ՏԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ԶՈՀԵՐ

«Դարերէ ի վեր ժողովուրդները տգիտութեան զոհեր են. կը լռեն, կը հնազանդին. բայց օր մը կը մռնչեն անոր դէմ, եւ իրենց մարտիրոսութեամբը կը սրբեն անիրաւութիւններու եւ նախապաշարումներու հետքը, թէեւ անկարող ըլլան միահաղոյն արմատախիլ ընելու անիրաւութիւններն ու նախապաշարումները, որոնք շարունակ կը ծլին, եւ թէպէտ ոչ նոյն զօրութեամբ, սակայն բաւական ուժ ունին վերստին թունաւորելու եւ ապականելու ընկերութիւնը»։ Այսպէս կ՚ըսէ Սրբուհի Տիւսաբ։ Արդարեւ, տգիտութիւնը ամենամեծ արգելքն է մարդուն յառաջդիմութեան եւ լուսաւորութեան, քանի որ ան խաւարի եւ մութի, յետադիմութեան կ՚առաջնորդէ մարդս։

Տգիտութեան միշտ համընթաց է նախապաշարումը, քանի որ տգէտ մարդը երբեք բանականութեամբ չի շարժիր, ուսումնասիրելու, քննելու, դատելու՝ արդիւնքի մը պատճառը հարցաքննելու կարողութենէն զուրկ է։ Արդարեւ, տգիտութիւնը, մարդս պարտաւոր կ՚ընէ ընդունելու ամէն ինչ՝ առանց դատելու՝ առանց անոնց բնոյթը հասկնալու։ Մինչդեռ բանաւոր էակ մարդուն կը վերաբերի որեւէ վիճակ կամ կացութիւն ընդունիլ կամ չընդունիլ ուսումնասիրելէ յետոյ։

Որեւէ հարցի շուրջ կանխակալ ըլլալ տգիտութեան արդիւնք է. «Այս ա՛յսպէս է», կ՚ըսէ մէկը, միւսը կը պատասխանէ հարցումով մը. «Ինչո՞ւ»։ Առաջինին պատասխանը նոյնն է. «Որովհետեւ այս ա՛յսպէս է»։

Շատ յաճախ կարելի է վկայել այսպիսի երկխօսութիւններու մեր առօրեայ կեանքին մէջ, ուր կարելի է նկատել տգիտութեան, կանխակալութեան դժբախտ երեսը։ Մինչդեռ մարդ բնականաբար եւ բանականութեան շնորհիւ կ՚ուզէ գիտնալ պատճառը ամէն իրողութեան, քանի որ ամէն իրողութիւն անպայման ունի պատճառ մը, նպատակ մը եւ իմա՛ստ մը…։

Զոր օրինակ, կան ասացուածներ, որոնք առաջին անգամ կը խրտչեցնեն, բայց երբ մարդ միտքը դնէ թափանցել անոնց ուղեծուծին, կը տեսնէ թէ ո՛չ միայն ամէն մարդու խորհրդածութեան մատչելի են անոնք, այլեւ կարեւոր են երջանիկ եւ օգտակար կենցաղավարութեան համար։ Եւ ահաւասիկ, այս կարգէն է «կեանքին փիլիսոփայութիւնը» ասացուածը։

Անշուշտ դիւրին չէ՝ համեմատաբար «երջանիկ» եւ «օգտակար» կենցաղ մը ապահովել իր անձին։ Ուստի պէտք է վերլուծել ընթացիկ կեանքը, զտել զայն այն տարրերէն, որոնք թշնամի են մարդկային կեանքին արդարակշիռ երջանկութեան եւ արդիւնաւորութեան. մտցնել անոր մէջ այն պակաս տարրերը կամ զօրացնել տկար մնացած այն տարրերը, որոնք նպաստաւոր են յիշեալ կրկին տեսակէտին։ Ահաւասիկ ա՛յս է որ կը կոչուի «կեանքին փիլիսոփայութիւնը ընել»։ Արդարեւ փիլիսոփայութիւն կամ իմաստասիրութիւն կ՚ենթադրէ թափանցել իրողութեան ներքին ծալքերուն՝ պատասխան փնտռել «ի՞նչ», «ինչո՞ւ», «ինչպէ՞ս» հարցումներուն, այսինքն որեւէ իրողութեան պատճառը, նպատակը եւ իմաստը հասկնալու աշխատիլ եւ ըստ այնմ շարժիլ. ընդունիլ կամ չընդունիլ՝ գործադրել կամ չգործադրել զայն։

