ՃՇՄԱՐԻՏ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆ

Ծառայութիւնը հաւատարմութիւն եւ անկեղծութիւն պահանջող արարք մը, վարմունք մըն է։ Ծառայութիւնը իր ամենալայն իմաստով, մարդկային բնական արարք մըն է, քանի որ մարդը կոչուած է իրերօգնութեան, որովհետեւ մա՛րդ ինքնաբաւ չէ։

Իսկ ծառայութիւնը, իր նեղ իմաստով, մէկու մը՝ ուրիշ մէկու մը յատուկ օգտակարութիւն մը մատուցանելը կը նշանակէ։ Ասիկա «յարաբերութիւն» մըն է՝ որ մարդուս անկատարելութիւնը կատարելութեան կը վերածէ։ Եւ որովհետեւ, մարդ մարդու կարօտ է, իր պահանջները լրացնելու համար։ Եւ ասիկա ընելու համար, ծառայութիւն մատուցանողը պէտք է աշխատասէր եւ շրջահայեաց ըլլայ։ Հետեւաբար ծառայութիւնը պէ՛տք է մատուցուի իր նպատակին համապատասխան։ Եւ աս ալ կը պահանջէ հաւատարմութի՛ւն։

Հաւատարիմ ծառայ մը ծառայութեան ժամանակին մեծ կարեւորութիւն կու տայ եւ նոյն կարեւորութիւնը կ՚ընծայէ նաեւ ծառայութեան իսկակա՛ն նպատակին։

Այս առթիւ, միջանկեալ, պէ՛տք է ըսել որ ժամանակէն զեղչել՝ գողութեան համահաւասար է եւ համազոյգ. ծառայութիւն մատուցանողը երբ ծառայութեան ժամանակը կը յատկացնէ իր անձնական պահանջներուն՝ գողութիւն ըրած կ՚ըլլայ։

Ուստի, ճշդապահ եւ արդիւնաշատ ծառան կը գնահատուի ո՛չ թէ իր մատուցած ծառայութեան համար, այլ ճշդապահութեանը, անկեղծութեանը եւ մա՛նաւանդ զոհողութեանը համար։ Այստեղ կ՚արժէ յիշել Յիսուսի խօսքը, թէ՝ Ինք չէ՛ եկած ծառայութիւն ընդունելու, այլ՝ ծառայելո՛ւ համար։ Յիսուսի այս խօսքը կ՚արժէ յիշել հոս, քանի որ ծառայելը բնատուր պարտաւորութիւն մըն է մարդուն, եւ ամէն մարդ պատիւ ծառայել իր նմանին՝ անկեղծութեամբ եւ պատասխանատուութեան կատարեալ գիտակցութեամբ…

Արդարեւ, ճշդապահութիւնը եւ հաւատարմութիւնը յառաջդիմութեան, գնահատանքի եւ բարոյապէս վարձատրութեան կարեւոր անհրաժեշտ ազդակներ են, թէ՛ խղճամիտ աշխատաւորին եւ թէ բարեխիղճ ծառայութիւն ընդունողին մօտ։ Այս ազդակներ մէկուն կամ միւսին քով եթէ պակսին, երկուստեք դժգոհութիւնը եւ գանգատը անպակաս կ՚ըլլան։ Ճշդապահութիւնը եւ հաւատարիմ, անձնուէր ծառայութիւնը պատասխանատուութեան գիտակցութիւն կ՚ենթադրեն։ Այն ծառայողը որ զո՛ւրկ է իմաստութենէն եւ իմացականութենէն, գործի ասպարէզին մէջ «թերի մարդ» մըն է։

Խղճամիտ եւ անկեղծ ծառայողը հսկողութեան պէտք չունի։ Իր հսկիչը ի՛նքն է եւ իր ծառայութեան քանակը եւ որակը իր խղճին նժարն է։ Արդարեւ, մարդ կայ՝ որ կառավարելու յատկութիւն եւ կարողութիւն ունի, մարդ կայ՝ որ միայն կը կառավարուի եւ կառավարելու յատկութիւնը կը պակսի իրմէ. բայց կա՛յ մարդ՝ որ ինքզինք կառավարելու կարողութիւն ունի եւ խղճմտօրէն եւ անկեղծ ապրելու համար ո՛չ ուրիշէ մը հրահանգ մը, պատուէր մը առնելու պէտքը կը զգայ եւ ոչ ալ ուրիշները այս մասին կը պարտադրէ, որովհետեւ ան գիտէ, որ անկեղծութիւնը եւ ճշդապահութիւնը ընդոծին արժէքներ են անոնց մէջ։

Ուստի, մարդ անդրադառնայ իր բնատուր, ընդաբոյս արժէքներուն, հասնի ճշմարտութեան, հաւատարիմ մնայ իր արարչութեան կոչումին, գիտակցութիւնը ունենայ իր մարդկային արժանապատուութեան եւ ահաւասիկ, այն ատեն ան «ծառայութիւն»ը՝ վեհիմաստ, բարձր գաղափարներ պարունակող ըմբռնում մըն է, եւ անիկա կարելի չէ հասկնալ միայն առօրեայ նեղ առումով, այլ հասկնալ զայն իբրեւ «իրերօգնութիւն»։ Քանի որ իւրաքանչիւր մարդ՝ միւս մարդուն բնական ծառա՛ն է…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2023