ՃՇՄԱՐԻՏ ԲԱՐԵԿԱՄԸ

«Դուք իմ բարեկամներս էք» (ՅՈՎՀ. ԺԵ 14)։

Անկեղծ, ճշմարիտ բարեկամը հարստութիւն է, քանի որ այսպիսի բարեկամ մը ունեցողը ինքզինք ապահով կը զգայ՝ գիտնալով որ իր նեղութիւններուն մէջ իր հետ պիտի ունենայ վստահելի անձ մը եւ պիտի օգնէ իրեն։

Սակայն կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, թէ մարդու բարեկամութիւնը ժամանակաւոր է, կրնայ փոխուիլ, կրնայ աւրուիլ, մինչեւ իսկ թշնամութեան վերածուիլ։ Մարդ կրնայ հարուստի մը բարեկամը ըլլալ, բայց հարուստ բարեկամը որքան ալ սիրէ իր աղքատ բարեկամը, երբեք զայն իր ժառանգակիցը չ՚ըներ։

Մարդ որքան ալ սիրէ իր բարեկամը, չ՚ուզեր եւ չի կրնար զոհել իր կեանքը՝ մեռնիլ իր բարեկամին համար։ Բարեկամը որոշ չափով կը դիմանայ, կը տոկայ իր բարեկամին նեղութիւններուն, ցաւերուն եւ վիշտերուն, յետոյ ատեն մը կու գայ որ երես կը դարձնէ։

Բարեկամը, հակառակ պարագայի մը՝ իր բարեկամը կրնայ լքել։ Բարեկամներ շատ անգամ «կեղծ» բարեկամներ կ՚ըլլան, կարծեցեալ բարեկամներ, կրնան զիրար վիրաւորել, այնպէս որ այդ վէրքը երբեք չի բուժուիր։

Բարեկամը, իր բարեկամին համար իր փառքը եւ իր դիրքը չի զոհեր, այլ կրնայ  լքել զայն եւ հեռանալ…։

Բայց ճշմարիտ բարեկամ Յիսուսի բարեկամութիւնը մշտնջենաւոր է՝ անփոփոխ եւ յաւիտենակա՛ն։ «Յիսուս սիրելով իրենները, մինչեւ վերջն ալ սիրեց զանոնք» (ՅՈՎՀ. ԺԳ 1)։

«Եւ ահա ամէն օր ես ձեզի հետ եմ, մինչեւ աշխարհի վախճանը» (ՄԱՏԹ. ԻԸ 20)։

Յիսուս աղքատներու եւ տգէտներու բարեկամ եղաւ եւ զանոնք իրեն ժառանգակից ըրաւ, (ՀՌՈՄ. Ը 17)։ Յիսուս երբեք շահ չի սպասեր իր բարեկամներէն, այլ Ինք Իր էութեամբը շա՛հ է իր բարեկամներուն։ Յիսուս Իր կեանքը տուաւ՝ զոհեց Իր բարեկամներուն համար. մինչեւ իսկ Իր թշնամիներուն համար։

Յիսուս միշտ կ՚ըսէ. «Եկէք ինծի բոլոր յոգնած եւ բեռնաւորուածներ, ես ձեզ պիտի հանգչեցնեմ» (ՄԱՏԹ. ԺԱ 28)։ Յիսուս երբեք չի լքեր իր բարեկամները, որքան ալ անոնք Իրեն պէս չխորհին, անհաւատարիմ ըլլան Իրեն։ Յիսուս միշտ հաւատարիմ է իր բարեկամներուն նկատմամբ։ Յիսուսի մէջ կեղծիք չկա՛յ։ Ան միշտ անկեղծ եւ ճշմարիտ բարեկամ է կեանքի բոլոր պայմաններուն մէջ. «Յիսուս Քրիստոս նո՛յնն է երէկ, այսօր, յաւիտեան» (ԵԲՐ. ԺԳ 8)։ Ան տիպա՛րն է անկեղծ, ճշմարիտ եւ հաստատ բարեկամութեան։

