ԺՈՒԺԿԱԼՈՒԹԻՒՆ

«Ժուժկալութիւն»ը իր ամենալայն իմաստով, մեղք գործելու փորձութեան դիմաց «ո՛չ» կարենալ ըսելու կարողութիւնն է։ Անշուշտ երբ «մեղք գործել» կ՚ըսենք, այս ալ պէտք է առնենք իր լայն առումով, այսինքն՝ այն բոլոր արարքները որոնք սխալ են՝ օրէնքի կամ կանոններու հակառակ։ Բայց ժուժկալութիւնը կը սկսի այն կէտին՝ երբ բարին եւ չարը կը զանազանէ մարդ, ինչպէս՝ ճշմարիտը, շիտակը եւ սուտը, սխալը կը զգայ եւ կ՚անդրադառնայ անոնց։ Ուրեմն մարդ ժուժկալ ըլլալու համար պէտք է նախ անդրադառնայ արարքին բնոյթին։ Այլապէս, մարդ չի գիտեր սահմանը՝ ժուժկալ ըլլալու կամ շարունակելու արարքը։

Ժուժկալութիւնը Սուրբ Հոգիին պտուղներէն է, ինչպէս կ՚ըսէ Պօղոս առաքեալ. (ԳԱՂ. Ե 22-23)։ Ուրեմն, ժուժկալութիւնը այն բարոյական առաքինութիւնն է, որ կը չափաւորէ հրապոյրը հաճոյքներուն եւ հաւասարակշռութիւնը կը հայթայթէ արարչութեան բարիքներուն գործածութեան մէջ։ Ան կ՚ապահովէ «ինքնատիրացում»ը կամքին բնազդներուն վրայ եւ կը պահէ բարձանքները՝ պարկեշտութեան սահմաններէն ներս։

Ժուժկալ մարդը, որպէս «անձ», իր զգացական ախորժակները կ՚ուղղէ դէպի բարին, լաւը եւ օգտակարը, կը պահէ առողջ խոհականութիւնը եւ «թոյլ չի տար տարուիլ իր սրտին կիրքերէն». (ՍԻՐ. Ե 2, ԼԷ 27-31)։ Ժուժկալութիւնը յաճախ գովուած է Հին կտակարանին մէջ. «Մի՛ տարուիր ընչաքաղցութենէն, զսպէ ախորժակներդ». (ՍԻՐ. ԺԸ 30)։

Նոր կտակարանին մէջ ան կոչուած է «զգաստութիւն» կամ «սակաւապետութիւն»։

Ուստի, «մենք պարտինք զգաստութեամբ, արդարութեամբ եւ աստուածպաշտութեամբ ներկայ աշխարհին մէջ». (ՏԻՏ. Բ 12)։

«Աստուծոյ կը վերապահենք ամբողջական սէր ժուժկալութեամբ…», կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս։

Չորս առաքինութիւններ առանցքային դեր կը կատարեն, եւ այս պատճառով անոնք կոչուած են «գլխաւոր առաքինութիւններ»։ Միւս բոլորը կը խմբուին անոնց շուրջը։ Ասոնք են՝ խոհեմութիւն, արդարութիւն, զօրութիւն եւ ժուժկալութիւն։ «Ուղղամտութիւնը կը սիրէ՞ք. լա՛ւ, առաքինութիւնները պտուղներն են անոր վաստակին, որովհետեւ ան կ՚ուսուցանէ ժուժկալութիւն եւ խոհեմութիւն, արդարութիւն եւ քաջութիւն». (ԻՄՍ. Ը 7)։ Այս առաքինութիւնները գովուած են Աստուածաշունչ Մատեանի բազմաթիւ անցքերուն մէջ տարբեր անուններու տակ։

