ԵՐԲԵՔ ՊԻՏԻ ՉՄՈՌՆԱՆՔ…

Մարդ կարելի՞ է որ մոռնայ մէկը, որ իր կեանքը Աստուծոյ է նուիրած եւ Աստուծոյ ըսած. «Իմ կեանքս, կամքս, սիրտս, միտքս, հոգիս ամբողջութեամբ Քեզի կու տամ։ Իմ կողմէս ո՛չ մէկ պայման, ո՛չ մէկ -եթէ-։  Դուն գրէ սրտիս տախտակին վրայ ի՛նչ որ կ՚ուզես որ ընեմ, ո՛ւր որ կ՚ուզես երթամ, ի՛նչ որ կ՚ուզես որ խօսիմ…»։ Եւ մէկը՝ որ այսպէս հնազանդեցաւ Աստուծոյ գերիշխան կամքին եւ խօսքին։

Կարելի՞ է մոռնալ մէկը՝ որ իր կեցուածքով եւ կենցաղավարութեամբ աւելի՛ «իշխանական» էր քան «արքայական գահ»ի ժառանգորդներ։ Մէկը՝ որ կեցուածք կ՚ունենար, երբ ուրիշին իրաւունքը կ՚ոտնակոխուէր, եւ կամ հոգեւոր սկզբունքներ կ՚անտեսուէին։ Հակառակ այս կեցուածքին, մէկը որ երբեք չէր քարանար անձնական շարժառիթներով։

Կարելի՞ է մոռնալ մէկը, որ կը սիրէր Աստուծոյ Խօսքը. հաւատարիմ եւ հնազանդ անոր։ Կը կարդար շարունակ եւ կը կարդացնէր միշտ, կը սորվէր եւ կը սորվեցնէր, կը սերտէր եւ սերտողութեան կը հրաւիրէր իր աշակերտները եւ իր շուրջինները։

Կարելի չէ՛ մոռնալ մէկը՝ որ հոգիներու հանդէպ սրտաբուխ, անկեղծ սէր ունէր եւ կ՚աշխատէր զանոնք կորուստէ փրկելու։ Անոնց հասնելու համար միջոցներ կը գործածէր։ Իրեն շնորհիւ, հեռացածներ կը մօտենային, կորսուածներ կը գտնուէին եւ կ՚անդրդառնային ճշմարտութեան։ Մէկը՝ որուն խօսքերը լեցուն հասկերու պէս «ծա՛նր» էին հոգեւոր ճշմարտութեամբ, այլ մատչելի եւ հաճելի ունկնդրողներու համար։

Մոռնալ կարելի չէ՛ մէկը՝ որ Աւետարանին ջահը միշտ վառ պահեց, այլապէս հաւատարիմ իր հաւատալիքներուն եւ գիտակից՝ թէ հոգեւոր զինուորը որ կը հետեւի Քրիստոսի, Աւետարանին ջահը միշտ վառ եւ վեր պէտք է պահէ։ Մէկը՝ որ հետեւողական, համբերատար եւ համեստ ծառայեց Աստուծոյ, Քրիստոսի Աւետարանին մեծ աւետիսը, փրկութեան եւ սրբութեան բարի լուրը տարածեց եւ հաւատարիմ մնաց իր կոչումին։ Աստուածաբան, քարոզիչ, աւետարանիչ, հովիւ, վարդապետ, ուսուցիչ՝ վերէն եկած կոչումով, աստուածային հրամանո՛վ։ Մէկը որ Աստուծոյ շնորհքով լեցուած, աստուածատուր յատկութիւններով եւ հմտութեամբ օժտուած, եւ այդ շնորհքը երբեք ապարդիւն չմնաց։

Մոռնալ կարելի չէ, չի մոռցուիր մէկը, որ հոգեւոր ծառայութեան դասընթացքներ կազմակերպած, բազմաթիւ աշակերտներ հասցուցած եւ զանոնք հոգեւոր ծառայութեան է առաջնորդած։ Մէկը որ Սուրբ Գիրքը հասկնալու եւ բացատրելու շնորհքը եւ իմաստութիւնը ունէր՝ որ ի վերուստ տրուած էր իրեն։ Ամէն հաւատացեալ ո՛չինչ ունի որ իրեն տրուած չըլլայ։ Մէկը՝ որ միշտ հաւատարիմ մնաց իր սկզբունքներուն, իր հաւատքին, իր հաւատալիքներուն, իր կոչումին. մէկը՝ որ միշտ հաւատաց որ տալը աւելի երանելի՜ է քան առնելը։

Արդարեւ, կան ոմանք որ Սուրբ Գիրքը լաւ չեն հասկնար, եւ սակայն «կը բացատրեն», աւելի շիտակ է ըսել.- բացատրել կը կարծեն։ Եւ անշուշտ ինչպէս ծուռ քանակէն ուղիղ գիծ չի ստացուիր, «թիւր» իմացութենէ ալ «բան» իմացութիւն դուրս չի գար։ Կան ուրիշներ ալ որ կը հասկնան, բայց չեն կրնար բացատրել, ընդունակութիւն եւ յատկութիւն կը պակսի անոնցմէ։ Բայց մէկը՝ որ թէ՛ հասկնալու եւ թէ բացատրելու շնորհները ունի՝ ան երբեք չի մոռցուիր, տպաւորուած կը մնայ միտքերու եւ սիրտերու վրայ։ Ան հնազանդ եւ հաւատարիմ մնաց «երկնային կոչ»ին եւ քարոզեց համարձակ՝ համոզեց, յորդորեց եւ երբեմն յանդիմանեց Աստուծոյ անունը կրող բայց զօրութիւնը ուրացող կամ անտարբեր գտնուող մարդիկը… ի՞նչպէս մոռցուի այսպիսի հոգեւոր ծառայութիւն մատուցանող մէկը։ Աստուծոյ կամքին ամբողջութեամբ հնազանդ ե՛ւ ենթակայ, առանց տրտունջի, առանց երկմտութեան, այլ միշտ փառք տալով ծառայող մէկը կարելի՞ է մոռնալ։ Եւ ան որ Աստուծոյ սիրոյն եւ անհո՜ւն բարութեան վստահելով իր վարմունքով եւ ապրելակերպով, կենցաղով ապացուցանեց իր վստահութիւնը, փաստեց հաստատութիւնը եւ հաւատքը Աստուծոյ անձին վրայ։ Ինքնավստահութեան հսկա՛յ մը, համբերատարութեան տիպա՛ր մը ի՞նչպէս մոռցուի եւ ի՞նչպէս չապրի սիրտերու մէջ միշտ կենդանի՛…։

Կորուստներ, նեղութիւններ, դժուարութիւններ, անյաջողութիւններ, ժամանակաւոր շեղումներ երբ այս բոլորը կ՚ընդունի մէկը ճշմարիտ հաւատացեալի վայել հանդարտութեամբ, ողջամտութեամբ, հաւատքով եւ քաջութեա՛մբ… անկարելի՛ է որ մոռցուի, քանի որ ան միշտ «տիպա՛ր» մըն է մարդկութեան։

Այդ անձին խօսքերը՝ որ մարդկային սրտերու մէջ գամուած կը մնայ, միտքերու մէջ ալ քանդակուած կ՚ըլլայ եւ այն որ մտքի մէջ քանդակուած, դրոշմուած է, ան երբեք չի՛ մոռցուիր՝ ամէն առիթով կու գայ եւ կը ներկայանայ սիրտերու եւ միտքերու առջեւ։ Եւ եթէ նոյնիսկ մարմնով ներկայ չըլլայ, հոգիով միշտ միասին է։

Հոգեւոր արժէքները կարելի չէ՛ չափել նիւթական եւ ֆիզիքական արժէքով, գնահատել զանոնք պարզ մարդկային ստուգանիշով, եւ քանի որ կարելի չէ անոնց արժէքը գնահատել, ապա ուրեմն անոնք կ՚ունենան եւ պիտի ունենան միշտ հակառակորդներ, որոնք զոհեր են անհասկացողութեան։ Բայց հակառակորդներ ալ չեն կրնար մոռնալ այդպիսի ճշմարիտ արժէք մը։ Երբեմն մարդիկ ժխտական կերպով կը յիշուին, բայց ինչ ալ ըլլայ շարժառիթը, չե՛ն մոռցուիր։

Եթէ մէկու մը ամբողջ կեա՛նքը, վարքը, եւ բարքը, ապրելակերպը շաղախուած է Քրիստոսի Աւետարանին ճշմարտութիւններով եւ սկզբունքներով եւ ոգիով. ան երբեք չի մոռցուիր՝ տպաւորուած կը մնայ միտքերու վրայ որպէս տիպա՛ր։ Եւ չեն մոռցուիր անոնք, որոնք հեղինակութիւն մը եղած են իրենց կեանքի ընթացքին՝ կեանք մը կարճ կամ երկար, բայց տպաւորութիւն գործո՛ղ, եւ հոգեւորապէս պարտական կը մնան իրենց հոգւոյն խորը մարդիկ, որոնք ազդուած եւ տպաւորուած են այդ «տիպար»էն։

Միշտ օրհնեա՛լ, միշտ օրհնաբե՛ր կ՚ըլլան այդպիսի տիպարներու մշտադալար եւ քրիստոսաբոյր յիշատակը։

Եւ մենք երբեք պիտի չմոռնա՛նք Մեսրոպ Պատրիարք Մութաֆեանը եւ պիտի վայելենք իր ներկայութիւնը մեր սրտերուն մէջ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունիս 7, 2019, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Յունիս 29, 2019