ՓԱՐԻՍԵՑԻ ՀԱՅԵՐԸ

Տարիներ առաջ հրապարակախօս, արձակագիր եւ բանաստեղծ Դերենիկ Դեմիրճեան զարմանալով հայու ինչութեան մասին կը բարձրաձայնէ. «Արդեօք բան մը կը հասկնա՞ք հայէն... որքա՜ն տարօրինակ, հանելուկային արարած է. որքա՜ն խաբուսիկ»: Այս հանելուկային իրավիճակը մինչեւ օրս վերացած չէ, որովհետեւ աւելի քան կէս դար ետք հայը կը շարունակէ պահել իր տարօրինակութիւններն ու խաբուսիկութիւնը:

Աշխարհի երեսին դժուար է գտնել ազգ մը, որ հայերէն աւելի ծանօթ ըլլայ Աստուածաշունչի եւ հոգեւոր օրէնքներուն, մարդասիրական պատասխանատուութեան, եղբայրասիրութեան գաղափարին քաջածանօթ ըլլայ, սակայն միաժամանակ այդ բոլորը գիտնալով հանդերձ աշխարհի վրայ դժուար է գտնել ազգ մը՝ որ հեռու կը մնայ անոնց կիրառումէն ինչքան հայը:

Այդ իսկ պատճառով յաճախ կը մտածեմ, որ մե՛նք եւս շատ անգամ Փարիսեցի, շատ անգամ ա՛լ Ղեւտացիներ ենք:

Յիսուս Քրիստոս իր առակներէն մէկուն՝ «Բարի Սամարացի»ին մէջ կը պատմէ. «Մարդ մը Երուսաղէմէն Երիքով կ՚իջնէր: Ճամբան աւազակներու ձեռքը ինկաւ, որոնք կողոպտելով՝ մերկացուցին զինք, վիրաւորեցին եւ կիսամահ վիճակի մէջ ձգեցին ու գացին: Պատահեցաւ որ քահանայ մը (Փարիսեցի մը) նոյն ճամբայէն կ՚անցնէր: Տեսաւ վիրաւորը, բայց ճամբան շեղելով անցաւ գնաց» (Ղուկաս 10.30-30): Վստահաբար Փարիսեցին՝ որպէս մոլեռանդ օրէնքի պաշտպան ու բարեպաշտութեան կանոններու ուսուցանող գիտէ՛ր, որ պարտաւոր էր օգնել անկեալ աւազակներու ձեռքը ինկած ու վիրաւորուած մարդուն, սակայն ճամբան շեղելով հեռացաւ:

Մենք՝ հայերս մեր անկեալ, վիրաւոր, կեղեքուած հայրենակիցներու դիմաց մի՛շտ ալ եղած ե՛նք եւ ցայսօր Փարիսեցիներ են՛ք. կը տեսնենք անոնց անկեալ վիճակը, սակայն կը բաւարարուինք հեռուէն ցաւակցելով, յաճախ «Աստուած օգնէ» մը փսփսալով, իրենց պարտաւորութիւնը յանձնելով ա՛յն Աստուծոյ, որ իրենց պատուիրած էր օգնել անկեալին:

Վերջին մի քանի տարիներուն, մանաւանդ Սուրիոյ եւ Լիբանանի դժուարին պայմաններէն ետք, օրական դրութեամբ կը տեսնենք դժուարութիւններն ու թշուառ կեանքը մեր հայրենակիցներուն, զանազան նկարներու եւ ժապաւէններու ճամբով: Նոյն այդ դժբախտութիւնը կը տեսնենք Կիւմրի, Վանաձոր եւ Սպիտակ ցայսօր թիթեղէ հիւղակներու մէջ ապրող մեր հայորդիներուն մօտ, որոնք կ՚ապրին մարդկային տարրական կարիքներէ զրկուած. այդ բոլորը մենք կը տեսնենք, սակայն կը բաւարարուինք Փարիսեցիի նման մեր ճամբան շեղելով:

Համացանցի մէջ նման գրառումներու տակ գրուած մեկնաբանութիւնները մի՛շտ կը կարդամ. միայն տեսնէ՜ք թիւը մեղքացողներուն, խղճացողներուն, իրենց համար աղօթողներուն, զիրենք Աստուծոյ յանձնողներուն ու ամենէ՛ն կարեւորը «խելք տուող»ներուն, իսկ անդին կայ խումբ մը, որ մի՜շտ նոյն յանկերգը կը կրկնէ. «Ո՞ւր են կուսակցութիւնները... ո՞ւր են եկեղեցիները... ո՞ւր են մեր հայկական կազմակերպութիւնները...», սակայն մէկը չի՛ մտածեր, թէ ինք ինչ ձեւով կրնայ օգնել անկեալ եղբօր:

ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի 2 հոկտեմբեր 2021 թուին մէջ գրեցինք «Մայթերու վրայ մեռնող արուեստը» խորագրեալ պատմուածք մը, որուն մէջ նկարագրեցինք Հայաստանի փողոցներուն մէջ իր օրապահիկը ապահովելու համար տառապող ծերունիի մը մասին. շա՜տ շատեր կարդացին այդ յօդուածը, քանինե՜ր ընկերային ցանցերու մէջ տարածեցին այդ գրութիւնը, սակայն անոնցմէ միա՛յն մէկ հոգի մտածեց, թէ ի՛նչ կրնայ ընել այդ ծերունիին հոգերը մասամբ թեթեւցնելու համար:

Փարիսեցիներ ենք մենք:

Սակայն, մեր մէջ կան տակաւին Փարիսեցիներէն ա՛լ աւելի վտանգաւորները. մեր մէջ կան աւազակներու դերը ստանձնածներ, որոնք անձնական շահերու եւ փառքի համար պատրա՛ստ են կողոպտել, մերկացնել, վիրաւորել եւ կիսամահ վիճակի մէջ ձգել իրենց հայրենակից եղբայրը, որոնք հազարաւոր անցորդներու ոտքերուն տակ կը մնան աննշմար: Մենք այնպիսի՛ ազգ ենք, որ խիղճը ունինք նոյնիսկ խղճալու մե՛ր իսկ ստեղծած զոհերուն՝ պարզապէս հեռուէն, ցուցափեղկի մէջ տեղադրուած առարկայ կամ ծանուցում մը նայելու պէս:

Աշխարհի տարածքին՝ Հայաստան թէ՛ սփիւռք ունինք բազմաթիւ կարիքաւոր հայեր, բժշկութեան կարօտ հայորդիներ, իսկ անդին ունինք այնպիսի՜ ունեւոր հայեր, որոնց համար նման բուժման մը օգնութիւնը աննկատ ծախս մըն է պարզապէս իրենց համար: Բազմաթի՜ւ են մեր հայկական Երիքովի ճամբուն վրայ մերկ ու վիրաւոր գետին ինկողները, սակայն շա՜տ աւելի են իրենց ճամբան շեղողները, որոնք ծանօթ ըլլալով իրենց պարտաւորութեան, մարդկային արժէքներուն, չտեսնել ձեւացնելով կը բաւարարուին խղճալով խղճալիներուն:

Գութի յարութի՛ւն է պէտք ամէն տեղ:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ԴԱՆԻԷԼ ԴԶՈՒՆԻ
(1895-1967)

Մեր թուականէն 54 տարիներ առաջ Երեւանի մէջ մահացած է արուեստաբան, Խորհրդային Հայաստանի Արուեստի վաստակաւոր գործիչ Դանիէլ Դզունի (բուն անունով՝ Դանիէլ Ուզունպաճախեան):

Դզունի իր ուսումը ստացած է Թիֆլիզի Ներսիսեան վարժարանէն ներս, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1917 թուականին, իսկ բարձրագոյն ուսումը ստացած է Երեւանի «Խաչատուր Աբովեան» մանկավարժական համալսարանէն ներս:

Դզունի եղած է հայկական ժապաւէնի հիմնադիրներէն մէկը. 1923-1937 թուականներուն եղած է «Հայկինոյ»ի տնօրէն։ Իր նախաձեռնութեամբ նկարահանուած է հայկական աշխարհի առաջին երեք ժապաւէնները:

Արուեստաբանը նկարահանած է Շիրվանզատէի «Նամուս» ժապաւէնը, որուն համար 1938 թուականին դատուած է ազգայնական տարրեր ունենալու մեղադրանքով եւ հինգ տարի՝ 1938-1943 թուականներուն բանտարկուած է Խորհրդային Միութեան բանտերուն մէջ:

Ժապաւէնի նկարահանումներու կողքին Դզունի գրած է թատերախօսութիւններ. ինչպէս՝ «Հայկինոյի զարգացման ուղիները» (1927), «Հայկինոն 10 տարում» (1933), «Ժողովրդական արտիստուհի Նինա Մանուչարեան» (1960) եւ բազմաթիւ այլ ուսումնասիրութիւններ եւ աշխատութիւններ:

Շնորհիւ իր վաստակին Դանիէլ Դզունի արժանացած է «Աշխատանքային Կարմիր Դրօշ 2» շքանշանին եւ Խորհրդային Հայաստանի Արուեստի վաստակաւոր գործիչ կոչումին:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 30, 2021