ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԻՆ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԸ - Ա -

Մենք, ինչպէս մեր կեանքի ամբողջ տեւողութեան, միշտ պէտք ունինք աղօթելու, մեր ներկայ օրերուն աւելի եւս պահանջքը կը զգանք աւելի մօտ ըլլալու Աստուծոյ՝ մեր Նախախնամին։ Արդեօք կը խորհի՞նք, թէ երբ փոքր, անտեսանելի միաբջիջ մը՝ մանրէ մը, ժահր մը կը փոխէ մեր ամբողջ կեանքը, սովորութիւնները, ապրելակերպը, ընկերային, ընտանեկան, տնտեսական բարքն ու վարքը, հապա ամենամեծն Աստուած, մեր Ստեղծիչն ու Նախախնամը ո՜րքան աւելի ազդեցութիւն կը գործէ մեր վրայ, մեր կեանքին վրայ, որ Ի՛նքն է տուած մեզի։

Եւ երբ կը զգուշանանք ժահրին գործած աւերներէն, կործանումներէն, աւելի եւս պէտք չէ՞ որ ապաւինինք, վստահինք Աստուծոյ բարեխնամութեան, որ ո՛չ թէ քանդիչ է, այլ՝ ստեղծող, խնամող, նորոգող, կառուցանող, կեանք տուող եւ ապրեցնո՛ղ։

Ահաւասիկ, այս պատճառով, հիմա եւ միշտ պէտք է մօտենանք Աստուծոյ, որքան կը խուսափինք համավարակէն, ժահրէն…։ Ներկայ ժամանակներու աւելի եւս պէտք է աղօթենք եւ վստահինք մեր երկնային Հօր, փոխանակ ահուդողով ապրելու…։

Աղօթքի կերպ մը, ձեւ մը, միջոց մը՝ լաւագոյն առիթ մը եւ ապահով ճամբայ մըն է աստուածային պաշտամունքը։

Ուրեմն, այս առթիւ, ստորեւ կը ներկայացնենք Բաբգէն Ծ. Վրդ. Կիւլէսէրեանի (ապա Բաբգէն Կաթողիկոս) «ԼՈՅՍ» շաբաթաթերթի մէջ 1906 թուականին հրատարակուած «Երգե՞լ թէ կարդալ» շահեկան եւ ուսուցանողական յօդուածը։

ԵՐԳԵ՞Լ ԹԷ ԿԱՐԴԱԼ

Հայ Եկեղեցւոյ աստուածային պաշտամունքը՝ իր այլազան մասերով՝ կը կազմէ ներդաշնակութիւն մը, որուն արտայայտութիւնը իր հոգեւոր նպատակին հասցնելու համար բացարձակ պայմաններ կան. այսինքն հասկացողութիւն պէտք է, յարմարութիւն եւ կարողութիւն պէտք է, ջանք եւ խնամք պէտք է, վերջապէս պէտք է հոգեւոր եռանդ եւ բարեպաշտութիւն։

Պաշտամունքի մասին հասկացողութիւնը կարեւոր է. որովհետեւ երբ եկեղեցւոյ պաշտօնեան չի՛ գիտեր պաշտամունքի բնութիւնը, ատոր իսկական արժէքը, կարելի չէ որ կատարէ զայն պէտք եղածին պէս։

Ես քիչ մըն ալ յառաջ երթալով պիտի ընդարձակեմ հասկացողութեան սահմանը եւ պիտի ըսեմ. եթէ եկեղեցւոյ պաշտօնեան չի՛ գիտեր պաշտամունքին պատմութիւնը, կարելի չէ որ կատարէ զայն պէտք եղածին պէս։

Պաշտամունքի կատարման համար պէտք է որ պաշտօնեան յարմարութիւն եւ կարողութիւն ունենայ։ Մէկը կրնայ լաւ երգեցող մը ըլլայ, բայց, զոր օրինակ, յարմարութիւն չ՚ունենար լաւ ընթերցումի. ուրիշ մը կրնայ յարմարութիւն ունենալ, բայց երբ կարող չէ օգտակար ընել իր յարմարութիւնը՝ ապարդիւն է իր պաշտօնը։ Յարմարութիւն եւ կարողութիւն տարբեր յատկութիւններ են, եւ յարմարը միշտ կարող չէ, ոչ ալ կարողը՝ յարմար։ Եկեղեցւոյ բարեկարգութեան եւ պայծառութեան համար թանկագին ուժեր են յարմար եւ կարող պաշտօնեաներ։

Ջանք եւ խնամք պէտք է պաշտամունքի անթերի կատարումը ապահովելու համար։ Պարզ վարժութիւնները բան մը չեն արժեր պաշտամունքի մէջ, եթէ ջանք չ՚ըներ պաշտօնեան՝ որ իր պաշտօնը չտափակնայ ձեռք բերուած վարժութիւններու ձանձրալի մեքենականութեամբ մը։ Եթէ խնամք չի տանիր ան, որպէսզի իր կատարած պաշտամունքի հետեւանքը ճշգրտօրէն համապատասխանէ հաւատացեալներու հոգեկան բաղձանքներուն, անկարելի է որ պաշտօնեան յաջողած ըլլայ իր գործին մէջ։

Վերջապէս հոգեւոր եռանդն ու բարեպաշտութիւնը անհրաժեշտ են պաշտօնեաներուն համար, որպէսզի պաշտամունքը դադրի պարզ արարողութիւն մը ըլլալէ, եւ ընդհակառակը՝ ըլլայ ազդեցիկ եւ շինիչ ուժ մը, ներքին նորոգութեան մը օծութիւններով լայնցնելու համար հաւատացեալներու հոգեկան աշխարհը։

Պաշտամունքի ներդաշնակութիւնը, անգամ մըն ալ կը կրկնենք, այս պայմաններու գործադրութեամբ միայն կրնայ արտայայտուիլ։ Բայց ցաւալի է որ մեր եկեղեցւոյ մէջ պաշտամունքի ներդաշնակութիւնը խանգարուած է, որովհետեւ պաշտամունքի այլազան մասերը, մանաւանդ ինչ ինչ մասերը բոլորովին հեռացած իրենց գործադրութեան յարմար ձեւերէն եւ հաստատուն կանոններէն, ենթարկուած են քմահաճոյքի, չըսեմ տգիտութիւններու ազդեցութիւններուն։ Նկատի առնենք, զոր օրինակ, պաշտամունքին երգուելիք եւ կարդացուելիք մասերը։ Ընթերցուածները, Հին եւ Նոր Կտակարաններէն, այսօր կը կարդացուի՞ն թէ կ՚երգուին։ Աղօթքները, նոյնիսկ Պատարագի աղօթքներն ալ կ՚երգուի՞ն թէ կը կարդացուին։ Մեր մէջ ամէն պաշտօնեայ, եւ ան ալ միեւնոյն եկեղեցւոյ մէջ, տարբեր կերպով կը կարդայ, իբրեւ թէ հայերէն լեզուն ընդհանուր օրէնք, կանոն չ՚ունենար։ Պարզ աղօթք մը ընդհանրապէս կը տեսնենք որ ո՛չ միայն կը լփռտուի, այլ մանաւանդ կը ծեքծեքուի, դուք ըսէք խեղճ կերպով կ՚երգուի, մինչ պէտք է կարդալ զայն հայերէն լեզուի կանոններուն համեմատ։

Ստո՛յգ է որ եկեղեցւոյ մէջ բարձր ձայնով կարդացուած որեւէ աղօթք կամ գիրք բնականէն եղանակ մը կ՚ունենայ, բայց այսչափ միայն եւ ո՛չ աւելի, վասնզի աւելին զեղծում մըն է…։

- Պիտի շարունակուի։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յուլիս 2, 2020, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Յուլիս 6, 2020