ԶԱՐԳԱՑԱԾ՝ ԲԱՅՑ ՏԳԷՏ

Յաճախ երբ հին թերթերը կը կարդամ, կ՚ունենամ այն մտածումը, որ մենք ազգովի ապերախտ ենք մեր անցեալի արժէքներուն եւ արժանիքներուն նկատմամբ: Այսօր օտար պետութիւններ կը հպարտանան իրենց անցեալով եւ իրենք զիրենք «զարգացած» կը նկատեն, մինչ մենք՝ Հայ ժողովուրդս իրենցմէ շա՜տ շատ առաջ հասած եւ ունեցած ենք այդ «զարգացած» ըլլալու շնորհքը, սակայն մատնած ենք անտարբերութեան:

Այս մտածումները ունեցայ երբ 1800-ական թերթերուն մէջ կարդացի փոքր տարիքէն ամուսնութեան դէմ յօդուածներ, մանուկը ծեծելու հոգեբանական խնդիրներուն եւ նման այլ նիւթերու մասին, որոնց մասին շատ մը «զարգացած» երկիրներ սկսան խօսիլ 1900-ական թուականներէն ետք: Դժբախտաբար թէ բարեբախտաբար չեմ գիտեր, սակայն մեր անցեալի մտաւորականները գիրքեր հրապարակելէ աւելի իրենց ուժը տուած են հայ մամուլին, որովհետեւ հաւատացած են, որ մամուլը լաւագոյն դաստիարակն է մարդուն եւ ա՛յդ է պատճառը, որ մեր մտաւորականներուն աշխատութիւններէն շատեր սկզբնական շրջանին որպէս յօդուած եւ ապա որպէս գիրք լոյս աշխարհ եկած է:

Երբ աշխարհի զարգացածները իրենց շեշտը կը դնէին տղաներու դաստիարակութեան մասին, հայ մտաւորականները՝ ինչպիսին եւ Խրիմեան, Սիպիլ եւ ուրիշներ կը բարձրաձայնէին, թէ ուսումը հարկաւոր եւ անհրաժեշտ է նաեւ աղջիկ զաւակներու համար. երբ աշխարհի մեծ մասը ծեծը որպէս դաստիարակութեան լաւագոյն միջոց կ՚ընդունէր, մեր մտաւորականները կը խօսէին ծեծին պատճառած խնդիրներուն մասին եւ կը բարձրաձայնէին, որ ծեծը միջոց չէ՛ դաստիարակութեան: Երբ աշխարհի գրեթէ ամէն կողմերը մանուկ աղջիկներ հարս կը դառնային եւ այդ բոլորը տակաւին կը դիտուէր բնական, հայ մտաւորականներ մամուլի ճամբով կը խօսէին այդ բոլորին անյարմարութիւններուն մասին: Բացէ՛ք Տաթեւացի. երբ աշխարհի մէջ գիտութիւնը զարգացած չէր, Տաթեւացի կը գրէր գիտական նիւ-թերու մասին եւ կը կատարէր անոնց ուսումնասիրութիւնը:

Արդի՞ւնք...:

Ըսե՛մ. յետամնացները յանկարծ դարձան «զարգացած»ներ, իսկ մենք՝ որ իրենց «զարգանալ»էն առաջ զարգացածներ էինք՝ մնացինք տգէտներ: Մեր տգիտութեան պատճառը մեր անտարբերութիւնն է:

Հայագիտութեամբ ու բանասիրութեամբ զբաղուող հազարաւո՜ր անգործ ու անտեսուած գործիչներ ունինք այսօր Հայաստանի եւ սփիւռքի տարածքին. Գրողներու միտութիւնը, կառավարութիւնը, Կրթութեան եւ մշակոյթի նախարարութիւնը ի՞նչ գործունէութիւն կը ծաւալեն. չե՞ն կրնար խնամիական կապերով գրող դարձողներու «գործ»երուն մեծամեծ գումարներ յատկացնելու կողքին ի մի համախմբեն խումբ մը, որ մամուլի մէջէն դուրս բերէ հայ ժողովուրդի միտքի պայծառութիւնը եւ զանոնք փաստերով ու տարբեր լեզուներով հրատարակելով ցոյց տայ աշխարհին, թէ հայ ժողովուրդը մտապէս աւելի հարուստ եղած է, քան այսօր որպէս «զարգացած» յիշուող շատ մը երկիրներ:

Յիշեցինք Տաթեւացին... անձ՝ որ կաթոլիկ եկեղեցին նոյնիսկ իր սուրբերուն դասին մէջ առնելով տարիներ առաջ մեծարեց այդ արժէքը. Տաթեւացիի գործերէն որքա՞նը վերածուած է անգլերէն, ֆրանսերէն, ռուսերէն կամ գերմաներէն լեզուի. ընողնե՞րը կը պակսին. ո՛չ... պարզապէս հետաքրքրութիւնն ու սէրը կը պակսի, որովհետեւ հայուն ըսածը մեզի համար այնքան կարեւորութիւն չունի՝ ինչքան օտարինը:

Այսօր մեզմէ մէկը որպէս գրող թող գեղեցիկ տողերով գաղափար մը փոխանցէ. նոյն գաղափարը տարի մը ետք ամերիկացի գրող մը թող փոխանցէ, վստա՛հ եղէք ամերիկացին պիտի ընդունուի որպէս գաղափարի հայր եւ հայեր որոնք անտեսած էին հայուն ըսած նոյն տողերը, յանկարծ հիացումով պիտի արտայայտուին նոյն տողին դիմաց:

