ՊԱՐՏՈՒԹԻՒՆ ԲՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Բնութեան մէջ տեսնուած շատ մը երեւոյթներ ապացոյցներ եւ լուսաբանութիւններ են տիրող ան մշտնջենաւոր եւ անայլայլելի օրէնքին՝ որով կ՚որոշուի մէկ ուժի մը յաղթութիւնը եւ ուրիշ ուժի մը պարտութիւնը։ Մարդ երբ ուշադրութեամբ դիտէ բնութիւնը, հոն պիտի տեսնէ երեւոյթներ, որոնք կը բացայայտեն զանազան դժուարութիւններու եւ արգելքներու դէմ Բնութեան ցոյց տուած վարուելակերպը՝ որ նման է մարդկային վարմունքին։

Զոր օրինակ, հսկայ գետերը՝ վազուն ջուրը. ի՞նչ զօրութիւն, ի՞նչ ուժ է, որ կ՚որոշէ ջուրին ընթացքը։ Արդարեւ, հոսող ջուրին առջեւ կարելի է որ գտնուին արգելքներ՝ խոչընդոտներ, որոնք վերցնելու բաւական ուժ կրնայ չունենալ ջուրը։ Ուստի, երբ հոսող ջուրին դէմը կ՚ելլէ լեռ մը, կամ բլուր մը, որուն վրայ մագլցելու անկարող է, կը դառնայ անոր շուրջովը։ Բնական եւ սովորական երեւոյթ մըն է ասիկա։ Եւ կամ երբ լերան մը ճամբով գալարուելով, ջուրը կը հասնի տեղ մը, ուր սահանք մը կը կտրէ իր ճամբուն ընթացքը, ոստումով մը, փրփրելով կը նետուի վերի մակարդակէն վարինը, եւ կը շարունակէ իր ընթացքը։ Արդեօք ջուրը «խե՞լք» ունի եւ մենք չենք գիտեր, կամ «բանականութիւն», եւ մենք երբեք չենք նկատած։ Բայց ի՞նչ բան, ի՞նչ զօրութիւն կամ ուժ որ ջուրին «խելացի» կերպով շարժելու կարողութիւնը կու տայ։

Ջուրին վարմունքը եթէ բաղդատենք մարդու մը վարմունքին հետ, ջուրը աւելի «հաստատամիտ» կերպով կը լուծէ հարցը քան մարդը՝ որ երկար խորհրդածութիւններէ, դատողութիւններէ վերջ լուծում մը կը գտնէ, եւ երբեմն ալ երբեք չի գտներ եւ կը յուսալքուի, կը պարտուի եւ վերջապէս դասալիք կ՚ըլլայ, կը թողու պայքարը եւ կը հեռանայ առանց յաջողութիւն ձեռք ձգելու։

Բայց ջուրը անպայմա՛ն կը շարունակէ իր ընթացքը՝ կարծես անտեսանելի ուժ մը իրեն օգնած ըլլար։ Եւ երբեմն բանականութիւնը կը պարտուի Բնութեան դէմ…։

Կը պատահի անշուշտ, որ երբ գետի մը՝ հոսող ջուրի մը ընթացքը արգիլուի անպարտելի արգելքի մը պատճառով, զոր օրինակ, լեռներու շղթայով մը, եւ չկարենայ շարունակել իր ընթացքը։ Այդ պարագային հոսող ջուրին ըրածը շատ պարզ է, իր լուծումը պատրաստ է. ան ակամայ կը փոխէ իր «նկարագիր»ը եւ կը վերածուի լիճի մը՝ առանց կորսնցնելու իր «ջուր» բնութիւնը…։

Գետը երբ չի կրնայ հոսիլ՝ քալել եւ ընթանալ դէպի յառաջ, կը տարածուի, կ՚ուռի, եւ կ՚ամփոփուի լեռներու շղթային քաշած շրջապատին մէջ, եւ կ՚ըլլայ անշարժ ջրակոյտ մը՝ որուն սովորական անունն է «լիճ», բայց միշտ՝ ջո՛ւր։

Այս բնական-աշխարհագրական երեւոյթը եթէ փորձենք բարոյական մարզի մէջ բացատրել, պիտի ըսէինք, թէ «լիճ»ը կոթողային ապացո՛յց մըն է «գետ»ին յուսահատութեան։ Բայց յուսահատութիւնը մարդուս յատուկ զգացում մըն է, արդեօք ջո՞ւրն ալ ունի զգացում, եւ կամ ջո՞ւրն ալ կ՚ազդուի արտաքին ազդեցութիւններէ եւ ըստ այնմ կը վարուի…։ Ո՜վ գիտէ…։

