ՍԷՐ ԵՒ ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԻՒՆ

Մարդ արարածը կը զարգանայ զգացումներու տարափի մը մէջ։ Մանուկ հասակէն իսկ, մարդ կը շրջապատուի զանազան զգացումներու ազդեցութեամբ։ Ձայն մը, երաժշտութիւն մը մարդս կը տանի հեռունե՜ր, հաճելի եւ երբեմն ալ տխրալից զգացումներու, յիշատակներու կամ երազներու։ Արդարեւ, զգացումը տիրական է մարդուս ծնունդէն մինչեւ մահ, որ ընթացք կու տայ կեանքին։ Զգացումները, նաեւ իմաստ կու տան կեանքին՝ հաճոյք կը պատճառեն կամ երբեմն ալ՝ զզուանք, տառապանք եւ տաղտուկ։

Մարդուս կեանք տուողը զգացո՛ւմն է, քանի որ ան հոգիին մէկ արտայայտութիւնն է։

Ընդհանրապէս «անզգայ մարդ» կ՚ըսուի, բայց այս իմաստով անզգայ մարդ չկա՛յ, այլ՝ անտարբեր մարդ կայ, զգացումներուն չանդրադարձող մարդ, որ կարծես կեանքին օտար, կեանքին անծանօթ կ՚ապրի։

Ահաւասիկ, այս կէտին՝ սիրոյ եւ բարեկամական զգացումները մարդուս զգայական կեանքին ստոյգ չափանիշներն են։ Կ՚ըսեն, որ մարդ երբ ցաւ կը զգայ իր մարմնին վրայ, ան կ՚անդրադառնայ, թէ կ՚ապրի, իսկ եթէ ուրիշի մը ցաւը զգայ, ցաւակից ըլլայ ուրիշի մը, այն ատեն կը զգայ եւ կ՚անդրադառնայ, թէ ինք «մա՛րդ» է։ Ուրեմն, իսկական իմաստով «մարդ» ըլլալու համար ան պէտք է խորապէս զգայ սէրը եւ բարեկամական զգացումը։

Թէ ի՞նչ է «մարդ ըլլալ իրապէս»։ Ի՞նչ կը նշանակէ «մա՛րդ ըլլալ»։ Ան է, որ անհատ մը հաւատարիմ ըլլայ իր ստեղծմանէ ստացուած կոչումին՝ սիրել եւ իրերօգնութեամբ ծառայել իր նմաններուն։ Մարդ մինկ չէ՛ այս աշխարհի վրայ եւ ան ստեղծուած, աշխարհ եկած է իր նմաններուն հետ կեանք վարելու համար։ Ընկերային կեանքը մարդուն բնատուր ապրելակերպն է։ Ամէն մէկ մարդ իր նմանին՝ ուրիշ մարդուն համար կ՚ապրի, ուրիշ խօսքով իւրաքանչիւր մարդ հասարակութեան մը անդամը, տարրն է եւ պէտք է իրարու զօդուած, կապուած ապրին անոնք գոյապահպանուելու եւ գոյատեւելու համար։ Եւ այս կապը սէրը եւ բարեկամական զգացումներն են։

«Իրերօգնութիւն»ը մարդուս առաջնակարգ, էական կոչումն է, եւ այս կոչումը կ՚իրագործուի միայն անկեղծ սիրով եւ սրտաբուխ բարեկամական զգացումներով։

Մարդ երջանիկ կ՚ըլլայ երբ իր շուրջինները երջանիկ են, հաւաքականութեան մէջ երբ մէկ հոգի իսկ ապերջանիկ է՝ ոչ մէկը կատարելապէս երջանիկ կրնայ ըլլալ, ըլլալու չէ՛։ Երբ երջանկութեան մասին կը խօսինք, կը վերյիշենք այն միջադէպը, թէ երջանկութիւն փնտռող մէկուն կը յանձնարարեն երջանիկ մէկուն շապիկը հագուիլ։ Երկար ժամանակ կը փնտռեն երջանիկ մարդ մը եւ չեն կրնար գտնել։ Կը շարունակեն փնտռել եւ վերջապէս կը գտնեն երջանիկ մարդ մը՝ մերկ։ Մարդուն հարցուցին, թէ ինչո՞ւ մերկ է։ Ան պատասխանեց.- Որովհետեւ շապիկ չունիմ…

Այո, սիրելիներ, երջանիկ ըլլալու համար մեր շապիկը սէրը եւ բարեկամական զգացումներն են։ Եթէ մարդ ունի ճշմարիտ եւ անկեղծ սէր իր սիրտին մէջ եւ պատրա՛ստ է իր սէրը բաժնել իր շուրջիններուն հետ, ան երջանի՛կ է։ Եւ սէրը ուրիշներու հետ բաժնելու կերպն է բարեկամական զգացումներով տոգորուած ըլլալով իրար սիրել։

Սիրելի՜ ընթերցող բարեկա՛մ. սիրենք եւ յարգը գիտնանք մեր բարեկամներուն, անոնք են կեանքին աղբի՛ւրը…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Յունուար 3, 2024