ՄՍՈՒՐԻՆ ԿԱՆՉԸ

Դարեր շարունակ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Ծնունդի մասին եղած են բազմաթիւ հարցադրումներ մինչեւ օրս եւ մեծ հաւանականութեամբ վաղը եւս պիտի շարունակեն հնչել հարցեր, որոնք մարդ արարածը կը մտահոգեն. յաճախ տրուող հարցերէն մին այն է, որ ինչո՞ւ համար Յիսուս Քրիստոս սովորական տան մը մէջ ծնելու փոխարէն լոյս աշխարհ եկաւ մսուրի մը մէջ: Նախքան այս հարցին անդրադառնալը, «մսուր» հասկացողութիւնը աւելիով յստակ դարձնելու համար դիմենք Անդրանիկ Վրդ. Կռանեանի «Բառգիրք հայերէն լեզուի» աշխատութեան, ուր մսուր բառը կը բացատրուի հետեւեալ ձեւով. «գոմի այն մասը, ուր անասունները խոտ կ՚ուտեն»:

Աշխարհը փրկելու եկած Տէրը ինչո՞ւ համար պիտի ծնէր հոն՝ ուր անասունները խոտ կ՚ուտեն: Ի դէպ բազմաթիւ աշխատութիւններ գոյութիւն ունին այդ գոմին ուր եւ ինչպէս ըլլալը բացայայտելու կապակցութեամբ. օրինակ՝ Տ. Մկրտիչ Արք. Աղաւնունի իր «Հայկական հին վանքեր եւ եկեղեցիներ Սուրբ Երկրին մէջ» աշխատութեան ԻԲ. գլխուն մէջ երկար ուսումնասիրութիւն մը կը կատարէ, ըսելով. «Փրկչին ծննդեան տեղը բնակութեան կամ տան վերածուած այրի մը մէջ էր». Իրականութեան մէջ Յիսուս Քրիստոս «այրի» մը մէջ ծնաւ թէ «գոմի», ուսումնասիրութեան լուրջ խնդիր մըն է, սակայն պարզ է, որ ան ծնաւ համեստ ու պարզ պայմաններու մէջ:

Մեր եկեղեցւոյ մեծագոյն հայրապետներէն Գրիգոր Տաթեւացի Յիսուս Քրիստոսի նման համեստ պայմաններու մէջ ծնիլը կը վերագրէ երեք տարբեր պատճառներու.

Ա.- Յիսուս Քրիտսոս նման պարզ ու համեստ պայմաններու մէջ ծնունդ առաւ, որովհետեւ ան աղքատ ընտանիքի մը զաւակն էր՝ եւ ոչ թագաւորական: Աղտաքութեան պատճառով է, որ մսուրի մէջ դրուեցաւ եւ այդ աղքատութիւնը նիւթական աղքատութենէ անդին, Տիրոջ խոնարհութիւնն էր որ ցոյց կու տար, այնպէս ինչպէս Բ. Կորնթացիսի մէջ կը կարդանք. «Աղքատացաւ ան որ հարուստ էր՝ որպէսզի դուք անոր աղքատութեամբ հարստանաք» (Հմմտ Բ. Կորնթացիս, 8.9):

Գրիգոր Տաթեւացիի բացատրութեամբ իսկական աղքատութիւնն ու խոնարհութիւնը ո՛չ թէ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի մսուրի մէջ լոյս աշխարհ գալն էր, այլ որպէս Աստուած մարդանալը, որովհետեւ քրիստոնէական հասկացողութեամբ Աստուած երկինքէն երկիր խոնարհեցաւ, որպէսզի մարդը դէպի երկիրնք բարձրացնէ. այլ խօսքով՝ Ան լոյս աշխարհ եկաւ աշխարհի ամենէն անյարմար վայրերէն մէկուն մէջ՝ որպէսզի մեզ առաջնորդէ աշխարհի ամենէն հանգիստ վայրը՝ Աստուծոյ ներկայութեան:

Բ.- Տաթեւացիի բացատրութեամբ Տէրը պէտք է ծնէր մսուրի մէջ, որպէսզի իրականանայ Եսայի մարգարէութեան մէջ յիշուած այն խօսքը, որ կ՚ըսէ. «Եզը իր տէրը կը ճանչնայ ու էշը իր տիրոջ մսուրը, բայց Իսրայէլ զիս չի ճանչցաւ, իր ժողովուրդը չի հարսկցաւ զիս» (Եսայի 1.3): Մարգարէութեան ճամբով յստակ էր, որ Իսրայէլի ժողովուրդը պիտի չճանչնար Յիսուս Քրիստոսը եւ զինք մինչեւ անգամ խաչ բարձրացնէր: Շատ մը հայրապետներու բացատրութեամբ Եսայի մարգարէութեան մէջ յիշուած եզն ու էշը հեթանոս ժողովուրդը կը խորհրդանշէ, որովհետեւ Իսրայէլի ժողովուրդը չճանչցաւ Տէրը, սակայն շատ շատ ուրիշներ հաւատացին, մկրտուեցան եւ Յիսուս Քրիստոսը որպէս Տէր եւ Աստուած դաւանեցան: Իրականութեան մէջ ի՜նչ հակասական պատկերացում է անասունին իր տէրը ճանչնալը՝ սակայն մարդկութեան ոչ. այլ խօսքով փոխաբերականօրէն մարգարէն անասունները աւելի գիտակից կը նկատէ՝ քան մարդկութիւնը, որ բանականութիւն ունենալով հանդերձ չի՛ կրնար իր Տէրը ճանչնալ այնպէս՝ ինչպէս անասունը կը ճանչնայ:

Գ.- Տաթեւացիի յայտնած երրորդ պատճառը քիչ մը վերացական է. անոր բացատրութեամբ Յիսուս Քրիստոս ծնաւ հոն՝ ուր անասունները խոտ կ՚ուտեն, որպէսզի ցոյց տայ, թէ Աստուած մարդուն տուաւ ամէ՛ն առաւելութիւն, սակայն մարդը նախընտրեց նմանիլ անասուններու: Քրիստոս ծնաւ որպէս կատարեալ գիտութիւն՝ այդ խոտերուն մէջ, որպէսզի մարդ արարած «սնուելով», կեանք եւ գիտութիւն ստանայ եւ դուրս գայ իր վիճակէն՝ ճանչնալով կատարեալ Տէր Աստուածը:

Վերոյիշեալ երեք բացատրութիւնները կարդալով կը հասկնանք, որ Յիսուս Քրիստոս լոյս աշխարհ չեկաւ մարդոց կողմէ մեծարուելու եւ կամ որպէս «Տէր» փառաբանութիւն ստանալու. ան նախընտրեց լոյս աշխարհ գալ աշխարհի ամենէն համեստ ու անտեսուած վայրը, ըսելու համար, որ Ինք լոյս աշխարհ եկած է անտեսուածին, լքեալին եւ կորսուածին համար։ Անոր խօսքերով առողջները չե՛ն որ բժիշկի կարիք ունին: Տաթեւացի այս խոնարհութիւնը կը բացատրէ սքանչելի ձեւով. Սերովբէները անգամ որ իրենց երեսը կը ծածկէին Տիրոջ Ներկայութեան, սակայն Տէրը յանձն առաւ մարդանալ եւ իր երեսը ցոյց տալ մարդկութեան (մա՛նաւանդ մեղաւոր մարդկութեան):

Այս բոլորին լոյսին տակ Սուրբ Ծնունդը ունի մի քանի պատգամ.

Ա.- Անձը արժեւորել իր շնորհքներով, իր հոգեկան աշխարհով, իր ապրումներով ու իմաստութեամբ եւ ո՛չ շրջապատով ու նիւթական հարստութեամբ: Պալատի մը մէջ լոյս աշխարհ եկող մանուկը աւելի գիտակից, հասուն ու կատարեալ չէ՝ քան աննշմար քաղաքի մը մէկ անկիւնը լոյս աշխարհ եկող մանուկը, որովհետեւ մարդը մարդ դարձնողը իր ծնած վայրն ու շրջապատը չէ: Քրիստոս լոյս աշխարհ եկաւ աղքատ ընտանիքի մը մէջ. իր կենդանութեան մեծ հարստութեան մէջ Տէր չդարձաւ, սակայն նիւթականէն շատ աւելի կարեւոր շահեցաւ մարդոց յարգանքը, մեծարանքն ու վստահութիւնը: Պատմութեան մէջ յիշուող մեր սուրբերը մեծահարուստի կեանք մը չապրեցան, սակայն ի տարբերութիւն բազմաթիւ հարուստներու, իրենց անունը անմահացուցին թէ՛ երկինքի եւ թէ պատմութեան ու հոգեւոր գրականութեան էջերուն մէջ: Հետեւաբար ճշմարիտ հարստութիւնը մարդուն ներաշխարհէն կու գայ եւ ո՛չ ունեցած նիւթական հարստութենէն:

Բ.- Իւրաքանչիւր ծնունդ նոր հրաւէր մըն է դարձեալ մարդանալու եւ դուրս գալու խաւարէն: Քրիստոսի ծնունդը իրականութեան մէջ մեր ներքին ծնունդն է, որ պիտի խորհրդանշէ: Եթէ աչք մը նետենք մեր անցնող տարուան վրայ, յստակ ձեւով պիտի տեսնենք բոլոր այն սխալները, որոնք կամայ թէ ակամայ ի գործ դրինք. ծնունդը առիթ մըն է ընելու մարդկային կեանքի ամենէն դժուար բանը՝ ինքնաքննադատութիւնը. շատ պարզ թուացող, սակայն իրականութեան մէջ շատ դժուար եղող այս առաքինութիւնը մեզ կ՚առաջնորդէ կատարելութեան: Պէտք է սեփական սխալները քննադատել եւ անոնց լուծումներուն մասին մտածել եւ նոր տարուան հետ միասին որպէս մարդ նոր սկիզբ, նոր ծնունդ ունենալ, միշտ մեր դիմաց որպէս օրինակ ունենալով Ս. Օգոստինոսը, որ ամբողջ կեանքը զեխութեան մէջ ապրելով, իր կեանքի վերջին տարին սրբացաւ: Հոգեւոր վերածնունդ ապրելու համար ժամանակ գոյութիւն չունի. Յիսուս Քրիստոսի խաչակից աւազակը իր կեանքի վերջին վայրկեանին որոշեց վերածնիլ եւ Քրիստոսի կողմէ Երկինքի Արքայութեան մէջ ըլլալու խոստում ստացաւ:

Հետեւաբար այս Ծնունդը թող պատճառ ըլլայ բոլորիս համար դարձեալ վերածնելու եւ մեր կեանքի տեւողութեան մեր Տէրը քանի՜ անգամ առիթը կու տայ, սակայն ոչ ոք գիտէ, թէ միւս տարի առիթը պիտի ունենա՞նք վերածնելու թէ ոչ. հետեւաբար այս Ծնունդը թող բոլորիս առիթ ըլլայ վերանորոգուելու, որովհետեւ չե՛նք գիտեր այս ժամանակաւոր աշխարհէն մեկնելու մեր օրն ու ժամը:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ո՞րն է Քրիստոսի ծննդեան ճիշդ թուականը. Դեկտեմբեր 25, թէ Յունուար 6:

Պատասխան. Յիսուս Քրիստոսի ծննդեան կապակցութեամբ Աստուածաշունչին մէջ յստակ թուական մը նշուած չէ եւ չկայ յստակ պատմական վճակայութիւն, որպէսզի պարզաբանէ ծննդեան ճշգրիտ օրը:

Դեկտեմբեր 25-ը որպէս Քրիստոսի Ծնունդ ընտրուած է սկզբնական շրջանի քրիստոնեաներու կողմէ, որպէսզի համընկնի գոյութիւն ունեցող հեթանոսական ձմեռնային արեւադարձի տօնակատարութեան հետ: Անոնք Քրիստոսի ծնունդը դիտած են որպէս արեւադարձ եւ հետեւաբար այդ օրը ուզած են տօնել Քրիստոսի ծնունդը: Յունուարի 6-ը առաւելաբար աղերս ունի երեք մոգերու եւ կամ երեք իմաստուններու այցին հետ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Ուրբաթ, Յունուար 5, 2024