ՃՇՄԱՐԻՏԸ ԵՒ ՍՈՒՏԸ

Ճշմարտութիւնը էականն է, իսկ սուտը՝ բացառիկ, արտակա՛րգ։ Ուստի, որեւէ ճշմարտութեան վրայ եթէ սուտ մը փակցուի, կը վնասէ ճշմարտութեան, ինչպէս կ՚արատաւորուի մաքուր կտաւը՝ փոքր բիծով մը։ Բայց այդ մաքրել, սրբել անկարելի չէ, եթէ պատրաստակամութիւն ցուցաբերէ մարդ մաքրելու զայն։ Ճշմարտութեան վրայ փակցուած սուտը կը վիրաւորէ, կը տկարացնէ անոր զօրութիւնը եւ դժուարութիւններու կը մատնէ զայն։

Բարոյական աշխարհի մէջ ալ պարագան նո՛յնն է. որեւէ բարոյական գործի եթէ փոքր անբարոյական պիտակ մը փակցուի, ապա կ՚այլասերի, կը վատասերի բարոյական գործը, քանի որ կը նեղէ, կը տանջէ զայն, եւ անբարոյականը բարոյականին չի՛ յարմարիր, կը վանէ զայն։

Նոյնպէս, կեանքի փորձառութեան վրայ եթէ անփորձ գործունէութեան ճնշում պարտադրուի՝ կը խափանէ զայն եւ կը դժուարացնէ անոր գործերը եւ աշխատութիւնը, ընթացքը…

Նոր դրութիւն մըն ալ եթէ յանկարծ նորին հետ փոփոխութեան ենթարկուի, անոր ներքեւ ստորակարգուի, յեղաշրջումով նորութիւն չի բերեր, այլ տարիներու կարօտը կը զգայ, որ աստիճանաբար եղափոխուի եւ յառաջանայ եւ նոր երեւոյթ, նոր նկարագիր ստանայ։ Մարդուս իր վարժութիւններէն ձերբազատուիլ եւ փոխուիլը դիւրին եւ հեշտ չէ։ Ուստի, ամէն բանի «նոր»ը կրնայ յարգի եւ օգտակար չըլլալ եւ ամէն բանի «հին»ն ալ ատելի չըլլալ։ Այս հարցին կարեւոր է հասարակաց բարիքը եւ օգուտը իբրեւ չափանիշ ունենալ մանաւանդ։

Արդարեւ, նորը եթէ աշխուժութիւն ունի, ասոր փոխարէն հինն ալ կեանքի փորձառութիւն ունի։ Ուստի եւ նպատակի մը հասնելու, կեանքի փորձառութիւն ստանալու համար աշխատութիւն եւ գիտութիւն անհրաժեշտ են, բայց անոնց արդիւնաւորութիւնը կախում ունի կարգապահութենէ. եթէ աշխատութիւնը կարգապահութեամբ չկատարուի եւ գիտութիւնը կարգապահութեամբ չգործադրուի, ո՛չ մէկ բարիք, ո՛չ մէկ օգտակարութիւն կը ներկայացնէ։

Եթէ ուսումնականին նորը հմտութիւն ունի, հինը սակայն պաշար ունի։ Օգտակարին քով վնասակարը դնել՝ վնաս կը պատճառէ օգտակարին։

«Նմանն զնմանն գտանէ» հայկական առածը իմաստալից է, եւ գործնական կեանքի մէջ կիրարկելի՛։

Այս խօսքին նշանակութիւնն է՝ հարազատը եւ խորթը երբեք չեն կրնար միանալ եւ համաձայնիլ։ Եւ եթէ կեղծաւոր մը պարկեշտ մարդոց խումբին մէջ մտնէ եւ հոն ապրի, այդ խումբին համերաշխութիւնը կը խանգարէ եւ այդ խումբը տակն ու վրայ կ՚ընէ։

Աւանդութիւններու նկատմամբ յարգանք չունեցողներ՝ այդ ոգիին խորքին եւ իմաստին չթափանցող մարդիկ, նոր սովորութիւններ, նոր մշակոյթ ստեղծել կը կարծեն, մինչդեռ միւս կողմէ հնախօսներ, պատմաբաններ եւ բանասէրներ հին ժողովուրդներու հոգեկան եւ իմացական տարազները երեւան հանելու համար իրենց ամբողջ կեանքը կը մաշեցնեն՝ որոնք «հին գինի»ի նման եւ «հին բարեկամ»ի պէս թանկագին են։ Ուստի, պէտք չէ մոռնալ եւ զանցառել, որ հինը հիմքը կը կազմէ նորին եւ ամէն «նոր»ի մէջ մաս մը կայ անպայմա՛ն «հին»էն։

Դարձեալ, կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը եւ մարդկային ամբողջ պատմութեան վկայութիւնը ցոյց կու տայ, թէ նորութիւններ չեն կրցած փոխել մարդուս ընդհանուր նկարագիրը։ Այս իմաստով, կարելի է ըսել, որ փոխուածը միայն ծրարը կամ հագուստն է եղած, նորութիւններով կարգ մը թերութիւններ, տկարութիւններ ժամանակաւոր կերպով ծածկուած են եւ մարդիկ որքան որ արտաքնապէս նորոգուած, փոխուած են, սակայն ներքնապէս միշտ նոյնը մնացած են։

Գալով նորոյթի, նորաձեւութեան կամ արդուզարդի բարքի, ըսուած է, որ. «եթէ նորաձեւութիւնը օգտակար եւ բարեբեր բան մը ըլլար, յաճախ փոփոխութեան չէր ենթարկուեր»։

Թերեւս ճշմարտութեան բաժին ունի՞ այս խօսքը…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Մարտ 6, 2024