«ՀԱՄԼԷԹ»Ի ՆԱԽԱՏԻՊԸ

Բոլորիս ծանօթ է Շէյքսփիրի «Համլէթ»ը։ Արդարեւ «Համլէթ»ի նախատիպը Ամլէթ անունով սկանտինաւեան առասպելի մը հերոսն է, զոր գրի առած է դանիացի Սաքսոն Կրամադիկոս 12-րդ դարուն։

Այս առասպելը ֆրանսերէնի վերածուած է պատմագիր Պելբորենի կողմէ, իսկ Շէյքսփիրի մոգական գրչին տակ շունչ եւ կենդանութիւն է ստացած ան։ Ուստի Շէյքսփիրի «Համլէթ»ը մօտաւորապէս չորս դարէ ի վեր իր շուրջ ստեղծած է միջազգային հարուստ գրականութիւն մը։

Շէյքսփիր՝ «Մակբէթ»ը, «Օթելլօ»ն, «Արքայն Լիր»ը, «Համլէթ»ը ստեղծագործած միջոցին, անոնց իւրաքանչիւրով մարդկային խաւարատարած անսահման հոգեկան աշխարհին մէջ, իրերայաջորդ նոր հանգրուաններ յայտնաբերեց։ Լոնտոնի «Blackfrias» հրապարակի խարխլած թատրոնի բեմը ելած օրը, երեք հազար տարուան դասական ողբերգութեան կուռքը աքացիի հարուածով մը տապալեց եւ գոյութիւն ունեցող թատրոնի աշխարհը փլցնելով, անոր տեղ նո՛ր մը հիմնեց։

Վիքթոր Հիւկօ իրաւամբ, իր հռչակաւոր «Գրոմվէլ»ի նախաբանին մէջ, տրամայով բացուող նոր մարդու իմաստին եւ նոր մարդկութեան, Շէյքսփիրով սկսիլը կը գրէ։ Արդարեւ, Շէյքսփիր, ընդհանուր գրականութեան եւ գեղարուեստի պատմութեան մէջ «հանճար» անուանուող հազուագիւտ անձերէն մէկն է եղած։

Եւ դարձեալ Վիքթոր Հիւկօ գեղեցիկ մէկ նմանութեան համաձայն «երեք հազար տարիէ ի վեր Տրովաթայի աւերակներուն շուրջ՞ քառասմբակ սուրացող Թեսփիսի (=Thespis) կառքը, վերջապէս հիւսիսի այս խորիմաստ եւ մառախլապատ հերոսը կանգնեցուց»։

Շէյքսփիրի ստեղծագործութիւնները ակներեւ կը դարձնեն՝ թէ բանաստեղծութեան, գրականութեան եւ մշակոյթի ճակատին վրայ յեղաշրջում յառաջացնելու, մեծ գործ կատարելու համար, «յեղափոխական հերոս»ներու դրուատիքը հիւսել եւ կամ յեղափոխութեան մասին գրել անհրաժեշտ չէ՛։ Շէյքսփիր, Կէօթէ, որ եւս «հանճար» անուանուած է, եւ ուրիշներ հսկայ «յեղաշրջում»ներ են յառաջացուցած թատրոնի եւ բանաստեղծութեան ճակատին վրայ, առանց յեղափոխութեան կամ յեղաշրջումի մասին բառ մը իսկ գրելու իրենց գործերուն մէջ…։

Բացայայտ է սակայն, թէ՝ ժամանակի զանգուածներու ձգտումները մեծ ազդեցութիւն կը գործեն արուեստագէտներու ստեղծագործութիւններուն վրայ։ Արդ, պարզ կը դառնայ, թէ Շէյքսփիր, ապրած ըլլալով Աւատապետական՝ արիստոկրասիի կործանման եւ առեւտրարդիւնաբերական խիզախ դասակարգի մը երեւան գալու շրջանին, կրցած է հսկայ ողբերգութիւններ արտադրել, ի տես այս երկու դասակարգերու տխուր պայքարին։ Որովհետեւ Շէյքսփիրի գործերուն մէջ դարերով սրբագործուած հասարակական ձեւերու, ասպետականութեան եւ աւատապետականութեան կործանումը աւելի՛ սուր արտայայտութիւն մը գտած է քան թէ անոր յաջորդող «նոր»ի հիմնումը, այս չի նշանակեր, որ Շէյքսփիր «հին»ին համակիր եւ կողմնակից էր։

Ուստի աւատապետականութեան՝ արիստոկրասիի կործանումը ցոյց տուած է իր ազդեցութիւնը ընդհանրապէս գեղարուեստի եւ գրականութեան մարզին մէջ։ Հետեւեալ տողերը զորս Շէյքսփիր, իր հերոսի՝ Համլէթի բերանը դրած է, խիստ յատկանշանական են եւ ցոյց կու տան, թէ Շէյքսփիր համակրանք ունի «նոր»ի հանդէպ։ «Վերջերս կը նկատեմ թէ՝ գիւղացիին ոտնամատը, պալատականի կրունկին կը դպի եւ այս ցաւ կը պատճառէ վերջինին…»։

