ԾԱՐԱՆԱԼ ՈՒ ՓՈՔՐԱՆԱԼ ՈՒԶՈՂՆԵՐԸ

Մարդկային կեանքն ու ապրումները հակադրութիւններով լեցուն բեմ մըն է, ուր ուրախութիւնը պար կը բռնէ վիշտին հետ, համբերութիւնը իր գոյութեան պայքարը կը մղէ յուսահատութեան դէմ, սէրը իր հաշտութիւնը կ՚ուզէ կնքել ատելութեան հետ: Այսպէս քաոսային մթնոլորտի մը մէջ կը փորձենք իւրաքանչիւրս հասնիլ դէպի նաւահանգիստ՝ որ յաճախ չէ՛ որ կը պատահի:

Մեր կեանքը պարզապէս հակասութիւններու ամբողջութիւն մըն է. գրեթէ ամէ՛ն երեւոյթի պարագային կարելի է գտնել հակասութիւն մը. իւրաքանչիւր տարիք ունի իր մտածումը, իր ըմբռնումն ու համոզումը, որոնք յաճախ մտածելու առիթ կը ստեղծեն. օրինակի համար, հիմա դիմացս ունիմ պատանիներ, որոնք հոգի ու սիրտ կու տան՝ որպէսզի մեծահասակներ դառնան. անոնց մօտ երիտասարդութիւնն ու չափահասութիւնը որոշ հրապոյր մը ունի, սակայն անոնց դիմաց կը տեսնեմ այլ հակադրութիւն մը. բազմաթիւ չափահասներ երանի՜ կու տան եւ կ՚ուզեն վերադառնալ իրենց պատանեկութեան օրերուն. այսօր պզտիկը կ՚ուզէ մեծնալ, իսկ մեծը՝ պզտիկնալ. մանուկը կը զարդարուի ու կը պճնուի՝ որպէսզի մեծի երեւոյթ ստանայ, իսկ մեծը դարձեալ կը զարդարուի ու կը պճնուի՝ սակայն այս անգամ որպէսզի աւելի փոքր երեւոյթի տիրանայ... ու ակամայ կը սկսինք մտածել, թէ ո՞րն է լաւը. մեծնա՞լը՝ թէ փոքրանալը:

Երկուստեք պայքար մը կայ ժամանակին դէմ՝ մին կ՚ուզէ ժամանակը տանիլ դէպի ետ, իսկ միւսը՝ դէպի առաջ, սակայն ժամանակը այդ պայքարին դիմաց անտարբեր, կը շարունակէ իր վազքը: Կարդալով հիները կը հասկնանք, որ այս պայքարը նոր գոյամարտ մը չէ. մեր թուականէն աւելի քան դար մը առաջ հայ մեծագոյն գրողներէն մին՝ Աւետիս Ահարոնեան կը գրէր. «Անչափահասներու, փոքրիկ մանուկներու ծեր երեւնալու տենչը մեր կեանքի ողբերգութիւններէն է, որ մեր արշալոյսի ժամանակ կ՚ապրինք ժպտալով: Դէպի մահ աճապարելու այդ դաւադիր ու մութ տենչը բնութեան մեծագոյն գաղտնիքն է: Ի՛նչ խռովիչ, ի՛նչ ապշեցուցիչ հակառակութիւն. մանուկը՝ սքանչելի անգիտակցութեամբ ծերութիւն կ՚երազէ, իսկ ծերը, իր տարիներու բեռին տակ իր մանուկ օրերու արեւն ու յուշերը կը փնտռէ՝ հոգին ջերմացնելու համար: Երկուքն ալ խաղալիք են անագորոյն զօրութեան»:

Այս բոլորին մասին աւելիով կը սկսիմ մտածել, երբ ամէ՛ն օր, անտարբեր մեռելութեան մը մէջ կը տեսնեմ վերջերս Արցախէն գաղթած ծերունին, որ ամբողջ օրը անտարբերութեամբ աչքերը կը սեւեռէ անյստակ կէտի մը. կը փորձէ թաղին երկայնքով քայլել, պահ մը ետք նոյն անտարբերութեամբ աչքերը սեւեռելու համար: Անոր աչքերուն մէջ կը նշմարեմ նահանջը կեանքի ու զինք տեսնելով կամայ թէ ակամայ կը սկսիմ հարցադրել ծերութեան ինչութիւնը ու կամաց կամաց կը սկսիմ նկատել, որ այս պայքարը համամարդկային պայքար մըն է. մեզմէ ո՞վ դպրոցական եղած ժամանակ չմտածեց աւարտել, ըլլալ համալսարանական, ըլլալ ազատ, ըլլալ մեծ. մեզմէ ո՞վ չուզեց նմանիլ իր մեծահասակներուն, ո՞վ չկապկեց եւ մեծի հովեր չփորձեց ստանալ. իսկ այսօր, որ ունինք այդ մեծութիւնը, ինչո՞ւ համար աւելի անուշ սկսած է թուիլ դպրոցական օրերը. պայքարով ձեռք բերուած երիտասարդութիւնը, ինչո՞ւ կը նահանջէ այսօր:

