ԱՆՑԵԱԼԻ ՍՈՎՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Սա յայտնի իրողութիւն է, թէ մարդկային միտքը որքան զարգանայ, նոյնքան կը փոխուին ապրելակերպեր, սովորութիւններ։ Ուստի մարդկային կեանքը կը փոխուի մարդուն արձանագրած մտային յառաջդիմութեան համեմատ։ Եւ այսպէս կը փոխուին սովորութիւններ։ Այս իմաստով, արդի ապրելակերպեր եւ սովորութիւններ անցեալի վարժութիւններու փոխուած եւ զարգացած ձեւերն են, որ թէեւ մնացած են անցեալի մէջ, բայց այսօրուանը լաւ հասկնալու համար օգտակար է տեղեկութիւն ունենալ անոնց մասին, խորհելով որ այսօրուաններն ալ պիտի փոխուին մարդկութեան յառաջդիմութեան համընթաց։

Զոր օրինակ, արեւելեան ժողովուրդներ, անցեալի մէջ, ընդհանրապէս կը խօսէին օր-ւան կամ որեւէ ժամանակամիջոցի մէկ մասին վրայ, այնպէս, իբր թէ այն մասը ըլլար յիշեալ միջոցին ամբողջը։

Այսպէս Յիսուս ըսաւ իր անձին համար թէ «երրորդ օրը յարութիւն պիտի առնէ» (ՄԱՐԿ. Ժ 34), եւ երբ Յովնանի օրինակը մէջբերելով յայտնեց, թէ գերեզման պիտի մտնէ, ըսաւ. «Որդին մարդու պիտի ըլլայ երկրիս սրտին մէջ երեք օր ու երեք գիշեր» (ՄԱՏԹ. ԺԲ 40)։ Արդ, յայտնի է թէ ըստ ճիշդ հաշուի Յիսուս մնաց գերեզմանին մէջ ամբողջ օր եւ կէս միայն, այսինքն ուրբաթ օրը արեւուն մուտքէն մինչեւ կիրակի օրուան արշալոյսը. բայց վերոյիշեալ սովորութեան համեմատ յայտնի է, թէ թէպէտ «երեք օր» եւ «երեք գիշեր» բառերը կը նշանակեն երեք ցերեկ եւ երեք գիշեր, այսինքն՝ երեք ամբողջ օր, սակայն Քրիստոս, որ այլ եւ այլ մասերու բաժնուած «երեք օրուան» իւրաքանչիւրին մէկ մասը, այն է՝ ուրբաթի երեկոն, շաբաթի ամբողջ օրը եւ կիրակի օրուան առաւօտը միայն անցուց գերեզմանին մէջ։

Նոյն սովորութեան համեմատ «ամբողջ օր» հաշուելով օրերու մասերը՝ կրնար ըսել թէ «երրորդ օրը յարութիւն պիտի առնէ» եւ թէ «Որդին մարդու պիտի ըլլայ երկրիս սրտին մէջ երեք օր եւ երեք գիշեր», այսինքն՝ «երեք օր»։

Հրեաներ ունէին ուրիշ շատ սովորութիւններ։ Զոր օրինակ, Տաղաւարահարաց «տօնին վերջի մեծ օրը» ժողովուրդը ջուր կը հանէր Սելովամի աւազանէն, որուն ջուրը կը բխէր Տաճարին մօտ ապառաժէ մը։ Այս ջուրին մէկ մասը կը խմէին՝ ցնծութեան եւ ուրախութեան ձայներով երգելով Եսայի Մարգարէի սա խօսքը. «Ուրախութեամբ ջուր պիտի քաշէք փրկութեան աղբիւրներէն» (ԵՍ. ԺԲ 3). մնացորդը կը թափուէր երեկոյեան զոհին վրայ։

Հաւանաբար այս սովորութիւնը կ՚ակնարկուի մեր Տիրոջ այն խօսքով, որ յիշուած է Յովհաննէսի Աւետարանին մէջ. «Տօնին վերջին եւ հանդիսաւոր օրը, Յիսուս ոտքի կանգնած՝ բարձրաձայն կ՚ըսէր.- Ով որ ծարաւ է՝ թող ինծի գայ եւ խմէ։ Ով որ ինծի կը հաւատայ, ինչպէս Սուրբ Գիրքը կ՚ըսէ.- Անոր սիրտէն կենսատու ջուրի գետեր պիտի բխին» (ՅՈՎՀ. Է 37)։

Զատկի տօնին ժամանակ Երուսաղէմի բնակիչները կը պատրաստէին յատուկ սենեակներ, որոնց մէջ որեւէ օտարական կըր-նար կատարել տօնը։ Քրիստոս ղրկեց Պետրոսը եւ Յովհաննէսը որպէսզի գտնէին այսպէս նոյն նպատակաւ պատրաստուած սենեակ մը. (ՄԱՐԿ. ԺԳ 12-16)։

Նախնիներու մէջ կային նաեւ կնքելու վերաբերեալ շատ սովորութիւններ։

«Կնիք»ը ընդհանրապէս մատանիի ձեւով էր. ասոր վրայ կը փորագրուէր տիրոջը անունը։ Կնքելը՝ կնքուած իրը զգուշութեամբ կամ գաղտնի պահելու համար էր. (ՅՈԲ. ԺԴ 17), (ԵՍ. ԻԹ 11), (ԴԱՆ. Զ 17)։ Կնիքը, դարձեալ, կը ցուցնէր մուրհակներու կամ գրութիւններու վաւերականութիւնը (ՆԷԵՄ. Թ 38), (ԵՍԹ. Ը 8), եւ երբեմն կը ցուցնէր թէ կնքուած իրը կը պատկանի կնիքի տիրոջ (ՀՌՈՄ. Դ 11), (Բ ՏԻՄ. Բ 19), (ՅԱՅՏ. Է 2-3)։

Հին Հռոմի մէջ տղաք նախ առանձին կերպով որդեգիր կ՚ընդունուէին. յետոյ որդեգրութիւնը կառավարութեան վաւերացումով կը հաստատուէր հրապարակաւ, եւ այս վերջին կերպով որդեգրուած անձեր կ՚ըլլային իրենց հայրագրին ժառանգ։ Ուստի քրիստոնեաներու համար ըսուած է, թէ որդեգրութեան հոգին առած են (ՀՌՈՄ. Ը 15-23), սակայն կը սպասեն իրենց որդեգրութեան, այսինքն՝ իրենց մարմիններուն ազատութեան, այն է՝ որդեգրութեան ի գործ դրուելուն, կամ հրապարակաւ եւ ի պաշտօնէ ճանչցուելուն, եւ այս պիտի կատարուի Տիրոջ գալստեան ժամանակ։

Մեր Տիրոջ օրով Պաղեստինի թագաւորներ սովոր էին երթալ Հռոմ, որ ընդունէին իրենց իշխանութեան հաստատման հրաման կամ ուրիշ շնորհք կայսերէն եւ ծերակուտէն։ Հերովդէս, նաեւ անոր որդիները, այս պատճառաւ գացին Հռոմ։ Ուստի առակը զոր խօսեցաւ Յիսուս, ըսելով. «Ազնուական մարդ մը հեռու երկիր գնաց իրեն թագաւորութիւն առնելու եւ դառնալու…» (ՂՈՒԿ. ԺԳ 12-27), այն ժամանակի սովորութեան համեմատ էր եւ կ՚ընծայէ Աւետարանին ճշմարտութեան գէթ անուղղակի ապացո՛յց մը։

Հին ժամանակներուն երբ տէրութեան դէմ իբրեւ յանցաւոր ամբաստանեալ անձ մը դատաստանի մատնուէր, դատաւորները քուէով կու տային իրենց վճիռները, անոնք որ կ՚ուզէին ամբաստանեալին ազատութիւնը՝ քուէտուփին մէջ կը նետէին ճերմակ խիճ, իսկ անոնք որ կ՚ուզէին դատապարտութիւնը՝ կը նետէին սեւ խիճ։ Ուստի ըսուած է թէ Տէրը ճերմակ խիճ մը պիտի տայ անոր որ յաղթէ. (ՅԱՅՏ. Բ 17)։

Խաչելութիւնը Հրէական պատիժ չէր, այլ՝ Հռոմայակա՛ն. եւ կը տրուէր գերիներուն կամ այնպիսի անձերու միայն, զորս չարաչար խայտառակել կ՚որոշուէր։

Հռոմայեցի մը երբեք չէ՛ր կրնար պատժուիլ խաչելութեամբ։ Այսպէս Քրիստոս «հեթանոսներուն» մատնուեցաւ, եւ իր մահուան ժամանակ «անօրէններու հետ սեպուեցաւ…»։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 29, 2020, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 3, 2020