«ՇԱՀԵԼԻՔ ՉՈՒՆԻ ՀԱՅ ԳՐԱԳԷՏԸ»

Պատմութեան ընթացքին հայ ժողովուրդը ունեցած է բազմաթիւ մեծութիւններ, որոնք մինչեւ օրս կը շարունակուին յիշուիլ որպէս մեծ արժէքներ. ինչպէս՝ Կոմիտաս Վարդապետ, Երուանդ Օտեան, Յակոբ Պարոնեան, Յակոբ Օշական եւ ուրիշներ: Տարիներու ընթացքին հայ ժողովուրդը անոնց հանդէպ ունեցած իր յարգանքը յայտնած է անոնց անունով ուսումնական կեդրոններ, դպրոցներ ու փողոցներ կառուցելով, սակայն ի դիմաց այդ մեծարանքին անոնք իրենց կենդանութեան անտեսուած են նոյն ժողովուրդին կողմէ: Ցաւ ի սիրտ, այդ օրինակները մէկ կամ երկու չեն. գրեթէ մեր բոլոր արժէքները իրենց կենդանութիւնը անցուցած են լքեալ վիճակի մէջ. անոնցմէ շատեր իրենց աչքերը փակած են ծայրայեղ աղքատութեան մէջ:

Այս բոլորին մասին դարձեալ մտածել սկսայ, երբ պատահմամբ հանդիպեցայ Յակոբ Օշականի անտիպ նամակներէն մէկուն, գրուած մեր թուականէն 94 տարիներ առաջ՝ 15 դեկտեմբեր 1930 թուականին, գրուած հայ բանաստեղծ, բանասէր ու խմբագիր Թորոս Ազատեանին: Այդ նամակը հազարաւոր փաստերէն մէկն է պարզապէս, թէ ինչպէս մեր մեծերը իրենց կենդանութեան ժամանակ ապրած են համեստ ու անտեսուած կեանք մը: Ինն տասնեամեակներ առաջ գրուած նամակին մէջ Յակոբ Օշական կը փորձէր ձեւ մը գտնել, նիւթական միջոցներ ապահովել, որպէսզի մեր գրականութեան յանձնէ իր մեծագոյն գործերէն «Խոնարհներ»ն ու «Ծակ պտուկ»ը. գործեր, որոնք գրողը պիտի դարձնէր արեւմտահայ մեծագոյն գրողներէն մին:

Սակայն Յակոբ Օշական լուրջ դժուարութեան մը դիմաց կը գտնուէր եւ չէր յաջողեր նման մեծ աշխատութիւններ հրատարակութեան յանձնել. ան Ազատեանին գրած իր նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Իրաւ է թէ պատրաստ վէպ մը ունիմ, բայց օրաթերթը զայն չի կրնար մարսել»: Մեծանուն գրողը ամէն կերպ կը փորձէ իր վէպը հրատարակել՝ նոյնիսկ օրաթերթի ճամբով, սակայն մերժում կը ստանայ՝ ինչ ինչ պատճառներով: «Խոնարհներ» ու «Ծակ պտուկ»ի նման մեծ աշխատութիւններու մերժում ստանալը թող զարմանալի չթուի, որովհետեւ մեր ազգը սկզբնական շրջանին մերժեն նոյնիսկ Կոմիտաս Վարդապետը եւ բազմաթիւ այլ մեծ արժէքներ՝ յետ մահու մեծարելու եւ որպէս արժէք ընդունելու համար: Այդ մեծութիւններուն ունեցած դժուարութիւններուն հայելին է Օշականի այս նամակը, որուն մէջ կը կարդանք.

«Ուրիշ առաջարկ մը սակայն: Կարելի չէ՞ «Ծակ պտուկ»ը հրատարակել: Տպագրիչի մը հետ յարմարուելու կերպը քեզի կը ձգեմ: Անշուշտ լաւ է, որ միանուագ դրամով մը քաշուիմ իմ իրաւունքներէս: Բայց անկարելիութեան պարագային երկու հարիւր օրինակ գիրք կը բաւէ ինծի: Շահելիք չունի հայ գրագէտը»:

Մեր օրերուն մեծարուած ու որպէս գրական մեծ արժէք ներկայացնող աշխատութիւն մը ձեռքին Յակոբ Օշական իր օրուան հացը կը փորձէր ապահովել եւ երկու հարիւր գիրք անգամ կը բաւէր: Ի՞նչ պիտի ընէր այդ գիրքերը. մուրացկանի մը նման պիտի փորձէր այս կամ այն անարժան մարդուն «ծախել»՝ որպէսզի կարենայ իր օրապահիկը ապահովել: Նման գրողներ մեր պատմութեան ընթացքին շա՜տ ունեցած ենք. նման գրող մը կը նկարագրէ Արփիար Արփիարեան, իր «Քանինե՜ր տեսայ» խորագրեալ աշխատութեան մէջ. ան կը նկարագրէ հայ լեզուի մշակ մը, որ իր բառերով «ամէն ատեն ձեռքը գիրք մը ունէր, աւրուած կանաչ գոյնով, տպագրութիւնը կարծեմ շատ մաքուր։ Միշտ կը ջանար այդ գրքէն օրինակ մը ծախել խանութը եկողներուն. հացու փարայ պիտի ընէր»:

