ԳՐԻԳՈՐ ՕՏԵԱՆԻ «ԱՂՕԹՔ»Ը

Գրիգոր Օտեան՝ գրագէտ եւ պետական մարդ։ Ծնած է 1834-ին Իսթանպուլ եւ մեռած՝ 1887-ին Փարիզ, ուր ստացած է իր ուսումը եւ ուրկէ սկսած է իր գրական գործունէութիւնը, աշխատակցելով արեւմտահայ պարբերականներու։

Ստորեւ կը ներկայացնենք Գրիգոր Օտեանի գեղեցիկ էջերէն մին՝ «Աղօթք»ը՝ միշտ մնալով հաւատարիմ իր բնատիպին։

ԱՂՕԹՔ

Աշխարհի վրայ մարդիկ կան որ կը հաւատան, մարդիկ կան որ չեն հաւատար, ես անոնցմէ եմ որ կը հաւատան։ Հիմա՞յ միայն կը հաւատամ, եւ միթէ այսօ՞ր սկսայ աղօթել։ Կրնամ ըսել թէ կեանքիս մէջ օր մը չէ եղած որ չաղօթեմ։ Աշխարհիս մէջ այնքա՜ն անիրաւութիւններ կան, եւ այնքան խեղճ է մարդս որ, մեր ներսը գտնուող արդարութեան զգացումը եւ մենութեան զգացումը մեզի կը սորվեցնեն թէ այս աշխարհը անցք մըն է միայն, կամուրջ մը։

Անուրանալի է մարդկային բանականութեան համար որ ամէն արդիւնք պատճառ մը ունի։ Երբ կը տեսնենք այս աշխարհը, եւ երբ մանաւանդ, գիտութեան աչքով կը տեսնենք այն աշխարհները որոնք անհունապէս կը մեծնան, եւ այն միւս աշխարհները որոնք անհունապէս կը փոքրանան, եւ կը կազմեն ինչ որ տիեզերք կը կոչենք, երբ կը տեսնենք այն զարմանալի ներդաշնակութիւնը եւ կարգը, որոնք կը վարեն այս տիեզերքը, նոյն իսկ մեր բանականութիւնը կը հռչակէ մեզի թէ՝ ամենակարող զօրութիւն մը կամ ամենագէտ իմացականութիւն մը այս մեծ շինուածին ճարտարապետը եղած է։

Այլ  եթէ անտեսանելի ըլլայ այս տիեզերքը մեր պարզ աչքերուն ու մեր մտքի աչքերուն, եթէ չըլլայ այս տիեզերքը մեզի համար, կը բաւէ որ կայ ու կը լսենք ու կ՚զգանք ներքին ձայն մը որ կ՚ըսէ թէ՝ «Այս բանը գէշ է, մի՛ ըներ, եւ՝ այս աղէկ է, ըրէ՛»։ Ներքին ձայն մը որ կ՚ըսէ մեզի թէ ստեղծող մը ունինք, եւ թէ դատող մը ունինք, եւ այն ձայնը մեզի կ՚ըսէ. «Աղօթէ՛ ստեղծողիդ, եւ դատաւորիդ առջեւ սփռէ՛ քու խոստովանութիւններդ ու զղջումներդ»։

Եւ այս ձայնը միշտ լսած եմ իմ ներսիդիս, եւ զօրաւորապէս, զօրաւորագոյն հնչած է իմ մէջս, ամէն անգամ երբ այնպիսի գործ մը կատարելու վրայ եղած եմ որ ծանր հետեւանք պիտի ունենար կեանքիս մէջ։ Աւա՜ղ, միշտ չեմ հնազանդած այս ձայնին, եւ աղէտներս միշտ այդ անհնազանդութենէս առաջ եկած են։

Մարդիկ կան որ կը խեղդեն այս ձայնը իրենց սրտին մէջ, կամ կը գօսացնեն իրենց ականջն ու սիրտը այս ձայնին դէմ։ Ես բնաւ չեմ խեղդած զայն, եւ աստուածային արդարութեան ու գթութեան առջեւ՝ այս միայն իրաւունքս մնացած է։

Մարդս որ աշխարհիս մէջ կը թաւալի եւ կեանքի՜ պատերազմը կը մղէ, պիտի տեսնէ պայծառ ու զուարթ օրեր, այլեւս շատ անգամ անձրեւոտ օրեր. հողմ ու փոթորիկ պիտի փչեն ու կայծակ պիտի գոռայ, ու սլաքներ եւ ռումբեր պիտի սուրան չորս կողմը, եւ երբեմն ալ պիտի հարուածեն զինքը։ Այս է բաժինը ամէն մարդու որ կ՚ապրի։ Կեանքը պատերազմ մըն է թէ՛ նիւթապէս եւ թէ բարոյապէս։ Այլ այն մարդը որ միշտ լսած է իր ներսիդին Աստուծոյ ձայնը, եւ այն ձայնին միշտ հնազանդած, ան կը վայելէ ներքին երանութիւն մը որուն չեն հասնիր ու չեն ազդեր փոթորիկներն ու սլաքները. ան կը վայելէ խղճմտանքի զուարթութիւնը զոր ոչ ոք կրնայ կապտել իրմէ։

Մարդս այնքա՜ն վտանգներով շրջապատուած է, այնքա՜ն թշնամիներ ունի, եւ իր ամէնէն մեծ թշնամին ինք է. իր տկարութիւնները՝ իր մոլութիւններն են։ Իյնալէն ետքը նորէն ո՞վ պիտի կանգնէ զինքը, եթէ ոչ աղօթքը։

Ուրեմն կ՚աղօթեմ։ Մեր հայրը մեզի սուրբ եւ անկապտելի ժառանգութիւն մը թողուց. հաւատքն ու բարեպաշտութիւնը, աղօթքը։ Ուրիշ ի՛նչ ժառանգութիւն որ թողած ըլլար՝ մինչեւ հիմայ վատնած էինք. այս ժառանգութիւնն ալ թէեւ կը վատնուի, այլ նորէն կը ստացուի։

ԳՐԻԳՈՐ ՕՏԵԱՆ

***

Երբ կը կարդանք այս տողերը, ուր կը տեսնուի իրա՛ւ հաւատացեալի մը արտայայտութիւնները, անգամ մը եւս կը մտածենք այն իրողութեան մասին՝ թէ ամէն մտաւորական «հոգեւորական» է նաեւ, եւ փոխադարձաբար՝ ամէն հոգեւորական՝ «մտաւորակա՛ն»։ Արդարեւ, եթէ վերոյիշեալ տողերուն հեղինակը չգիտնայինք, պիտի խորհէինք որ ան հոգեւորական մըն է, բայց երբ այդ տողերը աշխարհականի մը՝ մտաւորականի մը մտքին եւ զգացումներուն՝ համոզումներուն եւ հաւատալիքներուն այտայայտութիւնն է, անգամ մը եւս վստահ կերպով կ՚ըսենք, թէ հոգի եւ միտք՝ հոգեւորական եւ մտաւորական համընթաց են։ Արդարեւ, չէ՞ որ միտքը եւ հոգին անբաժան են եւ  կը կազմեն բանականութեան եւ զգացումներու տէր մա՛րդը…

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 7, 2019, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Ապրիլ 5, 2019