Շէյքսփիրը, անտարակոյս, կարելի է վերլուծել բազմակողմանի կերպով, տարբեր տեսանկիւններէ դիտելով զայն, որովհետեւ ան բանաստեղծութեան, արուեստի եւ թատրոնի աշխարհին վրայէն անցնող բոլոր փոթորիկներու ակը եւ աղբիւրն է։ Անծայրածիր ովկիանոս մը թատերական աշխարհի յեղաշրջման վրայ, յեղաշրջման ճակատին վրայով ներկայացուած։ Խորիմաստ փիլիսոփայ մը՝ իր «Համլէթ» գործին մէջ, որու մասին ահա մի քանի ամփոփ օրինակներ։ Համլէթ անունն է այն քա՛ջ, ազնիւ եւ վրէժխնդիր արքայազունին, որ անհանգիստ է թագաւոր հօր յանկարծակի մահուան եւ թագուհի մօր, հօրեղբօր, որ այժմ թագաւոր է՝ Գլոտիուսի (=Claudius) հետ ամուսնանալու լուրէն շանթահա՛ր։ Բարկութենէն կատղած, խիստ կասկածոտ, սակայն եւ այնպէս իր ձգտումներուն գերիշխող է իր միտքը։ Էլսինորի մէջ նախկին թագաւորի ուրուականը տեսնող պահապաններ եւ Հօրաշիօ (=Horatio) Համլէթի բարեկամը, անոր լուր կու տան. Համլէթ անձամբ կու գայ Էլսինոր եւ կը խօսի իր հօր ուրուականին հետ. կ՚իմանայ եղելութիւնը, իր հօր ոգիէն, թէ՝ ի՛նչպէս Գլոտիուս թագուհիի մեղսակցութեամբ թունաւորելով մեռցուց զինք. «Զիս խոցող օձը, այժմ գահին վրայ բազմող ի՛ժն է», կ՚ըսէ ուրուականը։ Վրէժ կը պահանջէ. Համլէթ կ՚երդնու վրէժ լուծել բոլորէն… Եւ ահաւասիկ հո՛ս կը սկսի իր երկընտրանքը. տարակոյսի հսկա՜յ ալիքներ կը չարչրկեն իր Վիւթէմպէրկի համալսարանական հսկայ միտքը…։

«Լինել թէ՛ չլինել». երկընտրանքի միջոցին, կեանքի այս ամենէն խորհրդաւոր, ճակատագրական եւ նո՛յնքան իմաստալից պահուն ո՞րն է հոգեպէս աւելի ազնիւ, ինչպէս հարց կու տայ Համլէթ. տեսնել անարգ բախտի պարսաքարե՞րը եւ սլաքնե՞րը, թէ զէնք վերցնել ցաւերու եւ վիշտերու ծովի մը ընդդէմ եւ դիմագրաւելով վե՛րջ տալ բոլորին…։

Եւ կեանքի մէջ բոլորիս կը հանդիպի նման երկընտրանքի պահ մը, իմաստութիւն, հմտութիւն, փորձառութիւն պահանջող պահ մը՝ որուն պատրաստ ըլլալու ենք ուշադրութեամբ։

Երկընտրանքներէն երկրորդը՝ «զէնք վերցնել…», բայց որո՞ւ դէմ, «վերջ տալ» որո՞ւն. Համլէթի պարագային՝ նախ թագաւորին, յետոյ բոլորին…։ Սակայն լուծումը այսքան պարզ չէ, քանի որ Համլէթի հոգեբանութիւնը խիստ բա՛րդ է։ Արդարեւ, Համլէթ անմիջապէս իր զգացումներէն տարուող մէկը չէ. դէպքերը եւ փաստերը մէկիկ մէկիկ բազմակողմանի կերպով չքըն-նած գործի չ՚անցնիր։ Ան վայրկեանի տպաւորութիւններու տակ «սուր քաշող» ասպետ մը չէ Լաէրթի (=Laertes) նման, Բոլոնիուսի տղան, եւ ոչ ալ Սաքսոն Կրամադիգոսի Ամլէթին պէս կիսավայրենի մը, այլ խորհող, դատող, կշռող փիլիսոփայ մը։ Ան աւելի փաստեր կը փնտռէ թագաւոր Գլոտիուսի մեղսակցութեան վերաբերեալ։ Համլէթի այս ոչ-բնականոն ընթացքը, Բոլոնիուս (=Polonius) - Լորտ Չէմպրլէյն - կը վերագրէ իր աղջկան՝ Օֆելիայի (=Ophelia) սիրահարուած ըլլալուն…։

Արդարեւ, Շէյքսփիր, իր «Համլէթ»ով կ՚իջնէ մարդկային հոգիին խորը՝ մէկ մէկ վերլուծելով ամէն հոգեվիճակ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յունուար 28, 2020, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Յունուար 30, 2020