Արփիարեան խօսելով իր նկարագրած մշակին մասին կ՚եզրափակէ. «Ի՞նչ եղաւ ետքը. չեմ գիտեր. այսօր միայն միտքս կը բերեմ զինքը. հաւանօրէն տեղ մը ինկաւ մեռաւ անօթի. եւ աւելի գէշը, անծանօ՛թ»:

Այս անիրաւ գնահատանքի պատճառով մենք ազգովին կորսնցուցած ենք հարիւրաւոր Օշականներ, Կոմիտասներ, Օտեաններ եւ ուրիշներ։ Գուցէ անոնց չափ եւ գուցէ աւելի մեծ արժէք ունեցող բազմաթիւ մշակներ անծանօթութեան, անօթութեան եւ օտարութեան մէջ մահացած ու կորսուած են:

Այսօր մենք մեծ յարգանք ունինք Թումանեանի հանդէպ, սակայն մեր գրականութեան մէջ կան բազմաթի՜ւ այլ Թումանեաններ, որոնք կը շարունակեն անծանօթ մնալ մեզի եւ մեր հին թերթերու եւ նամակներու ընթերցումը պարզապէս նմանները բացայայտելու փորձ մըն է, որովհետեւ եթէ այսպէս կամ այնպէս Օշական յաջողեցաւ իր «Խոնարհներ»ն ու «Ծակ պտուկ»ը հրատարակել, վստահաբար ուրիշներ այդ «բախտաւորութիւն»ը չունեցան: Մենք մինչեւ օրս ունինք բազմաթի՜ւ չուսումնասիրուած ձեռագրեր եւ անոնց թիւը մեր երեւակայածէն շա՜տ շատ աւելի է, սակայն ո՞վ է գրականութեամբ զբաղուողը:

Ահաւասիկ, Վահրամ Մավեանի մահուան թուականէն անցաւ 41 տարի։ Մինչեւ օրս Մավեան ունի բազմաթիւ յօդուածներ, մանրավէպեր ու նամակներ, որոնք կը շարունակեն անտիպ մնալ. մի քանի տարի առաջ կամաւորաբար մի քանի հոգիով փորձեցինք եւ առաջարկեցինք այդ գործերը ազատել եւ հրատարակել. միայն ձեռագիրներու կրկնօրինակները յանձնելու համար մեզմէ պահանջեցին աւելի քան 4 հազար ամերիկեան տոլար։ Ձեռագրերու թանգարանը փոխանակ գնահատելու եւ առաջնահերթ նկատելու գրողի մը գործերու լոյս աշխարհ գալը, կեդրոնացումը նիւթականին կը դարձնէ:

Ամէն ժամանակէ աւելի այսօ՛ր է որ «շահելիք չունի հայ գրագէտը»՝ ինչպէս կ՚ըսէր Յակոբ Օշական: Սակայն ապրի՛ն անոնք, որոնք նիւթականը անտեսելով, հոգիով ու սիրտով կը շարունակեն գրել, կարդալ ու հրատարակել՝ որ մեր օրերուն ջուրի հոսանքին հակառակ նաւարկութիւն մըն է պարզապէս:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ի՞նչը աւելի կարեւոր է մարդուն համար, ջո՞ւրը թէ սնունդը:

Պատասխան. Թէ՛ ջուրը եւ թէ սնունդը կարեւոր են մարդու գոյութեան համար  եւ դժուար է անոնցմէ մէկը աւելի կարեւոր նկատել, որովհետեւ անոնք տարբեր, սակայն կարեւոր դեր կը կատարեն մարդու կեանքի գոյատեւումը ապահովելու համար:

Ջուրը մարդուն համար կենսական նշանակութիւն ունի. ջուրը վճռորոշ դեր ունի մարդու մարսողութեան, մարմնի ջերմաստիճանի կարգաւորման, սնունդի եւ այլ նիւթեր փոխադրութեան եւ բազմաթիւ այլ կարեւոր երեւոյթներու մէջ: Ջուրի բացակայութիւնը կրնայ լուրջ առողջական խնդիրներ յառաջացնել եւ լուրջ վտանգ սպառնալ:

Միւս կողմէ, սնունդը կարեւոր է մարդուն համար, որովհետե սնունդը կ՚ապահովէ նիւթեր, որոնք անհրաժեշտ են մարդու գոյատեւման համար: Սնունդի պակասը եւս կրնայ լուրջ խնդիրներ յառաջացնել:

Սակայն գիտականօրէն մարդ կրնայ առանց սնունդի աւելի գոյատեւել՝ քան առանց ջուրի: Սակայն երկուքը միատեղ կարեւոր են մարդու գոյութիւնը ապահովելու համար: Կարեւոր է հաւասարակշռել ջուրի եւ սնունդի գործածութիւնը, մամինի առողջ պահպանութեան համար:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յունուար 4, 2024