Մեզ կործանողը մեր անտարբերութիւնն է:

Անցեալ շաբաթ, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի աշխատակիցներէն Վարանդ Քորթմոսեանին հետ որոշեցինք աշխատանք մը կատարել եւ խմբագրել սփիւռքահայ գրող Վահրամ Մավեանի անտիպ նամակներն ու գործերը, որոնք թիւով 1.800-ը կը գերազանցեն (աւելի քան եօթը սնտուկ թուղթ):

Վահրամ Մավեանի մահէն արդէն իսկ անցած է 39 տարի. Հայրենիքի մէջ այդ ձեռագիրները մինչեւ այսօր ո՛չ իսկ դասաւորուած կամ թուագրուած է: Գացինք եւ յայտնեցինք մեր նպատակը զանոնք դասաւորելու, գրաշարելու եւ խմբագրելով հրատարակելու փափաքին մասին. հաւանաբար շատեր կարծեն, որ սիրով ընդունուեցաւ մեր այդ փափաքն ու նախաձեռնութիւնը. առաջին հերթին դրամական խնդիր մը յառաջացաւ, որովհետեւ ո՛չ միայն յանձն կ՚առնես դասաւորել, նաեւ պէտք է որոշ գումար վճարես կարենալ աշխատելու համար այդ ձեռագիրներուն վրայ:

Տրամաբանութիւնը կ՚ըսէ, որ մարդիկ պէտք է շնորհակալ ըլլային, որ մարդիկ յանձն առած են նման աշխատանք մը առաջ տանիլ չէ՞... այդպէս չէ. որո՞ւ հոգը ով է Մավեան կամ ուրիշը, որո՞ւ հոգը անոր ներկայացուցած արժէքը գրականութենէն ներս: Դուն դրամէ՛ն լուր տուր միայն:

Այս դրամասիրութիւնն ու անտարբերութիւնն են պատճառը, որ ուրիշներ մեզմէ առաջ անցնելով զարգացան, իսկ մենք մնացինք հոն՝ ուր որ էինք, դեռ քիչ մըն ալ ետեւ երթալով:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՎԱՐԴԱՆ ՄԱԽՈԽԵԱՆ
(1869-1937)

Մեր թուականէն 153 տարիներ առաջ 31 մայիս 1869-ին Տրապիզոնի մէջ ծնած է ծովանկարիչ եւ արուեստագէտ Վարդան Մախոխեան:

Մախոխեան նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ, ապա 1882 թուականին ընդունուած է Կարնոյ Սանասարեան վարժարան, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1887 թուականին: Դպրոցական տարիներէն Վարդանի մէջ ի յայտ եկած է նկարչութեան հանդէպ ունեցած սէրը եւ փոքր տարիքէն սկսած է ծովը նկարել, որուն հանդէպ ունեցած է մեր հետաքրքրութիւն եւ սէր: Նկարչութեան կողքին աշակերտական տարիներէն հետաքրքրութիւն ունեցած է նաեւ երաժշտութեան հանդէպ եւ սորված է ջութակ նուագել: Դպրոցական ուսումը աւարտելէ ետք վերադարձած է ծննդավայրը, ուր զբաղած է նկարչութեամբ եւ երաժշտութեամբ. զանազան առիթներով համերգներ կազմակերպած է Տրապիզոնի մէջ, միաժամանակ նկարած է ծովանկարներ, բնանկարներ: Որոշ ժամանակ ծննդավայրին մէջ գործունէութիւն ծաւալելէ ետք մեկնած է Պերլին եւ 1891 թուականին ընդունուած է Պերլինի Գեղարուեստական ակադեմիա, ուր աշակերտած է ժամանակուան յայտնի նկարիչներու եւ արուեստագէտներու։ Մախոխեան ակադեմիայէն շրջանաւարտ եղած է 1894 թուականին: Շրջանաւարտ ըլլալէ ետք որոշ ժամանակ աշակերտած է նաեւ Յովհաննէս Այվազովսքիին, որմէ սորված է ծովանկարչութեան մանրամասնութիւններն ու գաղտնիքները: Ծննդավայրին մէջ տեղի ունեցած 1895 թուականի խնդիրներուն նախ անցած է Պաթում եւ ապա Եւրոպա եւ 1900 թուականին Պերլինի մէջ կազմակերպած է իր առաջին ցուցահանդէսը: Կարճ ժամանակ ետք եղած է Պերլինի Նկարիչներու միութեան անդամ:

Մախոխեան ցուցահանդէսներ ունեցած է Լոնտոնի, Ֆրանսայի, Եգիպտոսի, Միւնիխի, Համպուրկի եւ բազմաթիւ այլ վայրերու մէջ: Մախոխեանի նկարները միջեւ օրս կը պահուին Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին, Սուրբ Էջմիածինի Վեհարանին, Նիսի Գեղարուեստի եւ Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան թանգարաններէն ներս:

Շնորհիւ իր արուեստին, Մախոխեան արժանացած է ֆրանսական կառավարութեան «Պատուոյ լեգէոն» շքանշանին, ինչպէս նաեւ արժանացած է Լատինական Ամերիկայի երկիրներու միջազգային ցուցահանդէսի ոսկի շքանշանին:

Մախոխեանի յայտնի գործերէն են «Տրապիզոնի վանքը», «Լուսնի ցոլքը ծովի վրայ», «Մատուռ ծովափին», «Ալիք», «Դանիական ափերը» եւ այլ աշխատութիւններ:

Ծովանկարիչը մահացած է 10 փետրուար 1937 թուականին, Նիսի մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեքշաբթի, Մայիս 31, 2022