսուսը երկար մազերով նկարելը կը ծառայէ ընդգծելու Անոր հոգեւոր աշխարհն ու Աստուածային էութիւնը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Ապրիլ 29, 2024