Արդարեւ, երբ բարոյապէս նայինք երեւոյթին, կը տեսնենք, թէ իրաւ «մելամաղձոտութիւն» մը կայ «լճակ»ին մէջ, ինչպէս բանաստեղծը դիտել կու տայ, նո՛յնպէս եւ մեծ լիճի մը մէջ, որ կը մատնէ «անբաւականութիւն»ը հոսող ջուրին զօրութեան։ Լիճ մը խոստովանութիւնն է գետին պարտութեան արգելքներու առջեւ՝ որոնք իր դէմ ելան։ Բայց պէտք է ընդունիլ, թէ այս պարտութեան մէջ ալ կայ իմաստութիւն մը, ըսենք, կարեկցաբար, «խոստովանութիւն՝ գետին իմաստուն եւ ճարտար պարտութեան»։ Բայց ո՞ւրկէ ջուրին այդ իմաստութիւնը։ Ահաւասիկ հարցը ա՛յդ է. ո՞վ տուած է ջուրին այդ «իմաստութիւն»ը, «ճարտարութիւն»ը՝ որ առանց «ջուր»ի բնութիւնը կորսնցնելու լուծում մը գտած է իր գոյութիւնը տեւականացնելու։

Ջուրին այս գոյապահպանման եւ գոյատեւման իմաստուն «վարմունք»ը հաստատ ապացո՛յց մըն է մեծ Իմաստունին՝ Աստուծոյ գոյութեան։

Բնութեան մէջ տեսնուած երեւոյթ մըն ալ՝ ժայռի մը բլուրի մը կողն ի վար գլտորիլ իջնելն է, որ հսկայ ծառի մը բունը կը կասեցնէ եւ կը գամէ, կը թաղէ իր ոտքը, անշարժ, անորոշ ժամանակի մը համար, եւ թերեւս ալ, տեւականապէս։ Ահաւասիկ, երկու ուժեր, երկու զօրութիւններ իրարու հանդիպած, նաեւ հո՛ս եւ մէկը «պարտուած» եւ միւսին տեղի տուած։ Այս կէտին ալ մարդ հետաքրքրութեամբ կրնայ հարցնել. այդ ուժերը կառավարող, հակակշռող զօրութիւնը ո՞ւրկէ է։ Բնութիւնը կառավարող իմաստութիւնը, միտքը ո՞ր ուժն է, որ իմաստութեամբ ընթացք կ՚որոշէ եւ ամէն ինչ կը կանոնաւորէ «պատճառ եւ արդիւնք» համեմատութեան մէջ։

Բնութեան մէջ միշտ կա՛յ յաղթութիւն եւ պարտութիւն. բայց ո՞վ կը կառավարէ այս անտեսանելի մշտնջենաւոր պայքարը։

Արդարեւ «պարտութիւն բնութեան մէջ» կը նշանակէ՝ զանազան պայմաններու տակ «անբաւականութիւն» կամ «անբաւարարութիւն» պահանջեալ ուժի։ Բայց ո՞վ կ՚որոշէ ուժերու բաւարարութիւնը կամ անբաւարարութիւնը։ Ասիկա է ահաւասիկ Բնութեան մեծ գաղտնիքը…։

Եւ այդ «գաղտնիք»ը ահաւասիկ, Աստուա՛ծն է։

Կա՞յ տարբերութիւն մը վերոյիշեալ երեւոյթներու մէջ՝ Բնութեան եւ մարդկութեան վարմունքին միջեւ։ Չկա՛յ։ Քանի որ մարդն ալ նման պարագաներուն, երբ արգելքի մը հանդիպի, բանականօրէն նոյն բաները կ՚ընէ, երբ իր ուժը անբաւական կու գայ որեւէ շինարար նպատակի հասնելու, տեղի կու տայ։ Կան հաստատութիւններ՝ որոնք որեւէ ջանքով անկարելի կ՚ըլլայ իրենց ընթացքէն մատնաչափ մը իսկ շեղեցնել։

Ո՛չ թէ որ մարգարէներ կը պակսին այս աշխարհէն, այլ մարդուն սիրտը անապատ մըն է, կարծրացած, եւ անտարբեր կը մնայ մարգարէին ձայնին։

Ճշմարտութիւն, արդարութիւն, ողորմածութիւն, հաւատարմութիւն օտար զգացումներ կը թուին մարդուն։ Եւ արդարութեան, ճշմարտութեան ձայնը կը խեղդուի տիրող ստութիւններու եւ ամբարշտութիւններու խլացուցիչ աղմուկին մէջ։ Արդարը դասալիք չ՚ըլլար, բայց ակամայ կը կապուի, կը բանտարկուի հզօրագոյն ուժերէ՝ չա՛ր ուժերէ։

Ջուրը «ջո՛ւր» կը մնայ արգելքներու հանդէպ, բայց մա՞րդը։ Խնդրական է յաճախ, որ մարդը «մա՛րդ» մնայ արգելքներու հանդէպ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յուլիս 25, 2020, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 4, 2020