ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻ ԳՈՅԱՏԵՒՈՒՄԸ - Ա -

Հայոց առաջին պարբերաթերթը «ԱԶԴԱՐԱՐ»ի հիմնադիրը եւ խմբագիրը Յարութիւն Քահանայ Շմաւոնեանէ ետք Հայ Մամուլը ունեցած է միշտ գոյապահպանման եւ գոյատեւման հարց մը։ Ահաւասիկ, այս հարցին շուրջ Վարդան Քահանայ Տիւլկէրեանի շահեկան մէկ յօդուածը կը ներկայացնենք ստորեւ։

ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼԻՆ ԳՈՅԱՏԵՒՈՒՄԻ ՊԱՅՔԱՐԸ

Շարունակ բեմերէն հոլովեր ենք, թէ մեր ազգային գոյութեան ամրանիստ խարիսխները կը կազմեն Հայ Դպրոցը, Հայ Եկեղեցին եւ Հայ Մշակոյթը եւ այդ խոր գիտակցութեամբ բոլոր հայրենասէր Հայերը բոլորանուէր կը զոհաբերեն, որպէսզի այդ ոգեղէն կառոյցները անխոցելի պահուին եւ ուղղեն հայութեան ճակատագիրը դէպի լուսաւոր հանգրուաններ։

Արդար պիտի չըլլա՞ր արդեօք այդ անփոխարինելի երրորդութեան վրայ նաեւ աւելցնել Հայ Մամուլը, որ նոյնքան տոհմաշէն գործ կը կատարէ եւ անհաշիւ աւիւն կը սպառէ, որպէսզի բեկորներու վերածուած տարասփիւռ հայութիւնը մնայ բարոյապէս միաձոյլ։

Որեւէ հայ համայնքի մէջ, եթէ հայ դպրոց մը կրնայ հարիւր կամ աւելի պատանիներու տոհմային ուսում ջամբել եւ կամ հայ եկեղեցի մը իր կիրակնօրեայ պաշտամունքներով՝ յիսուն կամ աւելի հաւատացեալներու բարեպաշտութիւնը ոգեւորել, ինչո՞ւ չենք գնահատեր հայ թերթի մը՝ ոչ թէ հարիւր, այլ հազարաւոր հայերու մատուցած ամենօրեայ ծառայութիւնը, զանոնք հայրենասիրութեամբ գօտեպնդելու եւ հայաշունչ շահագրգռութիւններով դաստիարակելու աշխատանքը։

Ամէն ճշմարիտ հայու գիտակցութեան մէջ պէտք է յստակ ըլլայ սա իրողութիւնը, թէ պանդուխտ հայութեան ճակատագրի տնօրինութեան մէջ առաջնակարգ եւ փրկարար դեր կը կատարէ Հայ Մամուլը՝ իր իրատես եւ հեռատես առաջնորդութեամբ, եւ այս պայքարը կը տանի անիկա՝ անվճարելի ու հերոսական զոհողութիւններով։

Հայ Մամուլը՝ միակն է ներկայիս, որ լայն տարողութեամբ հարազատ արձագանգ է հայ հոգիներու մէջ եւ ան է, որ ապահովապէս կ՚առաջնորդէ փոթորկոտ ծովերու վրայ տարասփիւռ հայութեան նաւը դէպի իր ազգային յոյսերը։

***

Հայ տաղանդաւոր գրագէտներ, բանաստեղծները, արուեստագէտները, հոգեւորականները, բարեգործներ եւ բոլոր ասպարէզներու մէջ ճառագայթող արժէքները կը ծանօթացուին, համբաւի կը հասնին եւ կը մեծարուին հանրային երախտագիտութեան մէջ Հայ Մամուլին կատարած համապարփակ աշխատանքներովը։

Առանց այս աշխարհածաւալ ծառայութեան վստահօրէն կրնանք ըսել, թէ շատ մը գնահատելի տաղանդներու անունները պիտի չարձանագրէին հեռաւոր տարածութիւններու վրայ եւ հաւանաբար պիտի մնային իրենց տեղական շրջանակներուն մէջ ստուերացած՝ սահմանափակ գնահատումներով։

Այսօր, բարձրաստիճան հոգեւորական մը, այնքան ծանօթ է սփիւռքի թեմերուն մէջ, որքան՝ իր թեմական վիճակին մէջ։ Պարագան նոյնն է մեր բոլոր լաւածանօթ մտաւորականներուն, արուեստագէտներուն եւ բարեգործներուն, որոնց գործերուն հմայքը ընդհանրական չափերով կ՚երեւայ ամէնուրեք, շնորհիւ Հայ Մամուլին գաղութէ գաղութ առաքած շահեկան հաղորդագրութիւններուն։

Թող ոչ ոք յաւակնութիւնը ունենայ, նոյնիսկ եթէ բարձունք մը ըլլայ իր իմացական ու նիւթական կարողութեամբ, թէ առանց Հայ Մամուլի ընծայած օժանդակութեան, կրնայ առանձնապէս ճեղքել անկամրջելի հեռաւորութիւններ եւ նուաճել հայ ժողովուրդին սիրտը։

Ու ես չեմ գիտեր ապերախտութիւն մը, այնքան վանողական, որքան սառնասիրտ անտարբերութիւնը այն մարդոց, որոնք շռայլօրէն օգտուելով Հայ Մամուլի ոյժէն եւ գիտակցելով մէկտեղ, որ անոր կը պարտին իրենց համբաւին տարածումը սփիւռքէն մինչեւ Հայաստան, ոչ միայն բաժանորդ անգամ չեն եղած թերթին, կամ եթէ եղած են իրենց բաժնեգինը ուղարկելու սիրտ ու ժամանակ չեն ունեցած։

Հայ դպրոցի մը կամ եկեղեցիի մը ընթացիկ կարիքները հասկնալու պայծառ գիտակցութիւնը ունին, բայց հայ թերթի մը անյաղթելի դժուարութիւններով, ոչ կը հետաքրքրուին եւ ոչ ալ կը հասկնան…։

***

- Յաջորդով պիտի շարունակուի։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 4, 2020, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Մարտ 6, 2020