ԹՈՆԴՐԱԿԵՑՒՈՑ ԱՂԱՆԴԸ՝ Թ. ԴԱՐ

Թ. դարուն Յովհաննէս Ովայեցի Կաթողիկոսի օրով (Յովհաննէս Դ. Ովայեցի. 833-855) հրապարակ ելաւ աղանդ մը՝ որ պատմութեան մէջ յայտնի է «Թոնդրակեան» անունով։

Ասողիկ, Մագիստրոս եւ միւս պատմիչներու վկայութեամբ այս աղանդի հիմնադիրն էր Սմբատ անունով անձ մը, որ Ծաղկոտն գաւառի Զարեհաւան գիւղէն էր։ Իր հայրենի գիւղէն այս հայ աղանդաւորը գնաց Ապահունիներու Թոնդրակ գիւղը եւ այստեղ գտաւ բազմաթիւ հետեւողներ, որոնք տեղի անունով «թոնդրակեցիք» կոչուեցան։

Սմբատը՝ որ հաւանաբար սպաննուեցաւ, կը մերժէր Եկեղեցիի նուիրապետութիւնը, Եկեղեցիի բոլոր խորհուրդները, հանդերձեալ կեանքը, հոգիի անմահութիւնը՝ կ՚ուսուցանէր թէ ո՛չ մեղք կայ եւ ոչ ալ մեղքի համար պատիժ եւ այլն. (Գ. Նարեկացիի Նամակը

Ըստ էութեան Սմբատի վարդապետութիւնը կը մօտենայ Պաւղիկեաններու ուսուցման, այս իսկ պատճառով Թոնդրակեան ուսուցումը Պաւղիկեաններու վերայայտնումը կը համարուի։ Թոնդրակեցիներու այս աղանդը մուտք գործեց նաեւ Սանանաղի գաւառի Թուլայլ գիւղը եւ Խնուսի մէջ. այս իսկ պատճառով աղանդաւորները «թուլայեցիներ» եւս կոչուեցան, թէեւ ասոնք քիչ շատ բուն թոնդրակեցիներէն կը տարբերէին։

Յովհաննէս Ովայեցի Կաթողիկոսի ժամանակներէն Հայ Եկեղեցին այս աղանդի դէմ միշտ մաքառեցաւ, բայց եւ այնպէս ան հետզհետէ ճարակուեցաւ՝ տարածուեցաւ, որովհետեւ մարդկային բոլոր թոյլ կողմերուն ազատութիւն կու տար։ Ան առաւել զօրացաւ Ժ. դարուն եւ նոյնիսկ եկեղեցականներ անոր յարեցան այսպէս՝ Կճաւի վանքի վանականները, եւ Հարք գաւառի սրբութեամբ հռչակուած Յակոբ եպիսկոպոսը՝ որուն ընթացքը մեծ յուզում ստեղծեց։ Սրբակրօն Յակոբ եպիսկոպոսը բազմաթիւ հետեւող ունեցաւ թէ՛ հասարակ եւ թէ իշխանական դասէն, որոնք բոլոր հոգւով անոր նուիրուեցան եւ հնազանդեցան։

Սարգիս Կաթողիկոսն ալ (Սարգիս Ա. Սեւանցի. 992-1019) այս գայթակղութիւնը վերցնելու համար 1002 թուականին Հարքի Ժողովը գումարեց, որ Յակոբ եպիսկոպոսը իր կարգէն զրկեց եւ ճակատին ալ «աղուեսադրոշմ» (=յանցաւորին վրայ տաք երկաթով դրոշմուած կնիք. flétrissure) զարնելով շրջեցուց ի տես ժողովուրդին՝ քարոզելով թէ՝ ո՛վ որ Սուրբ Լուսաւորչի հաւատէն հեռանայ եւ թոնդրակիցներու փարախը մտնէ, այն նո՛յն պատիժը կը ստանայ։

Յակով եպիսկոպոս բանտարկուեցաւ, բայց ան միջոց մը գտաւ բանտէն Բիւզանդիոն փախչելու, խոյս տալու, ապա Թոնդրակ գիւղը դարձաւ եւ վերջը Մուֆարզին քաղաքը վախճանեցաւ։

Նկատի չունենալով Հարքի Ժողովի դատապարտութեան՝ Թոնդրակեան աղանդը այնուհետեւ եւս շարունակեց հետեւողներ վաստկիլ, այն ալ՝ հոգեւոր դասակարգէն. Կունծիկ անունով աբեղայ մը ո՛չ միայն ինքը աղանդաւոր դարձաւ, այլ եւ դարձուց ազնուազարմ Հրանոյշ Տիկինը, որու միջոցով ուրիշ երկու տիկին (=իշխանաւորի կին) եւս այս աղանդին յարեցան, այսպէս նաեւ Վրվէռ իշխանը՝ որ նշանաւոր էր ո՛չ միայն իր հարստութեամբ, այլ եւ կրօնասիրութեա՛մբ։

Այս նոր խմբակը բազմաթիւ հետեւողներ ունեցաւ՝ Սմբատի գաղափարներու եւ ուսուցումներու ջերմ պաշտպան, որոնք սկսան Հայ եկեղեցիներ այրել, խաչեր խորտակել, սրբութիւններ ոտնակոխ ընել եւ այլն։

Տեսնելով անոնց ընթացքը՝ եկեղեցականներ եւ հաւատացեալներ սաստիկ զայրացան եւ օր մը Սամուէլ եպիսկոպոսի առաջնորդութեամբ յարձակեցան Վրվէռի կալուածներուն վրայ եւ ամէն ինչ այրեցին եւ կողոպտեցին, իսկ աղանդի գլխաւորներէն ոմանք ալ բռնելով՝ աղուեսադրոշմ խարանով (=շիկացուած երկաթի դրոշմ մորթին վրայ) պատժեցին։

Այսպիսի խստութիւններով արդարեւ Թոնդրակեան աղանդը կարծես թուլցաւ, բայց եւ այնպէս շարունակեց իր գոյութիւնը։ Անոր դէմ աւելի խստութեամբ վարուեցաւ Գրիգոր Մագիստրոս իշխանը, որ Արարատեան գաւառի հայրենի կալուածները փոխանակած էր Միջագետքի իշխանութեան հետ։

1050 թուականին երկու թոնդրակեցի աղանդաւորներ հեռանալով իրենց գաղափարներէն եւ ուսուցումներէն՝ կրկին Հայոց Եկեղեցիի ծոցը կը դառնան։ Անոնք կը խնդրեն նաեւ Մագիստրոսէն, որ հոգ տանի այդ աղանդը ի սպառ ջնջելու…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Փետրուար 2 2023, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Փետրուար 6, 2023