«Աստուած որ մեծ ողորմութեամբ Իր առատ սիրոյն համար որ մեզ սիրեց, երբ յանցանքներու մէջ մեռած էինք, մեզ Քրիստոսի հետ կենդանացուց». (ԵՓԵՍ. Բ 4-5)։ Ուրեմն, վերստին ծնած հաւատացեալը «մանուկ» մըն է, որ կը սկսի հոգեւորապէս մեծնալ։ Եւ այն չափով որ Աստուծոյ առջեւ կը խոնարհի եւ կը հնազանդի, օրէ օր Սուրբ Հոգին այդ անձին բնութիւնը կը փոխէ դէպի լաւ, որ մեղքի պատճառով ապականած էր։ Մարդ բարեփոխուելով՝ կ՚անդրադառնայ Սուրբ Հոգիին պտուղներուն։ Այս ուղղութեամբ հաւատացեալը հետզհետէ կատարեալին կը մօտենայ՝ Քրիստոսի նմանելու համար, քանի որ Քրիստոս կատարեա՛լ է։

Ուրեմն, կ՚արժէ քննենք մեր կեանքը՝ թէ ո՞ւր է ան։

Աստուած մեզի, մեր մարմինին համար բնածին փափաքներ տուած է, որպէսզի կարենանք ապրիլ՝ գոյատեւել եւ մեր կեանքը կարենանք վայելել։ Ուստի մեզի տրուած այս կեանքի վայելքներէն պէտք չէ որ հեռու մնանք, բայց չափաւորութեան սահմաններուն մէջ անշո՛ւշտ։ «Աստուած ամէն բան կու տայ մեզի՝ առատօրէն, որպէսզի վայելենք զանոնք». (Բ ՏԻՄ. Զ 17)։ Աստուծմէ տրուած այս բնատուր փափաքները մեր կեանքը ապրելու եւ հաճոյք վայելելու համար կարելի է ամփոփել երեք խումբերու մէջ։ Ուտելու փափաք՝ որպէսզի մեր մարմինը սնանի եւ գոյատեւէ, հանգչելու փափաք՝ որպէսզի մեր մարմինը նորոգուի, ներուժը չպակսի, եւ վերջապէս, սեռային յարաբերութեան փափաքը՝ որպէսզի սերունդը շարունակէ։

Ահաւասիկ այս փափաքները հակակշռելու եւ չափաւորելու միջոցն է ժուժկալութիւնը։ Քանի որ «սատանայ»ն ամէն հնարաւորութիւն կը փորձէ՝ որ այս բնատուր փափաքներուն գործածութիւնը շեղեցնէ Աստուծոյ ծրագրէն եւ այդ կերպով մարդը Աստուծմէ հեռացնէ։ Ուստի այս երեք գլխաւոր փափաքներուն իրենց բուն նպատակէն շեղումը մարդս կ՚առաջնորդեն մեղքի՝ որ կը նշանակէ Աստուծոյ անհնազանդութիւն եւ այդ պատճառով՝ Աստուած վշտացնել։ Ուրեմն, ուտելու չափազանցութիւնը՝ առանց ժուժկալութեան, կը տանի շատակերութեան եւ որկրամոլութեան, հանգչելու փափաքի գործածութիւնը առանց ժուժկալութեան՝ ծուլութեան եւ վերջապէս առանց ժուժկալութեան սեռային փափաքը՝ անբարոյականութեան…։

Առակախօսը կ՚ըսէ. «Իր ոգին չզսպող մարդը փլած եւ անպարիսպ քաղաքի կը նմանի». (ԱՌԱԿ. ԻԵ 28)։

Ուրեմն, ժուժկալութիւնը՝ ինքնազսպութիւնը (self control) անհրաժե՛շտ է մարդուս կեանքին համար։ Այս իմաստով, ժուժկալութիւնը, փորձութեան մը պարագային «ո՛չ, ըսելէ աւելի խորունկ իմաստ մը ունի ինք իր մէջ։ Ան կ՚ենթադրէ նաեւ սխալը շիտակէն զանազանել, եւ մտքով հասկնալ, սրտով համոզուիլ եւ Սուրբ Հոգիին զօրութեամբ կամք ընել՝ մարմինը կեցնել «սխալ» ընելէ։

Ժուժկալութիւնը կը կառավարէ մարդուս ամբողջ կեանքը եւ դէպի բարին՝ գործի կը լծէ ամբողջ անձը։

Ժուժկալ ըլլալ մեզ կ՚ազատէ ամէն փորձանքէ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Նոյեմբեր 29 2022, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2022