ԹՇՈՒԱՌՈՒԹԵԱՆ ԳԵՐԻՆԵՐԸ
Մարդկային գոյապայքարին մէջ մարդ «որսալու» լաւագոյն առիթը դժուարութիւն ու թշուառութիւնն է. աշխարհի մեծագոյն կազմակերպութիւնները այդ մէկը լաւապէս գիտեն եւ երբեք առիթ բաց չեն ձգեր յայտնուելու այդտեղ՝ ուր ծնունդ կ՚առնէ դժուարութիւնն ու թշուառութիւնը: Ինչքան ալ տարօրինակ թուի, ասոր մաս կը կազմեն նաեւ բազմաթի՜ւ հոգեւոր կեդրոններ ու կառոյցներ, որոնք նիւթական հարստութեան «ոչինչութիւն»ը քարոզելով, նոյնինքն այդ դրամին օգնութեամբ կը փորձեն մարդ «որսալ» եւ իրենց շարքերը ընդլայնել՝ այդ բոլորը քօղարկելով «առաքելութիւն» եւ կամ «ծառայութիւն» անուան տակ: Կայ խոցելի խաւը շահագործելու ճգնաժամ մը, որ իր դժբախտ պայմաններու մէջ որպէս «բախտաւորութիւն» կը դիտուի շատերու կողմէ:
Մեր օրերուն դժբախտանալը, մանաւանդ նիւթական առումով կը նշանակէ դառնալ թիրախ բոլոր այն գիշատիչներուն համար, որոնք այս առիթը կը փորձեն վերածել շահի. յանկարծ որպէս մարդասէր նման կազմակերպութիւններ կը յայտնուին զանազան օգնութեան առաջարկներով, որոնք այդ վայրկեանին կրնան «փրկութիւն» թուիլ, սակայն միշտ ալ անոնց ետին պահուած կ՚ըլլայ ծածուկ նպատակ մը՝ քօղարկուած «մարդասիրութիւն» անուան տակ: Օրինակի համար՝ աղանդաւորական շարժումներ նիւթական եւ պարենային օգնութիւն կ՚առաջարկեն, ծածուկ կերպով «պարտադրելով», որ այդ թշուառութեան մէջ գտնուող անձերը իրենց աղանդին անդամ դառնան եւ այսպիսով իրենց մարդկային «պէտք»երը ապահովեն. այսպիսով նիւթական օգնութեան ճամբով կը մեծցնեն իրենց շարքերը. կամ տանք այլ օրինակ մը, որ տարածուած է Հայաստանի մէջ. նիւթական դժուարութեան պահերուն որպէս «փրկութիւն» կը յայտնուի կազմակերպութիւն մը եւ որոշ պայմաններով վարկեր կը խոստանայ. այդ վայրկեանին խոստացուած գումարը կը թուի «փրկութիւն» ըլլալ եւ անձը իր այդ թշուառութեան մէջ չի՛ նկատեր, որ նման քայլ մը ապագային շատ աւելի դժուարութիւններ պիտի յառաջացնէ, որովհետեւ մարդ արարած առաւելաբար իր ներկան կը մտածէ՝ քան ապագան. նման պայմաններ անձերը աւելի անդունդ կը գլորեն: Մարդ իր ապագան չի կրնար մտածել մանաւանդ այն ժամանակ, երբ իր ներկան դժնդակ վիճակի մը մէջ գտնուի: Մարդ իր թշուառութեան պարագային քիչ ընտրութիւններ ունի, այդ իսկ պատճառով էութեամբ վնաս թուացող բարիքն անգամ զինք պիտի գրաւէ եւ այդ պահուն որպէս փրկութիւն թուի:
Մարդկային կեանքին մէջ գոյութիւն ունի ներկան փրկելու կացութիւն մը. նոյնիսկ մեծ պարտքերու մէջ խեղդամահ եղող անձ մը իր ջանքը կը թափէ, որպէսզի այս կամ այն վճարումը կատարելու կացութիւնը փրկէ, մոռնալով որ մէկ կացութեան փրկութիւնը այլ կացութեան մը ահազանգը պիտի տայ: Իրականութեան մէջ այս կարճատեսութիւնը թերութիւն մը չէ եւ կարելի չէ մեղադրել մարդը, որովհետեւ գոյատեւման պահանջները զինք կը մղեն նման քայլերու: Նման մարդ մը նման է ճակատամարտի մասնակցող զինուորի, որ կռուելու կողքին պարտաւոր է նաեւ ապահովել իր գոյութիւնը՝ յաճախ վիրաւորուելով իսկ, միտքին մէջ ունենալով մէկ բան՝ փրկութիւն: Թշուառութեան զոհ գացող ամէ՛ն մարդ փրկուելու պայքար կը մղէ. շատեր պարտուած դուրս գալով կը յուսահատին եւ այդ պարտութիւնը կը վճարեն իրենց կեանքով իսկ, սակայն ուրիշներ մինչեւ վերջին շունչ՝ թէկուզ յոգնած այդ պայքարը մղել կը փորձեն: Մարդ կ՚ուզէ վերջ տալ իր անմիջական ցաւերուն, մտածելով որ ապագային օրը օրին կը պայքարի միւս ցաւերուն հետ, հիմնականը ներկան յուզող հարցերը վերացնէ: Այս է մարդկային կեանքը. ներկայ ցաւը պատճառ կ՚ըլլայ անտեսել ապագայ ցաւերը: Թշուառութիւնը կը մթագնէ մարդուն դատողութիւնը եւ վնասակար ընտրութիւնը անգամ կը գեղեցկացնէ, որովհետեւ ներկայ ճգնաժամը արգելք կը հանդիսանայ տեսնել ապագան:
Պէտք է լրջօրէն մտածել. մեղաւոր է մարդը, որ առողջ չի՞ կրնար դատել, թէ այդ «փրկիչ»ները: Թող ժամանակն ու Աստուած ի՛նք դատէ:
Որպէս թերթ ու լրագրող, մենք յարգանք ունինք բոլոր կրօնական կազմակերպութիւններուն ու յարանուանութիւններուն հանդէպ, սակայն պատմութիւնը կարելի չէ կեղծել. հինը ուսումնասիրելով կը տեսնենք, թէ ինչպէս օտար յարանուանութիւններ մուտք գործեցին մեր հայկական շրջանակներէն ներս. թշուառութեան մէջ գտնուող հայը այդ ժամանակ որդեգրեց «ուր հաց՝ հոն կաց» նշանաւոր խօսքը, որովհետեւ կրնայ ըլլալ ժամանակ, որ նիւթական հացը հոգեւոր հացէն շատ աւելի առաջնահերթ կրնայ թուիլ, որովհետեւ մարդու գոյապայքարը այդ նիւթեղէնն է, որ կը փնտռէ: Չենք ուզեր մէկը քննադատել, սակայն բոլորս ալ գիտենք, թէ ինչպէս Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ զաւակները դարձան այլ յարանուանութեանց «զաւակ»ներ, որովհետեւ դժուարութեանդ ժամանակ հասնողը կ՚ըլլայ քու եղբայրդ, հայրդ ու մայրդ՝ քան արիւնակիցդ:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Հոգեբանական վիճակը առողջանալու հետ կապ ունի՞:
Պատասխան. Այո՛, հոգեկան առողջութիւնը վճռորոշ դեր կը խաղայ հիւանդութիւններէ առողջանալու պարագային: Դրական հոգեվիճակը կրնայ զգալիօրէն նպաստել բուժուելու ընթացքին, նուազեցնելով նեղութիւնն ու զօրացնելով մարմնի պաշտպանողական համակարգը: Վատ հոգեկան վիճակը կը դանդաղեցնէ առողջանալու ընթացքը: Հոգեկան վիճակը մեծ ազդեցութիւն ունի մարմնական առողջութեան վրայ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 10/07/2024
- 10/07/2024