ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ ՃԱՄԲԱՆ (ԻԱ.)
Այսօր յաջողութեան համար պիտի ստեղծենք նոր պայման մը՝ նոր սահմանում մը. «առողջ դժգոհութիւն». ձախողութենէն յաջողութիւն անցնիլը կախուած է բաւարարուածութենէն, ինչպէս նաեւ առողջ դժգոհութենէն. իր էութեան մէջ առողջ դժգոհութիւնը մտածելակերպ է, որ կը հաւասարակշռէ դժգոհութիւնն ու գոհունակութիւնը. այս մէկն է, որ մարդուն մէջ կը ստեղծէ իր սեփական յառաջընթացը՝ գնահատելով հանդերձ միշտ ու միշտ դէպի բարելաւում ու բարօրութիւն տանողը, մարդուն մէջ ստեղծելով միշտ դէպի աւելի լաւը ձգտող յոյս եւ ուժ:
Առողջ դժգոհութեան հակառակ՝ անառողջ դժգոհութիւնը մարդուն մէջ կը ստեղծէ հիասթափութիւն, բացասական տրամադրութիւն. անառողջը կը յոգնեցնէ, իսկ առողջ դժգոհութիւնը կը ոգեշնչէ մարդը, օգնելով՝ որպէսզի անոր համար աւելի յստակ դառնայ ապագայ բարեկեցութիւնն ու հեռանկարը:
Դժգոհութիւնը շատ նուրբ գիծ մըն է. դժգոհութիւնն է, որ մարդը դէպի առաջ կը մղէ, դէպի յաջողութիւն կը տանի, սակայն նոյնինքն դժգոհութիւնն է, որ կը կործանէ մարդուն ստեղծած յաջողութիւնը։ Երբ մարդուն մօտ վերջ կը գտնեն դժգոհութիւնը եւ մարդ ինքզինք հանգիստ ու ապահով կը զգայ, իր մօտ վերջ կը գտնեն աճելու ունակութիւնն ու նպատակներու հետապնդումը. գուցէ այդ է պատճառը, որ յաջողած մարդիկ առանց բաւարարուելու նոր յաջողութիւններ կը հետապնդեն եւ շատ անգամ կ՚ուզեն իրենց հետ յաջողութեան հասնին նաեւ անձեր՝ որոնց մօտ պակաս է կամքը:
Կան բաներ, որոնք սխալ սորված ենք. օրինակի համար՝ կը կարծենք, թէ ճիշդ է մեծ նպատակներու ետեւէն վազելը. իրականութեան մէջ այդ մէկը ճիշդ է, սակայն շատ աւելի ճիշդ է փոքր յաջողութիւնները այդ մեծ նպատակին աստիճան դարձնելը։ Այսօր մենք շատ անգամ կը թերագնահատենք այս փոքր աստիճանները, սակայն անոնք մեզ կը բարձրացնեն հոն՝ ուր որ է մեր հեռանկարը: Կեանքի մէջ պէտք չէ ըլլան մեծ ու փոքր ձեռքբերումներ, որովհետեւ իւրաքանչիւր ձեռքբերում՝ անկախ իր չափէն, մարդուն համար նպատակներուն քայլ մը աւելի մօտիկ գալու միջոց է։ Պատկերացուցէք, որ կան երկու եղբայրներ. մին առատ ջուր գտնելու համար կը փորձէ հոր մը գտնել, իսկ միւս եղբայրը կը նախընտրէ ծորակէն կաթիլ առ կաթիլ եկող ջուրին տակ գաւաթ մը դնել. մեծ հորի մը յայտնաբերումը պիտի յագեցնէ անոնց ծարաւը, սակայն կաթիլ առ կաթիլ գաւաթին մէջ լեցուող ջուրը եւս կարճ ժամանակ մը ետք շատնալով դարձեալ պիտի յագեցնէ զիրենք։ Նոյնն է յաջողութեան փնտռտուքը. պէտք է կաթիլները հաւաքել եւ միաժամանակ փորձել գտնել հորը. եթէ կաթիլները անտեսուին, կրնայ ըլլալ հորը շաբաթ մը ետք յայտնաբերուի։ Այդ իսկ պատճառով յաջողութեան մեծը եւ պզտիկը պէտք չէ զանազանել, որովհետեւ իւրաքանչիւր փոքր յաջողութիւն մեր կեանքի հսկայ շէնքին մէկ քարն է: Պէտք է յիշել, որ աշխարհի մէջ ամենէն մեծ երեւոյթները անգամ փոքր սկիզբներ ունին՝ նոյնիսկ վատագոյնները։