Յիսուս միշտ ներող է, Ան մեզմէ ստացած վէրքերը կը ներէ եւ այլեւս բնաւ չի յիշեր, ոխակալ չէ՛։ Ան կ՚ըսէ. «Քու յանցանքներդ ինծի համար պիտի ջնջեմ, եւ քու մեղքերդ ալ պիտի չյիշեմ» (ԵՍԱՅ. ԽԳ 25)։ «Եթէ եղբայրդ մեղք գործէ՝ յանդիմանէ՛ զինք, եւ եթէ զղջայ՝ ներէ՛ իրեն։ Նոյնիսկ եթէ մէկ օրուան մէջ եօթն անգամ քեզի դէմ մեղանչէ եւ եօթն անգամ քեզի գալով ըսէ.- Կը զղջամ, պէտք է ներես իրեն» (ՂՈՒԿ. ԺԷ 3-4)։

«Տէ՛ր, քանի՞ անգամ եթէ եղբայրս մեղանչէ ինծի դէմ՝ պէտք է ներեմ իրեն. մինչեւ եօ՞թը անգամ։

«Յիսուս պատասխանեց.- Ո՛չ թէ եօթը անգամ, այլ եօթանասուն անգամ եօթը» (ՄԱՏԹ. ԺԸ 21-22)։

Արդարեւ, ներողամտութիւնը Քրիստոսի բնութի՛ւնն է, Իրմէ անբաժան նկարագի՛րը։

Յիսուս Իր Աստուածային բնութիւն ունենալը, Իր Աստուածութիւնը երբեք արգելք կամ պատճառ չնկատեց Իր Անձը ունայնացնելու՝ ծառայի կերպարանք առնելով մարդոց ծառայելու, մարդոց նեղութիւնները, ցաւերը, վիշտերը կրելու եւ խոնարհաբար խաչուեցաւ՝ խաչի մահուան դատապարտուեցաւ եւ այս բոլորը ըրաւ անձնը-ւիրաբար Իր ինկած մեղաւոր բարեկամներուն համար։ Ան միշտ ծառայեց մարդկութեան՝ Իր բարեկամներուն. «Որովհետեւ Մարդու Որդին, Ինքն ալ, չեկա՛ւ ուրիշներու կողմէ ծառայութիւն, սպասաւորութիւն ընդունելու, այլ սպասաւորելու եւ իր կեանքը շատերու համար որպէս փրկագին տալու» (ՄԱՐԿ. Ժ 45)։

Եւ մարդոց միջեւ այսպիսի անկեղծ, ճշմարիտ եւ անձնուէր «բարեկամ» մը գտնել ո՜րքան դժուար է…։

Բայց այսպիսի «բարեկամ» մը ունենալը անհրաժեշտ է, քանի որ մարդ սկիզբէն ի վեր կոչուած է իրերօգնութեան։ Ամէն մարդ ուրիշի մը օգնութեան կը կարօտի, որովհետեւ մա՛րդ ինքնաբաւ չէ, կատարեալ չէ, եւ միշտ ունի թերութիւն մը, տկարութիւն մը, եւ կարիքը ունի ուրիշի մը վստահելու, ապաւինելու եւ օգնութիւնը վայելելու կարենալ գոյապահպանուելու եւ գոյատեւելու համար։

Ապա ուրեմն ինչպէ՞ս ունենալ ճշմարիտ բարեկամ մը, որուն կարենայ վստահիլ իր կեանքը։

Նախ պէտք է գտնէ, ճանչնայ, սիրէ եւ համաձայնի իրեն։ Ասիկա Ան է՝ որուն պատուիրանները պէտք է պահել, քանի որ Յիսուս կ՚ըսէ. «Եթէ զիս կը սիրէք, իմ պատուիրաններս կը պահէք» (ՅՈՎՀ. ԺԴ 15)։ Ուրեմն սիրելու համար նա՛խ պէտք է ճանչնալ եւ յետոյ համամտիլ, հնազանդիլ եւ վստահիլ իր սիրածին։ Կ՚արժէ այս «բարեկամ»ին պատուիրանները պահել, քանի որ անոնք կեա՛նք են, եւ երբեք ծանր բաներ չեն. (Ա ՅՈՎՀ. Ե 3)։

