ԱՐԴԻ ՀԱՂՈՐԴԱՄԻՋՈՑՆԵՐ

Մարդս պէտք է չափաւոր եւ կշռուած վերապահութեամբ մօտենայ մարդոց «անհատական կեանք»ին։ Լրատուութեան ասպարէզին մէջ, լրատուական պատասխանատուները պէտք է «կշռուած համաչափութիւն» մը պահպանեն հասարակաց բարիքին պահանջքներուն եւ անհատական իրաւունքներուն միջեւ։ Արդարեւ, արդի ընկերութեան ծոցին մէջ, ընկերային հաղորդակցութեան միջոցները տեղեկատուութեան, մշակոյթի յառաջացման եւ կազմաւորումին նկատմամբ կարեւոր դեր մը ունին։

Այս կարեւոր եւ մեծագոյն դերը կը զարգանայ եւ կը կատարելագործուի արուեստագիտական յառաջդիմութիւններու, սփռուած լուրերու ընդարձակումին եւ զանազանութեան, հանրային կարծիքին վրայ գործած ազդեցութեան պատճառով։ Այս ուղղութեամբ հաղորդակցութեան միջոցներով կատարուող տեղեկատուութիւնը ի սպաս է «հասարակաց բարիք»ին։ Ընկերութիւնը իրաւունք ունի ճշմարտութեան, ազատութեան, արդարութեան եւ համընկերութեան վրայ հիմնուած տեղեկատուութեան մը։ Այս իրաւունքին ուղիղ գործածութիւնը կը պահանջէ, որ հաղորդակցութիւնը ըլլայ ըստ իր առարկային՝ միշտ ճշմարտախօս եւ արդարութեան եւ մարդասիրութեան պահանջքներուն եւ մարդկային արժանապատուութեան յարգանքին մէջ, ըլլայ ամբողջական ըստ իր կերպին, ըլլայ պարկեշտ եւ պատշաճ. այսինքն՝ լուրերու հաւաքումին եւ սփռումին մէջ բացարձակօրէն յարգէ բարոյական օրէնքները, մարդուն իրաւունքները, հիմնական ազատութիւնները եւ արժանապատուութիւնը։

Ուստի անհրաժեշտ է, որ ընկերութեան բոլոր անդամները այս մարզին մէջ եւս կատարեն արդարութեան եւ ճշմարտութեան իրենց պարտականութիւնները պատասխանատուութեան ամբողջ գիտակցութեամբ։

Ընկերութեան իւրաքանչիւր անդամ ընկերային հաղորդակցութեան միջոցները պիտի կիրարկեն հանրային առո՛ղջ կարծիքներու հաստատման, կազմաւորման եւ սփռումին սատարելու համար։ Այս կէտին, համընկերութիւնը կը ներկայանայ իբրեւ մէկ հետեւանքը ճշմարիտ եւ արդար հաղորդակցութեան, ինչպէս նաեւ ազա՛տ շրջագայութեան այն գաղափարներուն եւ տեսակէտներուն, որոնք ուրիշին ծանօթացումին եւ յարգանքին կը նպաստեն։ Հոս ալ կարեւորութիւն կը ստանայ «ընկերային բարիք»ը եւ հասարակաց օգուտը։

Այս իմաստով «ընկերային հաղորդամիջոց»ները, յատկապէս զանգուածի հաղորդասփռումները, կրնան յառաջ բերել որոշ «կրաւորականութիւն» մը զանոնք գործածողներուն մօտ, դարձնելով այս վերջինները անզգոյշ սպառիչներ պատգամներու կամ տեսաբաններու։

Ուստի ընկերային հաղորդամիջոցները գործածողները իրենք իրենց պիտի պարտադրեն չափաւորութիւն, կշռուած վերապահութիւն եւ կարգապահութիւն՝ զանգուածի հաղորդասփռումներուն դիմաց։ Անոնք պիտի կազմեն լուսամիտ, յառաջադէմ եւ ուղիղ խղճմտանք մը, որպէսզի աւելի դիւրաւ դիմադրեն նուազ չափով պարկեշտ ազդեցութիւններուն։ Այս առթիւ մամուլին պատասխանատուները իրենց պաշտօնին հանգամանքով պարտաւորութիւնը եւ պատասխանատուութիւնը ունին տեղեկատուութեան սփռումին մէջ ծառայելու ճշմարտութեան եւ չվիրաւորելու մարդկային արժանապատուութիւնը եւ չվնասելու մարդասիրութիւնը։ Անոնք հաւասար եւ բծախնդիր մտահոգութեամբ ջանք պէտք է թափեն նաեւ յարգելու դէպքերու իսկութիւնը եւ անձերուն հանդէպ քննադատութեան սահմանները։ Անոնք պէտք է խուսափին տեղի տալէ անուանարկութեան։

Այս ուղղութեամբ մասնայատուկ պարտականութիւններ կը ծանրանան քաղաքական իշխանութիւններուն վրայ «հասարակաց բարիք»ին պատճառով։

Հանրային իշխանութիւնները պարտին պաշտպանել եւ հովանաւորել տեղեկատուութեան ճշմարիտ եւ արդար ազատութիւնը։ Այս առթիւ պատիժ կը սահմանուի անոնց՝ որ անհատի համբաւը եւ անհատական կեանքին գաղտնիքի իրաւունքը կը բռնաբարեն։

Անոնք իրենց ժամանակին եւ պարկեշտօրէն պէտք է հաղորդեն այն տեղեկութիւնները, որոնք կը հային ընդհանուրի բարիքին, հասարակաց օգտին կամ կը պատասխանեն ժողովուրդին իրաւացի մտահոգութիւններուն։ Արդարեւ ո՛չ մէկ կերպով կ՚արդարանայ սխալ տեղեկութիւններու դիմելը լրատուական միջոցներով հանրային կարծիքը «խաղի բերել»ու համար։

Այս տեսակ միջամտութիւնները պէտք չէ վնաս հասցնեն անհատներուն եւ խմբակցութիւններու ազատութեան։ Ուստի բարոյականը մատնացոյց կ՚ընէ ընկերային այն վէրքը՝ որ կը կայանայ կանոնաւորապէս խեղաթիւրելու ճշմարտութիւնը, լրատուական միջոցներով տիրապետութիւն բանեցնելու հանրային կարծիքին վրայ։

Ճշմարտութիւնը ինքնիրմով ո՜րքան գեղեցիկ է…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունիս 21, 2019, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Յուլիս 29, 2019