Օրինակ վերցուցէք մարզիկներէն. այսօր 10 հազար մեթր վազող մարզիկը իր սկզբնական շրջանին սկսած է 100-ով, 200-ով եւ այսպէս քիչ քիչ զարգանալով հասած է այն մակարդակին՝ ուր որ է այսօր. նկարիչները իրենց առաջին գործերէն իսկ գլուխ գործոցներ չեն ստեղծած. ժամանակն ու փորձառութիւնը զիրենք դարձուցած է արուեստագէտներ, որովհետեւ անոնք գիտցած են լաւապէս գնահատել ու սորվիլ փոքրէն՝ որպէսզի այդ փորձառութիւնը հիմք ծառայէ ապագայ մեծին:
Փոքրին գնահատուիլը մեծին ծնունդ կու տայ եւ գնահատանքը անպայմանօրէն ուրիշէն պէտք չէ գայ. մարդ պէտք է ունենայ ինքնագնահատում։ Այսօր մանուկ մը եթէ որոշ շնորհքներ ցոյց կու տայ, սակայն կատարեալ ձեւով չի կրնար ներկայացնել, քննադատելու եւ սխալները մատնանիշ ընելու փոխարէն պէտք է գնահատել, որովհետեւ տասը տոկոսին գնահատուիլը եւս անոնց մօտ կը ստեղծէ ուժ՝ մնացեալ իննսուն տոկոսը եւս դարձնելու վատէն լաւ։ Մեծահասակներու պարագային կեանքը այնքան ալ արդար չէ դժբախտաբար. քննադատողներն ու սխալները մատնանիշ ընողները շատ աւելի պիտի ըլլան՝ քան ձեր ջանքն ու նպատակները գնահատողները. այդ իսկ պատճառով կարեւոր է սեփական գնահատանքը՝ հեռու մնալով, անշուշտ, ամբարտաւանութենէն եւ գոռոզութենէն, որոնք ինքնագնահատականէն տարբեր բաներ են:
Պէտք է փոքրը գնահատել, սակայն մանրուքներու վրայ չկեդրոնանալ. ձախողութեան մեծագոյն պատճառներէն մէկը մանրուքներն են, որոնք ժամանակաւորապէս կարեւոր «երեւելով» կը խանգարեն հիմնականին աճը եւ պատճառ կ՚ըլլան, որպէսզի մարդ լճացած մնայ հոն, ուր որ է. սակայն, միւս կողմէ, մանրուքները եւս կարեւոր են. այստեղ իրար հակասող բաներ չենք ըսեր. պարզապէս կ՚ուզենք ցոյց տալ, թէ ինչքա՜ն բարակ է կապը ձախողութեան եւ յաջողութեան մէջ գտնուող։ Մանրուքներուն վրայ քարացած մնալը մարդը ձախողութեան կը տանի, սակայն, միւս կողմէ, մանրուքները անտեսելը եւս մարդը ձախողութեան կ՚առաջնորդեն։ Հաւատացէք, որ կեանքին մէջ ձախողութեան տանող ճամբան մի՛շտ աւելի դիւրին է՝ քան դէպի յաջողութիւն տանողը, այդ իսկ պատճառով այս պայքարն ու ընթացքը եւս արուեստ մըն է, որ երկնային շնորհք ըլլալէ աւելի զարգացող արժէք մըն է եւ պէտք է մարդ անդադար զարգացնէ ինքզինք՝ որպէսզի այս բարակ կապին մէջ խեղդուելով ձախողութեան գիրկը չիյնայ:
•շարունակելի…
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Քանի՞ անգամ կարելի է ձախողիլ:
Պատասխան. Ձախողութիւնը մարդու կեանքին մէջ վերջակէտ մը չէ, այլ յաջողութեան ելքի ճամբան է: Ձախողութեան թիւը անսահման է. այնքան ժամանակ որ մարդ կարող է դասեր քաղել ձախողութիւններէն՝ սահման մը գոյութիւն չունի. իւրաքանչիւր ձախողութիւն յաջողութեան նոր մօտեցում մը կը բերէ եւ կը սրէ իմաստուն մարդուն ճկունութիւնն ու վճռականութիւնը: Ձախողութեան թիւերուն դէմ պայքարելու ձեւը յամառութիւնն է, իւրաքանչիւր ձախողութիւն դարձնելով հնարաւորութեան: Քանի մարդ քաջութիւն ունի դարձեալ փորձելու, ձախողութիւնը պարտութիւն չի կրնար դառնալ, այլ մարդը կը մղէ սորվելու եւ վերջապէս յաջողելու:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան