ՉԱՐԻՔԸ ԲԱՐԻՔԻ ՎԵՐԱԾԵԼ
Մեր սխալներէն, այսինքն «մեղք»էն ծնած չարիքը կարելի է բարիքի վերածել՝ անդրադառնալով սխալին եւ զղջումով միայն։ Ո՛վ որ գիտակցօրէն, համոզումով, այսինքն կամաւոր կերպով եւ կամ կանխամտածութեամբ կը մեղանչէ, անիկա չի՛ կրնար թողութիւն գտնել, քանի որ ան Սուրբ Հոգիին հայհոյած է, ուստի անոր հոգիին մէջ չարիքը չի կրնար փոխուիլ բարիքի, այլ իր իսկ կորուստին պատճառ կը հանդիսանայ։
Արդարեւ, մարդ, բնութեամբ տրամադիր է միշտ մեղանչելու, ուստի եւ «չար»ը միշտ կը փորձէ շեղեցնել զայն բարի ճամբայէն. «Երբ մարդիկ կը քնանային, իր թշնամին եկաւ եւ ցորենին մէջ որոմ ցանեց եւ գնաց։ Երբ խոտը բուսաւ եւ պտուղ բերաւ, անկէ յետոյ որոմն ալ երեւցաւ». (ՄԱՏԹ. ԺԳ 25-26)
Եւ ամէն սայթաքում միշտ աւելի լայն կը բանայ անկումի ճամբան. սո՛ւտը հետզհետէ կը դառնայ նենգութիւն, անմաքուր բարքը հետզհետէ աւելի կը տկարացնէ եւ կը կոտրէ կամքը, ոխակալութեան եւ վրէժի վա՛տ զգացումը յաճախ ամենէն դժբախտ ատելութիւններու առջեւ կը բանայ սիրտը, ամէն անկում միշտ աւելի՛ տկար եւ աւելի զինաթափ կը դարձնէ մարդս փորձիչի զօրութեան առջեւ, եւ «չար»ին ճամբուն վրայ այդ տխուր յառաջդիմութեան վերջին հանգրուանը կ՚ըլլայ վերջապէս ուրեմն բարոյական բացարձակ գերութեան այն վիճակը, զոր առաքեալը կ՚որակէ «մեղքէն գնուած», անոր տիրական սեփականութիւնը դարձած։
Արդարեւ, երբ անկեղծ զղջումի ներքին վիճակ մը մարդը իր այդ հոգեկան գերութենէն կը հանէ եւ կը դարձնէ աստուածային տիրապետութեան, այն ատեն Աստուած, իր անհուն իմաստութեամբը, կրնայ իր թոյլատրած չարիքէն հանել լուսաւոր դաս մը եւ սքանչելի պտուղներ. «Այն ատեն արդարները արեւու պէս պիտի փայլին երկինքի արքայութեան մէջ». (ՄԱՏԹ. ԺԳ 43)։
Հոգիին ներքին հալոցին մէջ՝ ուր խիղճը կը վերանորոգուի, անցեալին սխալները եւ ոճիրները իրենց աղտոտութիւններէն կը թօթափին, դուրս կը բերեն վերածնած կամքի մը եւ խոնարհութեամբ սրբացած սրտի մը մաքուր ոգին։
Այսպէս է որ Եկեղեցւոյ հալածիչ Տարսոնցի Սողոսի՝ Պօղոս առաքեալի հոգւոյն մէջ յօրինուեցաւ շնորհներու վարդապետութեան ազնիւ գեղեցկութիւնը, ցոյց տալու համար մարդկութեան, թէ ահաւոր անցեալի մը սրբագրութիւնը ինչպէս կարելի է նոր կեանքի մը մէջ փառաւորել զԱստուած՝ որ գիտէ չարիքէն բարիք եւ չարագործներէն առաքինութեան դիւցազուններ հանել։ Ուստի, Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոսի կեանքն ալ բացայայտ օրինակ մըն է այս ճշմարտութեան։
Անդրադառնալ սխալին՝ առաջին քայլն է այս ներքին նորոգութեան։ Եւ ընդունիլ սխալը եւ զղջալ կը կատարելագործէ այս ընթացքը։ Նայիլ վերոյիշեալ այդ սրբափայլ անձնաւորութիւններուն, եւ խորհիլ Աստուծոյ բարեգործ սիրոյն եւ ողորմածութեան վրայ՝ փրկութեան տարրական գործերն են։
Քրիստոս՝ յաւիտենական գանձը, իսկ քրիստոնէութիւնը՝ անստգիւտ արժէքներու յայտնագործութեան անսպառ աշխատանքը եղաւ, բնութեան ամենէն հասարակ երեւոյթներուն, կեանքի ամենէն աննշան պատահարներուն, ընկերութեան ամենէն անշուք անկիւններուն մէջ գիտական զօրութիւններ՝ ընկերային սկզբունքներ, գաղափարներ եւ մարդկային ազնուութիւններ ու մեծութիւններ խուզարկելու եւ երեւան հանելու իր անուրանալի ջանադրութեամբ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեպտեմբեր 3, 2024, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 10/07/2024
- 10/07/2024