ՆԺԱՐ. Գ. ԶՕՀՐԱՊ ԸՆԴԴԷՄ «CABARET»Ի

Նախորդ յօդուածիս մէջ խօսեցանք մեր մէջ տարածուած օտարամոլութեան ախտին մասին, որ սպառնալիք է մեր ինքնութեան ու ազգային դիմագիծին: Սակայն այդ օտարամոլութեան ախտը առանց դադար առնելու կը շարունակէ ներխուժել մեր արեան մէջ՝ մեզ հեռացնելով հայկականէն ու մօտեցնելով օտարին:

Նման սպիտակ եղեռնի մը ականատես եղայ անցնող շաբթուան ընթացքին: Շաբաթ, 17 յուլիսին, մօտիկ բարեկամ մը տեղեակ պահեց, թէ 18 յուլիսին Գրիգոր Զօհրապի «Խղճմտանքի ձայներ» արեւմտահայ թատերական ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ Էջմիածնի «Կոմիտաս» մշակոյթի պալատին մէջ, բեմադրութեամբ Գրիշա Մնոյեանի: Հպարտութիւն էր. արեւելահայ դերասաններ ելոյթ պիտի ունենային արեւմտահայերէնով ու աւելի քան դար մը ետք Զօհրապ պիտի մարմնաւորուէր բեմին վրայ:

Հպարտութիւնը, սակայն, երկար չտեւեց. ներկայացման ներկայ էին միա՛յն քսան հոգի (հաւանաբար մեծ մասամբ դերասաններու հարազատներ): Այսուհանդերձ բի՜ւր յարգանք ու մեծարանք դերասաններուն. առանց դժգոհանքի կեանքի կոչեցին իրենց բեմադրութիւնը, նոյն լրջութեամբ՝ ինչ որ մարդ կ՚ունենայ աւելի քան հարիւրաւոր հանդիսատեսի առջեւ:

Տոմսի գինը գրեթէ՛ անվճար ըսուելու չափ աննշմար, սակայն հանրութիւնը անտարբեր ու անփոյթ: Ամօթը ո՛չ թէ Գրիշային կամ «Խղճմտանքի ձայներ»ը ներկայացնող դերակատարներուն է, այլ մեր ազգի ամօթն է այդ մէկը:

Մի քանի օր ետք մուտք գործեցի համացանց՝ ստուգելու համար Հայաստանի մէջ բեմադրուող թատրոններու ցանկը եւ այդտեղ ուշադրութիւնս գրաւեց հետեւեալ գրառումը. անձ մը թատրոնի մը գծով կը փափաքէր տոմս վերցնել, սակայն վարչութիւնը կը պատասխանէր, թէ տոմսերը սպառած են: Թատրերգութեան անունը ըսե՞մ... «Cabaret Restart»:

Հիմա նժարի վրայ դրէ՛ք երկուքը. մէկ կողմը իր կեանքը հայ գրականութեան նուիրած, հայ ազգին համար նահատակուած Գրիգոր Զօհրապ, իսկ միւս կողմը «Cabaret Restart». առաջինին քսան հանդիսատես, իսկ միւսին՝ արդէն իսկ տեղ չկայ:

Նպատակս «Cabaret Restart» ներկայացման հեղինակը, բեմադրողը կամ դերասանները չեն: Անոնց գործն է հանրութեան ներկայացնել բազմապիսի ներկայացումներ. հիմնական նպատակը արժեչափերու փոփոխութիւնն է։

Օտարամոլութիւնը այնքա՛ն ներգործեց մեր էութեան վրայ, որ սկսանք մինչեւ իսկ մերժել արդէն իսկ կասկածի տակ դրուած մեր մեծութիւնները:

