ԱՌԱՋԻՆ ՊԱՏՃԱՌ

Արարիչ Աստուծոյ հանդէպ մարդուս հաւատքէն անբաժանելի ճշմարտութիւն մըն է, թէ՝ Աստուած Իր արարածներուն ամէն մէկ գործելուն մէջ Ի՛նք եւս կը գործէ։ Ինք առաջին պատճա՛ռն է, որ կը գործէ երկրորդական պատճառներուն մէջ եւ անոնց միջոցաւ. «Որովհետեւ Աստուած Ինքն է որ կը ներգործէ մեր մէջ թէ՛ կամենալը եւ թէ՛ գործելը ի նպաստ իր բարեհաճ ծրագիրներուն», կ՚ըսէ Առաքեալը. (ՓԻԼ. Բ 13) եւ (Ա ԿՈՐՆ. ԺԲ 6)։ Այս ճշմարտութիւնը փոխանակ նսեմացնելու արարածին արժանապատուութիւնը, ընդհակառակը՝ կը բարձրացնէ զայն։

Աստուծոյ զօրութեան, իմաստութեան եւ բարութեան կողմէ ոչինչէն գոյացած արարածը ոչինչ կրնայ գործել, եթէ ինքզինք անջատած է իր ծագումէն, որովհետեւ առանց Արարչին կը նանրանայ, այսինքն կ՚ունայնանայ։ Դեռ աւելին, առանց շնորհքին օգնութեան ան չի կրնար հասնիլ իր վերջնագոյն վախճանին. (ՄԱՏԹ. ԺԹ 26), (ՅՈՎՀ. ԺԵ 5), (ՓԻԼ. Դ 13)։

Արդարեւ, Աստուած գերիշխան Տէ՛րն է Իր ծրագրին։ Սակայն անոր իրականացումին համար, Ան կ՚օգտագործէ նաեւ արարածներուն գործակցութիւնը։

Ասիկա Ամենակալ Աստուծոյ կողմէ տկարութեան նշան մը չէ երբեք, այլ մեծութեան եւ բարութեա՛ն։ Ուստի ամէն իրողութեան, ամէն եղելութեան առաջին պատճառը միշտ Աստուած Ի՛նքն է։ Որովհետեւ Աստուած Իր արարածներուն կու տայ ո՛չ միայն գոյութիւնը, այլ նաեւ «անձնապէս գործելու արժանապատուութիւն»ը՝ ըլլալու իրարու պատճառ եւ սկզբունք եւ այսպէս համագործակցելու Իր ծրագրին իրագործումին։ Եւ այս կերպով՝ պատճառներու շղթայի մը իրերայաջորդ օղակներով կ՚իրականանայ նպատակը՝ որուն առաջին օղակը, այսինքն առաջին օղակը միշտ Աստուած Ի՛նքն է։

Եւ այս պատճառներու իրերյաջորդութեան մէջ Աստուած մարդոց նոյնիսկ կարելիութիւնը կու տայ ազատօրէն մասնակցելու Իր նախախնամութեան, անոնց վստահելով պատասխանատուութիւնը իրենց «ենթարկելու» աշխարհը եւ տիրելու անոր. (ԾՆՆԴ. Ա 26-28)։

Շատ պարզ օրինակով մը՝ երբ մարդ դեղով մը իր առողջութիւնը վերագտնէ՝ բժշկուի, թէեւ այդ դեղը մարդիկ պատրաստած են, բայց անոր նախանիւթը ի վերջոյ բնութեան մէջէն առնուած է, եւ այդ «նախանիւթ»ը Աստուած ստեղծած է, ինչպէս ամէն բանի արարիչը եւ ստեղծողն է. այսինքն՝ առաջին պատճա՛ռը։

Եւ այսպէս, մարդու վերագրուած ամէն բանի, ամէն գործիքի առաջին կերտիչը, առաջին պատճառը Աստուա՛ծ է։

Աստուած այսպէս թոյլ կու տայ մարդոց, որ բանաւոր եւ ազատ պատճառներ հանդիսանան, որպէսզի ամբողջացնեն արարչագործութեան գործը, կատարելագործեն անոր ներդաշնակութիւնը եւ հաւասարակշռութիւնը իրենց եւ իրենց մերձաւորներուն բարիքին եւ օգտին համար։

Աստուածային կամքին յաճախ անգիտակ գործակից մարդիկը կարող են ազատօրէն մտնել աստուածային ծրագրին մէջ՝ իրենց գործերով, իրենց աղօթքներով, ինչպէս նաեւ իրենց տառապանքներով. (ԿՈՂ. Ա 24)։ Այն ատեն անոնք կը դառնան լիուլի «համագործակիցներ Աստուծոյ». (Ա ԿՈՐ. Գ 9), (Ա ԹԵՍ. Գ 2), եւ Անոր Արքայութեան. (ԿՈՂ. Դ 11)։

Արդարեւ, Աստուած գերիվեր է աշխարհէն եւ պատմութենէն. Ան սկիզբն է ամէն բանի։ Ի՛նքն է որ ստեղծեց երկինքը եւ երկիրը. «Անոնք պիտի անհետանան, դուն կը մնաս. ամէնքը իբրեւ ձորձ կը մաշին… Բայց դուն նոյնն ես. քու տարիներդ չունին վախճան». (ՍԱՂՄ. ՃԱ 27-28)։ Անոր մէջ «չկայ փոփոխում եւ ո՛չ ալ ստուերը փոփոխութեան». (ՅԱԿ. Ա 17)։ Ի՛նքն է «Ան որ Է» յաւիտեանս յաւիտենից եւ այսպէս Ինք կը մնայ հաւատարիմ Ինքն իր հանդէպ եւ Իր խոստումներուն։

Արարչագործութիւնը հի՛մն է սկիզբը ամէն եղելութեան եւ ամէն գոյութեան եւ բոլոր ծրագիրներուն։

Ամէն բանի սկիզբը՝ արարչագործութիւնը իր բարձրակէտին կը հասնի Քրիստոսով։

Հակադարձաբար, Քրիստոսի խորհուրդը վճռական լո՛յսն է արարչագործութեան խորհուրդին. ան կը յայտնէ այն նպատակը՝ որուն հեռանկարով՝ «Աստուած սկիզբէն ստեղծեց երկինքը եւ երկիրը». (ԾՆՆԴ. Ա 1)։ Սկիզբէն իսկ, Աստուած իր տեսութեան մէջ ունէր փառքը «նոր արարչագործութեան» ի Քրիստոս. (ՀՌՈՄ. Ը 18-23)։ Եւ Աստուծոյ ծրագրին մէջ, մարդը կոչումը ունի երկրին «տիրելու» իբրեւ «տնտես» Աստուծոյ (ԾՆՆԴ. Ա 28), այս ալ ցոյց կու տայ, թէ մարդուն բոլոր արարքներուն եւ գործերուն առաջին պատճա՛ռն է Աստուած, քանի որ ամէն ինչ կը սկսի Աստուծոյ կամքով՝ որուն վրայ կը դիզուին երկրորդական պատճառներ։ Ուստի մարդ կոչուած է միւս արարածներուն վրայ եւ անոնց հանդէպ աստուածային նախախնամութեան մասնակցելու։ Եւ այս մասնակցութենէն կը ծագի մարդուն պատասխանատուութիւնը հանդէպ աշխարհին, զոր Աստուած վստահած է իրեն։ Այս ալ ցոյց կու տայ թէ՝ մարդ որքան ալ «ազատ կամք»ով շարժի եւ գործէ, ի վերջոյ պատասխանատու է իր շարժումներէն, ինչ որ կը հաստատէ «առաջին պատճառ»ին գոյութիւնը։

Աշխարհին «տիրապետութիւն»ը՝ զոր Աստուած սկիզբէն իսկ շնորհած է եւ վստահած մարդուն, կ՚իրականանայ նախ եւ առաջ մարդուն մէջ՝ «իր անձին տիրապետութեա՛մբ»։

Մարդը տակաւին անեղծ էր եւ իր ամբողջ էութեան մէջ կարգաւոր, որովհետեւ ան տակաւին զերծ էր երրեակ ցանկութենէն. (Ա ՅՈՎՀ. Բ 16), որ զինք կ՚ենթարկէ զգայարանքներուն վայելքին, աշխարհի բարիքներուն ընչաքաղցութեան եւ իր «Ես»ին գերադասութեան՝ ընդդէմ բանականութեան հրամայականներուն։

Մարդ երբեք առաջին պատճառը չէ՛ եղելութիւններուն եւ գոյութիւններուն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկտեմբեր 26, 2020, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Յունուար 4, 2021