Փիլիսոփայութեան մէջ այս երեւոյթը կը բացատրուի որպէս իսկութեան եւ ինքնահաստատման մարդկային փնտռտուք մը. ծնունդ մը՝ հասարակութեան ակնկալիքներու եւ ճնշումներու: Սակայն փիլիսոփայութիւնը կու գայ մարդուն սորվեցնելու ծերանալու անխուսափելիութիւնը, փորձելով մարդոց համոզել, որ արտաքնապէս երիտասարդ երեւոյթ ստանալու փոխարէն կեդրոնանան եւ ընդունին այն բոլորը՝ ինչ որ մարդկային կեանքի անբաժան մէկ մասը կը կազմէ:

Պէտք է նկատի ունենալ, որ մարդ արարած յաւերժութեան կողքին մի՛շտ ալ փնտռած է յաւիտենական երիտասարդ մնալու գաղտնիքները եւ աշխարհի մարդկութեան մեծամասնութիւնը այսօր այդ հիւանդութենէն կը տառապի. այդ երեւոյթը մեր սեփական ինքնութեան հետ մեր յարաբերութիւնն է:

Մեր գրականութեան հսկաներէն Յակոբ Պարոնեան իր «Թատրոն» աշխատութեան «Բառերու նոր սահմաններ» խորագրեալ աշխատութեան մէջ ծերութիւն բառը հետեւեալ ձեւով կը բացատրէ. «Մահուան հետ ճիլվէ ընել» եւ օր մը չէ օր մը՝ մենք բոլորը այս ճիլվէ ընողներուն շարքին պիտի անցնինք. հակառակ ամէ՛ն տեսակ պայքարներուն, ո՛չ մանուկը պիտի յաջողի մեծահասակ դառնալ, եւ ո՛չ ալ մեծահասակը մանուկ. այսօրուան մեծնալ ուզողը վաղուան փոքրանալ ուզողը պիտի դառնայ եւ անիմաստ ձեւով կեանք մը ամբողջ փուճ պայքարի մը մէջ պիտի գտնէ ինքզինք: Իւրաքանչիւր տարիք ունի իր իմաստը, իր ապրումներն ու զգացումները. այսօր բոլորը կ՚ուզեն ծերութենէ խուսափիլ, մոռնալով, որ Աստուծոյ համար ինչքա՜ն երանելի են ծերերը. այդ տարիքին արժէքը գիտնալու համար բաւարար է կարդալ Աստուածաշունչը. Յոբի գիրքին մէջ կը կարդանք, որ ալեւորութիւնը իմաստութիւն է (Յոբ 12.12). երանի՜ թէ երիտասարդներու եւ մանկանալու այդ պայքարը ի գործ դրուէր լաւ մարդ դառնալու, որովհետեւ մարդուն արժէքը իր տարիքով չէ՛ որ կը չափուի։ Մարդկային կեանքի մէջ, ինչպէս նաեւ հոգեւոր գետնի վրայ, տարիքը պարզապէս թիւեր են. մարդուն մէջ ո՛չ թէ տարիք, այլ մարդկային արժէք կ՚ուզենք տեսնել, որուն կարօտը ունինք մեծապէս: Մի՛շտ ալ պիտի ապրինք նոյն պայքարով, մտաբերելով այն ճշմարիտ խօսքը, որ ամէ՛ն բան տարբեր պիտի ըլլար, «եթէ երիտասարդները գիտնային, իսկ ծերերը՝ կարենային»:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ո՞ր կենդանին ամենէն երկարը կ՚ապրի:

Պատասխան. Ամենէն երկար ապրող կենդանին շանաձուկն է (մանաւանդ somniosus microcephalus անունով յայտնի շանաձուկերը). անոնք կրնան ապրիլ մօտաւորապէս 400 տարի եւ աւելի: Անոնք առաւելաբար կ՚ապրին Սառուցեալ ովկիանոսի խոր ջրերուն մէջ: Չափով անոնք բաւականին երկար են, ինչ որ պատճառ կ՚ըլլայ, որպէսզի դանդաղ ըլլան, ինչ որ կ՚ապահովէ իրենց երկարակեացութիւնը: Ցուրտ միջավայրը նաեւ կը նպաստէ երկարակեացութեան, որովհետեւ ցուրտը կը դանդաղեցնէ կենսաբանական գործընթացները:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 3, 2024