Ու պահ մը երեւակայեցէ՛ք, որ դուք էք Գրիգոր Զօհրապը: Ձեր ամբողջ կեանքը նուիրաբերեցէ՛ք հայ գիր ու գրականութեան, մինչեւ իսկ ձեր վաստակին սիրոյն հալածուեցէ՛ք ու ձեր կեանքի գնով՝ նահատակուեցէք, որպէսզի դար մը ետք ձեր ստեղծագործութեան ներկայ գտնուի քսան հանդիսատես: Ու այս երեւոյթը միայն Զօհրապի ճակատագիրը չէ՛. այդ բախտը վիճակուած է նաեւ մեր միւս բոլոր նուիրեալ գրողներուն, որոնք վանս ոչինչի մաշեցուցած են իրենց կեանքը՝ ի նպաստ գրականութեան:

Վերոյիշեալ երեւոյթէն ետք ի՞նչ իմաստ ունի Երեւանի մէջ Գրիգոր Զօհրապի, Նար-Դոսի, Պետրոս Դուրեանի, Միսաք Մեծարենցի եւ ուրիշներու անունով փողոցներ շինել եւ կամ անոնց նկարները թղթադրամներուն վրայ տպագրել:

Ինչպէս անցեալին, նոյնպէս ներկային եւ ապագային պիտի ունենանք բազմաթի՜ւ Զօհրապներ, որոնք իրենց կեանքը, շունչ ու հոգին պիտի դնեն ի սպաս հայ ազգի մշակոյթին ու վերելքին, սակայն պիտի յաղթուին ի դիմաց աժան երեւոյթներու եւ այսպիսով պիտի նահանջէ ամէ՛ն բան: 21-րդ դարուն եթէ քսան հանդիսատես պիտի ունենաք Գրիգոր Զօհրապի ներկայացման, 22-րդ դարը երբ գայ, ի՞նչ պիտի ըլլայ դո՛ւք գուշակեցէք:

Հայ ժողովուրդը մի՛շտ ալ ապերախտ է իր մեծութիւններուն հանդէպ:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՍԵՊՈՒՀ ԱԲԳԱՐԵԱՆ
(1930-2014)

Մեր թուականէն եօթ տարիներ առաջ՝ երկուշաբթի, 5 օգոստոս 2014-ին, Կիպրոսի մէջ մահացաւ հայազգի երգահան, երգիչ, երաժիշտ եւ գեղարուեստական ղեկավար Սեպուհ Աբգարեան:

Սեպուհ Աբգարեան ծնած է 12 յունիս, 1930 թուականին, Կիպրոսի մէջ: Փոքր տարիքին ընտանիքին հետ տեղափոխուած է Պէյրութ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Պէյրութի Սուրբ Նշան դպրոցին մէջ, ուր աշակերտած է Եդուարդ Տարօնեանին եւ Բարսեղ Կանաչեանին, որոնք մեծ ազդեցութիւն գործած են իր վրայ:

Աբգարեան 13 տարեկանին ընտանիքին հետ կը տեղափոխուի Հալէպ: Իր ուսումը կատարելագործելու համար կը մեկնի Փարիզ, ուրկէ վերադարձած ու մեկնած է Կիպրոս՝ որպէս ուսուցիչ ծառայելու Մելգոնեան վարժարանին մէջ՝ որպէս Մելգոնեանի երգչախումբի ղեկավար:

Աբգարեանի մեծագոյն իրագործումներէն մէկը ստեղծումն էր Կիպրոսի մէջ հայկական ձայնասփիւռի ալիքի մը, ուր ան աշխատեցաւ աւելի քան 46 տարի:

Հայկական իրականութեան մէջ Սեպուհ Աբգարեան աւելի ճանչցուեցաւ ղեկավարութեամբ «Գոհար» երգչախումբի, որուն ղեկը ստանձնած էր 17 երկար տարիներ, ելոյթներ ունենալով Հայաստանի, Լիբանանի, Հալէպի, Փարիզի եւ այլ երկիրներու մէջ:

Աբգարեան ստորագրած է նաեւ հրապարակախօսութիւններ եւ յօդուածներ, որոնք կրած են Սասմա Մհեր գրչանունը:

Դաւիթ Սարիբէկեան խօսելով Սեպուհ Աբգարեանի անձնաւորութեան մասին՝ կը գրէ. «Սեպուհ Աբգարեանը մեծութիւն մըն է մեր իրականութեան մէջ, ափսոս, քիչ բացայայտուած»:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 5, 2021