ՀԱՅ ԿՆՈՋ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ՓՐԿՈՒԹԻՒՆՆ Է ՑԵՂԻՆ

Կ՚ափսոսամ, երբ նոր սերունդը «մտաւորական» կը ճանչնայ ու կը յիշէ միայն Պարոնեանը, Զօհրապը, Վարուժանն ու Օտեանը եւ մոռացութեան կու տայ բազմաթի՜ւ ուրիշներ՝ որոնք նոյնքան մեծութիւն եղած են՝ ինչքան վերոյիշեալները: Յաճախ կայ այն միտքը, որ անոնք աւելիով կը յիշուին իրենց ունեցած գրական բարձր որակին պատճառով, սակայն պէտք է խոստովանիլ, որ պոլսահայ գրող Տիգրան Երկաթ աւելի նուազ մտաւորական մը չէ եղած՝ քան Օտեան կամ Զօհրապ. բացէք եւ ուսումնասիրեցէ՛ք Տիգրան Երկաթի կեանքը: Անձ մը՝ որուն մասին սքանչացումով արտայայտուած է ֆրանսական եւ յունական մամուլը. անձ՝ որ եղած է Ֆրանսայի ամենէն յայտնի գրողներէն Էմիլ Զօլայի եւ Ժան Ժորէսի մտերիմ բարեկամներէն մին. իր արժանիքներուն վկայ համե՛ստ՝ սակայն իմացականութեամբ լեցուն իր ստեղծագործական կեանքը:

Այսօրուան մեր յօդուածը այդ մոռցուածներուն դժբախտ շարքին պատկանող այլ մտաւորական մըն է, որ հակառակ փափուկ սեռին պատկանելուն, գրականութեան ու ազգային կեանքի մէջ այնքան ալ փափուկ չէ՛ եղած եւ տղամարդու մը կորովով մամուլէն, բեմերէն ու ամպիոններէն բարձրաձայնած է այն՝ ինչ որ ի շահ մեր ժողովուրդին է: Քաջարի կին՝ որ 22 տարեկան հասակին հրատարակած է իր առաջին աշխատութեան ժողովածուն՝ որմէ տարի մը ետք երկրորդը. կին՝ որ ստանձնած է 11 ապրիլ 1879 թուականին գրող եւ մանկավարժ Զապէլ Ասատուրի Պոլսոյ մէջ հիմնած «Ազգանուէր հայուհեաց ընկերութեան» տնօրէնի պաշտօնը:

Զարուհի Գալէմքեարեան փշրելով քարացած մտածողութիւններն ու ըմբռնումները, ան այն ըմբոստ անձն էր, որ ընդունուածին հակառակ կը բարձրաձայնէր, թէ կնոջ կրթութիւնը տղամարդու կրթութենէն շա՜տ շա՛տ աւելի առաջ եւ կարեւոր է, որովհետեւ մօր մը ճամբով է որ զաւակներ կրթութիւն կը ստանան եւ արժէքներ կը սորվին եւ հետեւաբար լաւ ապագայ սերունդ մը ունենալու համար անհրաժեշտ է ունենալ զարգացած եւ կրթուած մայրեր. ան իր այս համոզումները կը բարձրաձայնէր «Հայ կնոջ դաստիարակութիւնը փրկութիւնն է իր ցեղին» խօսքերով. այս նիւթի կապակցութեամբ Զարուհի Գալէմքեարեան հայ բանասէր Թէոդիկի հրատարակած «Ամէնուն տարեգիրքը» հանդէսի փետրուար 1911-ի թիւի 424-րդ էջին մէջ կը գրէ. «Հայ կնոջ դաստիարակութիւնը փրկութիւնն է իր ցեղին, որովհետեւ ամէն նորութիւն, ամէն սովորութիւն կնոջ ձեռքով է որ կը մտնէ ընտանիքին, հետեւաբար մարդկութեան մէջ, երանի՜ այն ազգերուն որոնց կիներն ամենէն շատ զարգացածն են, երանի՜ այն տուներուն, ուր զարգացած ու դաստիարակուած կիներու հրապոյրը խառնուած է ընտանեկան մթնոլորտին մէջ. այդ ազգերը, այդ տուները չե՛ն կործանիր բնաւ, որովհետեւ մէկ դաստիարակուած մայր մը ամբողջ տուն մը, բոլոր ընտանիք մը կը կրթէ եւ ընտանիքներու դաստիարակութիւնը կ՚ապահովէ ազգերու պահպանութիւնը»:

Պարզ է որ ամուսնացող զոյգեր նոյն ենթահողն ու ընկերային ու մարդկային արժէքները չունենան, սակայն ամուսնութենէն որոշ ժամանակ ետք որոշ հասարակաց գիծ մը կը ստեղծուի անոնց միջեւ. կա՛մ կինը կամաց-կամաց իր ամուսնոյն կը վերածուի՝ եւ կամ ամուսինը՝ կնոջ եւ շատ մը սովորութիւններ փոխանակելով նոր արժեչափ մը կը ստեղծուի՝ որուն հայելին կը դառնայ իրենց լոյս աշխարհ բերած զաւակները: Ճշմարտութիւն է սակայն, որ տան մէջ զաւակը իր հօրմէն աւելի ժամանակ կ՚անցընէ իր մօր հետ եւ հետեւաբար բնական է զաւակը աւելի մօրը համոզումներն ու արժանիքները ունենայ՝ քան հօրը. պահ մը պատկերացուցէք աշխարհի լաւագոյն համլսարաններէն մին յաճախած ամուսին մը եւ անդին դպրոցի երես չտեսած իր կինը. հօրը ստացած կրթութիւնն ու վկայականները արժէք չունին՝ եթէ այդ մանուկը իր ժամանակի մեծ մասը պիտի անցընէ մօրը հետ՝ որ կրթութեան հետ որեւէ աղերս չունի:

Գալէմքեարեան այս մէկը կ՚ուզէ բացատրել քարացած մտածողութիւններուն, որովհետեւ զարգացած զաւակ ունենալու համար պէտք է ունենալ կրթուած մայր, որովհետեւ մայր մը իր զաւակին մէջ կրնայ ցանել միայն այն՝ ինչ ունի եւ հետեւաբար անգրագէտ մօրմէն գրագէտ հասարակութիւն սպասելը յուսախաբութիւն կրնայ ըլլալ պարզապէս:

Պէտք է յստակ տարբերութիւն մը դրուի, սակայն ուսումին եւ կրթութեան միջեւ, որովհետեւ իրականութեան մէջ անոնք որքան ալ նոյն իմաստը տալ փորձեն՝ իրարմէ տարբեր են: Փաստօրէն ամէն կրթուած կրնայ ուսեալ չըլլալ եւ ամէն ուսեալ՝ կրնայ կրթուած մը չըլլալ, թէեւ կրթութիւն եւ ուսում զիրար ամբողջացնել կը ձգտին: Այս տարբերութիւնն է պատճառը, որ մենք այսօր ունինք մեր շուրջ ուսում ստացած երիտասարդութիւն՝ առանց կրթութեան եւ անդին սերունդ մը՝ կրթուած՝ սակայն առանց ուսումի: Անցեալին կար այն մտայնութիւնը, որ ուսումը ինքնաբերաբար կը կրթէ մարդը, սակայն ժամանակ մը ետք մարդոց մօտ սկսաւ ստեղծուիլ այդ կարծուածին ճի՛շդ հակառակ կարծիքը. այսօր շատեր կը հաւատան, որ ուսում չստացած անձեր շա՜տ աւելի կրթուած են՝ քան անոնք որոնք ուսում ստացած են: Նոյնիսկ որոշ ժամանակ ստեղծուած էր այն կարծիքը, որ ներկայ կրթական (որ իրականութեան մէջ ուսումնական պէտք է կոչուի) ծրագիրը շատ աւելի համարձակ կը դարձնէ նոր սերունդը՝ ինչ որ ինքնաբերաբար հեռու կը տանի կրթութենէն:

Այսօրուան իրականութեան մէջ տարբեր բաներ են ուսեալ աղջիկն ու կրթուած աղջիկը եւ երկրորդն է, որ մարդիկ կը փորձեն առաւելաբար գնահատել, թէեւ Զարուհի Գալէմքեարեան առաջինին համար էր որ կը պայքարէր:

Պէտք է ընդունիլ, որ հայ ընտանիքը մայրիշխանութեան հաւատացող եւ հետեւող ընկերութիւն մըն է եւ հետեւաբար թէ՛ ներկայ եւ թէ՛ ապագայ սերունդը կամայ թէ ակամայ ճակատագրապէս կապուած է հայ մօր դաստիարակութեան եւ կրթութեան արդիւնքներուն:

Այսօր մենք պէտքութիւն ունինք նոր սերունդ մը՝ օժտուած թէ՛ կրթութեան եւ թէ՛ ուսումի գոհարով, որովհետեւ այդ երկուքը միանալով հրաշքներ կրնան տեղի ունենալ:

 

ԿԱՐՃ ՊԱՏՈՒՄՆԵՐ -107-

Լիբանան եւ Սուրիա շատ են տղամարդիկ, որոնք եկեղեցի երթալով հանդերձ երբեք եկեղեցի չեն մտներ, համոզուած ըլլալով որ եկեղեցին կիներուն, իսկ եկեղեցւոյ բակը տղամարդոց համար է։

Նման տղամարդոցմէ մին օր մը ստիպուած հոգեհանգիստի մը համար մուտք գործեց եկեղեցի եւ առաջին շարքը իր տեղը գրաւեց։

Պատարագի ընթացքին նկատեց, որ մարդիկ ձեռնուելով իրար երես կը համբուրեն. հերթը հասաւ իրեն եւ մարդ մը «Քրիստոս ի մէջ մեր յայտնեցաւ» ըսաւ. ըսուածը չհասկցաւ եւ իր քովը նստող եղբօրը դառնալով ձեռնուեցաւ, լաւ մը համբուրեց, չհասկնալով թէ եկեղեցւոյ մէջ ինչն է որ կը շնորհաւորեն...։

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 29, 2022