Եթէ ամէն ատեն անհրաժեշտ պայման է եղած «կեանքին փիլիսոփայութիւնը»՝ համեմատաբար արժէքաւոր եւ երջանիկ կենցաղի համար՝ մասնաւոր կարեւորութիւն մը կը ստանայ ան՝ պատմական որոշ շրջաններու մէջ, մանաւանդ ճգնաժամային դժուար պահերուն։ Ուստի այդպիսի շրջաններու՝ մարդիկ մոլորեալ ուղեւորի մը, ալեկոծ ծովու մը մէջ անղեկ նաւով մը նաւարկողի վիճակը կ՚ունենան։ Ի՞նչ է որ կը պակսի անոնց։ Ինչ որ կը պակսի՝ այն որոշ սկզբունքներն են, որոնք կեանքը համեմատաբար երջանիկ եւ արդիւնաւոր կ՚ընեն, եւ որոնք, բեւեռային աստղին կամ կողմնացոյցին դերը կը կատարեն կեանքին ճամբորդութեան մէջ։ Բայց հարցը սա է. իրապէս գոյութիւն ունի՞ն անոնք, յաւիտենապէս ճշմարիտ այդ սկզբունքները։ Իմաստասէրներ թո՛ղ վիճաբանին իրարու մէջ այդ սկզբունքներէն մէկուն կամ միւսի ճշդութեանը կամ ազդեցութեանը մասին. իսկ մեզի, սովորական մահկանացուներուս, ողջմտութիւնը կը բաւէ՝ ընդունելու եւ կիրարկելու համար այդ սկզբունքներուն մէջէն զանոնք, որոնք ընդհանրապէս ճշմարիտ դաւանուած են կեանքի փորձառութեան մէջ։

Ուստի մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներու լուրջ խորհրդածութեան կը յանձնենք այդ սկզբունքներուն մէջէն մէկ երկու կրօնա-բարոյական տուեալներ, ընդհանրապէս անտեսուած մէկ երկու հիմնական պայմաններ բարւոք կենցաղավարութեան։

Նախ պէտք է ընդունիլ, որ կենցաղավարութիւնը «գեղարուեստական» գործ մըն է. միշտ լաւագոյնս «քանդակագործել» մեր նկարագիրը, մեր կենցաղին վրայ կարելի եղածին չափ խորունկ դրոշմել իտէալի կնիքը, ահա՛ ինչ որ մեզմէ իւրաքանչիւրը կոչուած է ընելու, նոյնիսկ մանաւանդ մարդկային պատմութեան մէջ՝ այն այլամերժօրէն նիւթապաշտ շրջանին զոր կ՚ապրինք։ Ընկերականապէս խեղճուկ եւ անհատապէս ապերջանիկ էակ մըն է ան, որ իտէալէ մը չ՚առաջնորդուիր իր կենցաղավարութեան մէջ։

Եւ ինչպէս որ քանդակագործը ստիպուած է մարմարիոնէն բեկորներ զոհել՝ իր արձանը կերտելու համար, այնպէս ալ «կեանքին արձանագործ»ը ստիպուած է յանձն առնել զոհողութիւններ, այն է՝ զոհել բնական փափաքները, որոնք եթէ իրենք իրենց թողուէին՝ զիրար պիտի յոշոտէին։

Ուստի հա՛րկ է բանականութեան հակակշիռի ենթարկել բնական փափաքները՝ կիրքերը։

Արդարեւ, գիտութիւնը եթէ միանայ բանականութեան հետ՝ կեանքը դիւրատար կ՚ըլլայ եւ երջանիկ կ՚ապրի մարդ։ Գիտութիւնը կը լուսաւորէ բանականութեան ճամբան եւ այն ատեն մարդ, մեծ մասամբ պատասխան կը գտնէ իր հարցումներուն, անշուշտ եթէ ունի «հարցում»ներ կեանքի մասին։ Իսկ այն՝ որ «հարցում»ներ չունի իր ապրած կեանքին մասին, ան «պարապ կեանք» մը կ՚ապրի, աննպատակ, անիմա՛ստ…։ 

Հարցումով մը վերջացնենք. «Առանց գիտութեան կարելի՞ է գաղափար ունենալ, գաղափար կազմել եւ յայտնել որեւէ հարցի շուրջ»։

Ի՞նչ է ձեր կարծիքը այս մասին սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 27, 2019, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 3, 2019