Յետոյ լման վստահիլ՝ հաւատալ «Բարեկամ»ին՝ Յիսուսի։ Անոր խօսքը մտառութեամբ, ուշադրութեամբ լսելով եւ սերտելով, անկէ սնունդ առնել եւ ապրիլ Իրեն համար, Իրեն հաւատարիմ մնալ։

Հաւատարմութիւնը բարեկամներու միջեւ անհրաժեշտ է, քանի որ ան հիմն է ամէն առողջ փոխյարաբերութեան, եւ հաւատարմութիւնը պէտք է տեւական զօրանայ եւ աճի սիրով։

«Բարեկամ»ին խոստումներուն կատարեալ վստահելով պէտք է միշտ հաղորդակցութեան մէջ ըլլալ Իրեն հետ, ինչ որ կը նշանակէ՝ անդադար աղօթել, զԻնք շատ մօտ եւ մտերիմ զգալ. «Քանզի ուր որ երկու կամ երեք հոգի հաւաքուած ըլլան Իմ անունովս աղօթելու համար Հօրս, հո՛ն եմ ես, անոնց մէջ միշտ ներկա՛յ» (ՄԱՏԹ. ԺԸ 20)։

«Բարեկամ»ը՝ Իր խոստումները հաւատարմութեամբ կատարող Փրկիչ է եւ անպայման կը կատարէ։

Ա՛ն է ճշմարիտ, անկեղծ, հաւատարիմ բարեակամը։

Եւ ճշմարիտ բարեկամը կը սպասէ, կը հոգայ, կը համբերէ, կը հասնի, կը կրէ, կը զոհէ եւ կը զոհուի եւ կը ծառայէ, կ՚օգնէ իր բարեկամներուն առանց ձանձրանալու։ Արդարեւ Յիսուս է յաւիտենական կեանքի ճամբան՝ ճշմարտութիւնը եւ կեա՛նքը։ Ուստի կ՚արժէ ամէն ինչ զոհելով սիրել զԱյն, ինչպէս եւ Ինք սիրեց մեզ՝ Իր բաեկամները։

Սիրել զԱյն բոլոր սրտով, բոլոր հոգիով, բոլոր զօրութեամբ. Ան է ամենագէտ, ամենազօր, ամենասէր ճշմարիտ բարեկամը՝ Յիսուս Քրիստոս բարեկամը։ Եւ Ա՛ն է որ մեզ կը փնտռէ, կը գտնէ եւ Իր ուսերուն վրայ կը կրէ մեզ, մեր բոլոր մեղքերով եւ ախտերով, եւ իրապէ՛ս կ՚արժէ զԱյն սիրել եւ վստահիլ ամբողջ սրտով, ամբողջ հոգիով, ամբողջ միտքով եւ ամբողջ զօրութեամբ։

Եւ ինչպէ՞ս չի փնտռել, չի սիրել, չի մտերմանալ եւ չունենալ այսպիսի անզուգական ճշմարիտ եւ անկեղծ Բարեկա՛մ մը…։ Ուստի, սիրելի՜ բարեկամներ, խընդ-րենք. «Տէ՛ր եղիր մեր բարեկամը եւ մենք ըլլանք Քու բարեկամդ յաւիտեան»։

Այս անզուգական ճշմարիտ Բարեկամը՝ Իր բարեկամութեամբ տիպար մըն է մեզի, ուստի ընդունինք Անոր բարեկամութիւնը մեր սրտերէն ներս, քանի որ Ա՛ն է սքանչելի՜, հիանալի՜ Փրկիչը, խորհրդակից, հզօր Աստուածը, հաւատարիմ Աստուածը՝ անկե՛ղծ Բարեկամը, յաւիտենականութեան Հայրը, խաղաղութեան Իշխա՛նը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 21, 2019, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 30, 2019